Մեր ներշնչման աղբիւրը

Նամակ երկրէն

Անցնող երկու օրերուն դարձեալ Արցախ էի: 2019-ի մեր՝ Թուֆէնքեան հիմնադրամի աշխատանքներուն վերաքաղ մը ըրինք գործընկերներով ու քննեցինք 2020-ի մեր ծրագիրները:

Եւ ուրեմն այսպէս՝ Քաշաթաղի Հիւսիսը գտնուող Հակ գիւղի մէջ հիմնեցինք նոր դարմանատուն եւ գիւղապետարան: Նորոգեցինք դպրոցի զուգարան-լուացարանները: Նոր տուն մը տուինք Ռուսաստանէն վերադարձած երիտասարդ ընտանիքի մը:

Դարձեալ ազատագրուած Քաշաթաղի հիւսիսը գտնուող Մոշաթաղ գիւղի նոր բնակիչի մը տուն յանձնեցինք: Խաղավայր մը ստեղծեցինք մանկապարտէզին եւ դպրոցին մօտ, համայնքային մեծ կեդրոն մը կառուցեցինք եւ այստեղ ալ գիւղապետարան մը հիմնեցինք: Համայնքային կեդրոնին մէջ արդէն տեղի կ’ուենան նշանտուքներ եւ հարսանեկան քէֆեր:

Հարեւան Տանձուտ գիւղին մէջ տուն մը տուինք նոր բնակիչի մը եւ ամբողջութեամբ նորոգեցինք գիւղի դպրոցը: Կողքի Հերիկ գիւղի նոր բնակիչներէն մէկը եւս տուն մը ստացաւ մեզմէ: Այս եւ այլ գիւղերու բնակիչներուն տասնեակներով փեթակներ բաժնեցինք:

Նորոգեցինք եւ բացումը կատարեցինք Հոջանցի 17-րդ դարու եկեղեցիին:

Քաշաթաղի հարաւը, մայր Արաքսի ափերէն ոչ շատ հեռու, Կովսականի մէջ հիմնեցինք նոր մարզադաշտ մը՝ շրջանի երեխաներուն եւ երիտասարդներուն համար: Տուն մը յանձնեցինք Սուրիահայ հայրենադարձ ընտանիքի մը, նոյն գիւղին եւ Միջնաւանի մէջ երկու այլ տուներ տուինք վերաբնակիչներու:

Կազմակերպեցինք Շուշիի հայկական հին, պատմական գերեզմանատուներու մաքրութիւնը, վերականգնումը եւ ցանկապատումը:

Երկու վիրաւոր զինուորներու տուները նորոգեցինք (Շուշի եւ Մեծ Թաղեր): Սկսանք նաեւ երկու այլ վիրաւոր ազատամարտիկներու տուներու հիմնանորոգումը: Յանձնումը՝ այս տարուայ գարնան:
Տարբեր տեսակի աշխատանքներ իրականացուցինք Արցախի Պաշտպանական Բանակին հետ, տրամադրելով այլազան սարքեր:

Աշխատեցանք նաեւ Արցախի Արտգործ նախարարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակին հետ, ֆինանսաւորելով այլազան ծրագրեր՝ Ադրբեջանի մէջ հայատեացութեան վերաբերեալ, եւ այլն…

Օգնութիւն տրամադրեցինք նաեւ Քարինտակի մանկապարտէզին, ինչպէս նաեւ Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստներու դպրոցին:

Ֆինանսաւորեցինք օտար լրագրողներու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքահայ մտաւորականներու, ակտիւիստներու եւ գրողներու (Վահան Զանոյան, Հիլտա Չոպոյան, Ռուբէն Գարագաշեան եւ ուրիշներ) Արցախ այցելութիւնն ու հանրութեան հետ հանդիպումները:

Կազմակերպեցինք Սփիւռքահայ գործարարներու այցեր,ինչպէս նաեւ Հայաստանէն երիտասարդ, ուսանող գիւղատնտեսներու internship-եր:

Ու դեռ՝ տնտեսական զարգացման ծրագիրներու ծիրէն ներս, շարունակեցինք Բերձորի մէջ գտնուող մեր հիմնած մոմաթերթի գործարանի աշխատանքը, որակեալ եւ մատչելի մոմաթերթ հայթայթելով մեղր արտադրողներուն: Տեղի գիւղացիներուն հետ կազմակերպեցինք Առաջամուղի, Երիցվանքի եւ Վանի նուռի ու Արքայանարինջի այգիներու խնամքը, բերքահաւաքն ու վաճառքը: Նոր միրգերու, բոյսերու եւ բանջարեղէնի եւ կանաչեղէնի փորձարկման համար հիմնեցինք նոր այգի՝ Միջնաւանի մէջ: Նոյն վայրի գիւղացիներուն հետ կատարեցինք գարիի ցանք ու վաճառք՝ 350 հեկտար ազատագրուած հայկական հողի վրայ: Առանց տոկոսի՝ երկարաժամկէտ վարկեր տրամադրեցինք տեղացի եւ սուրիահայ հայրենադարձ գիւղատնտեսներու:

Մշակեցինք Քաշաթաղի հարաւային գիւղերու համալիր տնտեսական զարգացման ծրագիր ու…

… այսքանը ու դեռ աւելի՛ն:

Հայկական ազատագրուած հողերը կը պահուին ոչ միայն մեր հզօր բանակով, այլ նաեւ՝ քրտինքով եւ աշխատանքով, տնտեսական զարգացումով եւ շարունակական բնակեցումով: Սա է մեր հաւատամքը:

Իսկ եթէ հարցնեք, թէ ի՞նչ կապ ունի այս նկարը մեր բոլոր աշխատանքներու հետ: Ուրեմն ըսեմ:
Նկարի հրեշտակը՝ ազատագրուած Հակ գիւղի բնակիչ Մանէն է: Մանէն եւ Մանէի նման երեխաները իմ եւ իմ գործընկերներու, մեր բոլոր նուիրատուներու ներշնչման աղբիւրն են: Մանէն եւ իր սերունդը Արցախի ազատագրուած հողերու երեխաներն են: Այդ հողերուն շունչ տուող, հոգի տուող, կեանք տուող երեխաները:

Մանէն մեզի կը ժպտի՝ Հակի մէջ նոր դարմանատան բացման ու նոր տունի մը յանձնման արարողութենէն յետոյ:

Մանէին ժպիտը, աչքերուն արտայայտութիւնը, իր ուրախութիւնը մեր ներշնչման աղբիւրն են:

Հայ հերոսներու արիւնով ազատագրուած հողերուն վրայ՝ Մանէն եւ բոլոր երեխաները մեր մեծագոյն յոյսն ու երջանկութիւնն են, մեր մխիթարանքն ու ապաւէնն են:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել