Թրքական ներխուժումէն առաջ եւ ետք

Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ին Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ հոգեշնորհ տէր Լեւոն աբեղայ Եղիայեան:

Կը նշանակէ Գամիշլիէն Հալէպ ճանապարհը բաց է, կը նշանակէ նաեւ, որ Գամիշլիի մէջ ամէն ինչ վերագտած է իր բնականոն ընթացքը, արտօնելով Առաջնորդական Փոխանորդին իր հօտէն ժամանակաւոր կերպով հեռանալ:

Իրապէս ալ Գամիշլիի մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ. եթէ Հոկտեմբեր 9-էն առաջ Գամիշլիի մէջ միմիայն մի քանի թաղ եւ օդակայանն էին սուրիական պետական գերիշխանութեան տակ, ապա հիմա քիւրտերու հետ կնքուած համաձայնութեան շնորհիւ Գամիշլի քաղաքը ամբողջութեամբ կը գտնուի պետութեան ձեռքերուն մէջ՝ ապահովութիւն ներշնչելով տեղի բնակիչներուն, որոնց շարքին հայերուն: Եղածը քիւրտերուն եւ սուրիական պետութեան միջեւ փոխհասկացողութեան նախնական համաձայնութիւն մըն է, ըստ որուն քիւրտերը իրենց սահմանային դիրքերը պիտի զիջին պետութեան, թէեւ ներքին շրջաններու մէջ պիտի մնան զինեալ, սակայն պիտի բարձրացուի սուրիական պետական դրօշակը, որպէսզի թուրքերը չմօտենան այս վայրերուն, նկատի առնելով, որ անոնք պիտի խուսափին սուրիական կանոնաւոր բանակին հետ ընդհարուելէ: Աւելի ուշ թուրքերը համաձայնեցան նաեւ նախ ամերիկացիներուն ապա ռուսերուն հետ, որոնք երկուքն ալ ապահովցուցին թուրքերը, որ քիւրտերը թրքական սահմաններէն 30 քմ դէպի խորք պիտի քաշուին: Ռուս բանակայինները պարտւորուեցան սուրիական եւ թրքական բանակներու միջեւ հսկողութիւն հաստատել, որեւէ հաւանական ընդհարումի առաջքը առնելու: Այսպիսով , թուրքերը առնուազն 120 քմ երկարութեամբ եւ 30 քմ խորութեամբ՝ Թէլ Ապիատէն Րաս Իւլ Էյն, ներկայութիւն մը ունեցան Սուրիոյ մէջ, ռուսերը տարածուեցան Սուրիոյ ամբողջ տարածքին, Սուրիական պետութիւնը իր երկրին մէջ հաւելեալ տարածքներու վրայ իշխեց, քիւրտերն ալ փրկուեցան բռնագաղթէ: Կը թուի թէ այս անգամ քիւրտերը Աֆրինի պարագայէն աւելի խելացի վարուեցան եւ համաձայնեցան Սուրիական դրօշակը բարձրացնել իրենց շրջաններուն մէջ:

Ո՞վ պիտի ապրի թուրքերու եւ անոնց հետ կռուող սուրիական ընդդիմադիր «Ազգային բանակ»ի գրաւած հողերուն վրայ: Թուրքերը կ’ըսեն թէ հոն թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներ պիտի բնակեցնեն, սակայն ես կը կարծեմ թէ աւելի շատ Սուրիոյ բոլոր կողմերէն Իտլիպ հաստատուած ընդդիմադիրներն են, այս հողերու ապագայ բնակիչները, որովհետեւ եթէ ընդունինք, թէ այս ամէն եղածը Ռուսիա (նաեւ սուրիական պետութեան անունով) –Թուրքիա համաձայնութեամբ կատարուած է, ապա այդ համաձայնութիւնը անպատճառ ընդգրկած պէտք է ըլլայ նաեւ Իտլիպի շրջանը, ուրկէ հաւանաբար նահանջեն Թուրքիոյ ենթակայ ընդդիմադիրները, որովհետեւ այլ վայր չունին ապաստանելու: Ինծի այսպէս մտածել կու տայ նաեւ Սուրիոյ Նախագահին Իտլիպի մէջ առաջին գիծի վրայ գտնուող զինուորներուն այցելելը եւ յայտարարելը որ Սուրիոյ պետութիւնը պիտի ազատագրէ ամբողջ Սուրիան, այս այցելութեան ընթացքին Նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ ըսաւ. -Էրտողանը աւազակ է, ան գողցաւ մեր գործարանները, ցորենը, նաֆթը , հիմա ալ կը գողնայ մեր հողերը:

Իսկ հայերը՞: Հայերը Ցեղասպանութենէն ետք Հիւսիսային Սուրիոյ ամբողջ տարածքին քառասունէ աւելի բնակավայրեր կառուցած էին, որոնց մեծամասնութիւնը օժտուած էր դպրոցով եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողքին նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիով: Ժամանակի ընթացքին հայերը քիչ քիչ Հալէպ փոխադրուեցան, անոնցմէ ոմանք 1946-1947 ներգաղթեցին հայրենիք ու մեր դպրոցները որոնցմէ մի քանին հարիւրաւոր աշակերտներ ունեցած են, բնականաբար փակեցին իրենց դռները: Հայերը իրենց բնակավայրերը կամաց կամաց զիջեցան քիւրտերուն ինչպէս նաեւ արաբներուն: Հալէպ հաստատուած հայերէն ոմանք մինչեւ հիմա ալ այդ վայրերուն մէջ ունին ընդարձակ հողատարածքներ: Սուրիոյ վերջին տագնապի տարիներուն հայերը գրեթէ ամբողջութեամբ հեռացան այդ շրջանէն, որ գրաւուեցաւ ՏԱԷՇ-ի՝ Շամի եւ Իրաքի Իսլամական Պետութեան կողմէ: Հոն մատի վրայ հաշուուղ հայերը Իսլամական պետութեան մէջ ապրելու եւ գործելու իրաւունք ունէին պայմանաւ որ Ճիզիէ վճարէին. ճիզիէն ոչ իսլամներու յատուկ գլխայարկ է: Այս շրջանները յետոյ գրաւուեցան քիւրտերուն կողմէ, որոնք հայերուն լայն շունչ քաշելու առիթ ընծայեցին: Թէլ ապիատի մէջ կային 16 հայ ընտանիքէ 22 անդամներ, որոնք մնացին մինչեւ թրքական վերջին ներխուժումը, անոնց մեծ մասը Հալէպ եկաւ, միանալու ընտանիքներու միւս անդամներուն, մէկ մասը գնաց Հասաքէ եւ Գամիշլի Հոն մնաց մէկ հոգի, որուն թրքամէտ «Ազգային բանակ»ի սպաները հարցաքննելէ ետք, գիտնալով որ ան քիւրտ մը չէ, այլ հայ մը, արտօնած են մնալ եւ ապրիլ Թէլ Ապիատի մէջ… Արաբ Բունար-Գոպանիի մէջ վերջին ներխուժումէն առաջ քիւրտերու կողքին կ’ապրէին չորս հայեր՝ երկու արհեստաւորներ եւ երկու բժիշկներ, որոնք եկան Հալէպ, սուրիական բանակի այդ տարածք մուտքէն ետք երկու բժիշկները վերադարձան հոն որ արդէն դադրած է քրտական Գոպանի ըլլալէ եւ վերատիրացած իր արաբական Այն Էլ Արապ անունին:

Հասաքէն համեմատաբար աւելի ապահով շրջան է: Հոն մինչեւ այսօր կը գործէ հայ առաքելական Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին, ուր կան նաեւ քրտախօս հայեր հիմնական հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող:

Գամիշլին հայկական ամենամեծ կեդրոնն է, ուր տագնապէն առաջ կային մօտաւորապէս ութ հազար հայեր, մինչ 1950ականներուն միմիայն հայ առաքելականներուն թիւը 12000 էր,Ազգային դպրոցը ունէր 700 աշակերտ, իսկ 1992-ին՝ 1200 աշակերտ: Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներն ու դպրոցները գոյութիւն ունին մինչեւ այսօր, թէեւ հայերուն թիւը նօսրանալով իջած է 3000-3500ի: Այստեղ 1941 թուականէն սկսեալ կը գործէ Հայ առաքելական առաջնորդական փոխանորդութիւնը իսկ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը գոյութիւն ունի Մեծ Եղեռնին յաջորդող առաջին տարիներէն, Այստեղ գոյութիւն ունեցած է նաեւ հայ եւ ասորի միացեալ աւետարանական եկեղեցի: Գոյութիւն ունին աշխուժօրէն գործող Հայկական Բարեգործական Ըդհանուր Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւնը, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկն ու Հաուըրտ Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութիւնները: Ունինք մարզական եւ մշակութային բազմաթիւ կառոյցներ: Գամիշլիի հայերը սերտ կապեր ունին Հալէպահայութեան հետ, մանաւանդ որ այդտեղի կազմակերպութիւնները ձեւով մը մասնաճիւղերն են Հալէպի հաստատութիւններուն կամ անոնց ենթակառոյցներն են:

Հոկտեմբեր Իննի թրքական ներխուժումէն ետք մեծ աղմուկ բարձրացաւ հայկական շրջանակներու մէջ, բոլորը պատրաստակամութիւն յայտնեցին օգնելու Ճէզիրէի, ի մասնաւորի Գամիլիի հայերուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Հայաստանի հանրապետութիւնը ամենաբարձր մակարդակով մօտէն հետաքրքրուեցան այդտեղի հայութեան վիճակով: Կարծեմ Հայաստանի վարչապետը ակնարկեց, որ ինք այս մասին խօսած է Փութինին հետ…

Յետո՞յ… բազում աղմուկ վասն ոչինչի՞… իջաւ խաղաղութիւն… ի զուր ոմանք կը յիշեցնեն, որ իրենք միշտ ալ ըսած են.-ժամանակն է որ Միջին Արեւելքի հայութեան ապահովութեան մասին լրջօրէն մտածուի, անհրաժեշտ քայլեր առնուին …

Եղբայր, կամ ականջ դրէք այս ահազանգողներուն, կամ ըսէք, թէ անոնք կը սխալին: Հարցում մը միշտ չարչրկած է եւ կը շարունակէ չարչրկել միտքս.- Մեր հանրապետութիւնը քաղաքական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն մը ունի՞, որ կարենայ վերլուծել կատարուած-կատարուող-կատարուելիք դէպքերը, վերլուծելու զանոնք եւ գուշակելու ապագան՝ մեր ապագան այս տագնապալից երկիրներուն մէջ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 26 Հոկտեմբեր 2019

Մեկնաբանել