Հալէպ. այս օրերը

(Վերեւի լուսանկարում՝ Հայ միութենականներ կ’այցելեն հայոց բանակատեղի)

Այս օրերուն, Հալէպի մեր միութիւններէն որ մէկն ալ մտնես, իրարանցում մը կը նկատես: Իրարանցումը նկատելէդ առաջ քիթդ աղուոր հոտեր կը շոյեն: Մեր ժրաջան տիկիններն են, որոնք համով-համով ճաշեր կը պատրաստեն: Առիթները իրար կը յաջորդեն, Ս. Սարգիս, Տեառնընդառաջ, Վալընթայն, Բարեկենդան:

Հալէպի մէջ մշտապէս տօնած են մեր աւանդական եւ ներմուծուած տօները: Այսօրուան եւ երէկուան տաարբերութիւնը այն է, որ հիմա, ներկայի սղութենէն խուսափիլ փորձելով, ճաշկերոյթներուն մեծ մասը հին, շատ հին օրերուն պէս վերադարձած են միութենական կեդրոններ, միայն պարահանդէսներն են որ կը շարունակուին տեղի ունենալ ճաշարաններու մէջ: Բնական է, չէ՞, երբ մարդոց գրպանները կիսադատարկ կամ դատարկ են, աւելի աժանին պիտի վազեն, եւ միութեան մը շէնքին մէջ հրամցուող ճաշ մը շատ աւելի քիչ ծախս պիտի պահանջէ քան լիւքս ճաշարանի մէջ հրամցուածը, մանաւանդ երբ ճաշատեսակները պատրաստուած են մեր փափկասուն տիկիններուն ձեռքերով:

Հալէպահայերը քէֆ-ուրախութիւն սիրող մարդիկ են, անցեալ շաբաթ Հ.Ե.Ը.ի Ադամեան թատերախումբի ներկայացուցած Ծիծաղի երեկոյի հինգ ելոյթներուն տոմսերը օրեր առաջ սպառած էին: Հալէպահայերը Բարեգործականի Դուին ճաշարան կը խուժէին ինքնմոռաց խնդալու, նոյնիսկ իրենց թերութիւններուն վրայ, հոգ չէ թէ դերասաններուն ձայնին զուգահեռ կը լսուէին թնթանօթներու որոտումի ձայները, օդանաւերու ռմբակոծման պայթիւններէն առաջացած թղրդիւնները…

Վարժուեցանք… վարժուեցանք:

Կը յիշէ՞ք, հրասանդները մեր վրայ կ’արձակուէին եւ սակայն մեր դպրոցներուն մէջ դասերը կը շարունակուէին.. Այո՛, այդպիսի օրերէ ալ անցած ենք:

Հայկական Մարդասիրական Առաքելութիւնը պատուոյ գիրեր կը յանձնէ հալէպահայ կազմակերպութիւններուԱւելի քան երեք տարիներէ ի վեր Հալէպ քաղաքը ամբողջութեամբ պետական հակակշռի ներքեւ կը գտնուի, սակայն արեւմտեան ծայրամասերը գտնուող ընդդիմադիր զինեալները հանգիստ չեն ձգեր մեզ, շաբաթը քանի մը անգամ, զանազան պայթուցիկ նիւթեր կ’արձակեն խաղաղ բնակչութեան վրայ, թէեւ անոնց հրասանդներն ու հրթիռները հայկական թաղամասեր չեն հասնիր, բայց կրնա՞նք ասով մխիթարուիլ, կրնա՞նք ըսել. «Մեզի ի՞նչ, մենք ապահով ենք»… անշո՛ւշտ ոչ, չէ՞ որ այդ ռումբերը մարդ կը սպաննեն, մեր համաքաղաքացի խաղաղ բնակիչներուն եւ իրենց մանուկներուն կեանքերը կը խլեն…

Ես, ինչպէս եւ դուն, միւսը, չենք կրնար գիտնալ, թէ ի՞նչ համաձայնութիւններ կնքուած են Սուրիական պետութեան, Ռուսիոյ, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, չենք ալ կրնար գիսնալ, թէ ո՞վ, ի՞նչ կէտ խախտած է այդ համաձայնագրերէն, մենք միայն կը տեսնենք այն, որ պատերազմի մթնոլորտը կրկին շիկացած է, կրկին մեծցած է թիւը զոհերուն եւ գաղթականներուն, թէեւ մեր շրջաններուն մէջ այս անգամ լաւատեսութիւնն է տիրողը. պետական զօրքերը մտած են Մաարա եւ Սարաղէպ, կը յուսանք, թէ այս անգամ Հալէպի ծայրամասերէն ալ կը հեռանան կամ կը հեռացուին զինեալներները եւ մեր քաղաքին մէջ վերջապէս կը տիրէ խաղաղութիւնը: Հալէպէն դէպի Սուրիոյ այլ քաղաքներ ճանապարհները կը բացուին, ուրեմն վնաս չունի եթէ անցեալ Յունուար 24-էն սկսած պատերազմական գործողութիւնները քիչ մըն ալ զոհեր խլեն, որոնց մէջ նաեւ հայ զինուոր մը: Անկեղծօրէն ըսելով, մենք չենք մտահոգուիր այն իրականութեամբ, որ պետական զօրքերու մուտքէն առաջ Իտլիպի զանազան շրջաններէն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ կը հեռանան այդ շրջաններէն, դէպի հիւսիս, դէպի թրքական սահման, դէպի Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած քրտական Աֆրինի շրջան: Որո՞ւ գծած ծրագիրներն է իրագործուողները,Սուրիո՞յ՝ ամբողջ երկիրը պետական հակակշռի տակ առնել, Ռուսիո՞յ՝ որ կը թուի համընկնիլ Սուրիոյ ծրագրին՝ տիրանալ ամբողջ երկրին, Թուրքիո՞յ՛ Սուրիական հողերու հիւսիսը 30-40 քիլոմեթր ապահով շրջաններ ունենալ, այն բնակեցնել իրեն համախող սիւննիներով … վերջ ի վերջոյ ո՞ւր պիտի բնակին Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն Իտլիպի մէջ հաւաքուած ծայրայեղ ընդդիմադիրները, որոնք հոս եկած են չուզելով հաշտուիլ պետական իշխանութիւններուն հետ եւ հնազանդիլ անոնց:

Երեք շաբաթէ ի վեր կը շարունակուին պատերազմական գործողութիւնները, պետական զօրքերը կը յառաջանան, սակայն մեր քիթին տակ կը շարունակուին բախումները լսելի դառձնելով ամէն տեսակ հրազէններու ձայները, երբեմն կը լսենք, թէ ընդդիմադիրները մեծ յարձակում կատարելով կը փորձեն ճեղքեր բանալ դէպի Հալէպ եւ բարեբախտաբար չեն յաջողիր… ու…

Ու մենք կը շարունակենք ապրիլ՝ ամենաքիչ ելեկտրականութեամբ, հեղուկ կազի եւ մազութի չգոյութեան պայմաններուն, հակառակի պէս ալ այս տարուայ ձմրան պաղը սաստիկ է եւ սարսափելի չէ՞ երբ դուրսի ցուրտէն փախելիք, պատսպարուելիք տեղ չունիս, որովհետեւ տունդ աւելի պաղ է քան փողոցը: Հապա՞ սղութիւնը. կա՞յ ընտանիք մը որուն եկամուտը կը բաւէ հոգալու իրեն ամէնէն անհրաժեշտ կարիքները, կա՞յ մէկը որուն գրպանը դրամ կը մնայ դեռ ամսոյն կէսը չեղած, եւ եթէ քանի մը հազար լիրա գտնենք մեր գրպաններուն մէջ, ի զուր չկարծենք, թէ մեր գրպանները լեցուն են, որքան խեղճ ենք, երբ տակաւին խաբկանքը կ’ունենանք կարծելու թէ այդ մի քանի հազարը արժէք մը կը ներկայացնեն… ուրախ եղէք, եթէ անոնք մէկ օր եւս մնան ձեր մօտ…

Իսկ ուրախութիւն պատճառող երեւոյթներ կամ դէպքեր չկա՞ն:

«Ադամեան» թատերախումբի «Ծիծաղի երեկոյ»ի անձնակազմըԿա՛ն, կան, Նախ այն, որ Սուրիոյ Խորհրդարանը վերջապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, աւելին կոչ ուղղեց երկրագունդի բոլոր խորհրդարաններուն նոյն կերպ վարուիլ: Այսպիսով վերջ դնելով ըսի-ըսաւներուն, չէ՞ որ միշտ ալ կը մեղադրէինք Սուրիոյ նախագահը, որ այցելելով երեւան չէ բարձրացած Ծիծեռնակաբերդ… եւայլն…

Ուրախալի է նաեւ այն, որ Հայկական բանակի խաղաղասէր ուժերը իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ, աւելի քան մէկ տարի է արդէն անոնք հոս են, անոնք այս ընթացքին 130000 քառակուսի մեթր ականազերծման կողքին նաեւ բուժօգնութիւն ցուցաբերեցին աւելի քան 16000 հիւանդներու, մանուկներուն նուէրներ բաժնեցին, դեղօրայք նուիրեցին հիւանդանոցներու եւայլն, ու վստահօրէն կարելի է ըսել որ նուաճաճ են պետական գերիշխանութեան շրջաններու տեղացիներուն համակրանքն ու սէրը, լռեցնելով նաեւ մեզմէ ոմանց, որոնք մտավախութիւն կը յայտնէին անոնց հոս գտնուելուն մասին (որոնցմէ մէկն ալ ե՞ս):

Ուրախալի չէ՞, որ Հալէպի մէջ այս կիրակի, Հայ առաքելական եկեղեցին քահանայ մը պիտի ձեռնադրէ, ուրախալի է, շատ ուրախալի:

Կեանքը հոս կը շարունակուի, ոմանք իրենց գործերը կ’ընդլայնեն, ոմանք նոր գործեր կը սկսին, այս կամ այն համայնքին օգնութեամբ, ոմանց պետութիւնը նիւթապէս կ’օգնէ, ըսողներ կան, որ պետութիւնը միայն հայերուն կ’օգնէ… չեմ կրնար ժխտել կամ հաստատել այս վերջին ըսուածը, թէեւ անձնապէս երկու հայ ծանօթներ ունիմ, որոնք պետութենէն ստացած են նիւթական զգալի օգնութիւն՝ մէկը բարելաւելու իր գործը, միւսն ալ նոր գործ մը սկսելու:

Կ’ապրինք, սակայն իրա՛ւ ուրախ չենք, թէեւ ուրախանալու առիթներ շատ ունինք, կ’ուրախանանք երբ շիշ մը փիւթակազ կը յաջողինք գնել, երբ պետութիւնը, այս տարի համեմատական աժան գնով նախորդ 100 լիթր մազութին նոր 100 լիթր մըն ալ աւելցնէ, երբ ելեկտրականութեան հոսանքը օրական վեց ժամէն աւելի հայթայթուի մեզի… եւայլն, եւայլն…

Եւ վաղուան հանդէպ մեր մտահոգիւնները կը մնան մեր դիմագիծը կազմող գլխաւոր արտացոլումը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 15 Փետրուար 2020

Մեկնաբանել