Դաշնակցութիւնն ու Անդրպատմութենական Խօսոյթը

Վարագ Գեթսեմանեան

Խօսելով վերջերս Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան որոշ անդամները կուսակցութենէն արտաքսելու աղմկայարոյց որոշման մասին, «Ասպարէզ» թերթին մէջ հրատարակած իր յօդուածով (Դաշնակցութեան Ոյժը Իր Յեղափոխական Էութեան Մէջ Է) Նազարէթ Պէրպէրեան կը կատարէ հետեւեալ երկու դիտարկումները «Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին ազգային հարստութիւնն ու արժէքն է՝ բոլորի կարգին նաեւ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդին վկայութեամբ»:

Հայաստանի վերանկախցման թոհուբոհին մէջ երբ Դաշնակցութիւնը ոստում կը կատարէր սփիւռքեան համայնքային կազմակերպութիւն մը ըլլալէ դէպի քաղաքական կուսակցութիւն, կը թուէր, թէ ժամանակ կամ առաջնահերթութիւն չկար «սեփական» պատմութեան հանդէպ ինքնաընկալման պատշաճ գնահատականը տալու: Ինչպէ՞ս կ’իմաստաւորէ Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան անցած 129 ամեայ ճանապարհը եւ այդ իմաստաւորումը ինչքանով աղերս ունի ներկային մէջ կուսակցական ինքնընկալման հետ: Խնդիրը կուսակցական ժողովներուն ընթացքին հնչած նախորդող տարիներու քաղաքական (ինքնա)գնահատականներու մասին չէ, այլ՝ Դաշնակցութեան ներկայի կամ այսօրուան ժամանակի մէջ ինքնաընկալումը եւ ինքնաարդարացումը պայմանաւորող պատմութեան վկայակոչումը: Որքան որ պատմութեան հետ/հանդէպ անհատին կամ կուսակցութեան (փոխ/ինքա)ըմբռնումը անհրաժեշտ է հաստատելու համար ներկային մէջ անոր ինքնաընկալումը, նոյնքան կարեւոր է այսօրուայ ժամանակին մէջ պատմութեան վկայակոչումէն եկած այդ ինքնաընկալումը եւ յետահայեաց պատումնաբանումը:

Պատմութիւնը ոչ միայն անհատին կամ կուսակցութեան ինքնութիւնը կերտելու ուժականութիւն ունի, այլ նոյն այդ ուժականութեան ենթական է եւ (էա)փոխուելու ընդունակ: Այսինքն՝ ներկային հետ ունեցած մեր փոխյարաբերութիւնը կը կաղապարէ այդ ներկան նախորոշող անցեալի մը մեր ընկալումները: Այլ խօսքով՝ պատմութեան ճանաչողութիւնը թելադրուած կը մնայ ներկայի պահանջով կամ գիտակցութեամբ : Ուստի, պատմութեան պատումնաբանումը աւելի լոյս կը սփռէ ներկան յատկանշող ինքնութենական խնդիրներու կամ քաղաքական առաջադրանքներու եւ օրակարգերու վրայ քան անոր պատմական ծալքերը հասկնալու հետաքրքրութեան:

Ահա այպէս պատմութեան վկայակոչումը եւ նաեւ շահարկումը կը ստանայ բացատրողականութիւն մը որ ներկան արդարացնելու յարացոյցի մը կը վերածուի: Իր կարգին, կաղապարուած պատումնաբանութեան (պետական կամ կուսակցական) դիմադրողականութիւնը ժամանակի քննութեան դէմ բարձր է որովհետեւ ընտրելական (selective) է եւ այդ իսկ պատճառով ոեւէ պահուն «օգտագործ(ու)ելու» յարմար: Ընտրելական պատումնաբանութեան զօրութիւնը կը կայանայ ներկային մէջ անցեալէն նախադէպեր փնտռելու, գտնելու եւ քաղաքական դաշտ «ներմուծելու» մէջ: Արդ, ընտրելական պատումնաբանութիւնը կը դադրի ըլլալէ տարերային: Հոս կը կայանայ անոր երկրորդ զօրութիւնը եւ արդէն վտանգը՝ կայուն (static) ըլլալու եւ հետեւաբար անդրպատմութենական վերածուելու իւրայատկութիւնը:

Անդրպատմութենականութիւնը սեփական ժողովուրդի պատմութեան մաս չկազմելու բնութագրում չէ: Ընդհակառակը՝ անդրպատմութենականութիւնը որպէս ժողովուրդի պատմութեան հետ ծայր աստիճան միախառնուելու բայց միաժամանակ մէկ խօսոյթ ձեաւորելու եւ պարտադրելու երեւոյթ է: Ան կ’ենթադրէ ընդհանուրին մէջ մէկ հատուած ըլլալով հանդերձ, այդ հատուածն ու ընդհանուրը նոյնացնել կամ միաձուլել: Ազգայնականութեան գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող կուսակցութեան մը համար անդրպատմութենական մտածելակերպը կը ստանայ աւելի սուր բնոյթ որովհետեւ ազգայնականութիւնը առաջին հերթին խօսոյթ եւ պատում ձեւաւորելու ուժ եւ վերապահուած իրաւունք է, որ կը կիրառուի կամ կը գործադրուի քիչերու կողմէ՝ բայց բոլորին անունով. ընդունուած/պարտադրուած խօսոյթէն դուրս մնացողներուն շարժառիթները յաճախ կը բացատրուին տարատեսակ դաւադրական տեսութիւններով:

Այլ ազդակներու կողքին, անդրպատմութենականութեամբ է որ ազգայնականութիւնը կը սնի, որովհետեւ միայն անով է որ կը ստեղծուի «վտանգուած» կամ «աղաւաղուած» ազգի մը յղացքը, որուն «օգնութեան» կամ «փրկութեան» պիտի հասնին անոր «չաղաւաղուած» եւ հետեւաբար «պատմութենէն դուրս» եղող տարրերը կամ կուսակցութիւնը: Հետեւաբար կը ձեւաւորուի կուսակցութեան ինքնապատկեր մը խարսխուած «պատմական առաքելութեան» մը վրայ որ կը կենսակոչուէր իրականացնելու ազգի փրկութեան գործը: Դաշնակցութեան 1890 թուականի մանիֆեստին մէջ այս առաքելութեան առաջին բանաձեւուած տարբերակին կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն մէջ. «Այդ յեղափոխական գաղափարի դրօշակիրն է «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն»ը, որ սրանով դիմում է բոլոր հայերին եւ հրաւիրում է կանգնել մի դրօշակի տակ»:

Ազգայնականութիւնը որպէս անդրպատմութենականութեան դրսեւորում, ոչ միայն կը բիւրեղացնէ «ազգային արժէքները» այլեւ կը սահմանագծէ այն ինչ թոյլատրելի է անոնց հասկացողութեան պարունակէն ներս: Հետեւաբար, ազգայնականութեան գաղափարախօսութիւնը կը գոյատեւէ մինչեւ այն ատեն որ կը ստեղծէ իր «հակապատկերը» որմով պիտի արդարացնէ իր լինելիութեան հրամայականը եւ ձեւակերպէ իր իսկ ինքնաընկալումը: Այս երեւոյթը եզակի չէ հայ ժողովուրդի մօտ եւ իր նմանօրինակները կարելի է գտնել մեր տարածաշրջանը բաժնող այլ ազգայնական հոսանքներու մէջ:

Անդրպատմութենական ինքնաընկալման բնորոշիչներէն է նաեւ երկարատեւ գոյութիւնը որպէս քաղաքական վարքագծի արդարացիութեան ապացոյց ներկայացնելը: Ան կ’ենթադրէ որ անով կամ անոր ստեղծած պատումը որ կայուն է, ճկունութեամբ կը տեղադրուի քաղաքական այս կամ այն խնդիրի ծիրէն ներս: Իսկ տուեալ յատկանիշը վտանգաւոր է որովհետեւ կը պարունակէ տողատակի անսխալականութիւն եւ յարափոփոխ կացութիւններու յարմարուողականութիւն: Ըստ որուն, ժամանակակից կացութիւնները կրնան ըլլալ «սխալական», բայց արտաբերուած օրինակները կուսակցական պատումէն`գրէթէ երբէք:

Վերջապէս, կուսակցական կառոյցի մը առասպելականացումը նաեւ կարելի է հաշուել այդ անդրպատմութենականութեան առանձնայատկութիւններէն:

Դաշնակցութեան կառոյցի գործելաոճի մասին տեղի տուած վերջին մեկնաբանութինները կրկին եկան ապացուցելու այն առեղծուածայնութիւնը որ կը կրէ ան իր մէջ: Հանրութիւնը յստակ պատկերացումներ չունի թէ Դաշնակցութեան ներքին կանոնակարգը ինչպէս կը գործէ եւ կուսակացական որոշումներու գործընթացները ինչպէս կը յառաջանան: Իսկ հանրութեան մօտ իրազեկման պակասի այս պատճառը Դաշնակցութեան կուսակցական անթափանցութիւնն է: Յենուելով 19րդ դարու կուսակցական աւանդոյթներու վրայ Դաշնակցութիւնը մինչ օրս կը շարունակէ պահել սոյն գործելաձեւը սնելով հասարակութեան մօտ առասպելականացման զգացմունքները:

Դաշնակցութեան պարագային թափանցիկութիւնն ու անդրպատմութենականութիւնը սերտաճած են որովհետեւ իրարու համալրող են: Այսինքն՝ պատմութեան ճիշդն ու սխալը դատելու համար, անհրաժեշտ էր վերացարկուիլ դատողութեան այդ առարկայէն բարձրութենէ մը դիտելու եւ դատելու համար զայն: Թափանցիկութեան պակասը (որուն պատճառները 19րդ դարու ընթացքին ամբողջովին տարբեր էին), 21րդ դարուն կու գայ հաստատագրելու անդրպատմութենական այս հանգամանքը երբ կուսակցութիւնը «կը պատուաստէ» արտաքին քննադութիւններէն: Անթափանց գործելաոճը նաեւ կ’երաշխաւորէ որ կուսակցութիւնը արտայայտուի հասարակութեան մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու մասին բայց չ’ընդունի նոյն այդ հասարակութենէն անոր հասցէին հնչած յետադարձ քննադատութիւններն ու մեկնաբանութիւնները (ինչ բնոյթի որ ալ ըլլան), վկայակոչելով հարցերը «ներքին կարգով» լուծելու ընդունուած տարբերակը:

Պատմականութիւն կամ պատմականացուիլ կը նշանակէ մասնակցիլ հասարակական (եւ ոչ միայն կուսակցական) հաշուետուողականութեան գործընթացներուն եւ ենթարկուիլ ներքին ընկերային տնօրինումներու: Դաշնակցութեան Հայաստանեան (եւ ոչ միայն) «փակ համակարգը» եւ հասարակութեան հաշուետուողականութեան «մեքանիզմներու» չենթարկուիլը կը ստեղծեն ներքին կուսակցական ինքնաընկալման ենթամշակոյթ ուր կուսակցական ներքին կարգը կը համարուի «արտահասարակական» եւ հետեւաբար՝ անդրպատմութենական (երբեմն կը հնչէ նաեւ վերպետական չարչրկուած եզրը ինչպէս Ադեկվադ շարժումի անդամ Արթուր Տանիէլեանի վերջերս տուած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին):

Կրթութեան նախարար` Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող ցոյցերը լաւագոյն օրինակն էին վերոյիշեալ «հակապատկերին» եւ «պատմական առաքելութեան» ինքնապատկերի դրսեւորման: Առաջին իսկ օրէն Դաշնակցութիւնը յառաջ քաշեց այն տարախօսութիւնը թէ նախարարը կը թերանար «ազգային արժէքները» պահպանելու իր առաքելութենէն եւ հետեւաբար պէտք էր պաշտօնազրկուէր: Իսկ այդ պահանջը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ «ազգային(ական) շեղումները» սրբագրելու կամ շտկելու փորձ: Դեկտեմբեր 19ի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան մէկ այլ յայտարարութեան մէջ կը կարդանք. «Այս երկրի պետականութեան պաշտպանն ու արթուն պահակը մենք ենք, չփորձեք Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպանել մեզանից»: Ուստի, այսօրուայ հասարակական երկբեւեռացման մէջ, որ անպայմանօրէն Դաշնակցութեան դիրքորոշման հետ կապուած չէ, վերջինս պիտի կարողանար ինքնաարդարացուիլ «պատմութեան տուած առաքելութեամբ» որ յաճախ կը դրսեւորուի «(ապ)ազգայինի» խօսոյթի չարչրկումով: Զուգադիպութիւն չէ ուրեմն որ ներկայիս երբ Դաշնակցութիւնը քաղաքական իշխանութեան մաս չի կազմեր եւ յայտնուած է ընդիմադիր դաշտին մէջ, «պատմական առաքելութեան» խօսոյթի դրսեւորումը ըլլայ աւելի յաճախակի եւ շեշտադրուած: Դաշնակցութեան մօտ «առաքելութիւն»ը կը կայանայ նաեւ իշխանութիւնները «կարգի բերելու» մօտեցումին մէջ, որուն իրաւունքը ձեռք բերուած է «պատմութեան վաստակով»:

Նազարէթ Պէրպէրեանի վերոյիշեալ յօդուածին մէջ հնչած քանի մը գաղափարները նոյնպէս կարող ենք տեղադրել անդրպատմութենական տեսութեան պարունակին մէջ: Ընդունուած երեւոյթ է, որ Դաշնակցական հրապարակագիրներ, երբ կը խօսին հասարակութիւնը յուզող ժամանակակից խնդիրներու մասին, շարունակական ձեւով յղում կատարեն Դաշնակցութեան պատմութեան կամ անցեալի կուսակցական կերպարներուն: Այս տեսակի յղումներու՝ ինչպիսին են Սիմոն Զաւարեանը, Ռոստոմը եւ Սերոբ Աղբիւրը, կը հանդիպինք Պէրպէրեանի յօդուածին մէջ: Թէ ինչքանով շահեկան է նման անուններու շարադրումը յետ-յեղափոխական Հայաստանի խնդիրներու մասին խօսելու ժամանակ, յօդուածագիրս կը դժուարանայ ըսել: Սակայն նման անուանաշարերը «վտանգաւոր» են որովհետեւ արագօրէն դուրս կը բերուին իրենց 19րդ եւ 20րդ դարասկիզբի միջավայրի պատմուճանէն եւ կը յարմարեցուին (երբեմն զոռով) այսօրուայ իրականութեան հետ: Այսինքն՝ ականատես կը դառնանք երեւոյթի մը, ուր բոլորին պատկանող անցեալը ինքզինք կը պարտադրէ ներկային վրայ, հաստատագրելու համար քաղաքական այս կամ այն դիրքորոշումը:

Ուստի, Դաշնակցութեան անդրպատմութենական մօտեցումը իր իսկ սեփական պամութեան, կ’ենթադրէ որ որեւէ մէկ խնդիր, որ ունի ժամանակակից հնչեղութիւն, նախապէս տեղի ունեցած ըլլայ եւ որուն պատշաճ գնահատականը արդէն իսկ տուած ըլլան Դաշնակցութեան/ական նախահայրերը: Հետեւաբար, կ’ըսէ նոյն տրամաբանութիւնը, կը մնայ միայն զանոնք գործադրել: Զուգադիպութիւն չէ ուրեմն երբ յաճախ կը հանդիպինք «ահազանգել» կամ «նախազգուշացնել» բառերուն սոյն հրապակագիրներու յօդուածներուն մէջ:

Պատմական ժամանակագրութեան վրայ տարուբերուելու այս առաձգականութիւնը անխոցելի կը թուի արտաքին քննադատութիւններու որովհետեւ կ’աշխատի նոյնբանական (tautological) տրամաբանութեան մը վրայ որ ինքզինք կը վերարտադրէ: Այս առումով, ապագայի տեսլականը, քաղաքական վարքագծի ձեւաւորումը եւ նոյնիսկ ներկայի գոյութենապաշտական փաստարկները միշտ կախեալ կը մնան անցեալը արժեւորելու իւրատեսակ այս ընկալումէն կամ մարմաջէն: Այս պարունակին մէջ է, որ կարելի է հասկնալ Պէրպէրեանի «Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին ազգային հարստութիւնն ու արժէքն է՝ բոլորի կարգին նաեւ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդին վկայութեամբ» արտայայտութիւնը: Այսինքն՝ ոչ միայն թերահաւատութիւն չկայ վարչապետի պղտոր շարժառիթ ունեցող քաղաքական այս արտայայտութեան հանդէպ այլեւ՝ ներկայի լինելիութեան հրամայականը կախուած կը մնայ անցեալին «հարստութիւն» ըլլալու հանգամանքէն: Այլ խօսքով՝ անցեալի ժառանգը պէտք է երաշխաւորէ ներկային մէջ լինելիութիւնը: Ինչպէս վերեւը նշեցինք, տրամաբանութիւնը որ երկարատեւ գոյութիւնը պատմութեան կամ քաղաքական վարքագծի արդարացիութեան ապացոյց է, առ նուազն խոցելի է:

Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնի Դեկտեմբեր 6ի յայտարարութեան մէջ կը հանդիպինք նոյն երեւոյթին հետեւեալ չորս նախադասութիւններուն մէջ. «Դաշնակցութեան վարկանիշը կասկածի տակ դնող Փաշինեանն ուրանում է նաեւ սեփական քայլերն ու մօտեցումները,», «Ն. Փաշինեանը ձգտում է միահեծան իշխանութեան` նախկին անընդունելի դրսեւորումների մերժումը վերածելով անցեալի ուրացման, չխորշելով անգամ ազատագրական պայքարի ձեռքբերումներն ու դրանք մարմնաւորող ուժերին նսեմացնելուց», «Դաշնակցութիւնն իր անցեալի, իր ժառանգութեան տէրն է» եւ «Դաշնակցութիւնը շարունակելու է իր առաքելութիւնը` խորապէս անհանգստացած Հայաստանի ներկայով». hակառակ որ նշեալ յայտարարութիւնը ունի քաղաքական բնոյթ եւ կը միտի ներքին եւ հասարակական սպառման համար, առանձնացուած նախադասութիւնները մեզի կը տրամադրեն բաւարար նշոյլներ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ինքնընկալման մասին որոշ դիտարկումներ կատարելու: Ինչպէս ակնյայտ է տուեալ գրութեան մէջ, խօսոյթի մակարդակի վրայ առ նուազն, կայ պատմութեան գործիքականացում մը որմով ան կը յայտնուի ներկայ քաղաքական դաշտ: Անդրպատմութենական տեսութենէն մեկնելով, ընթերցողին մօտ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը թէ Հայաստանի Վարչապետը ոչ միայն յանդգնութիւնը ունեցած է 129 ամեայ կուսակցութեան վարկանիշը վիճարկելու այլ նաեւ անոր հետ համագործակցութիւնը անտեսելու: Հետեւաբար, անցեալի ժառանգութեան խօսոյթի առկայութիւնը յաճախ փոխ-կապակցուած է լռելեայն անսխալականութեան մը, որ այս գրութեան մէջ տողատակի կը կարդանք:

Ուրիշ օրինակ մը կարելի է գտնել Դեկտեմբեր 19ի վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ, ուր Երիտասարդական Միութեան անդամներէն մէկուն խօսքը կը պարունակէ հետեւեալ հատուածը «Դաշնակցութեան դէմ պատմութեան ընթացքում պայքարել են 3 կայսրութիւններ. Այսօր այդ կայսրութիւննները գոյութիւն չունեն: Դաշնակցութեան դէմ պայքարել են կառավարութիւններ և իշխանութիւններ, այսօր դրանք գոյութիւն չունեն: Եւ այն միտումները, այն հայտարարութիւնները, որոնք դաշնակցութեան վերջը կանխատեսում են, ավելի լաւ կլինի մտածեն իրենց վերջի մասին: Դաշնակցութիւնը եղել է, կայ և լինելու է». այս հատուածը վերոգրեալ միւս տողերէն քիչ մը անդին կ’անցնի, երբ անցեալը, ներկան եւ ապագան կը տարրալուծէ ժամանակագրական մէկ ընդհանուր եւ շարունակական հասկացութեան մը մէջ: Անցեալի կայսրութիւններու եւ իշխանութիւններու վերացումը ոչ միայն կը հիմնաւորէ այսօրուայ լինելիութեան հրամայականը այլ անոնց յղումը կը պարունակէ դէպի ապագային ուղուած յստակ պատգամ մը: Այսինքն՝ «կայսրութիւններու պատմութեան» լեզուն կը դառնայ միակ գործիքը որ ներկային մէջ կը միացնէ անցեալի յետհայեցողութիւնը եւ ապագայի նախահայեցողութիւնը: Նման յայտարարութիւններու պարագային, կուսակցութեան պատմութիւնը ժամանակին մէջ դեգերիլու յատուկ ուժականութիւն մը կը ստանայ որ ինչպէս սկիզբը ըսինք, ներկան եւ ապագան կը նախորոշեն ու կը ձեաւորեն կուսակցական ինքնաընկալումը Դաշնակցութեան պատմական ժառանգութեան մասին կրկնուող արտայայտութիւնները յաճախ ստուէրի մէջ կը պահեն այլընտրանքային խօսոյթներ զարգացնելու հնարաւորութիւնները: Այսինքն՝ ներկայ իշխանութիւններու հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը կը դրսեւորուի միայն որպէս անցեալի առաքելութեան ճանաչում: Վերոյիշեալ օրինակներէն կը դժուարանանք ուրուագծելու այն բոլոր կարելիութիւնները որ Դաշնակցութինը կրնայ դնել քաղաքական սեղանին՝ անկախ իր պատմական անցեալէն ինչքան ալ այդ կարելիութիւններու մէկ կարեւոր մասը գոյացած ըլլայ երկարատեւ գոյութեան մը շնորհիւ:

Դաշնակցութեան 129 ամեայ պատմութիւնը ինչպէս ոեւէ այլ կուսակցութեան պարագային, քաղաքական յենարան է, որմէ կը բխի այդ կուսակցութեան «կապիտալը»: Այնուամենայնիւ, նոյն այդ պատմութիւնը կրնայ դառնալ «բարոյական բեռ» որուն թելադրողականութիւնը եւ անցեալին հանդէպ հաւատարիմ մնալու ուղղափառ կառչածութիւնը կրնան կաշկանդել եւ սահմանափակել կուսակցութեան քաղաքական ճկունութիւնը: Պատմութեան գործիքականացումը ներկայ քաղաքական առաջադրանքները արդարացնելու համար յաճախ կուսակցութիւնը կը դնէ խօսոյթային փակուղիի մը մէջ որմէ նոյնքան կրնան վնասել հասարակութիւնն ու կուսակցութիւնը: Հետեւաբար, մինչեւ այն ժամանակ որ Դաշնակցութեան քաղաքական պահուածքը խարսխուած կը մնայ պատմութեան յետահայեցողութեան վրայ, կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ քաղաքական դաշտ նոր բառապաշարով մտնելու հնարաւոր առիթները:

Մեկնաբանել