Անաչառութեան եւ Ներքին Դիւանագիտութեան Բացը

Վահան Զանոյեան

Դեկտ. 19, 2019

Գաղտնիք չէ որ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս չէ կարողացած քաղաքական միասնակամութիւն ցուցաբերել։ Տխո՛ւր իրողութիւն է, որ անցած դարուն, իբրեւ ազգ, մեզ միաւորող գլխաւոր եւ մնայուն ազդակը եղած է Ցեղասպանութիւնը։ Ատկէ դուրս, հազուադէպ եւ կարճատեւ եղած են պատմական այն ժամանակամիջոցները երբ հայ ժողովուրդը կրցած է միանալ—եւ նոյնիսկ այդ բացառութիւները պատահած են երբ մենք մեզ գտած ենք ճգնաժամային ահաւոր սպառնալիքներու առջև։

Մեզ բաժնող տարբերութիւնները այլազան են—քաղաքական, գաղափարական, արժեհամակարգային, կուսակցական, յարանուանական, մտածելակերպի, աշխահրահայեացքի, նոյնիսկ լեզուական, մշակութային եւ կրօնական։ Նկատի առած մեր պատմութիւնը՝ այս տարբերութիւնները բնական են. աւելին՝ իրենց ծնունդն ու ժամանակի ընթացքին ամրապնդումը անխուսափելի էր։ Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը պարզապէս չեր կրնար հիմնական տարբերութիւններ չունենալ։

Բնական է նաև որ մեր տարբերութիւնները ստեղծէին նոյնքան այլազան տարակարծութիւններ և քաղաքական կողմնորոշումներ։

Սակայն իրենց առաջացուցած պառակտումները ո՛չ բնական են ո՛չ ալ անխուսափելի։ Մեր ներքին քաղաքական հաղորդակցութիւններուն մէջ դիւանագիտական նրբութեան պակասը մեծ դեր խաղացած է այս պառակտումները խորացնելու մէջ։

Խակ քաղաքական միտքը միայն կրնայ տարբերութիւնները անպայման տեսնել իբրեւ քաղաքական բաժանումներ։ Եւ ծայրահեղ քաղաքական նեղմտութիւնն է որ կարելի կը դարձնէ այդ բաժանումներուն հիման վրայ՝ երկարատեւ թշնամական դիրքեր որդեգրել նոյն ճակատագրին ենթարկուած հայրենակիցներու միջեւ։ Երկրորդ տխուր իրողութիւնը այն է, որ շատ յաճախ այդպիսի նեղմտութիւն ցուցաբերած ենք։

* * *

Այս բոլորը նորութիւն չեն: Սակայն կարեւոր է զանոնք վերյիշել պարզապէս անոր համար որ տակաւին կան եւ կը գործեն։ Ախտաճանաչունը բազմիցս եղած է, բայց «հիւանդ»ը մինչեւ հիմա ցանկութիւն չէ ունեցած է ինքզինք բուժելու։

Նորութիւնը Հայաստանի անկախ պետութիւնն է։ Մեր պետականութիւնը կ՚ենթադրէ նոր իրավիճակ և նոր խոստումներ, եւ բոլորիս կը պարտադրէ որդեգրել նոր մտածելակերպ։ Ժամանակն է որ գիտակցինք, որ տարակարծութիւնները, ինքստինքեան, չեն առաջնորդեր պառակտումներու։ Մե՛նք թոյլատրած ենք որ մեր տարբերութիւնները ստեղծեն պառակտումներ և թշնամութիւններ։ Մեր ազգային դժբախտութիւնը մասամբ ա՛յդտեղ պէտք է փնտռել։

Թավշեայ յեղափոխութեան ընթացքին եւ յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, Հայաստանը և հայ ժողովուրդը, մեծաւ մասամբ, կարճատեւ պահ մը միաւորուեցան։ Կային միաւորումը իրականացնող երկու գլխաւոր գործօններ։ Առաջին, նախկին համակարգին հանդէպ տիրող համատարած անվստահութիւնն ու հակակրանքը։ Այդ համակարգին անկումը, որպէս թուեցեալ անկարելիութիւն որ յանկարծ իրականացաւ, ինքնին ստեղծեծ երազային խանդավառութեան մթնոլորտ, որը ծառայեց որպէս ժողովուրդը համախմբող ընդհանուր յայտարար։ Երկրորդ գործօնն էր աւելի արդար, մաքուր եւ բարգաւաճ ապագայի մը խոստումը։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր հայ համայնքներուն պատկանող մարդիկ պահ մը մոռցան իրենց վաղեմի տարբերութիւնները եւ տարուեցան յոյսի եւ ակնկալութիւններու այդ ուժեղ ու վարակիչ նոր հոսանքով։

