Հալէպ-Կախմա՞Ն Կէտ

Պաղ է եւ տաքնալու միջոցները կը բացակային… չկա՜ն, չկա՜ն, չկա՛ն:

Կը հասկնա՞ք.- չկան:

Ելեկտրականութիւն չկա՛յ. Էտիսընի այս գիւտը տակաւին երկար ատեն մեզի համար հազուագիւտ երանութիւն մը պիտի մնայ. Այս շրջանին օրական 6-8 ժամ միայն՝ 2 ժամ կայ 4 ժամ չկայ, թէեւ պատասխանատուները երկու տաիէ ի վեր հեռատեսիլէն ամէն օր կը հաւաստիացնեն, որ շուտով ամբողջ Սուրիան ելեկտրական մշտական հոսանք պիտի ունենայ: Ճշմարտախօս ըլլալու համար ըսենք, որ անցեալ ամառ օրական մինչեւ 12 ժամ կը վայելէինք այդ հաճոյքը:

-Ինչո՞ւ չունինք ելեկտրականութիւն:

Կան առարկայական պատճառներ, օրինակ ելեկտրակայաններու մեծապէս վնասուած ըլլալը պատերազմի տարիներուն, ելեկտրալարերուն ալ, սակայն կարգ մը չար լեզուներ կ’ըսեն, թէ պատասխանատուներ համաձաՅնած են ելեկտրածին շարժիչներու տէրերուն հետ եւ յաճախ արհեստականօրէն կը նուազեցնեն ելեկտրականութեան մատակարարումը, որպէսզի անոնց գործը չխափանուի եւ շարունակեն խեղճ ժողովուրդի արդէն իսկ պարապ գրպանները աւելի եւս դատարկելով, երեւակայական գումարներ դիզել:

Յոյսերնիս կտրենք ելեկտրականութիւնը տաքնալու միջոց ընտրելէն եւ այլ միջոցներու դիմենք, մանաւանդ երբ գիտենք որ անոր հոսանքը յաճախ կը տատանի իջնելով մինչեւ 120 վոլդի կամ երբեմն կը բարձրանայ մինչեւ 280-ի…

Մազօ՞թ, կ’ուզէք խնդացէք, կ’ուզէք լացէք, հալէպցիներու ջերմութեան գլխաւոր այս միջոցը պետութիւնը 190 սուրիական լիրայով ամէն մէկ ընտանիքի տարեկան 200×2 լիթր մազօթ կը յատկացնէ, այդ ալ Աստուած գիտէ երբ կը ստանաք կամ միայն մէկ անգամ բաժին կը հասնի ձեզի: Ոմանք իրենց հասանելիք բաժինը կը ծախեն կրկնակի գնով եւ կը նախընտրեն տաքնալու այլ միջոցներ գտնել, ձմեռը կէս պաղ կէս տաք անցընելով: Իսկ թէ խեղդուկ քանակը որքա՞ն ժամանակէն կը սպառէք. ձեր ճարպիկութենէն կախեալ է, վարպետութիւն է վառարանը միայն մէկ-երկու ժամ վառել, որպէսզի երկու ամիս կարենաք գործածել, հապա՞ եթէ երեք-չորս ժամ վառէք, հապա՞ սաստիկ ցուրտին պատճառաւ եթէ ստիպուած ըլլաք չորս, հինգ, վեց կամ աւելի ժամեր վառել. ստիպուած պիտի ըլլաք սեւ շուկայէն 350-400 սուրիականի գնել ձեզի անհրաժեշտ հաւելեալ լիթրերը… իսկ եթէ տունը վառարանի փոխարէն հին լաւ օրերէն մնացած սոֆաժով կը տաքցնէք… այդ պարագային մոռցէք մազօթի գոյութիւնն իսկ եւ ելեկտրականութեան ու մազօթի փոխարէն այլ միջոց մը փնտռեցէք գոնէ լոգանքի ջուր տաքցնելու:

Անպայման տաքնալու միջոց մը պէտք է գտնէք, չէ՞ որ այս ձմեռ անտանելի ցուրտ է եւ չէք կրնար առանց տաքնալու անոր մէջէն ողջ առողջ դուրս գալ: Ձեր աչքին առջեւ (այսինքն Հալէ պի մէջ) թոքատապէ չմեռա՞ւ երկու ամսական ցրտահար աղջնակը, կամ Սէպիլի հանրային պարտէզին մէջ առաւօտ կանուխ ցրտահարութենէ մեռած չգտա՞ն վաթսուննոց տղամարդը…

Մարդի՛կ, կրնա՞ք երեւակայել պատահածի ողբերգութեան մեծութիւնը, թէ՞ մեզի չեն վերաբերիր այս ամէնը…

Փնտռեցէ՛ք, փնտռեցէք եւ գտէ՛ք փիւթակազը:

Փիւթակազը Սուրիոյ մէջ ժողովուրդին 40սմ տրամագիծով եւ 70 սմ երկարութեամբ կլոր մետաղեայ շիշերով կը վաճարուի: Տագնապէն առաջ արդէն իսկ ոմանք սկսած էին փիւթակազի վառարաններ գործածել տան մէջ, չէ՞ որ շատ աժան էր եւ շատ հեշտ գտանելի. կը յիշէ՞ք, շրջուն վաճարորդները բեռնատարերով փողոցէ փողոց կը պտտէին եւ բարձրաձայն երաժշտութեամբ կը տեղեկացնէին, որ իրենք ձեր տան մօտն են եւ պատրաստ են, դատարկ շիշը մինչեւ խոհանոց բերել եւ տեղաւորել: Կրկին ճշմարտախօս ըլլալու համար ըսենք, որ ամրան ամիսներուն այս հի՜ն (հիմա հեռուէն երջանիկ թուացեալ) օրերը վերապրեցանք, մինչ հիմա, ձմեռնամուտէն սկսեալ անգտանելի դարձած ջերմութեան այս միջոցը մարդիկ յաճախ իրենց լաւագոյն երազներուն մէջ սկսան փնտռել: Մէկ անգամէն երկրի վրայէն չքացան կապոյտ վառելիքի այս պարունակները: Տագնապէն առաջուայ 175-ի փոխարէն ներկայիս 2700 սուրիական լիրա արժող այս կլոր շիշերը դարձան հազուագիւտ, շաբաթներով անոնց երեսը չտեսանք, մինչեւ որ նահանգապետը անձամբ գնաց անոնց մթերման կայան: Սկիզբ առին թաղապետերու մօտ հերթագրումները, փիւթակազ փոխադրող զմրսուած բեռնատարներները, ոստիկաններու ընկերակցութեամբ հասան թաղամասեր, որպէսզի ճամբան, ուրուականները անոնցմէ մաս մը պետական գնով առնելով 5, 6, 8, 10 հազարի չվերավաճարեն… եւ սակայն դարձեալ չլուծուեցաւ անգտանելիութեան հարցը, որովհետեւ իրականութեան մէջ մատակարարուող քանակը շատ աւելի քիչ է եւ չի կրնար բաւարարել մեր կարիքները:

Փակագիծ բանալով նշեմ , որ երբ վերը ուրուականներու ակնարկեցի, չկարծէք որ Հալէպի փողոցներուն մէջ երեւակայական ուրուականներ կան. մենք ուրուական կը կոչենք տագնապի տարիներուն պետութեան կազմած ինքնապաշտպութեան խմբակներու մաս կազմողները, որոնք աւելի շատ սանձարձակօրէն կողոպտեցին ժողովուրդը քան պաշտպանեցին զայն ահաբեկիչներէն, հիմա անոնց մնացորդացը կը մնան մեր գլխացաւանքը, դեռ ամրան երկու ուրուական կալանաւորուեցան, անչափահաս տղեկ մը բռնաբարելու եւ սպաննելու մեղադրանքով… Առայժմ փակենք փակագիծը ու…

… Ու հեատեսիլէն կը շարունակուին պետական այրերու կողմէ տրուած հաւաստիքնրը, մեր նախարարները կ’ըսեն, թէ պետութիւնը ամէն ինչ կը հոգայ, թէ պետութիւնը քաղաքացիներու առօրեայ ծախսին մեծ մասը իր վրայ կը վերցնէ, թէ՛, թէ՛, թէ՛… եւ միշտ տրուած ամենացայտուն օրինակը հանապազօրեայ հացն է, որուն մէկ քիլոյին համար պետութիւնը կը ծախսէ (ըստ յարգարժան նախարարին) 278 սուրիական լիրա մինչ ինք կը ծախէ 50 սուրիականի (տագնապէն առաջ 9 ս.լ.)

-Պատերազմէն նոր ելանք, աւելի ճիշդ, դեռ չելանք, փառք տանք այսքանին ալ,-կ’ըսեն հաշտուողականները, որոնց մէջ անշո՛ւշտ սուղ գնով ամէն ինչ ճարողներու թիւը բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմէ:

-Երանի գացողներուն, մենք ալ ձգենք, երթանք, դեռ ուշ չէ:,- ըսողներն ալ շատ են:

Շատ են նաեւ դիմատետրի մէջ նախագահին բողոքի բաց նամակ գրողները: Նամակագիրներուն մէջ հանրածանօթ մարդիկ ալ կան, որոնք գովերգելով նախագահին անզուգական բարեմասնութիւնները կը պարսաւեն միւս բոլոր պատասխանատուներուն վարքագիծը, միշտ շեշտելով, որ տագնապի տարիներուն հայրենիքը չլքած ժողովուրդը յաղթանակէն ետք ալ կառչած պիտի մնայ իր երկրին, բայց բարձրաստիճան ապիկար պաշտօնեաները պէտք է պատժուին…

Այսօր այսքանը բաւ համարելով կ’ուզեմ վերջակէտ դնել, սակայն կը յիշեմ սուրիացի մեծ գրող Զաքարիա Թամէրի «Վագրերու տասերորդ օրը» պատմուածքներու ժողովածուէն դուագ մը.-

Հարկահաւաքները շատ կը նեղեն ժողովուրդը, որ պատուիրակութիւն մը կ’ուղարկէ թագաւորին, բողոքելու զինք կեղեքողներուն դէմ: Թագաւորը լսելով բողոքները գլխատել կու տայ վէզիրը: Բողոքողները ուրախ-զուարթ կը վեադառնան իրենց տուները: Յաջորդ օր հարկահաւաքները նոյն ձեւով կը շարունակեն իրենց գործը…

Չեմ գիտեր կախմա՞ն կէտ դնեմ, թէ՞ վերջակէտ

Մանուէլ Քէշիշեան

19 Յունուար 2019

Մեկնաբանել