Հալէպ- Տօնախմբութիւններէն անդին

Տօնեցինք Հալէպի վերջնական ազատագրումը ահաբեկիչներէն, որպէս երախտագիտութեան որպէս արտայայտութիւն պետութեան եւ հայկական թաղերու մէջ տողանցելով ողջունեցինք ասպնջական այս երկրի խորհրդարանի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը. Լա՛ւ ըրինք, եւ սակայն

Եւ սական մեր տնտեսական վիճակը ոչ միայն կը զլանայ բարելաււումի նշաններ ցոյց տալ այլ աւելի կը վատթարանայ:

-Այս ի՞նչ տեսակ մարդ ես դուն, չես ձգեր որ ուրախանանք, անմիջապէս տնտեսական հարցերու մասին կը խօսիս, չես հասկնար որ պատերազմ է,: Քիչ մը սուրիական քաջարի բանակը գովէ, բարեկամ Ռուսիոյ անզիջում դիրքը գովաբանէ, ահաբեկիչներու ջախջախման մէջ անոր օդուժին կարեւոր դերը նշէ… օր մըն ալ թուրքերուն հայհոյէ…

Զրուցակիցս իրաւունք ունի , կամ իրաւացի կը նկատուի ինչպէս գովաբանութեամբ զբաղող բոլորը, որոնք այնքա՜ն շատ են , մէկ հոգի ալ թող չգովէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, յաղթանակի տօնակատարութիւններուն փայլքէն բա՞ն մը պիտի պակսի, անղո’ւշտ ոչ. մէկ հոգի ալ միայն ցաւոտ հարցերու մասին թող գրէ՛, ի՞նչ պիտի ըլլայ.- Ոչի՛նչ:

Եթէ ըսեմ.-Բժիշկներու այցեգինը 5000 լիրա է, Աստուած հեռու պահէ բժիշկներէն… թուրքերը գովա՞ծ կ’ըլլամ, թէ՞ ռուսերուն հայհոյած:

Սոխին քիլոն 500 լիրա է, վայ եկեր է սոխ սիրողի գլխուն, կանաչ, թարմ պղպեղինը 1200 լիրա է, այա գինով բնականաբար կը քառապատկուի անոր կծուութիւնը եւ մենք աւելի դիւրաւ արիւնոտ աղիքներ կ’ունենանք:

-Սոխն ու պղպեղը ի՛նչ են, որ անոնց գիներուն մասին երկար-բարակ կը գրես:

-Սոխն ու պղպեղը, սիրելիս, ամենամատչելի ուտելիքներն են, մեր մեծերը չէի՞ն ըսեր սոխ հաց կ’ուտեմ զաւակս ուսումի կու տամ. չէի՞ն ըսեր սոխ հաց կ’ուտեմ, բայց պատիւս չեմ առատաւորեր:

Եւ յաղթանակներու առթած ուրախութիւնը բնականաբար կը խաթարուի:

-Ուրախ չեմ,- ըսաւ Դպրոցի պաշտօնեայ մը, որ օրուան երկրորդ կէսերուն եւ եթէ գործ ըլլայ, գիշերներն ալ կ’աշխատի:

Այս պաշտօնեան ամսական օգնութիւն կը ստանայ CARITAS-էն, ինն ամսական միակ երեխային կաթը կը ստանայ Մարիամական միաբանութենէն, կինն ալ ուսուցչուհի է եւ սակայն ուրախ չէ, որովհետեւ իր բոլոր կարիքները չի կրնար հոգալ, անընդհատ կը յետաձգէ բժիշկի երթալը, մէկ ամիս առաջ 5000 վճարած էր բժիշկին, 15000 ալ ողնահարը նկարելուն, քանի մը հազար ալ դեղերուն… համաձայնեցէ՛ք, որ նոյնը կրկնելը եթէ տհաճ չէ, այդքան հաճելի բան ալ չէ:

-Ուրախ չեմ,- կրկնեց, քանի անգամ է կնոջս հետ կ’ուզեմ սրճարան մը նստիլ, կամ ճաշարան մը ճաշել, չեմ համարձակիր, չեմ համարձակիր որովհետեւ ամենափոքր անակնկալ ծախս մը մեզ անելի պիտի մատնէ: Այս ամիս երկու մօտիկ մարդոց տարեդարձներուն չգացինք…

Այս զրուցակիցիս անկեղծ բառերը կրնանք առանց տատամսելու վերագրել մեզմէ մեծ մասին:

Լաւ աշխատավարձ ստացող մարդիկ չկա՞ն: Կա՛ն, գլխաւորաբար օտար կազմակերպութիւններո մէջ աշխատողները:

Եւ եթէ անկեղծ խօսելու ըլլանք, բոլորս ալ՝ յոռետեսներն ալ, լաւատեսներն ալ դժգոհ են այսօրուան տնտեսական վիճակէն, իսկ գալիքի մասին, մանաւանդ մօտիկ ապագայի մասին, չեն համարձակիր դրականօրէն տրամադրուիլ, թէեւ հրապարակայնօրէն լաւատեսօրէն կ’արտայայտուին, կարծէք կը վախնան՝ եթէ ապագան գորշ պատկերացնեն, կամ ներկայի սեւ ըլլալը ընդունին, հակապետական կը դառնան, կը դառնան ընդդիմադիր, իսկ ընդդիմադիր նկատուիլը դաւաճան ըլլալ կը նշանակէ, կարծես թէ առարկայական պատճառներու կողքին ենթակայական պատճառները, օրինակ պետական պաշտօնեաներու կաշառակերութեան կամ թերութիւններու մասին խօսիլը ՏԱԷՇ-ական ըլլալու պէս բան մըն է մեզի համար…

Քաղաքականութենէ չեմ հասկնար, չեմ ալ կարծեր, թէ մեծ է քաղաքականութենէն հասկցողներուն թիւը, մանաւանդ երբ շատեր կը ճանչնամ, որոնք իրենց լսած լուրերն իսկ ճիշդ չեն հասկնար. Ես իմ ոտքերս իմ անկողնոյս համեմատ կ’երկարեմ եւ պատերազմի ելքին մասին առանց նախատեսութիւններ ընելու, կամ առանց եղածները դիւրաւ մեկնաբանելու, կը շարունակեմ մեր առօրեայ կենցաղին մասին խօսիլ:

-Շատ լաւ է ամէն ինչ, դրամնիս ուր պիտի ծախսենք չենք գիտեր,- ըսաւ այլ զրուցակից մը եւ լրջանալով աւելցուց.- Մէկը եթէ հարցնէ, կ’ամչնանք ըսելու մեր աշխատավարձին չափը:

Իրականութեան մէջ մենք ամչնալիք բան մը չունինք, որովհետեւ ճիշդ է որ մեր աշխատավարձերը շատ քիչ են, բայց մենք ծոյլ չենք, ընդհակառակը շատ աշխատասէր ենք եւ ինչպէ ս վերը նշեցի, մեզմէ շատեր քանի մը գործ կ’աշխատին, միայն թէ ծայրը ծայրին հասցնեն, որ անկարելիի պէս բան մըն է:

Կ’անդրադառնամ, որ գրածներս լալկանութեան չափի կը հասնին, կը վստահեցնեմ, որ լալկանութիւն չէ ըրածս, ոչ ալ բողոք, որո՞ւ բողոքես, որո՞ւ դէմ բողոքես, ի՛նչ օգուտ, ո՛չ ալ կ’ուզեմ մուրացկանութիւն ընել, մենք արդէն մեր արժանապատուութիւնը կորսնցնելու աստիճան վարժուած ենք հոս-հոն դիմել քանի մը ղրուշ աւելի օգնութիւն ստանալու համար: Իմ ուզածս իրականութեան բաց աչքերով նայիլն է, առանց եղածը աւելի սեւցնելու սակայն նաեւ առանց պճնանքի, առանց զարդարանքի:

Մի՛ ըսէք.- Այս ամէնը գիտենք, մի՛ ըսէք.- Այս ամէնը կրկնելէն ի՞նչ օգուտ: Պարզապէս գիտցէք, հալէպահայութիւնը այս ձեւով չի՛ կրնար իր գոյութիւնը որպէս գաղութ պահել, չի՛ կրնար մէկ, ամուռ հաւաքականութիւն մնալ, կը տարտղնուի: Շատ խղճալի է մանաւանդ հայկական հաստատութիւններու հայ պաշտօնեաներուն վիճակը, առաւել եւս հայկականութեան հետ առընչուող պաշտօնեաներունը, որովհետեւ կարգ մը նիւթերու ուսուցիչները հնարաւորութիւն ունին մասնաւոր դասեր տալու, բայց ասոնց մէջ հայերը շատ քիչ են:

Այստեղէն, այդտեղէն կը լսենք, թէ պետութիւնը դրամական օգնութիւն կը տրամադրէ անհատներու՝ եթէ համոզիչ ծրագիրներ ներկայացնեն՝ բարելաւելու իրենց գործը կամ նոր գործ սկսելու, նոյնը կ’ըսուի նաեւ Հայ Առաքելական Առաջնորդարանին մասին: Այս ըսուածներուն որքանը ճիշդ է, որքանը սխալ, ո՛չ ոք գիտէ, որովհետեւ այս մասին ո՛չ մէկ յայտարութիւն եղած է. Միայն կը յիշեմ քանի մը տարի առաջ Առաջնորդարանը յայտարարութիւն ըրած էր, քանդուած կամ վնասուած խանութներու տէրերէն դիմումներ ընդունելու մասին:

Չեմ գիտեր, մեր վիճակի իրական պատկերը, որքանով յայտնի է համահայկական առումով առնըչակից պատասխանատու մարմիններու, գիտեմ սակայն ամենաբարձր դիրքի վրայ գտնուող անձնաւորութիւն մը քանի մը ամիս ըսած էր իր դժգոհութիւնը յայտնած էր առ այն, որ մեր գաղութի պատասխանատուները չես գիտեր ինչու ճշմարտութիւնը կը միտին վարդագոյն ցոյց տալու: Կը կարծեմ, թէ մեր պատասխանատուները այդպէս կ’ընեն, վախնալով որ դրսեցիները այլեւս անյոյս գտնեն մեր վիճակը եւ դադրեցնեն օգնութիւնները յորդորելով հեռանալ այստեղէն…

Սոխի, պղպեղի եւ բժիշկի այցեգինի օրիննակներով բաւականանաք, հաւաստիացնելով որ բոլոր առումներով աւելի լաւ վիճակի մը չունինք եւ խօրհինք այս գաղութին մասին, խորհինք իրապէս ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի օգնենք այս գաղութին, այս գաղութի իւրաքանչիւր ընտանիքին:

Աւելի՛ ճիշդ. ի՞նչ պիտի ըլլայ այս գաղութի ապագան:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 28 Փետրուար 2020

Մեկնաբանել