Հալէպ – Գորոնայի ժամանակը

2020, Մարտ 13ին, սուրիական կառավարութիւնը որոշեց մինչեւ 2 Ապրիլ ուսումնական բոլոր հաստատութիւնները փակ պահել, ջնջել հանրային բոլոր ձեռնարկները: Այս քայլը առնուեցաւ որպէս նախազգուշացում՝ արգիլելու Corona virus-ի տարածումը, նշեմ, որ ցարդ սուրիական պատկան մարմինները երկրին մէջ այս համաճարակի որեւէ արձանագրութիւն չեն հրապարակած:

Նկատի առնելով սղութիւնը կը մտածէի արդէն պասով երթեւեկել. Փորձեցի եւ անմիջապէս նկատեցի, որ մեր պասերը ոչ միայն Գորոնա վիրուսի այլ նաեւ ամէն տեսակ վարակի բոյն են, անոնք խճողուած են, շատոնց չլոգցած մարդոց հոտերով: Աւելի լաւ է, քիչ երթեւեկել եւ թաքսի նստիլ, օդը բաւական լաւ է, կարելի է քալելով ալ հոս հոն երթալ:

Ամայի փողոց18 Մարտէն սկսեալ Հալէպի մէջ փակուեցան բոլոր ճաշարաններն ու սրճարանները, Մեր եկեղեցական արարողութիւնները սկսան առանց հաւատացեալներու ներկայութեան կատարուիլ, միայն հայ կաթոլիկներն ու քիլտանները կը շարունակեն պատարագ մատուցանել հաւատացեալներու ներկայութեան: Մեր միութիւններն ալ որոշ քայլեր առին նուազեցնելու հաւաքները, կրճատուեցան մեր կեդրոններուն բաց ըլլալու ժամերը: Փողոցներու մէջ զգալի է որոշ դատարկութիւն, սակայն ոչ ամբողջովին, փուռերու առջեւ խճողումներէ խուսափելու համար, փորձուեցաւ հացը յետ այսու վաճարել որոշեալ նպարավաճարներու մօտ՝ Խելացի քարթի միջոցով, այս քայլը չյաջողեցաւ եւ ամէն ինչ առաջուայ պէս պիտի շարունակուի, թէեւ պիտի սահմանափակուի իւրաքանչիւրին վաճարուող քանակը. խուճապ պէտք չէ, բաւարար ալիւր ունինք : Հալէպի մէջ փուռերուն ընդհանուր թիւը 106 է, պետական փուռերը գիշեր-ցերեկ պիտի աշխատին: Յուսանք որ հացի, պետական նպաստով բրինձի, ձէթի եւ շաքարի հերթերու խճողումները Գորոնան չեն տարածեր: Նշեմ, որ պարենի պակաս շատ զգալի չէ, թէեւ ամէն ինչ օր- օրի շատ կը սուղնայ, պետութիւնը շուկայականէն աժան գինով կը ծախէ շաքար, ձէթ, բրինձ՝ միշտ խելացի քարթով սաահմանափակ քանակութիւն յատկացնելով իւրաքանչիւր ընտաանիքի

Փակագիծ բանալով ըսեմ, որ «խելացի քարթ»ը պետութեան կողմէ տրուած է իւրաքանչիւր ընտանիքի, որուն միջոցով արդէն կը գնէինք մազութն ու փիւթակազը, հիմա աւելցած են պարենային որոշ նիւթեր:

Փակ են խանութները

Ցարդ խանութներն ու գործատեղիները բաց էին,այսօր մարդիկ քիչ մը աւելի խուճապի մատնուեցան, աւելի ճիշդ մտահոգութիւնին կրկնապատկուեցաւ, որովհետեւ կառավարութիւնը որոշեց Կիրակի 22 Մարտէն սկսեալ բոլոր գործատեղիները փակել ցնոր տնօրինութիւն. բաց պիտի մնան դեղարաններն ու ուտեստեղէնի խանութներէ, փակ պիտի մնան նաեւ բոլոր նախարարութիւններուն ենթակայ բաժինները, բաց պիտի մնան բոլոր տեսակի արտադրամասերը:

Ներկայի սուրիացիները ընդհանրապէս առաւել եւս հալէպահայերըը օր աշխատող, օր ծախսող են, հայերուն մեծամասնութիւնը պաշտօնեայ չէ, որ այս պարագային խոցելի կէտ մըն է, չէ՞ որ եթէ չաշխատին դրամ չեն ստանար. աչքը լոյս նպաստաբաշխ կազմակերպութիւններուն: Արդէն որոշ շրջանէ ի վեր անգործութիւն կը տիրէր Հալէպի մէջ, արդէն սղաճը աւելի քան զգալի էր եւ ահա կրկին ու կրկին անելանելի վիճակ՝ յագեցած վախով ու տարակուսանքով, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ պատերազմի հետեւանքով Սուրիան այդքան ալ միջոցներ չունի դիմագրաւելու Գորոնա Վիրուսի վարակը, միւս կողմէ մենք այնքան ալ գիտակից չենք եւ վարակը շատ արագ կրնայ տարածուիլ, մինչեւ հիմա հակուած էինք կարծելու, աւելի ճիշդ կ’ուզէինք հաւատալ, թէ մեր մօտ չկայ Գորոնա վիրուս բայց հիմա՞… այս զգուշացման հաւելեալ քայլերը մեզ տարակուսանքի առջեւ կը դնեն: Շաբաթ 21 Մարտին Դամասկոս Երեւան թռիչք յայտարարուած էր, երէկ փակուեցաւ Դամասկոսի օդակայանը… Վեց ամիսէ գործով հոս գտնուող Հայաստանցի արուեստագէտ բարեկամս հոս մնաց. Երէկ այնքան ուրախ էր, երբ հեռախօսով դուստրը կ’ըսէր, թէ ամբողջ ընտանիքով Զուարթնոց օդակայն պիտի երթան զինք դիմաւորելու…

Փակ են սրճարաններըԱյսօր մեր փողոցները շատ տխուր են, բոլոր սրճարանները փակ կը մնան, փոքրիկները կը ձանձրանան տունէն եւ կը զզուին Գորոնա վիրուսէն, ոմանք հրթիռներ կը շինեն իրենց ընկերներուն հետ լուսին թռչելու, լուսին՝ ուր Գորոնա վիրուս չկայ, խեղճ փոքրիկները յոգնած են ամէն վայրկեան օճառուելէ, չորս տարեկան մանուկ մը իր մօրը կ’ըսէր.- Մամա, երբ այս Գորոնան երթայ, 100 օր պիտի չօճառուիմ…

Մայրերը դժգոհ են այս վիճակէն, արձակուրդ սիրող փոքրիկները դպրոցը կարօտնալ սկսած են, առցանց դասաւանդութիւններ չկան, միայն հայ աւետրանական Բեթէլ դպրոցը ձեւ մը որդեգրած է իր աշակերտներուն առցանց ուսում տալու:

Մզկիթներն ալ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան կ’աղօթեն Աստուծոյ,

Բոլորս կը հետաքրքրուինք նաեւ Հայաստանի վիճակով, ցաւ ի սիրտ սուրիահայերս որեւէ ձեւով չենք կրնար օգնել մեր հայրենակիցներուն, գիտեմ, մեզմէ օգնութիւն սպասող չկայ ալ, բայց եւ այնպէս, Հալէպահայը միշտ ալ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, վկայ՝ Մեծ երկրաշարժը:

Երբեմն ակամայ հարց կու տաս.-Ինչո՞ւ Հալէպահայը այս վիճակին պիտի հասնէր, ինչո՞ւ այս աստիճան կարիքի մէջ պիտի գտնուէր… առարկայական պատճառներուն կողքին կայ նաեւ ենթակայական պատճառ մը. Հալէպահայը սիրած է շահածը ծախսել, երբ շատ շահած է, շատ ծախսած է, երբ շահը նուազած է, ծախսը չէ քիչցուցած, շարունակած է նոյն կերպ ապրիլ՝ մինչեւ լոյս խրախաճանքներ ընելով. վաղուան մասին չէ մտածած, քէֆ ընելու համար յաճախ պարտքի, նոյնիսկ տոկոսով դրամ առած է, մինչ տեղացին շահածէն ամէն օր մէկ կողմ բան մը դրած է, գնած է ոսկի, զոր աւելցուցած է սերունդէ սերունդ, մինչ մենք, մեր հոս գտնուելու հարիւր տարիներու ընթացքին, նախ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցած ենք, յետոյ մեր ձեռքերով կառուցած ենք հողէ, ապա քարէ տուն, յետոյ աւելի լաւ տուն գնած ենք, յետոյ նաեւ ամառանոցներ, եւ միշտ քէֆ ըրած ենք, յետո՞յ, յետոյ այս ամէնը լքելով հեռացած ենք, մնացածներս ալ, մեծ մասամբ, գացողներուն երանի կու տանք, եւ կը սպասենք որ լաւ օրերը վերադառնան ու ամէն անգամ նոր յուսախաբութիւն կ’ապրինք:

