«Բարի լուս, տիկին Արուս, մեր քաղաքում կայ նոր վիրուս»

Նամակ երկրէն

Գրեթէ մէկ ամիս է, որ երկրէն նամակ չեմ գրած: Ընթերցողներէս շատեր մտածեցին, որ կորոնա ժահրով վարակուած եմ ու գրելու ոչ ուժ, ոչ ալ կարողութիւն մնացած է: Շատեր նոյնիսկ նամակներ գրեցին ինծի, որպիսութիւնս հարցնելով եւ առողջութեանս մասին հետաքրքրուելով: Ըսեմ, որ ողջ-առողջ եմ եւ աշխարհի բոլոր մահկանացուներուն նման, մտահոգութեամբ կը հետեւիմ այս նոր ժահրի պատճառած ահաւոր մեծ վնասներուն… Գրելիք շատ բան կայ, բայց այս օրերուն, շատերու նման, աւելի շատ ընթերցող դարձած եմ, քան՝ գրող: Բոլորի նման կը հետեւիմ լուրերուն, լաւ նորութիւններ կը փնտռեմ: Երկու շաբաթ առաջ որոշեր էի նամակներովս անդրադառնալ լաւ երեւոյթներու, ինչպէս՝ հայրենադարձութեան մասին կարգ մը նոր օրէնքներուն, որոնց մասին տեղեկութիւններ հաւաքեր էի Սփիւռքի Բարձր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանէն: Որոշեր էի նաեւ «Նամակ երկրէն»ով գրել ընկերոջս, այնճարցի հողամշակ եւ գիւղատնտես՝ Յակոբ Այնթապլեանի հետ Արցախի ազատագրուած տարածքներ կատարած մեր այցելութեան մասին, բայց այս անիծեալ կորոնավիրուսը անամօթաբար խանգարեց մեր առօրեան եւ մեր ուշադրութիւնը շեղելով՝ տարաւ կեդրոնացուց այլ հրատապ խնդիրներու վրայ:

Ընթերցողներս արդէն գիտեն, որ մեր հայրենիքին մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է, փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանը նշանակուած է պարետ եւ կառավարական բոլոր մարմինները, բայց մանաւանդ՝ Առողջապահութեան նախարարութիւնը, կ’աշխատին արտակարգ ռեժիմով: Ամէն օր՝ նոր հրահանգներ, նոր որոշումներ, նոր միջոցառումներ: Երեւանի եռուն, 24 ժամ հանգիստ չունեցող կեանքը չկայ արտակարգ դրութեան այս օրերուն: Հետաքրքրաական է, որ տագնապի տարածման զուգահեռ, Ժողովուրդը դարձած է աւելի հանդուրժող, աւելի ըմբռնող, աւելի բարի ու համբերութեամբ կը սպասէ գալիք պայծառ, հայաստանեան ջերմ ու տաքուկ օրերուն: Հեռուստացոյցէն, ռատիոներէն, համացանցէն, գրեթէ ամէն տեղէ կառավարութեան ցուցմունքները կը տողանցեն մէկը միւսին ետեւէն՝ ի՞նչ կը նշանակէ արտակարգ դրութիւն, ինչպէ՞ս ինքնամեկուսանալ, օդանավակայնէն ո՞վ եւ ինչպէս կրնայ մուտք ու ելք կատարել, ինչպէ՞ս պահել անհատական մաքրութիւնը, ու՞ր հեռաձայնել անհրաժեշտութեան պարագային, եւ դեռ շատ բաներ: Կարծիք մը կազմելու համար, կրնաք այցելել դիմատետրի «Armenian unified infocenter/հայկական միասնական տեղեկատվական կենտրոն» կառավարական էջը կամ առողջապահութեան նախարարրութեան էջը («ՀՀ աողջապահության նախարարություն»)…

Ըսեմ, որ 19 Մարտ, ժամը 22:00-ի դրութեամբ, կորոնայով վարակուած 122 քաղաքացի կար Հայաստանի մէջ (մէկը բուժուած): Վաղը այս թիւը հաւանաբար կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Մարդիկ մտահոգութեամբ նոր վարակուածներու մասին տեղեկութիւններ կը սպասեն ու կը մտահոգուին սեփական առողջութեամբ:

Այս բոլորին մէջ, հայաստանեան կատակները անպակաս են: Հայաստանցիները կատակելու եւ տագնապները ժպիտով ու ծիծաղով դիմաւորելու սովորութիւնը չեն կորսնցուցած: Երբ էջմիածնի մէջ, Իտալիայէն վերադարձած կին մը, որ կորոնայով վարակուած էր, նշանտուքի արարողութեան մը մասնակցելով ուրիշներու ալ վարակեց, արտակարգ դրութեան պատճառով տունը մնացած մարդիկ գրեցին՝ «մէկ մարդ նշան դրեց, մենք բոլորս տանը մնացինք…»: Քաղաքական կատակներն ալ չուշացան, «ոչինչ, ՀՀՇ ու ՀՀԿ տեսած ժողովրդին կորոնան բան չի կարող անել», գրեցին ոմանք: Երիտասարդ արուեստագէտ մըն ալ առցանց տարածեց իր նոր երգը՝ «բարի լուս, տիկին Արուս, մեր քաղաքում կայ նոր վիրուս…»

Մեր մօտ սուբըրմարքեթային ծեծկրտուքներ չկան, պէտքարանի թուղթի համար իրար բզկտող մարդիկ չկան: Ընդհակառակը, մեծամասնութիւնը պատրաստ է աջակցելու կառավարութեան ճիգերուն եւ իրարու: Մէկ օրուան ընթացքին, աւելի քան 2000 քաղաքացիներ, կառավարութեան կոչին անսալով, կամաւոր արձանագրուեցան եւ օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Հազարաւոր քաղաքացիներ գումարներ նուիրեցին կառավարութեան բացած յատուկ հաշիւին: Դպրոցները փակ են, բայց արդէն դասաւանդութիւններ տեղի կ’ունենան առցանց ու հեռուստացոյցով, եւ ամէն օր, դասատուներն ու աշակերտները պարտաճանաչութեամբ, համակարգիչներու ետեւ նստած, virtual դպրոց կը յաճախեն:

Գարունը հասած է Հայաստան, բայց կորոնա ժահրը մեզ բանտարկած է մեր տուներուն մէջ: Կարծէք մարդիկ համոզուած են, որ այս տագնապը երկար պիտի տեւէ, ու կը փորձեն վարժուիլ նոր ապրելակերպին: Այս օրերուն, չար լեզուներն ու «ֆեյք նիուզ»ը բաւական նահանջած են, բայց ինչպէս կ’ըսեն, կարմիր կովը իր կաշին չի փոխեր: Ոմանք կը շարունակեն թոյն ու թարախ տարածել, սուտեր յօրինել, ֆէյքերով տրամդրութիւն ստեղծել: Այս տիպի մարդոց ժահրը աւելի վտանգաւոր է, քան կորոնան ու միւս համաճարակները: Բայց ասոնք ալ կու գան ու կ’երթան, միւս բոլոր ձախորդներուն պէս, եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը աւելի ուժեղ դուրս կու գան բոլո՛ր տեսակի վիրուսներու դէմ պայքարէն:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել