Փրկել Պատերազմի Մէջ Յայտնուած Սուրիահայութիւնը

Այս օրերուն, անգամ մը եւս արիւն կը հոսի Սուրիոյ մէջ: Թրքական ուժերը օդային եւ ցամաքային հրթիռակոծութեան-ռմբակոծութեան տակ առած են քրտական շարք մը գիւղեր եւ քաղաքաներ՝ Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ:

Այդ շրջաններուն մէջ կ’ապրին հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք պատերազմի ընթացքին մնացին այնտեղ կամ վերադարձան՝ համեմատաբար խաղաղ օրերուն:
Հարիւրաւոր հայ ընտանիքներու կեանքը վտանգուած է, շատեր դարձեալ փախած են իրենց տուներէն եւ անգամ մը եւս դարձած են փախստական:

Կ’իյմանանք, որ Դամասկոսի մէջ հայկական դեսպանատունը եւ Հալէպի հայկական հիւպատոսութիւնը արդէն իսկ սկսած են հայերու տարհանումով զբաղիլ: Վստահաբար, տեղւոյն պատասխանատու մարմինները եւս նոյնատեսակ աշխատանք կը տանին:

Այս րոպէին, հայկական պետութեան եւ Միջին Արեւելքի հայկական պատկան մարմիններու գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը եւ քրտաբնակ շրջաններու հայութեան տարհանումն ու տեղափոխումը ապահով վայրեր եւ յետոյ՝ Հայաստան:

Ասկէ առաջ ըսած էի ու կրկնած՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մասնաւորաբար, եւ ընդհանրապէս՝ Միջին Արեւելքի հայութեան վիճակը յուսալի չէ, պատերազմներու եւ տնտեսական ու ընկերային տագնապներու պատճառով: Ըսած էի ու կրկնած, բայց ըստ երեւոյթին մեր մեծաւորները ըսելով ու կրկնելով բան չեն սորվիր: Այս մասին շատ բան կայ ըսելիք, սակայն աւելի ուշ, հիմա՝ բոլորին պատասխանատուութիւնն է արագ շարժիլ եւ փրկել սուրիահայութեան վերջին բեկորները:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Մեկնաբանել