Ու այս ամէնուն վրայ կ’աւելնայ Գորոնան, որուն երբեք պատրաստ չենք:

Գորոնայի պատճառով Իտլիպը մոռացութեան մատնած ենք, մինչ Իտլիպի մէջ դէպքերը կը զարգանան, տակաւին Ռուս-թրքական միացեալ պահակախումբերը չեն հսկեր Հալէպ-Լաթաքիա M4 ճամբան, կարգ մը ծայրայեղ զինեալ խմբաւորումներ չեն հնազանդիր Թուրքիոյ, կամ Թուրքիան այդպէս կ’ուզէ, երկու պարագային ալ բախումները անխուսափելի են կամ Ռուսիա+Սուրիա ընդդէմ Թուրքիոյ, կամ Թուրքիա ընդդէմ ծայրայեղներու… Հալէպ Դամասկոս M5 միջազգային ճամբան սուրիական պետական բանակի հսկողութեան տակ կը գտնուի եւ բաց է, կը յուսանք որ ամէն ինչ դէպի լաւ պիտի ընթանայ եւ սակայն…

Corona virus-ը՝ Թագաժահրը մեզ անակնկալի բերաւ…

Հիմա, քիչ առաջ՝ Կիրակի 22 Մարտի երեկոյեան Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ արտասահմանէն վերադարձած քսանամեայ աղջկայ մը մօտ յայտնաբերուած էԳորոնա վիրուսով վարակուած առաջին դէպքը… յայտարարութիւնը շատ յստակ չէր, չգիտցաանք աղջիկը երկիր մտա՞ծ էր, թէ սահմանի վրայ գիտցուած էր անոր վիճակը… նախարարը ըսաւ, որ անհրաժեշտ քայլերը առնուած են:

23 Մարտ Երկուշաբթի իրիկուան ժամը ութէն սկսեալ գործէ պիտի դադրին մարդատար փոխադրամիջոցները…

Հայկական կազմակերպութիւնները միմիայն նախազգուշական քայլեր կրնան առնել, ուրիշ բան կրնա՞ն ընել… Արամ Ա. կաթողիկոսը կոչ ուղղեց եկեղեցականներուն մօտէն հետաքրքրուիլ իրենց հօտով:

Գնահատելի գործ կը կատարեն Մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպ գտնուող Հայաստանի բանակային բժիշկները, անոնք հաւասարապէս կ’օգնեն թէ՛ հայերուն, թէ՛ արաբներուն. հայ բժիշկները ամէնօրեայ օգնութիւն ցոյց կու տան Հայ ազգային Ծերանոցին, պատսպարանին, անոնք կը բուժեն եւ դեղօրայք կը տրամադրեն կարիքաւորներուն, սերտօրէն կը համագործակցին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան, ինչպէս նաեւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ: Հայաստանի բժիշկներուն աշխատանքը շատ բարձր կը գնահատեն պետական պատկան մարմինները:

Բոլորը կ’ուզեն բա՛ն մը ընել, հարցն այն է թէ՝ ո՞վ, ի՞նչ կրնայ ընել, երբ պետութիւններն իսկ անզօր են…

Գորոնա վիրուսը եկաւ, դիւրին-դիւրին պիտի չերթայ, մենք պիտի համակերպինք իր հետ ապրիլ, յաղթահարելու միջոցները պիտի գտնենք, ինք պիտի ձեւափոխուի, մենք նոր միջոցներ պիտի գտնենք եւ այսպէս իրար հետ պիտի գոյակցինք…

Սակայն մինչ այդ…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ 22-23 Մարտ 2020

Մեկնաբանել