Հրաշալիներու վերադարձը

Նամակ երկրէն

2014-ին, այսպէս կոչուած ոչ-իշխանական ուժերը, Սերժ Սարգսեանի դէմ ընդդիմադիր ճակատ ստեղծելու աննախադէպ նախաձեռնութիւն մը կատարեցին: Նախաձեռնութեան անպաշտօն կնքահայրը Լեւոն Տէր Պետրոսեանն էր, «Հրաշալի քառեակ» յայտնի իր բանաձեւով։ Երկրի մէջ փոփոխութիւններ, բայց խորքին մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու նպատակով իրար քով եկան 4 խորհրդարանական կուսակցութիւններ՝ Բարգաւաճ Հայաստանը, Հայ Ազգային Գոնկրէսը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը։ Չորսի կեդրոնական դէմքը՝ գործարար Գագիկ Ծառուկեանն էր։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան սկսած էր Ծառուկեանը ներկայացնել որպէս ազգի փրկիչ, ազատարար։ Իր ելոյթներուն ընթացքին, Հայաստանի առաջին նախագահը գովասանքի շռայլ խօսքերով կ՚անդրադառնար Ծառուկեանին եւ զայն կը համեմատէր մէկ այլ մեծահարուստի մը՝ Վրաստանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացուցած Իւանիշվիլիի հետ։

Չորս կուսակցութիւններով միասնական ճակատ կազմելու քայլը բաւական լուրջ մտահոգութիւն պատճառեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Ազատութեան հրապարակի վրայ, 2014-ի գարնան, սկսած եւ աշնան թափ հաւաքած «հրաշալի»ներուն հանրահաւաքները օրէ օր աւելի բազմամարդ կը դառնային։ Ծառուկեանը ունէր անսահման հարստութիւն՝ ֆինանսաւորելու ընդդիմադիր այս նոր շարժումը։ Ռուսաստանի համար վտանգ չկար այս նոր համախմբումին մէջ, բոլորն ալ հակակշռելի ուժեր էին, միակը, որ կրնար «գլխացաւանք» ըլլալ, Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի ղեկավարած «Ժառանգութիւն»ն էր, բայց նորէն՝ կառավարելի: Ռուսաստանի համար այս շարժումը յաւելեալ առիթ մըն էր բարձրացնելու ճնշումը Հայաստանի վրայ, եւ թէ՛ Արցախի, թէ՛ նոր կազմաւորւող Մաքսային Միութեան անդամակցութեան կապակցութեամբ՝ զիջումներ կորզելու Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած իշխանութենէն: Սերժ Սարգսեանը մտահոգուելու իրապէս լուրջ, շատ լուրջ պատճառ ունէր…

Աշնան, Քառեակը մարդաշատ հանրահաւաքներ կազմակերպեց Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Ազատութեան հրապարակին ցոյցերու ընթացքին նոյնիսկ յայտարարեցին «Թաւշեայ յեղափոխութեան» մեկնարկին մասին: Յայտնի էր, որ Ծառուկեանին կ’աջակցէին ոչ միայն Քառեակի ուժերը, այլեւ՝ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը: Ան դէմ էր Սերժ Սարգսեանի յայտարարած «սահմանադրական փոփոխութիւններուն»: Հաւանաբար կը նախազգար, որ Սարգսեան իր այս նախաձեռնած փոփոխութիւններով պիտի կանխէր երկրորդ նախագահի քաղաքական փառասիրութիւնները: Չէ՞ որ Քոչարեան յայտարարած էր, թէ ինք չէր ուզեր ըլլալ Հայաստանի ամենաերիտասարդ թոշակառուն…

