Ժողովրդավարութեամբ մտահոգներուն

Նամակ Երկրէն

Այսօր, Մարտ 31-ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովը մերժեց թագավարակի՝ կորոնավիրուսի կանխարգիլման միտուած կարեւոր օրինագիծ մը: Ըստ այս օրինագիծին, կառավարութիւնը իրաւունք պիտի ունենար մարդոց տեղն ու դիրքը ճշդելու՝ իրենց կատարած հեռախօսազանգերու միջոցով: Օրէնքը ի զօրու պիտի ըլլար արտակարգ դրութեան ամբողջ տեւողութեան: Այսինքն, օրէնքը պիտի գործէր այնքան, որքան որ տեւէր թագավարակի պատճառով արտակարգ իրավիճակը: Ատկէ ետք, երբ արտակարգ դրութիւնը վերջ գտնէր, այս օրէնքը իր ուժը պիտի կորսնցնէր:

Բազմաթիւ մարդիկ աջէն ու ձախէն, ներսէն ու դուրսէն սկսան աղմուկ բարձրացնել, որ օրէնքը մարդու իրաւունքներու խախտում է, ժողովրդավարութեան սահմանափակում է, մարդոց անձնական կեանքի միջամտութիւն է, եւ այլն: Աղմկարարներուն մէջ ի հարկէ մետալի արժանի տեղ գրաւեցին անոնք, որոնք նախկին իշխանութիւններու օրերուն հազար պատրուակ կը բերէին՝ անոնց հակաժողովրդավարական, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ հակամարդկային քայլերը արդարացնելու համար: Այս ողորեմելիները քաղաքական բեմին վրայ տեղ ու դիրք գրաւելու համար բաժակ մը ջուրին մէջ փոթորիկ ստեղծելու առիթը չեն փախցներ, եւ կարեւորութիւն տուող ալ չկայ արդէն: Կային, սակայն, նաեւ մարդիկ, որոնք անկեղծ էին իրենց առարկութիւններուն մէջ ու ներկայ իշխանութեանց համակիր կամ աջակցող ըլլալով հանդերձ, դատապարտեցին նոր օրէնքի նախագիծը:

Ի դէպ ըսեմ, որ այսօրինակ օրէնքներ որդեգրուած տարբեր երկիրներու մէջ, Հայաստանը բացառութիւն չէ: Հունգարիայի խորհրդարանը, օրինակ, վերջերս որդեգրեց նոր օրէնքներ, որոնք գրեթէ անսահմանափակ լիազօրութիւններ կու տան գործադիրի ղեկավարին: Թագավարակի տարածման դէմ պայքարելու իբրեւ միջոց, քաղաքացիներու տեղաշարժին եւ խօսակցութիւններուն համար յատուկ application ստեղծեց եւ գործի դրաւ Սինկափուրը: Այսօր, Սինկափուրը կը համարուի օրինակելի երկիր՝ թագավարակի կանխարգիլման, անոր տարածման դէմ պայքարին մէջ: Հետեւեցէք լրատւութեան եւ պիտի տեսնէք, որ միայն գովասանքի խօսքեր կան թագավարակի դէմ Սինկափուրի որդեգրած միջոցառումներուն մասին:

Անոնք որոնք կը բողոքեն ժամանակաւոր այս օրէնքի հակաժողովրդավարական ըլլալուն կամ մարդկային իրաւանց վրայ սահամանփակումներ դնելուն համար, պէտք է յիշեն, որ արդէն ամբողջ աշխարհի բնակչութիւնը այս վարակին պատճառով զրկուած է ժողովրդավարութեան տարրական իրաւոնւքէն՝ ազատ տեղաշարժելու, ազատ երթեւեկելու հնարաւորութենէն: Իսկ հիմա, երբ վարակը արդէն մեծ աւերներ գործելու սպառնալիքի վերածուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, աւելի լաւ է խիստ, ազատութիւնները սահմանափակող, շատ աւելի կտրուկ միջոցներով օրէնքը պարտադրելու քալլեր առնուին Հայաստանի մէջ: Այո, մանաւանդ Հայաստանի մէջ: Քանի որ այստեղ դեռ եւս քաղաքացիներու որոշ հատուածի մը վարքագիծը ցոյց կու տայ, որ անոնք ո՛չ յարգանք ունին օրէնքին հանդէպ, ո՛չ ալ մտահոգ են իրենց եւ այլ քաղաքացիներու առողջութեամբ ու կեանքով:

Ամէն անգամ, երբ շուկայ կ’երթամ գնում կատարելու, ականատես կ’ըլլամ թէ ինչպէս բազմաթիւ քաղաքացիներ թքած ունին օրէնքի վրայ ալ, քաղաքացիներու առողջ ապրելու իրաւունքին վրայ ալ, մարդոց կեանքին վրայ ալ: Եւ այսպէս՝ խումբով հաւաքուած վարորդներ իրար սիկարէթ կը հրամցնեն, ձեռքով կատակներ կ’ընեն, ու դեռ՝ անպատկառ կերպով կը վիճին զիրենք կարգի հրաւիրող ոստիկաններու հետ: Անդին, գնում ընող որոշ մարդիկ թքած ունին հերթի կանգնելու եւ մի քանի քայլ հեռաւորութիւն պահելու յորդորին վրայ: Կը վարուին այնպէս, ինչպէս վարուած էին անցեալին՝ դիմացինի վիզին վրայ շնչելով, կամ հերթը հրմշտուքով ճեղքել անցնելով… սեւազգեստ երիտասարդներ, սիկարէթները բերաններէն կախած, խումբով հաւաքուած փողոցի անկիւնը՝ բարձրաձայն կը խօսին ու խնդան, ամորձիքները քերելով ու մերթ ընդ մերթ թքնելով…

Եթէ այս վարակը պիտի կանգնի, միակ ձեւը՝ ամէնախիստ միջոցներով մարդոց իրենց տուներուն մէջ պահել է, վարակուածներուն մեկուսացնել, եւ կասկածելիներուն՝ ինքնամեկուսացում պարտադրել: Իսկ եթէ պէտք է ժամանակաւորապէս ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները սահմանափակող օրէնքներ որդեգրել, որպէսզի պարտադրուի քաղաքացիներու տնային ինքնակամ կալանքը, ուրեմն այո՝ շատ արագ եւ շատ կտրուկ քայլերով Ազգային Ժողովը գործի պէտք է անցնի… Արդէն 10 օր է տուներու մէջ մենք մեզ բանտարկած ենք եւ այս պայմաններու տակ ի՞նչ իրաւունքի մասին է խօսքը եւ ի՞նչ խախտումի: Հիմա ամէնայն խիստ միջոցներով վարակի տարածումը կանխելու եւ աղէտէ խուսափելու ժամանակն է, ի գին մեծ զոհողութիւններու: Այսօր պիտի վճարենք մեր ազատութիւններէն զիջելով, այլապէս վաղը՝ մեր սիրելիներու կեանքի գինով պիտի վճարենք մեր տատամսումներուն համար…

Իսկ ժողովրդարութեամբ մտահոգները ի՞նչ ունէին ըսելիք Արցախի ընտրութիններուն մասին: Փոխանակ անհրաժեշտ օրէնքի մը որդեգրումին դէմ խօսելուն, աղմուկ աղաղակ պէտք է բարձրացնէին Արցախի այսօրուան ընտրութիւնները յետաձգելու համար: Մարդկային իրաւունքի խախտում չէ՞ հազարաւոր քաղաքացիներու առողջ ապրելու իրաւունքը խաթարելը: Խօսքը կը վերաբերի թէ՛ դիմադիրներուն եւ թէ՝ ընդդիմադիրներուն: Քանզի բոլորն ալ սիրելի եւ նախընտրելի թեկնածուներ եւ կուսակցութիւններ ունին Արցախի մէջ եւ բոլորն ալ՝ հաւասարապէս պատասխանատու են ընտրութիւնները չյետաձգուելուն համար:

Այս մասին, սակայն, այլ առիթով:

Րաֆֆի Տուտագլեան:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

ՅԳ. Սինկափուրը այսօր յայտարարեց, որ պատրաստ է այլ երկիրներու տալ հեռախօսով մարդկանց տեղաշարժին հետեւելու իր պատրաստած application-ը: Արցախի ընտրութիւնը չյետաձգած Հայաստանի իշխանութիւններուն կ’առաջարկեմ վայրկեան առաջ Սինկափուրէն բերել տալ այդ application-ը:

Մեկնաբանել