Կարելի՞ է Հրաժարիլ Մատրիտեան Սկզբունքներէն

Նամակ երկրէն, Րաֆֆի Տուտագլեան

Քանի որ Արցախի խնդիրը բաւականին շատ շահարկուեցաւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւի ամբողջ տեւողութեան, ժամանակը հասած է, որ հայ իրականութեան մէջ գործող բոլոր ուժերը պահ մը զիրար դաւաճան անուանելէ հրաժարին եւ կանգ առնեն այլ հրամայականի մը առջեւ՝ Արցախի խնդրի լուծման համար ի՞նչ փաստաթուղթի շուրջ պէտք է բանակցիլ Ադրբեջանի հետ:

Ռոբերտ Քոշարեանի եւ մանաւանդ Սերժ Սարգսեանի օրերուն բանակցութեան գլխաւոր թեման կը կայանար հետեւեալ սկզբունքին շուրջ՝ հողերու վերադարձ (7 շրջաններ, բացի Լաչինի միջանցք) Ադրբեջանին եւ փոխարէնը՝ Արցախի ինքնորաշման իրաւունքի ճանաչում եւ հանրաքուէ: Այս սկզբունքներու հիման վրայ կազմուեցաւ Մատրիտեան փաստաղուղթը, ուր սեւով ճերմակի վրայ կը նշուի երեք սկզբունք՝ Լաչինի միջանցքէն զատ 7 շրջաններու յանձնում Ադրբեջանին, գաղթականներու վերադարձ եւ 10 տարի յետոյ՝ Արցախի ինքնորոշման հանրաքուէ: Եւ այս բոլորը՝ միջազգային ուժերու հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:

Սերժ Սարգսեանը աւելի քան մէկ անգամ իր համաձայնութիւնը յայտնած է այս սկզբունքներուն եւ երբ քննադատած են, թէ ինչպէ՞ս կարելի հայկական պատմական հողերը յանձնել Ադրբեջանին, Սարգսեանի բառացիօրէն ըսած էր հետեւեալը՝ Աղդամը երբեք Հայկական չէ եղած:

Արցախի խնդրի լուծման Մատրիտեան սկզբունքները խայտառակութիւն են: Բարեբախտաբար Ադրբեջանն է, որ մերժած Մատրիտեան փաստաղուղթը: Ադրբեջանը, տեսնելով, որ հայկական կողմը զիջողական է, մերժած է Մատրիտը, պահանջելով շատ աւելին՝ Արցախի վերամիացում Ադրբեջանին, իբրեւ ինքնավար միաւոր: Հետաքրքրական է, որ Մատրիտեան խայտառակ եւ հակահայ սկզբունքներուն հաւանութիւն տուած Սերժ Սարգսեանը մեր քաղաքական ուժերուն կողմէ այնքան քննադատութեան չէ Արժանացած, որքան այսօր կ’արժանանայ Նիկոլ Փաշինեանը, որ դեռ եւս ոչ մէկ բանակցութիւն ունեցած է Ադրբեջանի հետ: Սա արդէն ուրիշ թեմա է:

Դժբախտաբար, Մատրիտեան եւ անկէ բխած Կազանեան փաստաթուղթերը կը մնան երկու երկիրներու միջեւ բանակցութեան հիմք ընդունուած միակ տարբերակները:

Հիմա, երբ իրավիճակ փոխուած է Հայաստանի մէջ, երբ իշխանութիւնները պիտի ձեւաուորուին ազատ եւ արդար ընտրութիւններով, երբ նախկին ռեժիմի քաղաքականութիւնը՝ ընկերտնտեսական եւ արցախեան խնդրի վերաբերեալ, կը մերժուի նոյնիսկ նախկին ռեժիմի սիրահարներուն եւ կցորդներուն կողմէ, ժամանակը եկած է, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերը գէթ կարողանան համաձայնութեան գալ Արցախի խնդրով յետագայ բանակցութիւններուն շուրջ:

Հիմա հնարաւոր է, հաւանաբար, համաձայնիլ գէթ մէկ խնդրի շուրջ. անցեալին Մատրիտեան սկզբունքները ընդունուած են օրինականութիւն չունեցող իշխանութիւններու եւ անոնց լծակից ուժերու կողմէ, իսկ Արցախը ընդհանրապէս չէ մասնակցած այդ բանակցութիւններուն, եւ ուրեմն՝ Հայաստանը չի կրնար Մատրիտեան փաստաթուղթը ընդունիլ իբրեւ բանակցութեան հիմք: Հետեւաբար, բանակցութիւնները պէտք է վերսկսիլ փոխ-զիջման նոր սկզբունքներու մշակումով եւ ամենայն կարեւորը՝ Արցախի իշխանութիւններու մասնակցութեամբ:

Կը հասկնամ, որ չափազանց շատ բարդ է միջազգային հանրութեան հետ մշակուած համաձայնութիւնները փոխել, մանաւանդ երբ գերտէրութիւններու հովանաւորութեամբ եղած են այդ փաստաթուղթերու մշակումը: Կը հասկնամ նաեւ արտաքին ճակատէն եկող ճնշումներու վտանգը: Եթէ քաղաքականութիւնը հնարաւորը իրագործելու արուեստն է, յեղափոխութիւնն ալ անհնարինը հնարաւոր դարձնելու արուեստն է: Հիմա կրնա՞նք արտաքին քաղաքականութեան մէջ ալ անհնարինը հնարաւոր ընել, այնպէս ինչպէս ըրինք ներքին քաղաքականութեան մէջ: Արժէ քննարկել:

Գրեցէք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել