Հալէպ 2018․ Մաս 1

Մի քանի օր առաջ Ազիզիէի կեդրոնական հրապարակին մէջ պետական հովանաւորութեամբ լուսաւորուեցաւ Հայ Մարմնամարզական Միութեան տեղադրած հսկայ տօնածառը, աւետելով 2019 թուականի մօտալուտ գալուստը:

-Բարի՞ տարի էր 2018 թուականը հալէպահայութեան համար:

-Բարի էր, ըսաւ ծանօթ միութենական պատասխանատու մը եւ աւելցուց.-Փա՛ռք Աստուծոյ…

– «Փա՛ռք Աստուծոյ»՝ արաբերէնով՝ «Էլ համտու լիլԼէհ»:

– Այս արտայայտութիւնը հալէպցիներու, նաեւ հալէպահայութեան կողմէ ամէնէն շատ գործածուած նախադասութիւնն եղած է վերջին տարիներուն. ելեկտրականութիւն չենք ունենար, կ’ըսենք.- Փա՛ռք Աստուծոյ՝ ջուր ունինք, փիւթակազը օդէն աւելի կը փնտռենք, չենք գտներ, կ’ըսենք.-Փա՛ռք Աստուծոյ, ասկէ գէշ օրեր ալ անցուցած ենք: Գործ չկայ, անգործութիւն է, կ’ըսենք.-Փառք Աստուծոյ, պատերազմ չկայ: Քաղաքին ծայրամասերը ռումբ կը տեղայ, կ’ըսենք.-Փա՛ռք Աստուծոյ մեր թաղերը ապահով են…

Եւ այսպէս ամբողջ տարին անցուցինք փառք տալով:

Իրականութեան մէջ սակայն այնքան ալ փառք տալիք բան չկար: Ճիշդ է իբր թէ պատերազմը վերջացած էր (է), սակայն Հալէպի հարաւ արեւմտեան թաղամասերը մինչեւ հիմա ալ ծայրայեղ ընդդիմադիրներուն կրակի տակն են եւ խաղաղութիւնը կը մնայ ցանկալի երազ:

Երկու տարիէ ի վեր ամբողջ Հալէպը կը գտնուի պետական զօրքերու գերիշխանութեան տակ, զօրքին հետ են հոս գտնուող ռուսերը, պարսիկները, լիբանանեան Շիի Հըզպալլահն , շուտով պիտի հասնին նաեւ հայաստանեան յատուկ զինուորականներ… Ռուսերը, պարսիկները եւ թուրքերը համաձայնած են որ հարաւ արեւմուտքէն պիտի հեռանան ընդդիմադիր զինեալները եւ Հալէպ-Դամասկոս մայրուղին պիտի սկսի գործել: Մեծ յոյսով կը սպասենք օդակայանի բացումը, ուրկէ անչափ պիտի հեշտանայ մեր ճամբորդութիւնը, մանաւանդ դէպի Հայաստան:

Անգործութիւն է, համատարած անգործութիւն կամ բաւարար ըլլալէ շատ հեռոււ աշխատավարձով աշխատանք կայ ու… ու բոլորին աչքերը կը մնան յառած հայկական եւ օտար բարեգործական միութիւններրուն, որոնց քսակները լայն բացուած մնացին ամբողջ տարին. օրինակ տալու համար ըսենք, որ միայն Հ.Բ.Ը.Միութեան միջոցաւ հազարէ աւելի ընտանիքներ ամսական ստացան 25000-35000 սուրիական լիրա (50-70ամերիկեան տոլար)՝ ըստ ընտանիքի անդամներուն թիւին: Նշենք որ այս գումարը կը համապատասխանէ համալսարանաւարտի մը միջին աշխատավարձին: Աւելցնենք, որ այս օգնութիւնները, նոյնիսկ հայկական միութիւններու կողմէ տրամադրուած, օտար աղբիւրներէ են, որոնց գլխաւորը համաշխարհային կաթողիկէ եկեղեցիներու բարեսիրական միութիւնն է, էական աղբիւր է նաեւ լատին եկեղեցին՝ մանաւանդ առողջապահական գետնի վրայ: Կրնա՞ք պատկերացնել 70-100 տոլար ամսականով աշխատող անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ 2,3, 4, 5 հազար տոլար վճարել վիրահատութեան մը դիմաց, եթէ չըլլան այս բարեսիրական կազմակերպութիւնները, որոնք զիրար ամբողջացնելով կը հայթայթեն յարկ եղած ամբողջ գումարը, հայկականները ամէնէն քիչը կը վճարեն, այդ ալ միմիայն հայ վիրահատուողներու:

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը հիւանդներու դեղ տրամադրող գլխաւոր հաստատութիւնն է, Պատերազմէն առաջ այս հաստատութիւնը կ’օգնէր աղքատ ընտանիքներու տան տէր դառնալ, անհրաժեշտ գումարը առանց տոկոսի որպէս երկարաժամկէտ վարկ տրամադրելով տուն գնողին: Տագնապի տարիներուն դեղերու եւ վիրահատման ծախսերու կողքին նաեւ «ընտանեկան օգնութիւն» անուան տակ կարիքաւորներուն որոշ գումար մը յատկացնելով: Գարակէօզեան հիմնարկը որուն առաքելութիւնը մանուկներուն օգնել է, յաճախ իր սահմաններէն դուրս կ’ելլէ եւ պարբերաբար սնունդ կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Դպրոցական աշակերտներու ծնողներու նիւթական պարագան տագնապալի է: Հայկական դպրոցներու տարեկան սակերը կը տարուբերին 50000-100000 ի միջեւ: այս գումարը վճարելու ատակ ծնողներուն թիւը շատ քիչ է, ու դպրոցի հովանաւոր միութիւնները դուրսէն կը հայթայթեն անհրաժեշտ գումարը: Մեր դպրոցներու նիւթական վիճակը գրեթէ միշտ ալ մտահոգիչ եղած է, սակայն մենք ուսումնատենչ ժողովուրդ եղած ենք, մեր վարժարաններու հեռու երկիրներ գաղթած շրջանաւարտները մշտապէս հոգացած են իրենց յաճախած դպրոցներուն կարիքները: Տագնապէն առաջ մեծ էր թիւը մի քանի աշակերտի ուսման վարձքը վճարող հալէպահայ բարերարներուն, այնպէս որ նոյնիսկ որոշ նիւթական շահ մը ապահոված ուսումնական տարիներ արձանագրած են մեր կարգ մը դպրոցները:

Այսօր այլ է իրավիճակը, մեր դպրոցները նիւթական լրջագոյն խնդիրներու առջեւ կը գտնուին. շատ դժուար է կացութիւնը մանկապարտէզէն պաքալորիա ընդամէնը 60-80 աշակերտ ունեցող դպրոցներուն. ասոնք ստիպուած են ընդունիլ նաեւ ոչ հայ աշակերտներ, ոչ հայ աշակերտներ կ’ընդունին նաեւ մեծ դպրոցներ, օտար աշակերտներու հաշւոյն փորձելով լուծել նիւթական բացի հարցը: Ասիկա սակայն ցանկալի լուծում մը չէ, որովհետեւ ակամայ կը փոխուի դպրոցին դիմագիծը, չէ՞ որ դասարանի մը մէջ նոյնիսկ 3-4 օտար աշակերտի ներկայութեան պարագային դասարանի խօսակցական լեզուն կը դադրի հայերէն ըլլալէ:

Ամէն պարագայի, նիւթականի պատճառաւ ոչ մէկ հայ աշակերտ դուրս կը մնայ, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը Ազգային դպրոցներու աշակերտներուն նոյնիսկ տաք հագուստ տրամադրած է:

Հայկական դպրոցները նիւթականէ բացի ունին նաեւ այլ դժուարութիւններ: Տարեսկզբին Կրթական տնօրէնութենէն լուրեր սպրդեցան, թէ իւրաքանչիւր դպրոց պարտաւոր է իր աշակերտներուն թիւի 20% ի չափով պէտք է ընդունի նահատակներու զաւակներ… կը պատկերացնէ՞ք թէ ի՛նչ կ’ըլլար մեր վիճակը եթէ այդ մտադրութիւնը գործադրուէր, կամ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը եթէ գալ տարի, միւս տարի այդպիսի որոշում մը պարտադրուի մեզի: Ուրիշ իրողութեան մը առջեւ եւս կանգնեցանք այս տարի: Կարգ մը դասարաններու համար ուսումնական նոր ծրագրեր գործի դրուեցան այս տարի: Կրթական նախարարութիւնը մի քանի դասանիւթերու միասնական հարցարաններ պատրաստեց. Սուրիոյ բոլոր դպրոցները այդ քննութիւնները միաժամանակ յանձնեցին . մինչեւ հոս ամէն ինչ բնական է, բայց այդ միասնական քննութիւնները տեղի ունեցան յաջորդական երկու կիրակի օրեր՝ քրիստոնէական դպրոցներու արձակուրդային օրեր: Ինչո՞ւ: Ո՛չ ոք պատասխան տուաւ, կարծեմ ոեւէ մէկն ալ այդ մասին չհարցուց: Երկրի մը մէջ կ’ապրինք, ուր պետութիւնը ամէն վայրկեան բարձրաձայն կը գոչէ, թէ փոքրամասնութիւններուն բոլոր իրաւունքները յարգելի են, երկրի մը մէջ կ’ապրինք, ուր փոքրամասնութիւնները տագնապի ամբողջ ընթացքին իրենց ամբողջ կարողութիւններով կանգնեցան եւ կը շարունակեն կանգնիլ պետութեան կողքին:

Չար լեզուներ կան որոնք կ’ըսեն թէ ճի՛շդ է, Իսլամական Պետութիւնը պարտուեցաւ, սակայն անոր գաղափարները թափանցեցին սուրիացիներու հոգիներէն ներս…

Վերադառնանք նիւթական դժուարութիւններուն եւ յանուն ճշմարտութեան արձանագրենք.

Շատ մեծ է թիւը կարիքաւորներուն, սակայն քիչ չէ թիւը նաեւ անոնց, որոնք ունին բարւոք վիճակ եւ սակայն կ’օգտուին բոլոր տեսակի նպաստներէ, մարդիկ որոնք արժանապատուութիւն բառի իմաստը մոռցած, չեն ամչնար եւ աներեսաբար ձեռք կը բանան այս կամ (եւ) այն կազմակերպութեան , խաբելով, սուտ խօսելով քանի մը լիրա առնելու համար: Կը հաւատա՞ք եթէ ըսեմ թէ մարդիկ կան, որոնք շահոյթ կ’ապահովեն իրենց վիրահատութենէն…

Կը յիշեմ, հայկական հաստատութիւն մը խոստացած էր 200000 լիրա օգնութիւն տրամադրել վիրահատուողի մը եւ միջնորդած այլ հաստատութիւններու մօտ, որոնց տրամադրած գումարէն ետք վիրահատուողիին կը պակսէր 150000 լիրա, որն ալ յատկացուց հայկական նշեալ հաստատութիւնը.

-Բայց դուք ինծի երկու հարիւր հազար խոստացեր էիք,-դժգոհեցաւ վիրահատուողի հարազատը:

-Բայց դուք այդքանի պէտք չունեցաք,-ըսաւ հաստատութեան պատասխանատուն:

-Ինչպէ՞ս թէ, հապա թաքսիի տուած դրամներս, հապա այլեւայլ ծախսերը….

Եւ հաւատացէք, այս հարազատը այնքան ալ պէտք չունէր դրամի…

Շարունակելի

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 30 Դեկտեմբեր 2018

Մեկնաբանել