Ո՞ւր է Եագուպիէն

-Գիտէ՞ք ուր կը գտնուի Եագուպիէն:

-Ի՞նչ պէտք ունիք գիտնալու:

Պէտք չունիք գիտնալու Եագուպիէի աշխարհագրական վայրը, որովհետեւ այն Իտլիպի մէջ՝ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ընդամէնը հայկական պզտիկ գիւղաքաղաք մըն է, որ ներկայիս կը գտնուի «Նուսրա»ի գերիշխանութեան տակ եւ 7 հայ ծերունիներ կան այսօր, երկու այր ու կին եւ երեք այրիներ: Կան նաեւ 30 լատիններ:

Կ’արժէ՞ այս զառամեալներուն համար գիտնալ Եագուպիէի անունն իսկ. չէ՞ որ մենք բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ ունեցող ազգ ենք:

Անշո՛ւշտ չ’արժեր: Սակայն արտակարգ դէպք մը երբ պատահի, հետաքրքրութեան համար կարելի է կէս- կատար բաներ մը գիտնալ եւ շատ շուտով մոռացութեան տալ, ինչպէս, օրինակ, Յուլիս 8-ին, Սիւզան Տէր Գիրգորի բռնաբարութիւնն ու սպաննութիւնը:

Սիւզան Տէր գիրգորը 60 տարեկան օրիորդ մըն էր, ան ազատ ել ու մուտ ունէր Եագուպիէ, ինչպէս հոն մնացած միւս եագուպիէցիները: Վերջին անգամ ան Հալէպ այցելած էր 3 ամիս առաջ՝ Արաբական ծոցէն վերադարձին ճամբուն վրայ:

-Սիւզան, ի՞նչ գործ ունիս Եագուպիէ, վտանգաւոր է հոն , Հալէպ մնա՛,-ըսած էին մօտիկ մարդիկ:

-Ո՛չ, Ես հոն տուն ունիմ, հող ու ցանք ունիմ, հոն պիտի մնամ. ինծի բան չ’ըլլար, բոլորը աշակերտներս են,- պատասխանած էր արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի հայուհի Սիւզանը:

Բայց եւ այնպէս բոլորէն յարգուած արաբերէնի լեզուի ուսուցչուհին սպաննուեցաւ քանի մը ժամ հաւաքական բռնաբարութեան ենթարկուելէ եւ քարկոծուելէ ետք:

Կրնա՞ք երեւակայել, ձեր մոռցած Եագուպիէին մէջ 60ամեայ հայուհիի մը այսքա՜ն դաժան, այսքա՛ն անմարդկային սպաննութիւնը:

«Մարդկային»ն ու «անմարդկային»ը դարձած են շատ յարաբերական հասկացութիւններ, եզրեր: երբեմն կը ստիպուիմ մտածել, թէ մարդուն մէջ Աստուծոյ բարի պատկերը տեսնել ուզելով դարեր ի վեր մենք մեզ խաբած ենք, թիւր եւ սխալ նկարագիր շնորհած ենք մենք մեզի, իրականութեան մէջ ոչ մէկ տարբերութիւն ունինք գիշատիչներէն, պարզապէս մենք աւելի աւերիչ զէնքեր ունինք, եւ մեր գործած ոճիրները իրար նման են, քիչ մը աւելի կամ պակաս դաժան:

Հեռու չերթամ մտորումներուս մէջ եւ խուսափինք թիւրիմացութիւններու մէջ խճճուելէ:

Ո՞վ սպաննեց Սիւզանը, ո՞վ մանրամասնութիւններ տուաւ անոր սպաննութեան մասին:

Իտլիպի շրջանին մէջ իր իշխանութիւնը տարածած «Ճապհաթ Նուսրա»ն` «Յաղթական ճակատ»ը կը նկատենք Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող ծայրայեղական իսլամական շարժում: Ասիկա իրականութիւն է: Պէտք է ընդունինք սակայն, որ Նուսրան իսլամական օրէնքները կը գործադրէ իր շրջաններուն մէջ, եւ անիշխանութիւն չ’արտօներ այդ տարածքներուն վրայ:

Սեւը անպայման աւելի սեւցնելու մտադրութիւն եթէ չունենանք, կրնանք ընդունիլ, թէ Իտլիպի մէջ տիրող իշխանութիւնները չէին Սիւզանը բռնաբարողները, զինք քարկոծելով սպաննողները, այլ ոճրագործ խուլիկաններ, որոնց նմանը ամէն տեղ ալ կարելի է հանդիպիլ: «Նուսրա»ն միշտ ալ ընդունած է իր արարքները, ,ո՛չ միայն ընդունած եւ արդարացուցած, այլ հպարտացած է իր գործողութիւններով: Այս պարագային տեղեկութիւնները հաղորդողը եղած է Նուսրայի տարածքին գործող դատական բժշկութիւնը, «Նուսրա»ն դատապարտած է եղելութիւնը եւ քանի մը օր առաջ ալ ձերբակալած է Սիւզանի սպաննութեան մէջ կասկածեալ անձ մը՝ Եագուպիէյէն համեմատաբար հեռու Քֆէյր գիւղէն, որուն բնակիչներէն ոչ մէկ աշակերտ ունէր բռնաբարեալ հայուհին: Ան կը դասւանդէր Ղընէյյէ քրիստոնեայ գիւղի դպրոցին մէջ. իր աշակերտները, իսլամ եւ քրիստոնեայ, Եագուպիէի մօտիկ գիւղերէն էին:

Այսքանով բաւարարուիմ Սիւզանի մասին խօսելէ եւ շարունակեմ ներկայացնել Եագուպիէն եւ Եագուպիէցիները: Միայն միջանկեալ ըսեմ, որ անցեալ շաբաթ Արմէն Եաղուպ անունով հայ մը եւս մահացաւ եագուպիէի մէջ. Արմէնը զոհ գացած էր ականի մը պայթիւնին:

Կիլիկիոյ շրջանին մաս կազմող դարաւոր Եագուպիէի մէջ կային (կան) հայկական երկուեկեղեցիներ Ս. Հռիփսիմէ (նախկին Ս. Թէոթորոս) եւ Ս. Աննա՝ կառուցուած 1320 թուականին: Կայ լատինաց ալ վանք-եկեղեցի մը: Սուրբ Աննան ուխտատեղի էր, Օգոստոսի վերջին Կիրակի օրը 5-6 հազար հայեր Հալէպէն, Դամասկոսէն, Լաթաքիայէն եւ Սուրիոյ այլ վայրերէ զանազան միութիւններու կազմակերպութեամբ կը փութային Եագուպիէ: Մատաղցու ոչխարներ կը մորթուէին, պատարագ կը մատուցուէր, որուն անպայման ներկայ կը գտնուէր Բերիոյ հայոց Թեմի սրբազան առաջնորդը: Ուխտաւորները իրենց ճամբան կը շարունակէին դէպի Քէսապ, ճամբուն վրայ անպայման այցելելով նաեւ հայաթափ Արամօ գիւղը, յիշելու եւ յիշեցնելու համար որ կար ժամանակ, երբ լեռներու մէջ ծուարած այս վայրն ալ եղած էր հայապատկան եւ ուր տակաւին եկեղեցիի եւ խաչքարի հետքեր կան: Մինչեւ տագնապը կար նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հոկտեմբեր ամսուն կազմակերպած «Եագուպիէի Օր»ը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Առաջինը (հետագային Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.) հովուական այցելութեամբ գտնուած է Եագուպիէ, 1997-ին ալ Արամ Ա. Վահափառը այցելած է այս հայաւանը:

Տագնապէն առաջ Եագուպիէի մշտական բնակիչները 40 հայ եւ 50 լատին ընտանիքներ էին, ամրան բնակչութեան թիւը կը հասնէր 2000-2500 ի, Սուրիոյ զանազան շրջաններէ եագուպիէցիներ կու գային իրենց հայրենի գիւղ: Դեռ 1929-ին եագուպիէի մէջ հիմնուած էր «Վերածնունդ» հայկական դպրոցը՝, կար նաեւ լատիններու դպրոցը որ փակուեցաւ 1967-ին: Լատինները չուզեցին ենթարկուիլ պետական կրթական նոր օրէնքներուն, իսկ եագուպիէի հայերը, ինչպէս Սուիոյ տարածքին միւս բոլոր հայկական վարժարանները, հաւանեցան պետական տնօրէնի մը նշանակումին եւ ընդունեցին որոշ սահմանափակումներ, հետագային փաստուեցաւ, որ հայերն էին ճիշդը, մեր դպրոցները մնացին մերը եւ մինչեւ այսօր կը շարունակենք մեր լեզուն սորվիլ մեր դպրոցներէն ներս: Մինչ բազմաթիւ ոչ հայ կաթոլիկ վարժարաններ պետականացուեցան:

Դպրոցին հոգ կը տանէին թէ՛ Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդարանը եւ թէ՛ Հ.Բ.Ը.Մ.ը, նիւթական իր օգնութիւնը չէր զլանար նաեւ Գ. Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը: Աշակերտներուն թիւը կը տարուբերէր մէկ տարիէն միւսը, օրինակ. Դպրոցը ունէր 1970-1971 ուսումնական տարեշրջանին՝ 82 աշակերտ, 93-94ին՝ 18 աշակերտ, 2006-2007ին 49 : Այսօր բնականաբար դպրոցին դռները փակ կը մնան:

Փակ կը մնան նաեւ Ս. Աննա եւ Ս. Հռիփսիմէ հայկական եկեղեցիները, մինչ լատինաց եկեղեցին բաց կը մնայ եւ հայերն ալ հոն կ’աղօթեն, առանց պատարագիչի եւ առանց զանգերու ղօղանջներու: այսքա՛նը արտօնած են «Նուսրա«ի իշխանութիւնները:

«Արեւելեան Մամուլ»ի 1906 Նոյեմբեր 29-ի թիւ 49ի «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ» տեղեկագիր-յօդուածին մէջ կը կարդանք, որ այդ թուականէն 30 տարի առաջ հարեւան հայկական գիւղ Ղընէյյէ եկած լատինները յաջողած են այդ գիւղի 126 տուն հայերը լատինացնել, մինչ Եագուպիէցիները, թէեւ արաբախօս դարձած են բայց կը հաշուեն 180 տուն հայ եւ միայն հինգ տուն լատին:

Տագնապէն առաջ Եագուպիէն սկսած էր հայաշունչ դառնալ: Տագնապով սկիզբ առաւ վերջը: Շրջակայ գիւղերը գրաւուեցան ծայրայեղ իսլամիստներու կողմէ: 23 Յունիս 2011-ին, սուրիական պետական բանակը մտաւ եագուպիէ՝ պաշտպանելու գիւղաքաղաքը եւ… 27 Յունուար 2013ին առանց փամփուշտ մը իսկ արձակելու հեռացաւ Եագուպիէյէն, իր դիրքերը զիջելով «Նուսրա»ին: Եագուպիէցիները ցրուեցան, 12 ընտանիք հեռացան երկրէն: Մինչեւ տագնապը հեռացածներուն հետ միասին Լաթաքիոյ մէջ այսօր կը հանդիպինք՝ 58, Քէսապի մէջ՝ 7, Հալէպի մէջ 55 եագուպիէցի հայ ընտանիքներու: Ասոնք իրար քով կու գան դեռ 1970ին, Եագուպիէցիներու նահապետ բժիշկ Աբրահամ Երէցեանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան ջանքերով: Վտարանդի եագուպիէցիները Հալէպի մէջ կը նշեն Ս. Աննայի տօնը, երբեմն կը հաւաքուին ճաշկերոյթի մը սեղաններու շուրջ: 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին Հալէպի մէջ եագուպիէցի 35 դպրոցական աշակերտներէն 28 ուսանած են անվճար, եօթին կրթաթոշակները հոգացած է հայրենակական միութիւնը, որ նաեւ կը շարունակէ նպաստ կը հայթայթել կարօտեալներուն, որոնց ձիթենիներուն հարուստ բերքը կը քաղեն նախկին համագիւղացի արաբները…

Անցեալէն եկող, ներկայիս եւ ապագային կորսուող կամ կորսուելիք հայակեդրոններու նմուշ մըն է, Կիլիկիան շրջանէն մեզի մնացած Եագուպիէն, Հալէպէն ընդամէնը 120 քիլօ մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող զուտ հայկական այս աւանը դարձած էր արաբախօս, փորձած էր վերահայանալ եւ սակայն այսօր իրմէ հոս-հոն ցրուած մնացորդաց մը գտնենք միայն:

Գիտցա՞ք ուր կը գտնուի (գտնուէր) Եագուպիէն:

Հալէպ, 7 Օգոստոս 2019

Մեկնաբանել