Հալէպ – Եռուն Շաբաթ

Հոկտեմբերի վերջ, Նոյեմբերի սկիզբ համընկնող անցեալ շաբաթը եռուն էր մեզի համար:

Թէեւ հալէպահայերը նոյնիսկ մոռցեր են 20 տարի առաջ պատահած 27 Հոկտեմբերի ոճրագործութիւն-ողբերգութիւնը, սակայն անոնք ամբողջ աշխարհի հայութեան հետ որպէս մեծ յաղթանակ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին ամերիկեան քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատին կատարած յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Անշուշտ, Հալէպի մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք համոզուած են, որ նոյնիսկ մէկ (որեւէ) թուրքի անկեղծ ցաւը իր մեծ հայրերուն գործած ոճրագործութեան համար, աւելին արժէ քան ամբողջ երկրի մը նման յայտարարութիւնը, որ յղի է քաղաքական նկատառումներով եւ թէ ի՞նչ ծնունդ կրնայ տալ մշուշոտ է:

Մենք՝ սուրիահայերս, այլ առիթ մըն ալ ունէինք ցնծալու. Մեր վսեմաշուք նախագահը հեռատեսիլային հարցազրոյցի մը ընթացքին բառացիօրէն հետեւեալը ըսած էր.

«Ո՞վ է վերջին հատուածը, որ միացած է սուրիական հիւսուածքին: Հայերն են: Հայերը, առաջին հերթին հայրենասէր են գերազանցօրէն: Այս նիւթը պատերազմի ընթացքին ապացուցուեցաւ վճռականօրէն: Միեւնոյն ժամանակ, այս հատուածը ունի յատուկ միութիւններ, ունի յատուկ եկեղեցիներ, առաւել զգայունը, որ ունի իր յատուկ դպրոցները: Եթէ դուք մասնակցիք հայկական որեւէ խնճոյքի՝ հարսանիք կամ ոչ հարսանիք, (հայ ընկերներ ունեցած եմ, որոնց խնճոյքներուն յաճախ մասնակցած եմ անցեալին) դուք կը տեսնէք, որ անոնք կ’երգեն իրենց աւանդական ժողովրդային երգերը, ապա կ’երգեն ազգային-հայրենասիրական երգեր, որ ունի քաղաքական հեռանկար: Արդեօք ասկէ աւելի ազատութիւն կա՞յ: Ան, աշխարհի հայերէն ամէնէն նուազ ձուլուող հատուածն է հասարակութեան մէջ: Ան, միախառնուեցաւ, բայց չձուլուեցաւ, պահպանեց իր բոլոր յատկանիշները:»

Ուրախանալու շատ բան կայ այս գովասանական խօսքերուն մէջ, բայց կան նաեւ մտահոգիչ կէտեր. նախ այն, որ մենք փաստօրէն կը նկատուինք Ցեղասպանութենէն ետք եկուորներ, մինչդեռ հայերը միշտ ալ ապրած են Սուրիոյ մէջ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Եագուպիէի, Քեսապի մէջ. Դեռ 14-րդ դարէն Հալէպի մէջ ունեցած ենք Ս.Աստուածածին եւ ապա Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցին իր կից Դպրատունով: 17-րդ դարասկզբէն մեզի ծանօթ է Հալէպի մաքսատան տնօրէն Պետրոս Չէլէպի Սանոսեանի անունը: 19-րդ դարուն Հալէպի մէջ տարբեր ժամանակներ գործած են 40-է աւելի հայկական մշակութային եւ հասարակական կազմակերպութիւններ: Այս շրջանին միայն Հալէպի մէջ գործած են չորս հայկական դպրոցներ, որոնց շարքին աղջկանց յատուկ վարժարան մը: Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ դեռ 19-րդ դարէն իրենց վերջին հանգիստը գտած են Սիսի կաթողիկոսներ: Ցեղասպանութենէն առաջ Ալթունեան բժշկապետը Հալէպի մէջ հիմնած է երկրի ամենաարդիական հիւանդանոցը…

Ասիկա դեռ ամէնը չէ Սուրիոյ մէջ մեր վաւերական բազմադարեան գոյութիւնը հաստատող, եւ հետեւաբար ճիշդ արտայայտութիւն մը չէ մեր մասին տրուած բնութագրումը որպէս «վերջին հատուածը, որ միացած է սուրիական հիւսուածքին»:

Այսպիսի բնութագրման համար եթէ յանցաւոր փնտռելը սխալ է, ապա սխալ է նաեւ թերացողները չմատնանշելը, իսկ թերացողները մենք ենք: Մենք մեզ ըստ արժանւոյն չենք ներկայացուցած մեր շրջապատին, մենք կուկուսիի պէս մեկուսացած ապրած ենք սուրիահայոց պատմութեան ընթացքին, եւ եթէ բարձրաձայն խօսած ենք ապա միմիայն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար:

Սուրիոյ նախագահը մեծ զարգացման տէր անհատականութիւն մըն է, եւ եթէ ինք ամէն ինչ չէ որ գիտէ մեր մասին, ապա ինչ ըսենք այլ բարձրաստիճան ղեկավարներու մասին, ի՞նչ ըսենք հասարակ ժողովուրդին մասին. մենք մեր ընկոյզի կեղեւին մէջ մտած կը կարծենք, թէ բոլորը լաւ կը ճանչնան մեզ եւ բոլորն ալ լաւ կարծիք ունին մեր մասին. իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է, շատ մեծ է թիւը հայուն ո՞վ ըլլալը չգիտցողներուն, փողոցին մէջ մեր հայերէն խօսիլը լսելով մեզ Մարսէցի ըլլալը կարծողներուն:

Այս իրականութենէն առաջնորդուելով, որոշ ընդդիմադիրներ (մեղմօրէն ըսելով՝ ոչ հայասէր) այյլեւայլ նկատառումներով մեզ վարկաբեկել ուզելով, մեծ դիւրութեամբ յաջողեցան տագնապի տարիներուն մեզ ներկայացնել ո՛չ թէ որպէս երկրին հաւատարիմ քաղաքացիներ, այլ որպէս իշխանութեան հլու-հնազանդ օտար հաւաքականութիւն մը, որուն տուին «Շէպպիհէթ նիզամ»՝ իշխանութեան ուրուական որակաւորումը, աւելցնելով որ մենք եկուոր օտարականներ ենք, որոնք տեղացիներու կողմէ սիրով դիմաւորուեցան, պատսպարուեցան, տուն-տեղ ունեցան եւ փորձութեան պահուն դաւաճանեցին զիրենք հիւրընկալողներուն… Եւ մենք ի զուր ջանացինք ցոյց տալ թէ երկրին հաւատարիմ քաղաքացիներն ենք, մինչ գործնականօրէն, կամայ թէ ակամայ, հակառակը ցուցադրեցինք. օրինակ, երբ պետական զօրքը Հալէպի ընդդիմադիրներուն կոչ կ’ուղղէր յանձնուիլ, զանոնք անուանելով զինեալներ, մենք կը շարունակէինք անոնց ահաբեկիչ որակումը տալ…

Ցաւալի իրականութիւն մըն ալ պարտաւոր ենք ընդունիլ, այն, որ մենք ալ, բացարձակ մեծամասնութթեամբ, անգէտ ենք եւ ծանօթ չենք մեր պատմութեան եւ միշտ զարմացական արտայայտութիւն մը կ’ուրուագծուի մեր դէմքերուն վրայ երբ իմանանք, որ Հալէպի եւ Սուրիոյ մէջ հազար տարուան պատմութիւն ունինք, որ Երուսաղէմի պատրիարաքարանը Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ առաջնորդարան կամ թեմ ունէր, որ Հալէպի մէջ Հոգետուն անունով իջեւան կառուցած էր Սուրբ քաղաք մահտեսի ըլլլալու նպատակաւ հեռաւոր տեղերէ եկող ճամբորդներու հանգստավայրն էր դարեր շարունակ:

Կրնանք ըսել, թէ մեզ շատ գովեց երկրին վսեմաշուք նախագահը, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրը, սակայն այդ շնորհակալական զգացումը չպիտի խանգարէ մեզի մտածել տալու այն մասին, թէ ինչո՞ւ մեր ունեցած միութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն մասին ակնարկելէ ետք եւ պատմելէ ետք իր հայ բարեկամներուն խնճոյքներու ընթացքին երգելու մասին, ըսաւ.« ասկէ աւելի ազատութիւն կա՞յ»… Կը կարծեմ, թէ մենք հայերս տալիք պատասխան մը չունինք այս հարցումին, որ մեզի ուղղուած պէտք չէ ըլլայ. այս հարցումը կարծէք թէ աւելի շատ քիւրտերու պահանջներուն տրուած պատասխան մըն է, որ կը նշանակէ.-Ձեզի ալ հայերուն ունեցածին չափ ազատութիւն կրնանք տալ…

… Ամէն պարագայի, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն Ցեղասպանութեան մասին եղած յայտարարութիւնը չըլլալէն լաւ է, Սուրիոյ նախագահին մեր մասին գովեստով արտայայտուիլը դրական մեծ գնահատական մըն է, եւ գաղութին եռուն վիճակը աւելի լաւ է քան թմբիրի մէջ մնալը, իսկ սուրիահայութիւնը թմբիրի մէջ չէ, ընդհակառակը կ’եռայ, վկայ Հ.Ե.Ը.ի Սենեկային նւագախումբի անցեալ շաբթուայ Կոմիտասի 150 ամեակին նուիրուած իրապէս բացառիկ ելոյթները, վկայ Լաթաքիոյ Հ.Ե.Ը.ի հիմնած Կիլիկիա պարախումբին ելոյթները Հալէպի մէջ, վկայ Սուրիահայ Երիտասարդաց Միութեան հիմնադրութեան քառասուն ամեակի փառաւոր տօնակատարութեան գեղարուեստական հարուստ յայտագիրը, վկայ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան գալ շաբաթ ունենալիք ելոյթը, վկայ մեր միութիւններու զանազան ձեռնարկներու պատրաստութեան պատճառաւ հայկական կեդրոններու մինչեւ կէս գիշեր վառ մնացող լոյսերը:

Այո՛, հակառակ տակաւին պատերազմական վիճակին, հակառակ տնտեսակ շատ ծանր կացութեան հալէպահայութեա անցեալ շաբաթը եռուն էր՛ եռուն են նաեւ գալիք շաբաթները:

Կը նշանակէ մենք ոչ միայն կը գոյատեւենք տակաւինք, այլ կը շարունակենք ապրիլ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 6 Նոյեմբեր 2019

Մեկնաբանել