Այս հարցումը ընդհանրապէս կը տրուի ինք իր կամքով տեղ մը գացողին: Մեր պարագային աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարցնել. «Ո՞ւր կը գտնուինք»:
Հարցումի մը պատասխանը փնտռել կը նշանակէ ըստ այդ պատասխանին որոշում մը առնել:
Եթէ «Ո՞ւր հասանք» հարցնելու իրաւունք չունենալը ցաւալի է, ապա ողբերգական է գիտակցիլ թէ մեր ստանալիք կամ չստանալիք պատասխանը մեր իրավիճակէն բան մը փոխելու պիտի չկարենանք ծառայեցնել, որովհետեւ ՄԵՆՔ ՄԵԶ ԱՐԳԵԼԱԿԱԾ ԵՆՔ ի սկզբանէ… Որովհետեւ ոչ մէկ պարագայի համար չենք կրցած մտածել թէ ի՞նչ պէտք է ընենք, աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ կրնանք ընել… Չենք նախապատրաստուած:
Ո՞ւր կը գտնուինք:
Ո՞վ գիտէ:
Քանի հայ գաղթած է գաղութէն. Ոչ ոք գիտէ: Դպրոցական աշակերտներու թիւէն կարելի է ենթադրութիւններ ընել միայն:
Կը յիշենք Մուսուլի քրիստոնեաները: Ամէնէն շատ հալէպահայերը կը յիշեն Մուսուլի քրիստոնեաները, աւելի ճիշդ երբեք չեն մոռնար զանոնք, որովհետեւ հալէպահայերու մտքին եւ հոգւոյն մէջ սկսած է բոյն դնել նոյն ճակատագրին ենթարկուելու վախը: Սկսած ենք ենթադրել թէ մեզ թիրախ առնող հաուները (հռթիրներ – ՍիվիլՆէթ) մեզի կը հասկցնեն, թէ պէտք է լքենք Հալէպը, հեռանանք Սուրիայէն: Ամէն մէկ զոհի հետ այս միտքը առաւել եւս կ’ամրապնդուի մեր մէջ, կը դառնայ մտասեւեռում, կ’իշխէ մեր ամբողջ էութեան վրայ…
«Անտէր ենք» կը մտածենք: Իրա՞ւ անտէր ենք:
Անցեալ շաբաթ Նոր Գիւղ գացած էի, Զաւարեան դպրոցի թաղը, հազիւ ծանօթ դեղարան մը մտած էի, երբ ահաւոր պայթում մը լսուեցաւ. հաուն էր՝ մեզմէ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ, բեկորներ հասան նաեւ դեղարանի մուտքին. դուրս նայեցայ, փոշին ծածկած էր ամբողջ թաղը, վառօդի հոտը լեցուած էր օդին մէջ: Մարդ մը՝ հայ մը, վազելով եկաւ դեղարան, դեղագործը անմիջապէս գործի անցաւ, իյոտով լուաց արիւնլուայ գլուխն ու դէմքը եւ հանգստացուց սարսափէն ինքզինքը կորսնցուցած մարդը, ըսելով որ թեթեւ են ստացած վէրքերը. Վիրաւորը ուրախ շունչ մը քաշեց:
-Շտապ օգնութիւն կանչեցէք,- լսուեցաւ միեւնոյն ատեն:
Եւ հաւատացէք երկու վայրկեան հազիւ անցած էր, լսուեցաւ շտապ օգնութեան մեքենայի ձայնը, որուն վրայ արաբերէնով եւ հայերէնով գրուած էր «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան»: Շտապ օգնութեան մեքենան վիրաւորները տարաւ հիւանդանոց:
Ապահով զգացի ինքզինքս, եւ սփոփանք գտայ, ուրեմն մեր տղաքը արթուն են, պատրաստ ամէն վայրկեան հասնելու հոն, ուր պէտք են:
Քիչ ետք ուրախութիւն զգացի երբ նկատեցի որ ճիշդ դեղարանին մօտիկը տեղադրուած անցարգելի հայ տղաքը օտար անցորդներու անձագիրները կը ստուգեն. Ուրեմն մեր տղաքը զգօն են, խուճապի չեն մատնուած…
… Հաուները կը շարունակուին. զոհեր կան.
– Մե՜ղք,- կ’ըսէ մէկը.- Ի՛նչ լաւ մարդ էր, բարի, ազնիւ…
-Մեղք,- կըսէ, ուրիշ մը, ի՛նչ գեղեցիկ էին, ի՛նչ բարի, երկուքն ալ նորահարս.. մեռա՛ն, գացին…
Կը տեսնէք որ արդէն բոլոր մեռելները ծանօթ են ողջ մնացածներուն. տեսած ենք զիրար եւ իրար դէմքերը կը յիշենք, այնքան որ սեղմ դարձած են մեր յաճախած վայրերը, այնքա՜ն որ նուազած է մեր թիւը…
Եւ «Պետական զօրքերը կը պատրաստուին ամբողջ Հալէպէն վտարել զինեալները» շրջող լուրէն ծագած քանի մը օրուայ լաւատեսութիւնը քանիերորդ անգամ ըլլալով տեղի կու տայ յուսահատութեան.
Յուսահատութիւնը իր հետ կը ցցէ բոլորիս մտքի բուն հարցումը՝ -Ո՞րն է ճիշդը, երթալը թէ՞ մնալը, իսկ եթէ զաւակներուս բան մը պատահի՞, ինչպէ՞ս պիտի ապրիմ.. կը խենթանամ…
-Մեզի՝ «ձգեցէ՛ք, գացէ՛ք», կ’ըսեն. -Չենք հասկնար:
Մէկը կ’ըսէ.-Օր պիտի գայ որ պիտի փախչինք մեր տուներէն, հետերնիս բան մը պիտի չկրնանք տանիլ:
-Ես կ’իսլամանամ,- իր մտադրութիւնը չի թաքցներ մէկը.- Հարազատներս փրկելու համար կը փոխեմ կրօնս:
Երթալ-չերթալու, կրօնափոխ ըլլալ-չըլլալու մտային այս չարչկումները անորոշութեան արդիւնք են, որոնք վերջ ի վերջոյ կ’աւելցնեն գաղթողներու թիւը: Առաջ միայն ունեւորներն ու բոլորովին բան չունեցողները կ’երթային, իսկ մնացածներէն շատերն ալ կը սպասէին (դեռ մինչեւ հիմա սպասողները շատ են) որ խաղաղութիւն տիրէ եւ իրենց ունեցած տունը կամ խանութը վերարժեւորուի, որպէսզի կարենան գաղթել. հիմա օրէ օր կը նուազի սպասողներուն թիւը, թէեւ ոմանց ճամբորդութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ ունի, «ամառը պզտիկները քիչ մը հանգիստ թող ընեն, հաուներու ձայները չլսեն»ի մտածումով: Առաջին տաս հազարն ալ ժամանակաւոր չգացի՞ն:
Վերադարձա՞ն: Ո՞ւր վերադառնան:
Մնացածները թող երթա՞ն: Ո՞ւր երթան, ինչպէ՞ս երթան:
Հապա եթէ Մուսուլի քրիստոնեաներուն նման…
Աստուած իմ, ինչո՞ւ չենք մոռնար Մուսուլի քրիստոնեաները: Ինչպէ՞ս մոռնանք երբ մեզմէ քանի մը մեթր անդին մուսուլցիները քշողներու նմանները կան: Եագուպիէն, Թէլ Ապիատը, Րաքքան մեզմէ քանի՞ մեթր հեռու են, այդ տեղերու հայերը խո՞րթ են մեզի:
Ո՞ւր կը տանին մեզ մեր ոլորտապտոյտ մտորումները. Կը մոռնա՞նք Նոր Գիւղի արթուն եւ զգօն հայ տղաքը, որոնք գիշեր ցերեկ կը հերթապահեն եւ կը հսկեն մեր ապահովութիւնը: Այս տղոց կողքին եթէ յիշենք նաեւ պարբերաբար տրամադրուող սննդեղէնը, ամբողջովին կամ մասնակի քանդուած բնակարաններու տանտէրերուն յատկացուած անմիջական դրամական օգնութիւնները, հիւանդներուն եւ վիրաւորներուն եղած բժշկական օգնութիւնները, պէտք է յանգինք այն եզրակացութեան որ կայ հաւաքական կամք այս ամբողջը համակարգելու եւ նուազագոյնը՝ հաւաքականօրէն գոյատեւելու:
Սակայն այս բոլորը շատ քիչ են, մենք պէտք ունինք հաւաքական գործողութիւններու, հաւաքականօրէն առնելիք վճռական քայլերու: հերի՛ք է ամէն մէկս դէպքի մը կամ պատահարի մը ազդեցութեան տակ վարուինք պատահական կերպով, յանկարծակի առնուած որոշումով. ժողովուրդը պէտք ունի իր իմաստուն այրերուն, ժողովուրդը կ’ուզէ զանոնք լիազօրել եւ հետեւիլ անոնց առնելիք եւ տալիք որոշումներուն, ժողովուրդը պէտք ունի պատասխանատուութիւն շալկելու ատակ իր արի հոգու տէր այրերուն…
Այս Մտասեւեռումը գամուած կը մնայ ուղեղիս մէջ՝ մեր ուղեղներուն մէջ:
Մանուէլ Քէշիշեան, Հալէպ