Հալէպէն՝ Սփիւռքին

Թերեւս հայոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին միայն հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը ամբողջ ազգինն է: Մեր պատմութեան մէջ գտնուած են նախարարութիւններ, որոնք աւելի զօրաւոր եղած են քան կեդրոնական իշխանութեան, իմա թագաւորի հրամանին ենթակայ բանակը:

Միշտ ալ ունեցած ենք հայրենիքին նուիրեալ զինուորականներ, որոնց կողքին նոյնքան զոհուելու պատրաստ աշխարհականներ: Այսպէս եղած է նաեւ մեր նորագոյն պատմութեան շրջանին, սակայն յաճախ անոնք կռուած են մէկէ աւելի հրամանատարութիւններու ներքոյ եւ երբեմն այդ հրամանատարները պետական դրոշմ եւ դրօշ չեն ունեցած, ինչպէս օրինակ Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարի առաջին շրջանին:

Միայն այսօր՝ անկախութեան շրջանին, մեր բանակը՝ ամբողջ բանակը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմուի բացառապէս զինուորականներէ եւ մէկ՝ պետական հրամանատարութեամբ կը ղեկավարուի ու կը պաշտպանէ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հոն ապրող ամբողջ ժողովուրդը, միեւնոյն ատեն ըլլալով մեր ազգի միակ բանակը, միակ, որովհետեւ ըսենք կամ չըսենք, ո՛վ ընդունի կամ ո՛չ, Հայաստանի ու Արցախի զինուորները կը կազմեն մէկ բանակ՝ Հայոց Ազգային Բանակը:

Այսօր Ֆէյպուքեան հայկական բոլոր էջերն ու կայքերը կը գովաբանեն, կեցցէ՛-ներ կը գոչեն, կը պանծացնեն մեր մայրերուն հանգիստ քուն պարգեւող մեր զինուորները: Բոլորն ալ իրաւացի են, բոլորս ալ իրաւունք ունինք հպարտանալու մեր բանակով:

Ու ցաւը հոս կը սկսի:

Ցաւը հոս կը սկսի որովհետեւ բոլորս ալ կը գոհանանք այսքանով, գործնականօրէն ո՛չ մէկ քայլի կը դիմենք օգնելու մեր բանակին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետութիւն է եւ պետական օրէնքներով կրնայ իր քաղաքացիներէն նիւթական սատար ապահովել, անկախ անկէ, թէ ո՛վ սիրայօժար եւ ո՛վ ակամայ կը տրամադրէ որոշեալ գումար մը: Անշո՛ւշտ Հայաստանի իշխանութիւննրը նոյնը չեն կրնար ընել սփիւռքահայերու պարագային:

Եթէ Հայաստանի իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացի ամիսը հազար հայկական դրամ կու տայ հայոց բանակին, ապա քանի՞ սփիւռքահայ նոյն պարտքի զգացումը ունի, կամ եթէ ունի այդ պարտքը գործնականօրէն կը մարէ՞: խօսքս նուիրատուներուն մասին չէ, այլ համասփիւռքեան մեր ազգի զաւակներուն:

Անցեալ շաբաթ Սիվիլնէթի գլխաւոր խմբագիր թէ՞ տնօրէն սփիւռքահայ Աբօ Պողիկեանը առիթով մը կը գրէր.« …Ես քիչ մը ամօթով, կ’անդրադառնամ, որ Սփիւռքի մէջ մենք որքան պարտազանց ենք Հայոց Բանակին հանդէպ: Մեր զաւակները չեն ծառայեր եւ մենք նիւթական որեւէ պարտաւորութիւն չենք զգար բանակին հանդէպ…»:

Քիչ մը ամօթի այս զգացումը բոլոր սփիւռքահայերս պէտք է ունենանք:

Այո՛, մենք սփիւռքահայերս ալ կռուեցանք Ղարաբաղի համար, տասնեակ կամաւորներ (ոմանք կ’ըսեն հարիւրներ) զէնք վերցնելով գացին սահման, մենք ալ թուով չորս նահատակներ տուինք, որոնցմէ մէկը ազգային հերոս Մօնթէն, թէեւ Արցախի համար զոհուած ութ հազարն ալ մերն են, մեր հարազատները եւ մենք Հայաստանցիի մը չափ կը հպարտանանք անոնց քաջագործութիւններով եւ նոյնքան ցաւով կ’ողբանք բոլորին կորուստը, որովհետեւ անոնք հայ են եւ հայութիւնը ապրելավայրի հետ չի սահմանափակուիր:

Հայաստանը բոլորինս է, ես որպէս հայ, անկախ իմ բնակավայրէս, նոյնքան տէրն եմ իմ հայրենիքիս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան: Այս իրականութիւնը կախում չունի որեւէ մէկու մը կամեցողութենէն կամ չկամութենէն:

Ես հայ եմ եւ իրաւունք ունիմ Հայկական ներկայ հանրապետութեան քաղաքացին ըլլալու, երբ որ ուզեմ եւ այս իրաւունքը ոեւէ մէկը չի կրնար խլել ինձմէ:

Մենք սուրիահայերս, ոեւէ սուրիացիի պէս կը ծառայենք սուրիական բանակին, ասիկա մեր քաղաքացիական պարտականութիւնն է: Մենք սուրիահայերս, ոեւէ սուրիացիի չափ այս կամ այն կերպ նիւթական վճարումներ կ’ընենք սուրիական բանակին, ասիկա ալ մեր քաղաքացիական պարտականութիւնն է , նոյնը վստահաբար կ’ընեն այլ պետութիւններու հայ քաղաքացիները իրենց պատկանած երկիրներու բանակներուն հանդէպ, եւ ոչ մէկ պետութիւն դէմ պիտի կենայ տեսնելով որ իր հայ քաղաքացին ձեւով մը իր լուման կը բերէ նաեւ Հայոց Բանակի գանձանակին:

Մենք կը հոխորտանք, որ Հայոց Բանակը ամէնքինս է, մենք նաեւ կը գիտակցի՛նք, որ Հայոց Բանակը մեր բոլորինն է, վեր մեր հատուածականութենէն: Բարեբախտաբար իրաւմա՛մբ այդպիսին է, այլ կերպ չի կրնար ըլլալ:

Ասկէ առաջ, նաեւ այս դժնդակ օրերուն, հո՛ս, Հալէպի մէջ, քանի՜-քանիներու հարցուցի.

-Պատրա՞ստ ես Հայոց բանակին ամէն ամիս հազար սուրիական լիրա տալ:

-Այդ ալ խօս՞ք է, անշո՛ւշտ պատրաստ եմ,- ասիկա գրեթէ բոլորին պատասխանն էր:

Հալէպահայը միշտ պատրաստ եղած է օգնելու ոեւէ այլ գաղութի կամ Հայաստանին, նոյնիսկ մեր վատ օրերուն: Բանակի պարագան սակայն օգնելու խնդիր չէ, շատ աւելին է, հայ զգալու, գիտակցելու, իրաւունքի եւ պարտականութեան հարց է ասիկա, արժանապատիւ կերպով ապրելու, ճակատաբաց մնալու խնդիր է ասիկա:

Կը կրկնեմ խօսքս նուիրատուներու մասին չէ, որոնց ոչ թիւը գիտեմ, ո՛չ ալ նուիրատուութիւններուն չափը: Համասփիւռքեան խնդիր է, իւրաքանչիւր սփիւռքահայու գերխնդիր եւ…

Ժամանակը արդէն եկած է եւ մեր պատասխանատուները պարտաւոր են իրենց յարմար գտած ձեւով մեզի առիթ ընծայել մեր լուման տալու մեր բանակին՝ աւելի զօրացնելով զայն, բուժելու վիրաւորը, ձեռք մեկնելու նահատակի ընտանիքին:

Այդ ատեն ամէն օր իրաւունք կ’ունենանք բարձրաճակատ գոչելու.

-Կեցցէ՛ Հայոց Բանակը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 28 Յունուար 2020

Լուսանկարը՝ Ֆոտոլուրի

Մեկնաբանել