Լավրովը, Արցախը եւ նախկին ու նոր իշխանաւորները 

Նամակ երկրէն

Քանի որ Արցախի խնդրի լուծման վերաբերեալ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Ս. Լավրովի ելոյթը դարձեալ մեծ ուշադրութեան արժանացած է, ըսեմ, որ ես անձնապէս դրական կը վերաբերիմ այսպիսի յայտարարութիւններու շուրջ ստեղծուած աղմուկ աղաղակին, մանաւանդ երբ ան կու գայ ոչ-իշխանական շրջանակներէ:

Բոլորս ալ գիտենք՝ Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար յայտարարել, որ փոխզիջումներու պատրաստ չէ, որովհետեւ այդ տեսակի յայտարարութիւն բանակցութիւններու աւարտ կը նշանակէ եւ կը բարձրացնէ պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը։ Ընդդիմութիւնն ու ոչ-իշխանական շրջանակներն են, որ պիտի յայտարարեն այն, ինչը կառավարութեան համար անհնար է։ Ընդդիմութիւնը եւ ոչ-իշխանական ուժերը միայն կոշտ եւ անզիջող կեցուածք պիտի ունենան, ուրիշ ոչինչ…

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լավրովի յայտարարութեան բովանդակային մասին, զարմանալի ոչինչ կայ ատոր մէջ… Զարմացողները կամ խռֆած են, յիշողութեան կորուստի տագնապէ կը տառապին, կամ ալ Լավրովի յայտարարութիւնները կ՚օգտագործեն ներկայ իշխանութիւններու հետ իրենց հաշիւները մաքրելու։

Մեր ռազմավարական դաշնակից Լավրովի երկիրը չէ՞ր, որ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի հետ Մատրիտեան խայտառակ փաստաթուղթը իբրեւ լուծում առաջարկեց արցախեան հակամարտութեան կողմերուն։ Մատրիտեան սկզբունքները 7 շրջաններու վերադարձ էր՝ ինչ որ անյստակ ինքնորոշման հանրաքուէի դիմաց, ան ալ՝ ադրբեջանցի գաղթականներու վերադարձէն տարիներ յետոյ միայն։

Լավրովի երկիր Ռուսաստանը, մեր բազմադարեայ բարեկամը չէ՞ր Հայաստանէն հողային նոյնօրինակ ջիջումներ պահանջող Կազանի պայմանագիրը բանակցութիւններու սեղանին վրայ դնողը։

Լավրովի երկիրը նոյնինքն լավրովեան փուլային ծրագիրը մշակողն ու մեզի պարտադրել փորձողը չէր, ընդամէնը մի քանի տարի առաջ։

Առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ Ռուսաստանը այսօր արցախեան խնդրի կարգաւորման ծրագիր շրջանառութեան մէջ կը դնէ: Արցախեան տագնապի «լուծման» այս խայտառակ ծրագիրները վաղուց է որ մշակուած են ու վերախմբագրուած տարբերակներով կը հրամցուին հակամարտող կողմերուն, ունենալով Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի աջակցութիւնը։ Ոչ մէկ նորութիւն կայ ասոր մէջ։

Միակ նորութիւնը այն է, որ թէ՛ Մատրիտի, թ՛է Կազանի, թէ լավրովեան տարբերակները բացայայտօրէն ընդունած նախկին իշխանաւորներն ու լռութեամբ հաւանութիւն յայտնած անոնց լծակից-դաշնակիցները այսօր յայտնուած են ընդդիմադիր դաշտին մէջ ու կը քննադատեն իշխանութիւնները՝ պարտուողական համաձայնագրի շուրջ բանակցելուն համար: Եւ այս, հակառակ անոր, որ իշխանութիւնները բացայայտօրէն կը յայտարարեն, թէ լուծման առաջարկուած տարբերակները իրենց համար բանակցութեանց առարկայ չեն կրնար ըլլալ։

Ըսի արդէն, որ բոլոր ոչ-իշխանական ուժերը կարծր դիրք պէտք է ունենան եւ քննադատեն բանակցութիւններու ոեւէ զիջողական փաստաթուղթ։ Բայց եկուր եւ տես, որ փոխզիջումներ կատարելու բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած նախկին իշխանաւորները, քննարատութեան իրենց սլաքը սխալ տեղ կ՚ուղղեն…

Քննադատութիւնը առաջին հերթին որո՞ւն պէտք է ուղղուի՝ Ադրբեջանին մասսայական բնաջնջումի զէնքեր տրամադրած Ռուսաստանի արտգործանախարարին, թէ՞ նոյն նախարարի արցախեան չափազանց վտանգւոր ծրագիրներուն ընդդիմացող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան:

Քննադատութիւնը նախ ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է երթայ՝ 1994-էն ի վեր Հայաստանը ամբողջութեամբ շրջափակած Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ զարգացնող Ռուսական նէո-ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը մշակողներուն, թէ՞ այդ քաղաքականութեան դէմ պայքարողներուն:

Վերջապէս բայց ոչ վերջինը, քննադատութեան սլաքը ո՞ր կողմ տանիլ, կոպեկներու դիմաց Հայաստանի ռազմավարական բոլոր կառուցուածքներն ու ենթակառուցուածքները, հաստատութիւններն ու հիմնարկները Ռուսաստանին բառացիօրէն սկիւտեղի վրայ յանձնած նախկին չընտրուած իշխանաւորներուն, թէ՞ նոյն այդ քաղաքականութեան հետեւանքներէն ձերբազատիլ փորձող ներկայ ազգընտիր իշխանութիւններուն: Անգլերէն խօսք մը կայ, որ կ’ըսէ “don’t put all your eggs in one basket”, այսինքն բոլոր ձուերը մէկ կողովի մէջ մի՛ դներ: Իսկ նախկին իշխանաւորները ազգին ձուերն ալ, իրենց ամորձիքներն ալ տարին դրին հիւիսի արջի ամենակուլ զամբիւղին մէջ, հակառակ իրենց յայտարարած, բայց ամբողջութեամբ երբեք չիրագործած «կոմբլիմէնտար» արտաքին քաղաքականութեան:

Եկեք ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք: Ի՞նչ կ’ուզէ Լավրովը Հայաստանէն եւ ի՞նչ կ’ուզէ Ադրբեջանէն: Որքան ալ Հայաստանը փորձէ Ռուսաստանին անմնացորդ ինքնամատուցուելու ճամբով հայանպաստ քաղաքականութիւն կորզել Քրեմլինէն, միեւնոյնն է, փախուստ չկայ, Մոսկուան չի կրնար նկատի չառնել Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ հետ կապուած իր բազմատեսակ ու բազմաշերտ շահերը: Այդ շահերուն զոհ գացած են Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը անցեալին, զոհ կրնան երթալ այսօր, զոհ կրնան երթալ ապագային, որքան ալ քոսոտ քծնանքի շողոքորթ պատգամներ ուղարկուին Երեւանէն դէպի Մոսկուա: Հայաստանը Իսրայէլ չէ՛, ոչ ալ Ռուսաստանը՝ Ամերիկա: Իսկ մենք դեռ չենք տեսած, ո՛չ անցեալին եւ ոչ այսօր, ոեւէ հայ ղեկավար կամ քաղաքագէտ, որ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու «ամբողջական ենթակայութիւն՝ նուազագոյն գոյութեան մը երաշխիքի համար» բանաձեւէն զատ այլ լուծում կամ մօտեցում առաջարկէ:

Իսկ երբ Հայաստանի քաղաքական դաշտի հին ու նոր գործիչներուն համար Ռուսաստանը նաեւ սեփական իշխանութեան երաշխաւորն է, ու նամանաւանդ նախկիններուն համար՝ սեփական բարեկացութիւնը ապահովագրողը, արդէն գրեթէ անհնար կը դառնայ Ռուսաստանի ոչ-հայանպաստ քաղաքական կեցուածքներուն դէմ խիստ դիրքորոշում որդեգրելը: Սա, երեւի, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ամենաողբերգական էջն է, իսկ Արցախի խնդրի համար՝ ամենավտանգաւոր ազդակը: Ի վերջոյ, սեփական ապօրինի իշխանութեան լեգիտիմութեան շղարշ տալու դիմաց՝ աթոմակայանը, երկաթգիծը, հեռախօսակապը, ինթերնեթը, գազը, ելեկտրականութիւնը, Հրազդան ելեքտրակայանը, Մերգելեանն ու գիտական ինստիտուտները Ռուսաստանին կամ ռուսական բիզնեսներուն յանձնող ղեկավարները «մի կտոր» Արցախի հող ալ կը դնեն Մոսկուայի տրամադրութեան տակ: Այս մարդոց համար ի՞նչ տարբերութիւն կայ՝ անշարժ է գոյքը, թէ շարժական…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել