Հալէպեան Համայնապատկեր-3 Ուրախալի երեւոյթներ

Ուրախութիւն պատճառող շատ երեւոյթներ կան Հալէպի մէջ:

Իրա՞ւ: Իրա՛ւ:

Ամէնէն ուրախալին այն է, որ Հալէպէն գաղթած հայերը կառչած կը մնան Հալէպին, աւելի ճիշդ հալէպահայ հաւաքական կեանքին եւ ուր որ ալ գտնուին անոնք, այսօր իրենց հետ կ’ապրեցնեն մեր սովորութիւնները եւ կապուած կը մնան այս գաղութին:

Եթէ ըսեն.

-Կարօտցած եմ Հալէպը:

Կը նշանակէ կարօտցած են հալէպահայ գաղութի ապրելակերպը, ապրելաոճը. հո՛ն՝ ուր որ են, հալէպեան նոյն անուններով միութիւններ կը կազմեն, թատերախումբեր կը հիմնեն, Հալէպի իրենց դպրոցներու շրջանաւարտից միութիւններ կը կազմեն, մեր աշխարհացրիւ շրջանաւարտները դրամահաւաքներ ու պարահանդէսներ կը կազմակերպեն օգնելու իրենց յաճախած՝ Հալէպի մէջ գործող դպրոցներուն, որոնց նիւթական կարիքնները անչափ շատ են եւ այս շրջանաւարտներուն լուման կու գայ ո՛չ միայն քիչ մը թեթեւցնելու անոնց ծանր բեռը, այլ բարոյապէս կարեւոր նեցուկ մը կը հանդիսանայ մեզի, ուժ կու տայ՝ ամէն անգամ յիշեցնելով, որ առանձին չենք եւ պիտի չմնանք:

Ուրախալի չէ՞: Ուրախալի է:

Այս ութ տարիներուն հին Հալէպի մասին ամէնէն շատ գործածուածը եղաւ եւ կը շարունակէ ըլլալ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Երազային Հալէպ» արտայայտութիւնը: Հալէպը հիմա ալ երազային է, երազային իր հաւաքական կեանքով՝ տանջուող անհատներէ, չարչրկուող ընտանիքներէ կազմուած կենսունակ հաւաքականութեան մը կեանքով:

Մեր հաւաքական կեանքի կենսունակութիւնը կու գայ նախ եւ առաջ երեք համայնքներէ բաղկացած, որպէս մէկ ամբողջութիւն ներկայացող հայ եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուելէն, որուն , անմիջական ազդեցութիւնն ու հովանաւորութիւնը կը զգանք եւ կը գիտակցինք ամէն բանէ առաջ, որովհետեւ մեր դպրոցներուն մեծ մասը հովանաւորողը մեր եկեղեցին է, որովհետեւ մենք բոլորին, նոյնիսկ պետութեան կը ներկայանանք որպէս եկեղեցւոյ հետեւորդներ, որովհետեւ պետականօրէն մեզի հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը կ’արտօնուի որպէս մեր կրօնական ծիսակատարութիւններու լեզու: Ասոր կողքին նաեւ մեր եկեղեցականները շատ գործօն ներկայութիւն են մեր հաւաքական աշխարհիկ կեանքին մէջ, անոնք ամէն տեղ են՝ մեզի հետ, մեր ուրախութիւններն ու ցաւերը կիսող: Չեմ գիտեր ուրիշ տեղ ինչպիսի պատկեր կը ներկայացնեն մեր եկեղեցականները, Հալէպի մէջ անոնք գոնէ հայօրէն մեզմէ անքակտելի մաս մըն են:

Դպրոցներու մասին առանձին յօդուածով գրելու միտումով, կ’անցնիմ միութիւններուն:

Մեր երեք կուսակցութիւնները ունին իրենց միութիւնները, ասոնց կողքին կայ հզօր Հ.Բ.Ը.Մ.ը, իր երիտասարդական՝ Հ.Ե. Ընկերակցութեամբ: Մեր միութիւնները մեր հաւաքական կեանքի կայունութեան եւ շարունակականութեան երաշխիքն են՝ իրենց մարզական եւ առաւելապէս մշակութային գործունէութեամբ: Մարզական մեր գործունէութիւնը եթէ անցեալին ֆութպոլով կը փայլէր եւ մեր խումբերը, ինչպէս Վասպուրականն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը երկար տարիներ կը մնային Սուրիոյ ախոյեաններ, ապա այսօր կը սահմանափակուի լողով եւ պասքէթպոլով: Նշելի է որ ճատրակը վերջին տարիներուն կ’արժանանայ յատուկ ուշադրութեան՝ խոստանալով Սուրիոյ մակարդակով պատրաստել լաւագոյն խաղցողներ: Մեր միութիւնները ունին լաւ մարզիկներ, որոնցմէ մէջ նաեւ երկրի հաւաքականին մաս կազմողներ, բայց շատ դրամ չունին, իսկ ներկայիս մարզական խումբերու պահպանումը կը պահանջէ հսկայական գումարներ եւ մեր միութիւնները չեն կրնար յենուիլ միայն իրենց անդամներուն միութենական կամ ազգային զգացումներուն վրայ, երբ օտար միութիւններ նիւթական գայթակղիչ գումարներ կ’առաջարկեն մեր տղոց ու աղջիկներուն, այդ ալ նիւթական ներկայի ծանր պայմաններուն մէջ:

Բոլոր հալէպահայերն ալ կը յաճախեն այս կամ այն միութիւն, ուր քով-քովի գալով մոռացութեան կու տան իրենց անձնական եւ ընտանեկան դժուարութիւնները եւ կը գործեն յանուն ընդհանրական նպատակներու, որոնց առանցքը հայապահպանումն է: Մե՝ր միութիւններուն մէջ ոչ միայն կը խօսին հայերէն, այլեւ կ’ասմունքեն ու կ’երգեն մայրենի լեզուով: Մենք ունինք տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող «Սպենդիարեան» եւ «Զուարթնոց» երգչախումբերը, որոնցմէ երկրորդը Ապրիլ ամսոյն յատուկ համերգով նշեց իր յիսնամեակը, մասնակցեցաւ պետականօրէն նշուած Մայիսմէկեան գլխաւոր տօնակատարութեան, եւ գալ շաբաթ ելոյթ պիտի ունենայ Հալէպի պետական համալսարանին մէջ կատարուելիք «Հայկական մշակոյթի շաբաթ»ուայ հանդիսութիւններու ծիրէն ներս: Տագնապի ութ տարիներու ընթացքին հալէպահայ մշակութային կեանքը չդադրեցաւ բաբախելէ. նշեմ միայն վերջին երկու ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած հայկական մշակութային ձեռնարկները: Մօտ եօթ տասնամեակէ ի վեր գոյութիւն ունեցող «Ադամեան» թատերախումբը Վաչէ Ատրունիի հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ «Ծերունին եւ Լեռը» ներկայացումով 600-րդ անգամ ըլլալով հանրութեան առջեւ բացաւ իր վարագոյրը, նոյն ներկայացումով հիւրախաղերով հանդէս եկաւ նաեւ Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Դամասկոսի մէջ, մինչ երեւանաբնակ ադամեանականները թատրոնի միջազգային օրուան առիթով ներկայացուցին թատերական պատկերներ: Նոյն առիթով Հալէպի մէջ Մանուէլ Քէշիշեանի հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ չորս թատերախումբեր միասնաբար ներկայացուցին «Հայկական Նշանտուք»ը:

Հալէպի մէջ գոյութիւն ունի պետական մէկ երաժշտական դպրոց, նաեւ մէկ-երկու սեփական փոքր դպրոցներ ուր կ’աշխատին նաեւ հայ երաժիշտներ, ասոնց կողքին կան հայկական «Արամ Խաչատուրեան», «Առնօ Պապաճանեան», «Տիգրան Չուխաճեան», «Բարսեղ Կանաչեան» եւ «Արմիս» երաժշտական դպրոցները, ուր կը յաճախեն նաեւ արաբ աշակերտներ: Միայն այս շաբաթ «Արամ Խաչատուրեան«ի 230 աշակերտները ամավերջի հաշուետու չորս ելոյթերով հանդէս եկան հանրութեան առջեւ:

Հալէպի մէջ ունինք նաեւ պարարուեստի դպրոցներ եւ պարախումբեր՝ Հ.Ե.Ը.ի «Փունջ»ն ու «Անդրանիկ»ը, Համազգայինի «Սարտարապատ»ն ու «Շուշի»ն, Կրթասիրացի «Շող»ը:

Պատկերացուցիք,չէ՞: Ուրախալի չէ՞:

Ասոնց կողքին տասնեակներով դասախօսութիւններ, գիրքերու շնորհանդէսներ…

Ապրիլեան յուշահանդէսները գրեթէ բոլոր միութիւնները նշեցին, անշուշտ գլխաւոր հանդիսութիւններն էին միջ-համայնքային եւ միջ-միութենական երկու հանդիսութիւնները: չմոռնամ նաեւ «Կոմիտաս» 23 հոգիանոց սենեկային նուագախումբի նոյն անունը կրող քառեակի ելոյթները:

Ուրախալի այլ երեւոյթ մըն են միջ դպրոցական ուղղագրութեան եւ շարադրութեան մրցումները, տարուան ընթացքին միացեալ հանդիսութիւնները՝ Հայ Աւետարանական Բեթէլ դպրոցի «Վարդանանց» տօնակատարութիւնը, Կրթասիրացի «Հայ Հանճարներ»ը եւ Լ.Ն.-Գ.Կ.-ի «Գոյատեւող սերունդներ»ը:

Գիտէ՞ք ի՞նչն է նաեւ այս ամէնուն մէջ ուրախալին. այն, որ այս ամէնը թէեւ կը կատարուին ազգապահպանման միտումով, սակայն կը ներկայացուին նաեւ արուեստի դիտանկիւնէն յարգելի մակարդակով:

Ուրախալի է, ուրախալի. հալէպահայութիւնը, ի հեճուկս տնտեսական մեր դժուարութիւններուն, ի հեճուկս ապահովական խնդիրներուն, ի հեճուկս անորոշ ապագային կը շարունակէ ապրիլ հաւաքական իր առողջ կեանքով, նախանձելի կենսունակութեամբ եւ յաճախ լսելի կը դառնան հետեւեալ ու անոնց նման հարցումներ եւ պատասխաններ:

-Այս Կիրակի ո՞ւր պիտի երթաս:

-Համազգայինի «Ծիծաղի երեկոյին»: Դո՞ւն:

-Ես «Շող»ին պիտի երթամ:

«Շող»ը հիմնուած է տագնապի տարիներուն եւ այսօր հինգ տարեկան է, ունի 125 հայկական եւ այլ ազգերու պարերով հանդէս եկող աշակերտներ:

Կը մնայ աւելցնել, որ այս բոլոր ձեռնարկներուն մուտքի տոմսակի մը գինը ամերիկեան մէկ տօլարը չ’անցնիր, յաճախ նաեւ աշակերտներու յատուկ անվճար ելոյթներու ականատես կ’ըլլանք:

Ուրիշ ո՞ւր կը հանդիպիք այսպիսի ուրախալի երեւոյթի:

Հաւանաբար ո՛չ մէկ տեղ:

Հալէպ, 11 Մայիս, 2019

Մեկնաբանել