Հալէպ- Վերամուտ 4 ՝ Դպրոց եւ Միութիւն

Պատերազմ տեսած, քաղաքացիական պատերազմի բոլոր արհաւիրքները տեսած այս նոր սերունդը արժանի է բոլորիս գուրգուրանքին:

Սուրիոյ տագնապի ութ տարիներուն, այս պատանի տղաքն ու աղջիկները զրկուեցան ամէն ինչէ՝ ջուրէ, ելեկտրականութենէ, պտոյտներէ, խաղէ… ասոր կողքին իրենցմէ պահանջուեցաւ դպրոց երթալ, դաս սորվիլ: Երբեմն նոյնիսկ տեղացող ռումբերու պատճառաւ բացակայութիւնը հաշտ աչքով չդիտուեցաւ:

Մարդու պէս չապրեցան աճող սերունդները: Մենք ալ մոռցանք, որ մարդ ենք:

Հ.Ե.Ը.Ի Արեգակ երգչախումբՄիակ մխիթարութիւնը այն էր, որ միութիւնները իրենց դռները, բառին ամենալայն իմաստով, բաց պահեցին: Մեր տղաքն ու աղջիկները մեր միութիւններուն մէջ ոչ միայն ապաստան գտան, այլ հոն յայտնաբերեցին իրենց ձիրքերը, մասնակցեցան պարախումբերու, երգչախումբերու, նուագել սորվեցան, դեր խաղցան, գծեցին, ճատրակ եւ պասքէթպոլ խաղցան, լողացին… այսօր ալ կը շարունակեն այս ամէնը ընել, ընդունելով յամառօրէն շարունակուող տագնապի մարտահրաւէրները:

Գիտէ՞ք ի՞նչն է զարմանալին: Այն, որ մեր անհնազանդ տղոցմէ շատեր, որոնք անդադար չարութիւններ (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար չարաճիճիութիւններ ըսել) կ’ընեն դպրոցին մէջ, որոնք կարգ մը ուսուցիչներու կողմէ փորձանք կը նկատուին, որոնց նկարագիրը երբեմն թրքաբարոյ (հայկական իմաստով) կ’որակուի, որոնց անկարգութիւնները երբեմն ուսուցիչներուն համար անդիմանալի կը դառնան.. այո՛, այս տղոցմէ շատեր միութիւններու մէջ աչքի կ’իյնան իրենց պարտաճանաչութեամբ, փորձերուն անձանձրոյթ հետեւողութեամբ, նաեւ բոլորին ամէն կերպ օգնելու իրենց պատրաստակամութեամբ՝ արժանի ամէն գովասանքի…

Դպրոց եւ միութիւն: Եթէ առաջինը մարդակերտումի դարբնոցն է, եթէ հիմքն է հայերէնի ուսուցման, ապա երկրորդը անոր էական ամբողջացնողն է, հայապահպանութեան ամրոցը: Այս երկուքին համագործակցութիւնն է երաշխիքը մեր գոյութեան:

Դպրոցին մէջ դասապահերը ձանձրալի չըլլալու միջոցները ուսուցիչը պիտի գտնէ:

Շատ բան գիտնալը չի բաւեր աշակերտը գոհացնելու համար: Աշակերտը անտարբեր է հայերէնին հանդէպ կ’ըսենք, իրաւունք ալ ունինք, բայց, աշակերտը կախաղան բարձրացնելէն առաջ, պահ մը եկէք մեր մէջ ալ թերութիւն մը փնտռենք, կամ թերութիւն մէկ կողմ ձգենք, պարզապէս նոր միջոցներ փորձենք գտնել հայերէնի պահը հետաքրքրական, սիրելի դարձնելու: Ինչո՞ւ փոքրիկներուն խնդալիք պատմութիւններ չենք կարդար, ինչո՞ւ անոնց դասերուն մէջխաղեր չենք մտցներ. ինչո՞ւ պատանիներուն սիրային պատմուածքներ եւ բանաստեղծութիւններ չենք կարդար եւ անոնց կարդացնել տար: Պատանեկութիւնը սիրոյ տարիք է, եւ ամէն տղայ ու աղջիկ սէր կը փնտռէ, քանի մը բանաստեղծութիւն մենք կարդանք եւ յանձնարարենք աշակերտներուն համացանցէն նման բանաստեղծութիւններ գտնել, բերել դասարան եւ կարդալ: Շատ գոհ պիտի մնանք արդիւնքէն: Վստահ եմ անկախ դասանիւթէն, այսպիսի քայլի մը պէտք է դիմէ հայերէնի ուսուցիչը:

Կրթասիրացի Շող պարախումբ

-Այս ամէնը ե՞րբ պիտի ընենք, հայերէնի պահերը շատ քիչ են,- պիտի ըսեն ոմանք:

-Այո՛ հայերէնի դասապահերը շատ քիչ են: Ո՞րն է լաւը, ո՞րն է ճիշդը, ո՞րն է բաղձալին. շատ բան տալ աշակերտին, շատ բան պահանջել աշակերտէն, բայց սակայն գրաւոր ստուգողականներուն պարապ թուղթեր ստանալ անոնցմէ եւ աւարտական դասարանի հասցնել զանոնք, առանց գրել-կարդալ սորված ըլլալու՝ կմկմալով կարդալու եւ մէկ բառը երկու երեք ուղղագրական սխալներով գրելու… թէ՞ քիչ բան տալ, աւելի շատ աշխատիլ հայերէնը սիրցնել… ստուգողական ըսի, ի՞նչ կը վնասենք եթէ առաջին գրաւոր ստուգողականը իր գրասեղանին առջեւ բաց դասագիրք ունենայ եւ տրուած հարցումներուն պատասխանները արտագրէ… աշակերտն ալ, ուսուցիչն ալ ոճիր գործած կ’ըլլան, թէ՞… թէ՞իմ այս ըսածս սրբապղծութիւն կը նկատուի:

