Կորոնավիրուսէն աւելի վտանգաւոր հիւանդութիւնը

Նամակ երկրէն

Մարտ 1-ին հետեւեցայ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի մամլոյ ասուլիսին՝ նուիրուած կորոնավիրուսին: Նախարարին տուած բացատրութիւններէն յստակ էր, որ ինք ու իր ղեկավարած նախարարութիւնը լաւապէս կը տիրապետեն իրավիճակին, կը գործեն միջազգային չափանիշերուն համաձայն եւ իրենց առած նախազգուշական ու կանխարգելիչ քայլերը շատ աւելին են, քան կը պատկերացնէինք:

Ճանչնալով նախարարը, ես այլ բան չէի ակնկալեր: Ծիծաղելին այն է, որ անցնող քանի մը օրերուն, նախկին ռեժիմի մնացորդացին ծառայող լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ նոր իշխանութիւններէն դժգոհ դիմատետրի շատ մը օգտատէրեր, մարդկային այս ողբերգութիւնը՝ կորոնավիրուսի տարածման ցաւալի երեւոյթը օգտագործեցին քաղաքական հաշուեհարդար կատարելու եւ թոյն ու մաղձ թափելու պատեհ առիթի:

Լրատուամիջոցներէն մէկը, օրինակ, պարունակէ դուրս հանելով նախարարին քանի մը օր առաջ կատարած յայտարարութիւնը, գրած էր, թէ Արսէն Թորոսեան վտանգաւոր չի համարեր կորոնավիրուսը եւ յատուկ միջոցառումներու կարիք չի տեսներ: Եւ ահա, նախկիններու սակաւաթիւ համակիրները, նոր իշխանութիւններու հակադրուածները, նոր ու հին գրառումներ կատարող դիմատետրի օգտատերէր եւ ուրիշներ, արագ մը առիթէն օգտուելով, ինչե՜ր ըսես չգրեցին նախարարին մասին: Մէկը Թորոսեանին համարեց «տխրահռչակ», ուրիշ մը՝ «բոլշեւիկ», միւսը՝ կոչ ուղղեց խաչ բարձրացնելու նախարարը եւ ամէնէն բարիներն ու հանդուրժողները՝ քաղաքական պատասխանատւութեան ենթարկելու ցանկութիւն յայտնեցին: Եւ որքա՜ն թոյն, որքա՜ն մաղձ, որքան ատելութիւն կար այս բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ: Մանաւանդ այն շրջանակներէն, որոնք կը բողոքեն երկրի մէջ ատելութեան տարածուածութենէն…

Այսօր, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, լրագրողներ հարց տուին, թէ իրապէ՞ս նախարարը վտանգաւոր չի համարեր կորոնավիրուսը: Նախարարը պատասխանեց.

«Երբ որ դուք իմ ամբողջ թեքսթը նայեք, եւ ոչ թէ միայն վերջին նախադասութիւնը, եւ ես պարզաբանեմ նաեւ, թէ ինչ եմ նկատի ունեցել՝ այո՛, կորոնավիրուսը յատուկ վտանգաւոր վարակների դասին չի պատկանում, ինչպէս օրինակ՝ ժանտախտը, քոլերան, դեղին տենդը, էբոլան: Ընդամէնը համարվում է նոր շնչառական վիրուս, որ աւելի տարբեր է մինչեւ էդ մեր իմացած վիրուսներից, բայց նաեւ նման է իր փոխանցման ճանապարհներով, սիմփթոմներով, բուժման մեթոտներով: Մի քիչ տարբեր է մահացութեան թուերով յատկապէս մեծահասակ բնակչութեան մօտ եւ ասեցի ինչու…»:

Մարտ 1-ին նախարարը շատ հանգիստ, շատ հանդարտ եւ արհեստավարժութեան ամենաբարձր մակարդակով բացատրեց, անգամ մը եւս, թէ կառավարութիւնը ի՞նչ կ’ընէ կորոնավիրուսի տարածումը կանխելու համար: Շատ յստակ թուեց այն բոլոր միջոցառումները, զորս որդեգրուած են թէ ցամաքային եւ թէ օդային անցակէտերու վրայ եւ յստակ նշեց, թէ երբ եւ ինչպէս ինչ աշխատանքներ կատարուած են Հայաստանի մէջ ու Հայաստանէն դուրս:

Արդեօք դիմատետրով համաճարակաբան ու վիրուսաբան դարձած մարդիկը, որ քանի մը օր առաջ դաւաճան, բոլշեւիկ, տխրահռչակ ու դեռ հազար մակդիր կու տային նախարարին, լսեցի՞ն անոր մամլոյ ասուլիսը: Արդեօք չմտածեցի՞ն, որ անիմաստ է այս օրերուն ֆէյք նիուզը տարածելը: Անդրադարձա՞ն, որ կորոնավիրուսի դէմ ոչ մէկ երկիր եւ ոչ մէկ մարդ ապահովագրուած չէ, եւ բոլորը՝ թշնամի ու բարեկամ պետութիւններ, պետութիւններու մէջ գործող դիմադիր ու ընդդիմադիր, պարտին համագործակցիլ իրար հետ՝ համաճարակի կանխարգիլման համար:

Վիրուսները կու գան ու կ’երթան: Կորոնավիրուսն ալ պիտի գայ ու անցնի երթայ: Բայց մեր երկրի որոշ շրջանակներու մէջ բոյն դրած թոյնն ու մաղձը ե՞րբ պիտի երթայ արդեօք: Սա արդէն աւելի վտանգաւոր է, քան ոեւէ վիրուս: Կորոնան կը հիւանդացնէ, բայց հիւանդներուն աւելի քան 95 տոկոսը կը բուժուի: Իսկ երբ կը նայիմ որոշ շրջանակներու, կը տեսնեմ, որ թոյնով ու մաղձով վարակուածները չեն ուզէր բուժուիլ: Թոյնով ու մաղձով վարակուեցան ու հիւանդացան այն օրէն, երբ իշխանական աթոռ կորսնցուցին: Ըստ երեւոյթին, կ’առողջանան միան այն ատեն, երբ վերատիրանան իրենց կորսնցուցած աթոռներուն:

Այդպէս ալ, ուրեմն, պիտի մնան անբուժելի, թոյնով ու մաղձով լեցուած…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել