Կա՞յ սուրիահայ մը, որ հպարտութեամբ չհետեւեցաւ Արամ Ա. Վեհափառի Դամասկոս այցելութեան եւ նախագահ Ասատի հետ հանդիպման: Անշո՛ւշտ ոչ. բայց շատեր, լաւ չըսեմ շատեր, ես գոնէ որպէս սուրիահայ որոշ վերապահումներ արձանագրեցի, զորս կ’ուզեմ հրապարակայնօրէն արտայայտել:
Նախ այն, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»ը այցելութիւնը որակեց հովուապետական թէեւ քանի մը օր ետք տպագիր օրինակին մէջ ջնջեց այդ արտայայտութիւնը:
Դամասկոսի հայ առաքելական թեմը կազմաւորուած է 15-րդ դարի կիսուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին կողմէ եւ եղած է անոր ենթակայ մինչեւ 1929 թուականը: Մեծ Եղեռնէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մնացած էր միայն Հալէպի թեմը, Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե.ի համաձայնութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին փոխանցեց Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Դամասկոսի թեմերը:
1956-ին, Դամասկոսի թեմը չընդունելով Զարեհ Ա.ի կաթողիկոս ընտրուիլը, անջատուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն եւ դարձաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան թեմ: Մինչեւ այսօր փաստացիօրէն Դամասկոսի թեմը կը պատկանի Էջմիածնին:
Արամ Ա. չայցելեց հինգ դարերէ ի վեր առաջնորդանիստ հանդիսացող Ս. Սարգիս եկեղեցի, բաւականացաւ «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ ժողովուրդին (աւելի ճիշդ անոր մէկ մասին) հետ հանդիպելով: Պէտք է նշել, որ այդ օրերուն Առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս կը գտնուէր Հայաստան, Կաթողիկոսը ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին կողմէ, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Բերիոյ հայոց թեմի երեսփոխանական ժողովին, պատկան մարմնոյն եւ Ահարոնեան Կեդրոնի ներկայացուցիչներուն ու Սուրիոյ Խորհրդարանի երկու հայ անդամներուն կողմէ:
«Պատկան մարմին»ը Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմինն է, այդպէս կը կոչենք զայն որովհետեւ կը զգուշանանք հրապարակաւ սուրիահայ կուսակցութեան անունը տալու, նկատի առնելով, որ թէեւ պետութիւնը տեղեակ է մեր կուսակցութիւններու գոյութեան եւ գործունէութեան մասին, սակայն Սուրիոյ մէջ պաշտօնապէս արգիլուած է զուտ ազգային կամ կրօնական կուսակցութիւններու առկայութիւնը: իրականութեան մէջ Վեհափառը դիմաւորողներուն բոլորն ալ դաշնակցականներ էին, բացառութեամբ Դոկտոր Նորա Արիսեանի:
Ինչո՞ւ: Կարելի էր, չէ՞, հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւս ներգրաւել դիմաւորողներու շարքէն ներս: Վստահ եմ, հալէպահայ բոլոր կազմակերպութիւններն ալ մեծ սիրով պիտի ընդառաջէին, եթէ զիրենք հրաւիրող ըլլար, ինչպէս որ մեծ սիրով ընդառաջեցին երբ Արամ Ա. Վեհափառը հովուական այցելութեամբ ժամանած էր Հալէպ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս անբաղձալի վիճակը, աւելին, մինչեւ ե՞րբ Բերիոյ հայոց թեմի գաւառական եւ անկէ բխող միւս ժողովները պիտի կազմուին մէկ կողմէ միայն եւ ենթակայ պիտի ըլլան այդ կողմին, ինչպէս որ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը: Տագնապի այս տարիներուն երբ միմիայն միասնականութիւն կը պոռայինք, չէի՞նք կրնար հանգիլ այն եզրակացութեան, որ միասնականութիւնը միահեծանութիւն չէ՛… Եկէ՛ք, համաձայնեցէք հետս, ժամանակն է, որ այլ կազմակերպութիւններ ալ իրենց ներկայացուցիչները ունենան Հալէպի ազգային կառոյցներուն մէջ. ասիկա կրնայ իրականանալ փոխ-համաձայնութեամբ, կամ պարզապէս իրաւ ընտրութիւններով:
Այս իրավիճակը բացարձակապէս գաղտնիք մը չէ, բայց այս մասին բարձրաձայն խօսիլն իսկ կրնայ ոճիր նկատուիլ ոմանց կողմէ, սակայն «ոճրագործ» մը պէտք է, որպէսզի բաղձալի օգտակարը իրականութիւն դառնայ օր մը: Դաշնակցական բազմաթիւ ընկերներ ունիմ, բոլորն ալ կը սիրեմ եւ կը յարգեմ, կը յարգեմ նաեւ իրենց պաշտած կուսակցութիւնը, սակայն պէտք է ըսեմ, եթէ դաշնակցական ըլլայի, առաջինը ես դէմ կ’ըլլայի այս իրավիճակին: Վստահ եմ, որ ընկերներս պիտի հասկնան զիս եւ պիտի չնեղուին ինձմէ:
Հապա՞ դամասկոսը, ո՞ւր թաղուած է շան գլուխը: Ըստ դամասկահայու մը, եթէ Հալէպի մէջ որոշ համերաշխութիւն մը կը տիրէ, ապա Դամասկոսի մէջ ա՛յս կողմի հայը մի՛ւս կողմի կազմակերպած մշակութային ձեռնարկի մը իսկ ներկայ չգտնուիր, դիմացինը կարծէք գոյութիւն չունի իր համար: Վեհափառը անհատ մը չէ, Վեհափառը կողմ չէ, ուրեմն ինչո՞ւ չգնաց հայոց եկեղեցի, չընդունեցի՞ն, թէ՞ Վեհափառը ինք չուզեց: երկու պարագաներն ալ ճիշդ դրսեւորումներ չեն, Դամասկոսի առաջնորդարանն ու երկու կաթողիկոսութիւնները մտածելիք ունին այս անհաճոյ եւ վնասակար իրավիճակին դարման մը գտնելու կապակցութեամբ:
Բոլորս յանուն համերաշխութեան քայլ ունինք առնելիք:
Վեհափառը իր շքախումբով այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր իր ուրախութիւնը յայտնեց հայկական հողի վրայ գտնուելուն համար, դրուատեց Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ հայ դիւանագէտներու գործունէութիւնը տագնապի տարիներու ընթացքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնեց հայկական բոլոր դեսպանատուներու աշխատանքներուն:
Աւելորդ անգամուան մը համար նշեմ, որ հայկական դեսպանատունն ու Հալէպի հիւպատոսարանը, տագնապի այս տարիներուն, ո՛չ միայն ամէն կերպ զօրաւիգ կանգնեցան մեզի, այլ նաեւ, բառի ամենալայն իմաստով, կիսեցին մեր բոլոր դժուարութիւններն ու տառապանքները:
Հիւպատոսարանին մէջ ալ ներկայ եղողները Վեհափառը դիմաւորողներն ու իրեն ընկերացողներն էին միայն: Ուրիշներ ալ չէի՞ն կրնար հրաւիրուիլ: Այս մասին բարոյապէս իրաւունք չունիմ հարցնելու, սակայն չեմ կրնար ինքզիննքիս արգիլել (գոնէ) մտքիս մէջ այս հարցումը (գոնէ) ինքզինքիս ուղղել:
Վեհափառը այցելութիւն տուաւ նաեւ Հանրապետութեան Միւֆթիին՝ սիւննի գլխաւոր կրօնականին: Կրօնական Երկու ղեկավարները փոխադարձ սիրոյ, վստահութեան, յարգանքի եւ զօրակցութեան խօսքեր փոխանակեցին:
Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, Վեհափառը քանիերորդ անգամ ըլլալով շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի Քառասնից Մանկանց եկեղեցիի վերանորոգման համար պարոն նախագահին ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար: Նախագահ Ասատ Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած բարբարոսական պատերազմը իր վայրագութեամբ նմանցուց Օսմանեան Թուրքիոյ հայերուն դէմ գործադրած ջարդերուն… այս նմանութեան բառերը, մենք հայերս, մեծ-մեծ տառերով գրուած, որպէս յաղթանակի դրօշակ, քանի մը օր որպէս զարդ տեղադրեցինք ֆէյսպուքի մեր էջերուն վրայ… կեցցե՛նք մենք…. Նախագահ Ասատ նշելէ ետք տագնապի տարիներուն հայ քաղաքացիներու հաւատարմութեան դրսեւորումը, կոչ ըրաւ գաղթած սուրիահայերուն վերադառնալ Սուրիա եւ վերականգնել իրենց տուներն ու երկիրը, վերատիրանալ իրենց աշխատանքներուն՝ վայելելով սուրիական պետական աջակցութիւնը: Անկեղծօրէն ըսելով, չեմ կրնար պատկերացնել, թէ պետութիւնը ինչպէս պիտի աջակցի վերադարձող հայերուն անհատապէս.չէ՞ որ մեր պետութիւնը անհամար դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի, չէ՞ որ հոս գտնուող հայերն ու միւս բոլոր սուրիացիները անհամար կարիքներ ունին, որոնց դիմաց անզօր ենք բոլորս:
Վեհափառ Արամ Առաջինը բարով եկաւ, բարով գնաց: Ան իր հռետորութեան շնորհիւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ եւ նուաճած է բոլորիս յարգանքն ու ակնածանքը: Իրմէ, մեր ակնկալիքները շատ են, չէ՞ որ ան բոլորիս կաթողիկոսն է:
Բոլորս ալ բարին կը կամինք եւ գիտնալով հանդերձ, որ բարի կամեցողութիւնը չի բաւեր, մեր բաղձանքը բարին թող ըլլայ, որպէսզի բարին կատարուի:
Հալէպ, 20 Մայիս 2019