ՏԱԷՇ-ի վերաշխուժացումը

Դէպքը՝ Ոճիր- Սպաննութիւն:

Ժամանակը՝11 Նոյեմբեր 2019, առաւօտ կանուխ:

Վայրը՝ Րըզ գիւղ- Սուրիոյ Տէր Էզ Զօր Նահանգ:

Զոհեր՝ Հայ Կաթոլիկ քահանայ Յովսէփ Պետոյեան ժողովրդապետ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ Ս.Յովսէփ եկեղեցւոյ, եւ իր հայրը:

Ոճիրը կատարուած է երկու մոթորսիքլէթաւորներու (motorcycle=շարժակաւոր հեծանիւ) կողմէ, որոնք նախ հետապնդելով ետեւէն կրակ բացած են քահանան եւ հայրը փոխադրող ինքնաշարժին վրայ, որուն վրայ գրուած էր Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան, ապա մարդասպանները կրակած են նաեւ ինքնաժարժի առջեւի կողմէն: Քահանայի հայրը անմիջապէս մահացած է, իսկ հայր Յովսէփ հոգին աւանդած է Հասաաքէի հիւանդանոցին մէջ՝ Հայր Անդրանիկ Այվազեանի գրկին մէջ, պատմելէ ետք ոճիրին մանրամասնութիւնները: Թաղման արարողութիւնը կատարուած է գամիշլիի հայ կաթողիկէ Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Գամիշլիի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Հայր Անդրանիկ Այվազեանի, ներկայութեամբ Գամիշլիի քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետերու, որոնք այս ոճիրը մեկնաբանացին որպէս համայն քրիստոնեաներուն ուղուած դաւադիր ոճիր:

Հայր Յովսէփի սպաննութեան օրը Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած են նաեւ երեք պայթիւններ, մէկը՝ ականուած մոթորսիքլէթի, երկուքն ալ ականուած ինքնաշարժերու միջոցաւ: պայթիւններէն մէկը հայ կաթողիկէ վանքի մերձակայքին էր, որն ալ պատճառ հանրիսացաւ վանքի պարիսպի մասնակի քանդումին:

Ըստ Հայ կաթողիկէ համայնքապետ Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հայ Պետոյեանը երկու շաբաթը մէկ կ’երթար Տէր Էզ Զօր, ուր կը տարուին աշխատանքներ նորոգելու համայնքի եկեղեցին եւ համայնքի զաւակներուն տուները, որպէսզի անոնք վերադառնան Տէր Էզ Զօր- հայերուն համար շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս քաղաք:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտելով Պետոյեանի սպաննութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ հայ կաթողիկէ համայնքին եւ համայն սուրիահայութեան, հաւաստիացնելով նաեւ, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը այս երկրին մէջ: Դատապարտումի հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր նաեւ այն, որ Թուրքիոյ ներխուժման պատճառաւ Սուրիոյ Հիւսիս արեւելեան շրջանին մէջ վերաշխուժացած են իսլամիստ ծայրայեղականները՝ վտանգելով խաղաղ քաղաքացիներու, որոնց շարքին նաեւ փոքրամասնութիւններու կեանքը: Պէտք է նշել, որ Սուրիոյ հայ համայնքապետերն ալ իրենց միացեալ հաղորդագրութեան մէջ շեշտած էին, որ Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժման պատճառաւ վերաշխուժացած են Իսլամական Պետութեան զինեալները:

Ֆրանչիսքուս Պապը եւս ցաւակցութիւն յայտնած է Յովսէփ Քահանայ Պետոյեանի սպաննութեան առիթով, նշելով, որ «Ինք մօտիկ է Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան»:

Սուրիոյ տագնապի տարիներուն այլ եկեղեցականներ ալ սպաննուած են, օրինակ, 7 Ապրիլ 2014 թուականին, գնդակահարութեամբ սպաննուած է Ֆրանս Վան Տէր Լախթ անունով 75 տարեկան գերմանացի Յիսուսեան վարդապետը, որ ամբողջ 50 տարի ծառայած էր Սուրիոյ մէջ, հաւասարապէս սիրուելով թէ՛ քրիստոնեանրու եւ թէ՛ իսլամներու կողմէ:

Տեղի ունեցան նաեւ առեւանգումներ, օրինակ, 3 Դեկտ 2013-ին, Քրիստոսի լեզուով (արամերէն) միակ բնակավայր՝ Մա՛ալուլա քրիստոնէական գիւղի գրաւումէն ետք 13 յոյն օրթոտքս մայրապետներ գերեվարուեցան, որոնք երեք ամիս ետք՝ 2014 թուականի Մարտ 14-ին ազատ արձակուեցան, փոխանակուելով Սուրիոյ բանտերու մէջ գտնուող ընդդիմադիր զինեալներու ընտանիքներէն 100 կիներու հետ:

2013 թուականի Ապրիլ 23-ին առեւանգուեցան Հալէպի յոյն ուղղափառ համայնաքապետ Պուլոս Եազճին եւ ասորի ուղղափառ համայնքապետ Եուհաննա Իպրահիմը, որոնք բանակցութիւններու գացած էին իսլամական պետութեան կողմէ նախապէս առեւանգուած երկու կրօնականներու ազատ արձակման համար: Մինչեւ այսօր անյայտ կը մնայ երկու բարձրաստիճան այս կրօնականներու ճակատագիրը: Նշելի է, որ Եուհաննա Իպրահիմը միակ քրիստոնեայ եկեղեցականն էր, որ քննադատաբար մօտեցած էր Սուրիոյ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան, կոչ ուղելով անոր աւելի խելամիտ մօտենալ տագնապի լուծման եւ վերջ դնել արիւնայեղութեան:

Ինչո՞ւ քրիստոնեայ եկեեցականներու այս սպաննութիւնները, չէ՞ որ իսլամները քրիստոնէութիւնը կ’ընդունին որպէս երկնային կրօնք, ուստի եւ կրօնական առումով անոնք հալածանքի ենթակայ պէտք չէ ըլլան: ուրեմն հարցը քաղաքակա՞ն է. քրիստոնեայ այս կրօնականները կը դիտուին որպէս իսլամական պետութեան թշնամիներ ուստի եւ անոնց անէացումը, իմա սպաննութիւնը, սուրբ առաքելութիւն է, որուն կը հաւատայ սովորական մոլեռանդ իսլամը,իսկ ըստ քրիստոնեայ պատսխանատուներու, այս սպաննութիւնները կը հետապնդեն մէկ նպատակ, այն է ստիպել քրիստոնեաներուն հեռանալ երկրէն: Իւրաքանչիւր սպաննուող եկեղեցականի հետ քրիստոնեաներու սարսափը կը տասնապատկուի եւ անոնք (տակաւին Սուրիա մնացածները) կը սկսին մտածել գաղթի մասին:

Սուրիոյ տագնապի տարիներուն Ծայրայեղ իսլամներու կողմէ քրիստոնեաներու ամենամեծ զանգուածային ջարդը տեղի ունեցաւ Համա եւ Հոմս քաղաքներու միջեւ գտնուող քրիստոնէական Սատատ բնակավայրին մէջ, 2013 թուականի Հոկտեմբերին: Զոհ գացին Ասորի 46 տղամարդիկ, կանայք եւ երախաներ:

Այս ջարդէն ետք բազմաթիւ քրիստոնեաներ գաղթեցին, ճիշդ է Սուրիայէն գաղթեցին ամէն ազգի եւ դաւանանքի պատկանողներ, սակայն քրիստոնեաներու թիւը համեմատբար շատ աւելի է, եւ եթէ 2010 թուականին անոնց թիւը աւելի քան 1.2 միլիոն էր եւ կը կազմէր Սուրիոյ բնակչութեան 6%, ապա այսօր շատ աւելի քիչ է, եւ եթէ օր մը մարդահամար կատարուի, ապա վստահաբար ի յայտ պիտի գայ, որ քրիստոնեաները ներկայ Սուրիոյ 3% իսկ չեն կազմեր: Աւելո՞րդ է ըսել, որ դեռ 1920-ին Սուրիոյ մէջ կային 1.1 միլիոն քրիստոնեաներ…

Քրիստոնեաները մեծ մասամբ Պետութեան կողմնակից են, չէ՞ որ Նախագահ Պաշշար Ասատը կը նկատուի փոքրամասնութիւններու պաշտպան, այս իրողութիւնը աւելորդ պատճառ մըն է, որ ընդդիմադիրները ատելութեամբ լեցուին քրիստոնեաներուն հանդէպ, թէեւ պէտք է արձանագրել, որ մինչեւ զինեալ ընդդիմութիւնը եւ անկէ վերջ կային եւ կան բազմաթիւ քրիստոնեայ ընդդիմադիրներ, որոնք տէմոքրաթիայի եւ մտքի ազատութեան, իրարահաւասարարութեան մարտիկներ են, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ, փտածութեան դէմ պայքարողներ, սակայն դէմ են զինեալ պայքարին, դէմ են եղբայրասպանութեան, դէմ են ամէն տեսակ արտաքին միջամտութեան:

Եւ այս ամէնուն մէջ Յովսէփ Քահանային սպաննութիւնը, 1976 թուականին ծնած, երկու զաւակներու հօր սպաննութիւնը, որ ոչ մէկ կապ ունի քաղաքականութեան հետ, պարզապէս քրիստոնեայ ըլլալու մեղքը կը կրէ:

Սակայն ինչո՞ւ Պետոյեանը եւ ոչ թէ այլ ազդեցիկ կրօնական մը, չէ՞ որ Հայր Անդրանիֆ Այվազեանի սպաննութիւնը (Ատուած չընէ) կրնար շատ աւելի մեծ սարսափ տարածել շրջանի քրիստոնեաներուն մէջ, քանի որ անառարկելիօրէն ամէնէն ազդեցիկ քրիստոնեայ եկեղեցականն է հայր Անդրանիկը Գամիշլիի եւ Հասաքէի շրջանին մէջ:

Թերեւս դիւրին թիրախ մըն էր Պետոյեան քահանան, թերեւս սպառնալից նամակ մըն է քահանայ հօր մահը՝ աւելի քրիստոնեայ աւելի ազդեցիկ կրօնականներուն:

Յիշեցնեմ նաեւ, որ Քահանայ հայրը սպաննուեցաւ քրտական ազդեցութեան տակ գտնուող շրջանի մէջ: Ըսեմ նաեւ, որ զինք փոխադրող ինքնաշարժը որուն վրայ մեծ-մեծ գիրերով գրուած էր Հայ կաթողիկէ Առաջնորդարան, երկու օր լքեալ մնալէ ետք, պայթեցուեցաւ անյայտ մարդոց կողմէ, ինչո՞ւ… յիշեցնեմ նաեւ, որ անոր սպաննութիւնը, ըստ ՏԱԷՇ-ի հաղորդագրութեան կատարուած էր իր զինեալներուն կողմէ:

Ցաւալի է հայ կրօնականին սպաննութիւնը, շատ ցաւալի:

Միեւնոյն ատեն մտածելու առիթ հանդիսացող սարսափելի իրողութիւն մըն է այս անարգ ոճիրը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 17 Նոյեմբեր 2019

Մեկնաբանել