Թող մեր ուսուցիչները պատասխանեն:

Այո՛, մեր պահերը քիչ են, եւ մենք քաջ պէտք է գիտնանք, որ այսօրուան աշակերտը 50 վայրկեան տեւող մէկ դասապահի մը ընթացքին իսկ չի կրնար մինչեւ վերջ կեդրոնացած մնալ՝ եթէ չերանգաւորենք այդ: Չե՞նք կրնար դասապահ մը մասերու բաժնել:

Ինչո՞ւ իրականութիւնները չենք ընդունիր, ինչո՞ւ չենք փորձեր ճանչնալ այսօրուան աշակերտին բնոյթը եւ կը յամառինք մնալ անյողդողդ մեր սորվեցնելիք ոճին մէջ՝ երբեմն հայերէնը քանեցնելու աստիճան: Քանածէն հեռու չի՞ փախչիր մարդ արարածը: Աշակերտներուն հետ վարուելակերպ ընտրելու ատեն, մեր խնդիրը պիտի չ’ըլլայ .«Ե՞ս, թէ՞ դուք»ը, չէ՞ որ այդ պարագային աշակերտը կրնայ դադրիլ ուսուցիչը սիրելէ, հետեւաբար եւ նիւթը՝ հայերէնը սիրելէ:

Ճիշդ է, ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր հայերէնի ուսուցիչը, բայց ասիկա կ’արդարացնէ՞ այն, որ ուսուցիչը՝ նուիրեալը՝ սերունդներուն լոյս շնորհող «այրող եւ հալող մոմը» թերանայ իր աշխատանքին մէջ. տունը քիչ մը աւելի չաշխատի, նոր միջոցներ չփնտռէ… ամէն թերութեան մէջ աշակերտին սխալը գտնէ, նոր սերունդը մեղադրէ անպատասխանատուութեան մէջ:

Ըսի, որ մեր աշակերտները բոլորն ալ այս կամ այն միութիւն կը յաճախեն, այս կամ այն գեղարուեստական խումբին մաս կը կազմեն: Այս խումբերուն ղեկավարները ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն պէտք է օգնականները ըլլան դպրոցի հայերէնի ուսուցիչներուն: Պատերազմի ամենաթէժ տարիներուն «Համազգային»ը ասմունքի դասընթացքներ կազմակերպած էր, որուն կը մասնակցէին քսանէ աւելի պատանիներ: երեւակայեցէ՛ք, բոլորը բոլորին բանաստեղծութիւնները գոց գիտէին: Այդ պատանիները այսօր ալ կը սիրեն ասմունքել, ձեռնարկներու կը մասնակցին, միջ-դպրոցական մրցումներուն առաջնակարգ տեղեր կը գրաւեն: Նոյնիսկ միութեան պարախումբի պարուսոյցը կրնայ օգնել դպրոցի հայերէնի ուսուցիչին. Իւրաքանչիւր պարի ծննդավայրի, ստեղծման առիթի մասին խօսելով, կամ պարողներուն յանձնարարելով տեղեկութիւններ պրպտել այս կամ այն պարին մասին: Հ.Ե.Ը.ի Մշակութային յանձնախումբը պատանիներուն յատուկ հայերէնի գործնական դասընթացքներ սկսաւ անցեալ տարի, տասնեակ աշակերտներ մեծ սիրով կ’երթային, կը գրէին, կը կարդային, կը պատմէին: Քրիստափոր գրադարանը միջ-դպրոցական զանազան մրցումներ կազմակերպեց, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը ամէն տարի ասմունքի մրցումներ կը կազմակերպէ, լաւ չէ՞: Գանձասար շաբաթերթը պատանի լրագրողներու դաընթացքներ ունի: Այս ամէնը շատ լաւ են, գիտէ՞ք, ուր է սխալը: Բոլոր այս մրցումներուն մասնակցողները միմիայն լաւ աշակերտներ են: Ինչո՞ւ ուսուցիչները այս մրցումներուն համար նախնական փուլեր չեն կազմակերպէր դպրոցներուն մէջ, որուն մասնակցելու մղեն բոլոր աշակերտները: Այս տարի միջ-դպրոցական ձեռնարկներ տեղի ունեցան, որուն մասնակցեցան դպրոցներու լաւագոյնները: կարելի է, չէ՞, որ իւրաքանչիւր դպրոց զանազան առիթներով գեղարուեստական յայտգրեր պատրաստէ, որոնց մէջ ընդգրկուին ամենամեծ թիւով աշակերտներ, յետոյ լաւագոյնները ընտրուին միջ-դպրոցականի յայտագրին համար: Այսպիսի համագործակցութեամբ կազմակերպուող միջոցառումները իրաւ պիտի օգնեն հայերէնի ուսուցման մեր դպրոցներուն մէջ:

Մեր աշակերտները թերութիւններ չունի՞ն: Անշո՞ւշտ ունին: Նոր սերունդը հայերէն կը սորվի՞: Նոր սերունդը ընդհանրապէս սորվիլ չ’ուզեր:

Ուսուցիչները թերութիւններ չունի՞ն: Նոյնիսկ եթէ չունին,մեղանչած չե՞ն ըլլար, եթէ քով-քովի չգան եւ մեր աշակերտներուն քիչ մը աւելի լաւ հայերէն սորվեցնելու միջոցներ չգտնեն…

Մենք՝ բոլորս, մեղանչած չե՞նք ըլլար, եթէ առնուազն չփնտռենք այդ միջոցները:

Մանուէլ Քէշիշեան

5 Հոկտեմբեր 2019

Մեկնաբանել