Սակայն այդ անուրանալի միասնական ոգիին ետին թագնուած էին մեր հին պառակտումները, որոնք հետզհետէ սկսան գլուխ ցցել։ Յեղափոխութիւնը դարձաւ իշխանութիւն, նախկին համակարգը դարձաւ ընդդիմութիւն, հասարակութեան մէկ մասը պահեց իր լաւատեսութիւնը, ուրիշ մաս մը որդեգրեց սպասողական, զգուշօրէն-յուսալից կեցուածք, և այլ խաւ մը հանդիսացաւ որպէս նոր իշխանութեան յարատեւ եւ անողոք քննադատ։

Այսօր, բեմին վրայ յայտնուած է մեզ պառակտող նոր երևոյթ մը—իշխանութեան պաշտպաններու ընդդէմ իշխանութիւնը քննադատողներու խոսոյթը

Այսօր, բեմին վրայ յայտնուած է մեզ պառակտող նոր երևոյթ մը—իշխանութեան պաշտպաններու ընդդէմ իշխանութիւնը քննադատողներու խոսոյթը (discourse)։ Երկու ծայրահեղ մօտեցումներ ծնունդ առած են։ Իշխանութիւնը պաշտպանողներուն համար, իշխանութիւնը անսխալական է։ Քննադատներուն համար՝ ո՛չ մէկ դրական արդիւնք գոյութիւն ունի եւ ապագան յղի է անհամար մահացու վտանգներով։ Եւ այսպիսով գրկաբաց ողջունած ենք իրարու հետ թշնամանալու նոր պատեհութիւն մը։ Ահա, անգամ մը եւս, այսօր կ՚անտեսենք մեր առջև դրուած հիմնական իրողութիւնները, մարտահրաւէրները և հնարաւորութիւնները։

-Կը մոռնանք որ կ՚ապրինք մեր պատմութեան հազուադէպ պահերէն մէկը, երբ ունինք անկախ պետութիւն։

-Կը մոռնանք որ այսօր ունինք իբրեւ ազգ զարգանալու հնարաւորութիւններ զորս չենք ունեցած անցնող 644 տարիներուն ընթացքին։

-Կը մոռնանք որ թէեւ Հայաստանը ունի աշխարհագրական սահմաններ, որոնց պաշտպանութիւնը գերաքոյն ազգային նպատակ է, հայ ժողովուրդը և իր հնարաւորութիւնները չունին աշխարհագրական սահմաններ։

-Կը մոռնանք որ ապագայի պայծառ տեսիլքի մը շուրջ միաւորուիլը շատ աւելի արդիւնաւետ է քան հասարակաց ողբերքութեան մը շուրջ։

-Կը մոռնանք որ հին կարծրատիպերը ջարդուփշուր ընելու և նոր միասնակամութիւն մը կերտելու համար պէտք ունինք միայն ու միայն քաղաքական կամքի եւ տեսիլքի։

-Կը մոռնանք որ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդին թշնամիները մեր պառակտումներն ու ներքին թշնամութիւնները չարաշահած են, մինչ մենք բաւարար դասեր չենք քաղած այդ երևոյթէն։

– Եւ կը մոռնանք որ ռազմական մահացու սպառնալիքներու առջև ենք, ամէն օր, թէ՛ արևելքէն և թէ՛ արևմուտքէն։

Այո՛, այս բոլորը մոռցած՝ նորէն կ՚ընտրենք թշնամանալ, պարզապէս անոր համար որ ունինք տարբեր մեկնաբանութիւններ անցած 18 ամիսներու անցուդարձերուն մասին։ Իսկապէս հրաշք է որ տակաւին կը գոյատեւենք իբրեւ ազգ…

Ինքզինքս (և քանի մը ուրիշներ) կրկնելու գնով շեշտեմ, որ ոեւէ քաղաքական գործիչի գերագոյն առաքելութիւնը այսօր ազգը միաւորել է։ Վերջերս, «ապազգային» բառը փոխադարձ ցեխարձակումներու նախասիրած փամփուշտը դարձաւ։ Սակայն կ՚արժէ հարց տալ թէ ո՞րն է իսկական ապազգային կեցուածքը։

«Ապազգային»ը կարելի է սահմանել բազմաթիւ ենդատեքստերով—սկսած ազգային շահերու մահացու դավաճանութեամբ մինչեւ որոշ աւանդական արժէքներու խախտումը կարելի է ապազգային նկատել։ Սակայն, մեր այսօրուայ քաղաքական իրավիճակին պատշաճ «ապազգայնութիւն»ը կարելի է այսպէս սահմանել—որևէ յայտարարութիւն կամ արարք, ցանկացած քաղաքական խմբակցութեան կողմէ, ըլլայ իշխանութեան թէ ընդդիմութեան մէջ, որ կ՚ըստեղծէ նոր պառակտումներ եւ չի սատարեր ազգային միաւորումին, Ապազգային է։ Ու վե՛րջ։

Եթէ բոլոր քաղաքական հրապարակախօսները կրնան ընդունիլ այս սահմանումը, թերևս վերջապէս կրնանք ստեղծել քաղաքական քննարկումներու նոր հարթակ մը, ուր համահայկական խոսոյթը կ՚ունենայ յստակ նպատակային բնոյթ, փոխանակ ըլլալու լոկ փոխադարձ զրպարտութիւններու շարան։

Այս իրագործելը կը պահանջէ—բացի քաղաքական կամքէն եւ տեսիլքէն—ներքին հաղորդակցութիւններու դիւանագիտական նրբութիւն, ճկունութիւն եւ զգայնութիւն։ Կը պահանջէ որ ոեւէ խօսնակի յայտարութիւններուն վախճանական նպատակը ըլլայ հակառակորդը համոզել ու ներգրաւել, ո՛չ թէ զայն մրոտել ու մղել պաշտպանողական կամ հակահարձակողական դիրքերու։ Հասցէագրուած քննադատութիւնները արդիւնաւետ կրնան ըլլալ միայն երբ լրացնեն այս պայմանը։

Դժբախտաբար, այսօր, հրապարակին վրայ հնչող ձայները, ըլլան Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի, չեն գոհացներ այս պահանջը։ Միայն այն ատեն երբ այդ պահանջքը բաւարարող ձայն մը ինքզինք բացայայտէ, հայ ժողովուրդը վերջապէս կ՚ունենայ իսկական քաղաքական առաջնորդ։

* * *

Կ՚ըսուի թէ հրապարակախօսներու դիտողութիւնները եւ քննադատութիւնները անիմաստ են եթէ հասցէագրուած չեն։ Ընդհանրացումը ճիշդ չէ։ Կարելի է իրավիճակ մը եւ նոյնիսկ քաղաքականութիւն մը քննադատել առանց ոեւէ անհատ կամ նոյնիսկ խմբակցութիւն մեղադրելու, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ իրավիճակը համակարգային է, եւ զայն հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու կարիքը կայ։

Սակայն այսօրուայ հայ հրապարակախօսութեան հիմնական խնդիրը այդ չէ։ Մեր խնդիրը մեր ահռելի, համատարած եւ, գոնէ ինծի համար անհասկանալի, միակողմանիութիւնն է։ Բացառութիւններ կան, բայց քիչ են, եւ ընդհանրապէս կը մնան կրաւորական եւ համեմատաբար լուր։ Անբացատրելի ձեւով՝ որեւէ հարցի, երեւոյթի կամ քաղաքական խմբակցութեան, թէ՛ լաւ կողմը եւ թէ՛ վատ կողմը տեսնելու անկարողութիւն մը (կամ թերեւս դժկամութիւն մը), կը թուի տիրել։

Միակողմանիութիւնը կարելի է թօթափել, եւ կարելի է ըլլալ խստապահանջ մեր անաչառութեան մէջ։ Ահա փորձ մը, մի քանի դիտարկումներով։

-Ճիշդ է որ յեղափոխութեան դէմ աշխատող ուժեղ տարրեր կան կառավարութեան համակարգին մէջ եւ համակարգէն դուրս, եւ մասնաւորաբար դատաիրաւական համակարգին մէջ, մղուած իրենց անձնական շահերը եւ կորսնցուցած իրաւասութիւնները վերաշահելու կիրքով։

-Ճի՛շդ է նաեւ որ Թավշեայ Յեղափոխութիւնը չարդարացուց իր «սիրոյ եւ համերաշխութեան» յեղափոխութիւնը ըլլալու խոստումը, եւ դեռ շատ հեռու է այդ ըլլալէ։

-Ճիշդ է որ պետական մաշտապով թալանը կը թուի վերջ գտած ըլլալ, որ անկախութենէն ի վեր առաջին լաւ լուրերէն մէկն է Հայաստանի համար։

-Ճի՛շդ է նաեւ որ իշխանութիւնը փորձի լուրջ պակաս ունի եւ, անհասկանալի պատճառներով, ինքնավստահութիւնը չունի ընդլայնելու փորձագէտներու իր շրջանակը։

-Ճիշդ է որ կարեւոր բարելաւումներ տեղի ունեցան կարգ մը նախարարութիւններու մէջ—օրինակ առողջապահութեան եւ բնապահպանութեան նախարարութիւններուն մէջ—ինչպէս նաեւ իսկապէս տպաւորիչ եւ աննախադէպ ճանապարհներու նորոգութիւններ, արագ, մաքուր, որակով։

-Ճի՛շդ է նաեւ որ տակաւին լուրջ եւ արդունաւետ տնտեսական զարգացման ծրագիր մէջտեղ չեկաւ, ո՛չ ալ մինաշնորհային համակարգը հակակշռի տակ բերուեցաւ։

-Ճիշդ է որ այսօր, Հայաստանի մէջ, մեր հնագոյն կուսակցութիւններէն մէկը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, լայն ժողովրդականութիւն չի վայելեր, եւ, անցած քսան տարիներու ընթացքին, կուսակցութեան ղեկաւար մարմինները կորսնցուցած են իրենց բարոյավարկը Հայաստանի հասարակութեան առջեւ։

-Ճի՛շդ է նաեւ, որ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ 129 տարիներ եղած է հայ ժողովուրդին շահերը հետապնդող եւ պաշտպանող գլխաւոր (եւ երբեմն միա՛կ) կուսակցութիւնը, եւ որ իր գաղափարաբանութեամբ եւ իր ընկերներուն արիւնով եղած է հայ ժողովուրդին նուիրուած ամենէն կարեւոր ուժերէն մէկը, եթէ ոչ ամենէն կարեւորը։

-Եւ ինչու՞ չէ, անցնինք քայլ մը առաջ—անտեղի եւ ցաւալի են Հ.Յ.Դ.ի ղեկաւարին Փաշինեանը տուն ղրկելու յոխորտանքը, եւ ՀՀ Վարչապետին Հ.Յ.Դ.ն Հայաստանի մէջ «ապագայ չունի» յայտարարութիւնը, նոյնիսկ (եւ մանաւա՛նդ) եթէ երկուքին ալ մտքին մէջ արդարացուցիչ պատճառներ կային այդ արտայայտութիւնները ունենանլու։

Կրնանք շարունակել երկկողմանի այս դիտարկումները եւ յիշել տասնեակ ուրիշ օրինակներ։ Կարեւորը շեշտելն է որ այս երեւոյթներուն միայն մէկ կողմին վրայ կեդրոնանալը ոչ թէ միայն սխալ է, այլ անարդիւնաւետ։ Միայն մէկ կողմը բարձրաձայնող հրապարակախօսը կը կորսնցնէ իր բարոյավարկը, եւ եթէ նոյնիսկ ունենայ արժանի գաղափարներ, անկարելի կը դառնայ զինք լուրջի առնել։

* * *

Միաւորման և ներքին դիւանագիտութեան եւ անաչառութեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելը բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններուն պատասխանատւութիւնն է։ Սակայն ՀՀ պետութիւնը յատուկ դեր ունի խաղալու այդ կապակցութեամբ։ Կեդրոնական համախմբող եւ նախաձեռնող ուժի մը կենսական կարիքը կայ, եւ այդ կարիքը կրնայ գոհացնել միայն Հայաստանի կառավարութիւնը։ Կառավարութի՛ւնն է որ պիտի առաջնորդէ այս յեղաշրջման գործընթացքը, եւ այդ կրնայ ընել միայն իր իտիալական օրինակով։

Եթէ համաշխարհային հայութեան իրավիճակը մնայ այն ինչ որ էր անկախ պետականութենէն առաջ—այսինքն, եթէ այն պառակտումները եւ թշնամութիւնները որոնք դարեր շարունակ խեղթած են հայ ժողովուրդը չթեթեւանան անկախ պետականութեամբ—ալ ի՞նչն է իմաստը անկախութեան։ Անկախ պետականութիւնը պէտք է ըլլայ կեդրոնական ձգողական ուժը որու շուրջ ի վերջոյ կը մեկտեղուի մեր բաժան-բաժան եղած ժողովուրդը։ «Մէկ Ազգ» տեսլականը, մեր հզօրագոյն ազգային տեսլականներէն մէկը, միայն այդպիսով հնարաւարութիւն կ՚ունենայ իրականանալու։

Մեկնաբանել