Երկու անգամ խարդախ ընտրութիւններով նախագահի աթոռը գրաւած, ժողովրդականութենէ զուրկ, տնտեսական լուրջ տագնապ դիմագրաւող Սերժ Սարգսեանին կը մնար արագ կողմնորոշուիլ եւ կանխել այս շարժման յաջողութեան որեւէ հնարաւորութիւն: Եւ Հայաստանի չընտրուած նախագահին քայլերը չուշացան: Նախ, ան դիմեց «բաժնէ, որ տիրես»ի եւ «carrot and stick» յայտնի մեթոտներուն: ՀՅԴի հետ քուլիսներու ետին տարուող բանակցութիւններով, ան յաջողեցաւ կուսակցութիւնը հեռացնել «Հրաշալի քառեակ»էն, փոխարէնը խոստանալով հրաժարիլ հայ-թրքական արդէն իսկ մեռած արձանագրութիւններէն, իսկ ծրագրուած սահմանադրական բարեփոխումներով՝ ընդունիլ ՀՅԴի նախընտրած խորհրդարանական կառավարման տարբերակը, եւ յետոյ՝ ձեւաւորել կոալիցիոն կառավարութիւն:

Հայ-թրքական հաշտեցման արձանագրութիւններուն առիթով հակա-Սերժ Սարգսեան տրամադրութիւնները բացայայտ էին ՀՅԴի մէջ, մանաւանդ Սփիւռքի շրջանակներէն ներս: Բացայայտ բացասական տրամադրուածութիւն կար նաեւ Հայաստանի մէջ, երկրի ընդհանուր վիճակին, փտածութեան եւ տիրող անարդարութիւններուն պատճառով: Բայց արձանագրութիւններէն հրաժարելու եւ Սահմանադրութեան ընդունումով համակարգային փոփոխութիւններ կատարելու խոստումը բաւարար էր, որ ՀՅԴ հայաստանեան ղեկավարութիւնը իր շարքերուն, բայց մանաւանդ Սփիւռքի սկեպտիկներուն արդարացնէ ընդդիմադիր ճակատէն հրաժարելու եւ Սերժ Սարգսեանին հետ վերստին դաշնակցելու իր քայլը: Իրականութեան մէջ, ՀՅԴի տեղական ղեկավարութիւնը երբեք լուրջ ընդդիմութիւն չէր եղած Սերժ Սարգսեանին եւ տարբեր մակարդակներով՝ պահած էր կապերն ու յաճախակի շփումները: Հոկտեմբեր 2013-ին, ՀՅԴն յայտարարեց Քառեակէն հեռանալու իր որոշումը:

Այսպէս, Դաշնակցութիւնը հեռացնելով Հրաշալի քառեակէն, Սերժ Սարգսեանը ոչ միայն ընդդիմութեան ճակատը մասնատելու իր առաջին քայլը առաւ, այլեւ՝ սկիզբ դրաւ ընդդիմութիւնը ամբողջովին չէզոքացնելու իր յաղթարշաւին: Թէեւ Դաշնակցութեան Քառեակէն հեռացումը ազդեցութիւն չունեցաւ հանրահաւաքներու մարդաշատութեան եւ արդիւնաւէտութեան վրայ, բայց եւ խորհրդանշական էր՝ ընդդիմութեան միասնութիւնը փլուզելու առումով: Մինչ Եռեակ դարձած ընդդիմութիւնը Ազատութեան հրապարակէն եւ այլ ամբիոններէն կը յայտարարէր իշխանափոխութեան իր նպատակին մասին եւ կը խարազանէր Սերժ Սարգսեանի ներքին քաղաքականութիւնը, ներառեալ՝ սահմանադրական փոփոխութիւնները, Հայաստանի երրորդ նախագահը այլ բան կը պատրաստէր ընդդիմութեան եւ անոր գլխաւոր դէմքը դարձած Գագիկ Ծառուկեանին համար:

2015 Փետրուար 12-ին, Հանրապետական կուսակցութեան Խորհուրդի նիստին, որ կենդանի կը սփռուէր ամբողջ Հայաստանով, Սերժ Սարգսեանն ու իր թիմակիցները իրենց ելոյթը ամբողջութեամբ նուիրեցին Գագիկ Ծառուկեանին: Սարգսեան յայտարարեց, որ «Գագիկ Ծառուկյան քաղաքական դերակատարը երկրի համար դարձել է չարիք»: Յիշեց Ծառուկեանի քրէական գործունէութեան մասին «օդում կախուած եւ չստուգուած» տեղեկութիւնները, բարեգործական ծրագիրներու տակ անոր կատարած յանցագործութիւնները: «Տարիներ ի վեր շարունակում են օդում կախված մնալ չստուգված լուրերը չմուծված միլիարդավոր դրամ հարկերի, տարեցների կենսաթոշակներից ու երիտասարդների կրթվելու իրավունքից գողացված միլիարդները չնչին, այսպես ասած, «բարեգործության» անվան տակ քողարկելու մասին: Ես հորդորում եմ Հայաստանի Հանրապետության վարչապետին՝ հանձնարարել համապատասխան մարմիններին մինչև վերջ ու մանրամասն ստուգել այս լուրերի իսկությունը և բաց ներկայացնել բոլորին», յայտարարեց Սերժ Սարգսեան եւ յիշեցուց, որ ինք արգիլած էր «Դոդի Գագո» ծաղրանունի օգտագործումը եւ հիմա արդէն այդ արգելքը… հանուած է:

Սերժ Սարգսեանի համար, Գագիկ Ծսառուկեանը ամենանախընտրելի ընդդիմադիրն էր, քանի որ արդէն ամբողջութեամբ հակակշռելի էր, լաւ սորված էր իր դասը՝ իշխանութեան պարտադրած քաղաքական խաղի կանոնները, ունէր օգտագործելի ֆինանսատնտեսական հսկայական միջոցներ եւ լաւագոյն ձեւով կրնար ստանձնել շինծու ընդդիմադիրի պաշտօնը

Ազդանշանը տրուած էր: Սերժ Սարգսեան գտած էր Ծառուկեանի ամենաթոյլ կողմը՝ տնտեսական իր ոչ-թափանցիկ գործունէութիւնը եւ ոչ այնքան մաքուր անցեալը… Ծառուկեան հատած էր իրենց համար ճշդուած սահմանը եւ խախտած՝ խաղի օրէնքները: Իշխանութիւններու թոյլտւութեամբ ան ունէր, թէկուզ եւ ոչ օրինաւոր ճանապարհներով, տնտեսական կայսրութիւնը ընդարձակելու բոլոր արտօնութիւնները: Ունէր նաեւ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու եւ ընդդիմութիւն խաղալու դաշտ, բայց՝ միայն ու միայն իշխանութիւններու ճշդած սահմաններուն մէջ: Հիմա արդէն կարմիր քարտ կը ստանար եւ ամէնէն նուաստացուցիչ կերպով դուրս կը դրուէր քաղաքական խաղադաշտէն, Հայաստանի տնտեսական իր կայսրութիւնը կորսնցնելու ռիսկին հետ միասին: Ծառուկեանին բան չէր մնար, բացի ենթարկուելէ Սերժ Սարգսեանի հրահանգին եւ ժամանակաւորապէս հեռանալու քաղաքական բեմէն:

Ընդդիմութեան ջախջախումով, Սերժ Սարգսեան արդէն ազատ-համարձակ Սահմանադրութեան հանրաքուէն կեղծիքներով պարտադրելու եւ իր իշխանութիւնը երկարաձգելու ճամբան հարթած էր: Իսկ Ծառուկեանին կը մնար ընդունիլ իր պարտութիւնը: Քանի մը ամիս բեմէն անհետանալէ ետք, ան վերստին հաւատարմութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեանին, եւ իրաւունք ստացաւ քայլ առ քայլ վերադառնալու քաղաքական բեմ: Սերժ Սարգսեանի համար, Գագիկ Ծսառուկեանը ամենանախընտրելի ընդդիմադիրն էր, քանի որ արդէն ամբողջութեամբ հակակշռելի էր, լաւ սորված էր իր դասը՝ իշխանութեան պարտադրած քաղաքական խաղի կանոնները, ունէր օգտագործելի ֆինանսատնտեսական հսկայական միջոցներ եւ լաւագոյն ձեւով կրնար ստանձնել շինծու ընդդիմադիրի պաշտօնը… Ծառուկեանը, այդպէս, լուր ու մունջ, նուաստացած բայց յայտնի ժպիտը դէմքին, պարտադրաբար ենթարկուեցաւ Սերժ Սարգսեանի քաղաքական խաղի կանոններուն, փոխարէնը ստանալով տնտեսական գործունէութիւնը անխափան շարունակելու իրաւունք, մինչեւ… յեղափոխութիւն:

Այս մասին՝ այլ առիթով:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել