Հալէպ – Ինը Տարի Ետք

Ա՜խ այս ժահրերը… ա՜խ այս Թագաժահրը՝ Գորոնա վիրուսը…

14 Մարտ-2 Ապրիլ. Սուրիոյ կառավարութեան որոշմամբ , որպէս նախազգուշական միջոց, երկրի տարածքին կրթական բոլոր հաստատութիւնները երեք շաբաթ փակ պիտի մնան, պիտի յետաձգուին մշակութային, մարզական եւ այլ հանրային միջոցառումները:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու Սուրիոյ մէջ ցարդ ոչ մէկ վարակակիր կայ. ըստ ընդդիմադիր «Մարդկային Իրաւանց Սուրիական Դիտակէտ»ի, այս ժահրով Լաթաքիոյ մէջ մէկ հոգի մահացած է, մէկ հոգի ալ Թարթուսի մէջ եւ թէ՛ Տէր Զօրի, թէ՛ Սուրիոյ արեւելելքի Մայատին քաղաքին մէջ տեղակայուած պարսիկ զինուորներէն քանի մը հատը վարակուած են այս ժահրով: Հալէպի մէջ լաւատեղեակ բժիշկներէ կը լսենք, թէ այս կամ այն հիւանդանոցին մէջ կան քանի մը կասկածեալներ՝ միմիայն կասկածեալներ:

Պաշտօնական աղբիւրներուն կասկածիլ չեմ ուզեր, թէեւ գիտեմ որ «Սուրիական Դիտակէտ»ը արժանահաւատ աղբիւր է:

Ի՛նչ որ է, յուսանք, որ այս աղէտը համաճարակի չվերածուի այս երկրէն ներս: Մէկ բան կրնամ հաստատել, որ հոս ժողովուրդը սարսափի չէ մատնուած, ճիշդ է դեղարաններէն չքացած են բժշկական ալքոլն ու դիմակը, բայց ուտեստ ամբարելու յատուկ մտադրութիւն ունեցողներու տակաւին չենք հանդիպիր, փողոցներու մէջ դիմակ դնողներ գրեթէ չենք տեսներ, մարդիկ սովորականի պէս կը շարունակեն գործի երթալ:

Այսօր, Կիրակի 15 Մարտին, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախուբը համերգ ունէր, յետաձգուեցաւ, շուտով Հ.Ե.Ը.ի «Անդրանիկ» պարախումբը ելոյթներով հանդէս պիտի գար, յետաձգուեցաւ. Մարտ 27-ին Հալէպահայ թատերախումբերը միասնաբար պիտի տօնէին Թատրոնի համաշխարհային օր»ը… գալ շաբաթ մեր բոլոր միութիւններու տիկնանց յանձնախումբերը Միջինքի նախաճաշեր եւ ճաշկերոյթներ ունին, ասոնցմէ ո՞ր մէկը պիտի ջնջուի չենք գիտեր, չէ՞ որ ճաշարաններն ու սրճարանները բաց են, թէեւ պէտք է արձանագրել, որ անոնցմէ շատեր գրեթէ պարապ են, մանաւանդ որ Արգիլէն արգիլուած է: Մարդիկ ամենայնդէպս կը զգուշանան Գորոնայէն:

Մեր տիկինները բոլորն ալ դժգոհ են, դպրոցներու փակուելէն, անոնք չեն գիտեր ի՞նչ պիտի ընեն իրենց զաւակներուն հետ, ինչո՞վ պիտի զբաղեցնեն զանոնք: Անշուշտ զանոնք ընթերցանութեան մղելու փորձելն իսկ մեր միտքէն չ’անցնիր:

Մեր տիկինները հանգիստ ձգենք, Գորոնային ալ թոյլ չտանք, որ մեզի ստիպէ մոռնալ այս օրը.այսօր կը լրանայ սուրիական տագնապի իննը տարին, տարիներ որոնք առնուազն մեզմէ խլեցին չորս հարիւր հազար զոհեր, որոնցմէ 22000 մանուկներ, աւելի քան հարիւր հազարը ոչ զինուորականներ, դիմադիրներն ու ընդդիմադիրները գրեթէ հաւասար զոհեր տուին, հայերը, որոնց պատերազմը չէր ասիկա, աւելի քան 150 անմեղ զոհեր տուին, քիւրտերը՝ որոնք կարծեցին, թէ այս տագնապը իրենց համար մեծ առիթ մըն է, որուն շնորհիւ անկախ պետութեան պիտի տիրանան, նոյնիսկ իրենց աղջիկները զինեցին, բոլորին սարսափ ազդած ՏԱԷՇի դէմ ալ կռուեցան եւ աւելի քան 13000 հազար զոհ տուին, Աֆրինը յանձնեցին թուրքերուն եւ … տակաւին անյայտ ճակատագիր մը ունին: Բոլորը սպանեալները զոհ սեպենք եւ ըսենք որ անոնց մէջ կան աւելի քան 60000 Տաէշականներ եւ Նուսրայի հետեւորդներ՝ օտար եւ սուրիացի, աւելի քան 1500 Լիբանանեան Հըզպ Ալլայի անդամներ, այլ օտարներ, որոնցմէ միայն հինգ հարիւրինը անյայտ ինքնութեան:

Հապա վիրաւորները, անոնք կարեւոր չեն, անոնց մասին վիճակագրութիւն իսկ չկայ: Հապա անտուննները…Սուրիոյ 23 միլիոն բնակչութեան կէսէն աւելին դարձաւ գաղթական՝ երկրէն ներս, թէ՝ դուրս, ընտանիքները դարձան բաժան-բաժան՝ հայրը երկիր մը, մայրը այլ երկիր մը, ամէն մէկ զաւակ ուր որ կրցաւ հոն ապաստան գտաւ: Քիչ չէ թիւը երկրին մէջ մնացող բայց ինքզինքնին օտար զգացողներուն, այսինքն ոմանք Սուրիոյ մէջ ապրելով հանդերձ, դադրած են Սուրիան իրենց հայրենիքը նկատելէ, քիչ չէ թիւը նաեւ անոնց, որոնք դադրած են արաբական միասնութեան հաւատալէ, Սուրիական արաբական երկիրներու մաս նկատելէ եւ վերածուած են պարզապէս սուրիացիներու…

Բոլորը կորսնցուցին՝ կորսնցուցին հայրենիք, կորսնցուցին յոյս եւ հաւատք, յուսախաբ եղան մանաւանդ անոնք, որոնք կը հաւատային թէ յեղափոխութիւն կը կատարեն, անոնց մէջ կային ազնիւ, շատ ազնիւ մարդիկ, որոնք կը հաւատային, թէ տէմոքրաթ Սուրիա մը պիտի ստեղծեն, ուր բոլոր քաղաքացիները պիտի ունենան հաւասար իրաւունքներ: Այո՛, կային այդպիսիներ, որոնք այսօր ալ կը մեղադրեն իրենց այն ընկերները, որոնք զէնքի դիմեցին, որոնք խաբուեցան եւ դիմեցին օտարներու միջամտութեան, որոնք այլոց հետ կը կիսեն Սուրիոյ բոլոր ողբերգութիւններուն պատասխանատուութիւնը:

Այպիսիներուն մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք կը հաւատան, թէ դեռ սուրիացիները համաձայնաբար պիտի կարենան նոր սահմանադրութիւն մը մշակել՝ հիմնուած համակեցութեան եւ իրարահաւասարութեան վրայ՝ կերտելու երկիր մը զերծ փտածութենէ, կաշառակերութենէ… աղքատութենէ…

Եւ երկիրը կը շարունակէ մնալ տագնապի մէջ, կը շարունակէ մնալ օտարներու կողմէ գրաւեալ շրջաններով…

Երկրին նիւթական վնասները ՄԱԿ-ին կողմէ կը գնահատուին աւելի քան 400 միլիառ տոլար:

Երկրին մէջ բոլորը վնասեցին, երկրին բաղկացուցիչ բոլոր մասնիկները:

Երկիրը կը մնայ նաեւ մասնատուած հատուածներով:

Այդ հատուածներէն, թէեւ փոքր, են նաեւ հայերը, որոնց մեծամասնութեամբ կ’ապրին Հալէպի մէջ: Հայերը իրաւմամբ կողմ չէին այս տագնապին մէջ. մենք միշտ հաւատարիմ եղած ենք երկրին եւ այս մեր հաւատարմութիւնը արտայայտած ենք իշխանութեան հնազանդելով, ահա թէ ինչո՛ւ կարգ մը ընդդիմադիրներուն կողմէ հայերը նկատուեցան իշխանութեան «ուրուականներ», շեշտե՛մ, կարգ մը ընդդիմադիրներու կողմէ, մինչ ուրիշներ գիտեն, որ մենք երկրի՛ն հաւատարիմ քաղաքացիներ ենք:

Հալէպի քառասուն հազար հայերէն մնացին … ճշգրիտ թիւ չկայ, սակայն կարելի է ըսել, մօտաւորապէս տաս հազար, որոնք կը շարունակեն հաւաքական գործօն կեանքով ապրիլ՝ դպրոցները բաց են, թէեւ աշակերտներուն թիւը քառորդի իջած է , թէեւ անոնցմէ ոմանք միացած են՝ չորսը վերածելով մէկի, թէեւ մեր դպրոցներէն մի քանին որպէսզի չփակէ իր դռները ստիպողաբար ոչ հայ աշակերտներ ալ կ’ընդունին՝ ապահովելու նիւթական միջոցներ, նկատի առնելով, որ մեր աշակերտներէն շատ շատեր անվճարունակ դարձած են: Մեր միութիւնները կը շարունակեն գործել, նիւթական մեծ զոհողութիւններու գնով կը շարունակեն պահել իրենց պարախումբերը, երգչախումբերը, նուագախումբերը, երաժշտական եւ նկարչական դպրոցները: Հալէպի մշակութային զարկերակը բացառապէս հայերունն է, Հալէպի մշակութային կեանքը կը շարունակէ գոյտեւել մեր շնորհիւ: տարուան ընթացքին արաբական միմիայն մէկ-երկու թատերական ներկայացումներու կարելի է հանդիպիլ, թէեւ քրիստոնեայ արաբներն ալ կը փորձեն մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպել, սակայն շատ փոքր է այդ ձեռնարկներուն թիւը համեմատած հայկականերուն հետ, նկատելի է որ արաբական մշակութային գործունէութեան մէջ ալ հայերու դերը զգալի է, մանաւանդ նուագողներունն ու պարողներունը:

Այսօր մեր իրականութեան մէջ հարցականներ կան.

Գորոնա վիրուսը ի՞նչ աւերներ պիտի գործէ.-Ո՞վ գիտէ…

Սուրիական տագնապը ի՞նչ աւարտ պիտի ունենայ.-Ո՞վ գիտէ…

Մենք պիտի շարունակե՞նք մեր եռուն կեանքը.- Չեմ գիտեր:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 15 Մարտ 2020

Մեկնաբանել