Օքսֆորդի համալսարանի ասպիրանտ, մշակութային մարդաբան Հրակ Փափազեանը Ֆեյսբուքի իր էջում գրառում է արել վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի՝ դստերը սպասարկող ծառայողական ավտոմեքենայի մասին։
Քանի որ անգամ մը անդրադարձեր էի վարչապետի դստեր մեքենայի պատմութեան, եւ յատկապէս քանի որ այսօր մեկնաբանութիւններ ստացայ առ այն որ խնդրին անդրադառնալով «կեղծ օրակարգ»ի ջաղացքին ջուր կը լեցնեմ, ստիպուած կը զգամ անգամ մը եւս գրել, յատկապէս Փաշինեանի ելոյթէն ետք։
Ա. Հարցը կարծես վերածուեցաւ «մեքենան ե՞րբ եւ ու՞մ համար է ձեռք բերվել»-ի. թէեւ խնդիրը անով բացարձակապէս չի սահմնափակուիր, սկսիմ անկէ։
Երկու օր առաջ լրատուամիջոցներու մէջ տարածուեցաւ Վարչապետի խօսնակի մեկնաբանութիւնը, ուր պարզապէս կ՚ըսուէր, թէ օրէնքով եւ ապահովութեան համար մեքենա կարելի է ձեռք բերել. չկար խօսք այն մասին, որ նոր չէ ձեռք բերուած։ Եւ չնայած աղմուկին, նոր մեկնաբանութիւններ չեղան։ Այսօր վերջապէս վարչապետը ուղիղ եթերին մէջ ըսաւ, որ (2018ին) «Մեքենաները ձեռք են բերվել իմ ընտանիքի անդամների անվտանգութիւնը ապահովելու համար Պետական Պահպանութեան Ծառայութեան համար,» կարծես հաստատելով, որ իր ընտանիքի անդամներու համար ձեռք բերուած են մեքենաները, իր պաշտօնաւարման ընթացքին։ Երեք ժամ ետք նոր statusով ըսաւ, թէ ըստ ՊՊԾ արխիւներու՝ 2018 ապրիլի 6ին կնքուեր են պայմանագրերը, այսինքն իր վարչապետութենէն ալ առաջ։ Լաւ, թէեւ հոս ալ կան հակասական բաներ, կ՚ուզեմ հաւատալ, որ ամէնավերջին տեղեկութիւնն է ճիշդը (թէեւ առանց փաստի կը մնայ)։ Բայց հարցը ասով չի վերջանար, սա իրապէս երկրորդական է։
Բ. Հարցը յատուկ Մ.Փ.ի ընտրութեամբ մեքենա մը գնելուն կամ իր անունին գրանցել-չգրանցելուն չի վերաբերիր բնականաբար։ Այլ այդպիսի մեքենա մը իրեն տրամադրելուն, պետական գումարով գնուած (կարեւոր չէ երբ) մեքենա մը իր տրամադրութեան տակ դնելուն։ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ոչ միայն չժխտեց սա (չըսաւ, օրինակ, որ այդպէս չէ, որ ընդամէնը մէկ-երկու անգամ միայն տարեր են զինք այդ մեքենայով) այլ նաեւ բացատրեց եւ փորձեց արդարացնել թէ ինչու այդպէս է։ Բայց, ըստ իս, չարդարացուց։
Ըսաւ, որ ապահովութիւն կը տրամադրուի ըստ օրէնքի պահանջի։ Բայց
1) չըսաւ, թէ պետական մեքենայի տրամադրումը ճիշդ ի՞նչ կապ ունի ապահովութեան հետ եւ ո՞ր օրէնքը կը պահանջէ այդ (նշեալ օրէնքին մէջ ես չգտայ այդպիսի բան)։ Փոխարէնը բերաւ մետրոյին մէջ ատրճանակով մտնելու անհարմարութեան մասին անհեթեթ փաստարկ մը, մինչդեռ երկու օր առաջ, իմ աչքի առաջ, իր դստեր անվտանգութեան պահակը նստած էր բառիս բուն իմաստով սրճարանին մէջ ինձմէ երկու սեղան աջ, մինչ ներս մտած էր Մ.Փ. (լաւ ըրած էր, բան չըսինք, բայց հոն նստողը չեմ հասկնար մետրո կամ taxi ինչու՞ պիտի չկարենայ նստիլ)։ Վարչապետի բերած այլ պատճառաբանութիւն մը այն էր, որ աղջիկը կը նեղանար երբ ապահովութեան համար այլ մեքենայով կը հետեւէին զինք, եւ ուրեմն այս ընտրութիւնը կատարած են։ Դարձեալ անհասկնալի, եթէ ոչ անիմաստ։ Եթէ չի նեղանար նոյն մեքենային մէջ ապահովական պահակին հետ նստելէն, ինչու՞ պահակը չառնել իրենց իսկ սեփական մեքենայի մէջ, եթէ անխուսափելիօրէն պարտադիր է անոր ներկայութիւնը (ասոր կու գամ քիչ ետք), եւ փոխարէնը որոշել պետական սեփականութիւն հանդիսացող մեքենան դնել դստեր տրամադրութեան տակ։ Ո՞ր օրէնքը կ՚ըսէ, թէ պետութիւնը պարտաւոր է մեքենայ տրամադրել վարչապետի ընտանիքի անդամներուն. Ոչ մէկը. փաստը՝ նախապէս Մ.Փ.ի անձնական մեքենայով ման գալը։
2) Փաշինեան շատ թեթեւ անցաւ պաշտպանութենէն հրաժարելու մասին օրէնքի կէտի վրայէն։ Ըսաւ, որ ընտանիքի անդամները կարող են ժամանակաւոր հրաժարիլ. ինքն ալ նշեց, որ այդ ժամանակաւորը կոնկրետ սահմանում չունի. ի՞նչը կ՚արգիլէր, ուրեմն, օգտագործել օրէնքի այս «բաց»ը, եթէ այդքան բարեխղճօրէն կը մօտենայ Վարչապետի ընտանիքը պետական բյուջեին։ Փոխարէնը նախընտրութիւնը դարձեալ լաւ ձեւուած-կարուած օրէնքը օգտագործե՞լն է՝ հանուն սեփական գմայքին կամ հանգստութեա՞ն։ (Չըսէք ապահովութիւնն է արգիլողը. վարչապետը այդ մասին ոչ մէկ բառ ըսաւ, ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ, ընդհակառակը, կը փորձէր արդարանալ ըսելով, թէ պարզապէս օրէնքի պահանջ է.)
Գ) նոյնի՛սկ եթէ մոռնանք վերոյիշեալ բոլոր կէտերը, եւ ընդունինք, որ իսկապէս «ստիպուած» դիմած են այս քայլին, քանի որ այլ ելք «չկայ», ապա կու գանք օրենսդրական փոփոխութիւններով խնդիրը լուծելու հարցին, ուր Փաշինեանի պաշտպանողականը դարձեալ անհեթեթ էր, եթէ ոչ քիչ մը ծիծաղելի։ «Դա անարդար կլինի հետագայ վարչապետերի համար (…) հետո եթէ օբյեկտիվ պատճառներ լինեն ինստիտուտը հետ բերելու համար մարդիկ պէտք է տանջվեն չարչարվեն համոզեն ինստիտուտը ետ բերելու համար»… իրապէս չեմ կարծեր, որ արժէ մեկնաբանել սա։ Հարցը լուծել եւ մսխումը խնայել ուզողին համար սա չի կրնար պատճառաբանութիւն կամ արգէլք ըլլալ. Հազար ու մէկ ձեւ կայ օրէնքը պատճաշ կերպով փոխելու։
Այս ամէնը, կը ներէք, բայց սպառիչ պատասխան եւ արդարացում չեմ կրնար համարել։ Փաստը կը մնայ փաստ, որ պետական (այսինքն հանրային) փողերով գնուած մեքենան տրամադրուած է եւ կօգտագործուի վարչապետի ընտանիքի ոչ-պաշտօնեայ անդամներէն մէկուն համար։ Եւ սա, այո, ի՞նչ է, եթէ ոչ չարաշահում ու կոռուպցիա։ Ալ չեմ խօսիր Հայաստանի պէս աղքատութիւն ունեցող երկրի մը համար այս խնդրի սկզբունքային երեսակի մասին։ Եւ ոչ միայն չկայ յստակ արդարացում ու սպառիչ բացատրութիւն, այլ liveէն դատելով նաեւ կարծես չկայ իրավիճակը փոխելու կամք, նո՛ր օրենսդրութեան, թէ՛ ներկայ օրենսդրութեան միջոցով (որը կարծես լաւ ալ կարելի է, առնուազն սեփական մեքենայի մէջ պահակի գործուղման միջոցով)։
Յուսամ կարիք չունիմ ըսելու, որ միայն ուրախ կ՚ըլլամ, եթէ տրուին պատասխաններ այս հարցերուն։ Մինչեւ այդ, սակայն, այս մասին բարձրաձայնելը պարտականութիւն է։ Ռեւանշիստներուն ջաղացքին ջուր լեցնելը ոչ թէ այս երեւոյթի մասին խօսիլն ու քննադատելն է, այլ ինքը՝ այս երեւոյթը։