«Երեւանը Հալէպ չէ՛», սակայն․․․

Յուլիս 20-21-ի գիշերը հասայ Երեւան: Թաքսիին մէջ ռատիոյէն սիրտ կսկծացնող ցաւով տեղեկացայ, թէ քիչ առաջ «Խորենացի» փողոցին մէջ ոստիկանութիւն-ցուցարարներ ընդհարման հետեւանքով վիրաւորուած են 45 հոգի: Վարորդը հայհոյեց ոստիկաններուն:-Ինչո՞ւ ոստիկաններուն. որովհետեւ դժգոհ էր իշխանութիւններէն:

«Սասնայ Ծռեր»ու ոդիսականը տեւեց տասնհինգ օր: Այս տասնհինգ օրերու ընթացքին փորձեցի հասկնալ թէ ինչո՞ւ Արցախեան ազատամարտիկներ դիմած են անցանկալի ողբերգական հետեւանքներով լի զինեալ ծայրայեղ այս քայլին, եւ որովհետեւ «եզրակացութիւններ կատարելու» ժամանակ է՝ համոզում գոյացուցի.

-ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՅԼ ԵԼՔ ՉԷ՛ ՄՆԱՑԱԾ:

Ընդամէնը տաս օրեր առաջ Հալէպէն եկածս իրաւունք ունի՞մ գլխագրերով այսպիսի նախադասութիւն արձանագրել:

Անմիջապէս ըսեմ, որ իմս պարզապէս արձանագրել է, արձանագրել այն՝ ի՛նչ եզրակացութեան հասած է Հայաստանի բնակչութիւնը. ՊՊԾ-ի գրաւման ամբողջ ընթացքին համայն ժողովուրդը կը դրուատէր «Սասնայ Ծռեր»ու հերոսական արարքը, որ կ’արտայայտէր, իր դժգոհութիւնը, դժգոհութիւնը տնտեսական, քաղաքական, սահմաններու պաշտպանութեան ողբերգական վիճակէն. արարք որ կ’արտայայտէր ժողովուրդի հաւատքին կորուստը հանդէպ երկրի ղեկավարները (իմա ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐԸ), որոնք տէրն ու տիրականը դարձած էին ազգաբնակչութեան, որոնք ժողովուրդին հետ կը վարուէին քմահաճօրէն եւ կը մնային անպատիժ՝ օրէնքէն վեր, մէկ խօսքով Կ’ԻՇԽԷԻՆ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԷԻՆ : Տեսայ, շօշափեցի նաեւ ժողովուրդի հաւատքին կորուստը ընդդիմութեան հանդէպ, քաղաքական բոլոր ուժերուն հանդէպ. կատարուած եւ կատարուելիք նախագահական եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն հանդէպ. ուրեմն այլ ելք չէր մնացած:

Տխրալի են այս բոլորը, նոյնքան տխրալի է այն որ այս դժգոհութիւնները համեմուած էին չյագեցող անարգալի հայհոյանքներով, որ սակայն մերժելի ըլլալով հանդերձ հասկնալի է. հայհոյանքը արդիւնք է կուտակուած մաղձի:

Եւ.

–Հայը հայուն դէմ զէնք բայձրացնելու իրաւունք չունի.- խօսքին պատասխանը համոզիչ էր.

-Հա՞յ է հայ ժողովուրդը ամէն րոպէ անարգողը, հա՞յ է Հայաստանցին կեղեքողը, ամէն րոպէ անպատուողը, Հայաստանի քաղաքացին սպաննող անպատիժ մնացողը, «Իշխանաւոր» դարձած երկրին ծառայելու կոչուած պետական այրը հա՞յ է… ժողովուրդի հաշուին միլիարդներ դիզողը հա՞յ է՝ երբ երկրի պարտքերը նշող միլիարդներու թիւը կ’ուռճանայ… երբ երկիրը իր սահմանները պաշտպանելու համար զէնք գնելու հնարաւորութիւն չունի…

Հայաստանցին ինձմէ շատ աւելի լաւ գիտէ, եւ ես Հալէպաբնակ «օտար»ս վերջին մարդն եմ որ պէտք է գրեր այս մասին, մանաւանդ որ սովորութիւն չունիմ չգիտցածիս կամ չհասկցածիս մասին գրելու կամ խօսելու:

Սակայն. «…Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ. Նախորդ դարաշրջանի սառը պատերազմի տարիների լուծումները թող ոչ ոք չփորձի Մերձաւոր Արեւելքից ներմուծել Հայաստան…»:

……………………….

Այս բազմակէտերը իմ շշմելուս արտայայտութիւնն են, անկեղծօրէն ըսեմ չհասկցայ հանրապետութեան ամենաբարձր ամպիոնէն արտասանուած այս բառերուն իմաստը. տարակուսեցայ՝ ճի՞շդ լսեցի արդեօք…

Երեւանը մայրաքաղաք է, Պէյրութը մայրաքաղաք է, Սուրիոյ պարագային Դամասկո՞ս պէտք է ըսուէր արդեօք: Ինչո՞ւ Հալէպ, որովհետեւ Հալէպը հայաշա՞տ քաղաք է, որովհետեւ բազմաթիւ Հալէպահայե՞ր կան այսօր Հայաստանի մէջ. սակայն ի՞նչ գործ ունին Հալէպահայերը նախորդ դարաշրջանի պաղ պատերազմի լուծումներուն հետ, Արդեօ՞ք ակնարկը կ’երթայ Հայկական հարցը կենդանացնելու միտումով զէնքի դիմած «Գաղտնի բանակ»ի կամ «Արդարադատութեան մարտիկներ»ու տղոց, եթէ այդպէս է, ապա անձամբ հպարտ եմ որ այդ տղոց մէջ քիչ չէր թիւը Հալէպահայերուն, որոնք գիտակցաբար իրենց կեանքը զոհեցին բոլորին նաեւ մեզի՝ հայերուս ազդարարելու որ դատ մը ունինք, եւ թէ պահանջատէր պէտք է մնանք: Այդ օրերու Հայկական պետականութենէ զուրկ Հայաստանի այսօրուայ անկախ մայրաքաղաք Երեւանի բոլոր փողոցներուն մէջ կը տեսնենք այդ տղոց ներդրումը՝ «Յիշում եմ, պահանջում եմ»ին մէջ:

Հալէպահայը դեր ունեցա՞ծ է Սուրիոյ մէջ հինգ տարի առաջ ի խնդիր ընկերային, դասակարգային, համայնքային հաւասարութեան ազնիւ միտումով սկսած անզէն յեղափոխութեան մէջ: Ո՛չ, բացարձակապէ՛ս ոչ: Հալէպահայը չի հաւատար զէնքով հարցերու լուծումին, զէնքի գործածուծութիւնը աւելի շատ աւեր կը բերէ քան որեւէ այլ ինչ: Հալէպահայը չէզոքութիւն պահպանած է զարգացող դէպքերուն հանդէպ, յաւակնելով նոյնիսկ օր մը հաշտարար միջնորդի դեր խաղալ կողմերուն միջեւ, թէեւ այդ չէզոքութիւնը երբեմն սխալ թարգմանուած է կարգ մը ընդդիմադիրներու կողմէ եւ այսօր քաղաքացիական, շրջանային, համաշխարհային զինեալ բախումներու թատերավայրի վերածուած Սուրիոյ մէջ կան հինգ հարիւր հազարէ աւելի զոհեր, կան միլիոնաւոր գաղթականներ, քանդուած քաղաքներ եւ գիւղեր, այս բոլորին մէջ յանցաւոր է նաեւ իշխանութիւնը, որուն օդանաւերն ու թնդանօթները կ’աւերեն երկիրը եւ թէական կը մնայ Սուրիոյ նախագահին պնդումը՝ իբր, եթէ իշխանութիւնները չդիմէին առնուած քայլերուն զոհերուն թիւը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար:

Այս սարսափելի թիւերուն մէջ մեր տեղն ունինք նաեւ մենք, աւելին, ամէնէն շատ տուժողներէն մէկը Հայն է՝ Հալէպահայը, որովհետեւ հարցականի տակ է իր գոյութիւնն իսկ ապագայի Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ այլեւս Հալէպահայութիւնը դադրած է հզօր գաղութ ըլլալէ, եւ տակաւին օրեցօր կը նօսրանայ ու պիտի շարունակէ նուազիլ մեզի համար այնքա՜ն կարեւոր գաղութ կազմողներուն թիւը:

Հոս պէտք է շեշտել նաեւ որ Հալէպահայերու գաղթով մեծապէս պիտի տուժէ նաեւ Հալէպը որ պիտի զրկուի մեղուանման այս փոքրամասնութեան ներկայութենէն:

Հալէպահայութիւնը ունի հարուստ պատմութիւն, Հալէպի մէջ Ս. Աստուածածին եւ Քառասուն Մանկաց եկեղեցիներուն կից դպրանոց ունեցած ենք դեռ 15-րդ դարուն (ուսումնասիրողներ կան որոնք կը նշեն 14-րդ դարը) ուր գրիչներ հայերէնով ձեռագրեր գրած են, «վաճառաշահ» Հալէպի մէջ գործած են Ջուղայեցի հայ վաճառականները, 16-րդ դարուն Պետրոս եւ Սանոս Չէլէպի եղբայրները Հալէպի եւ Իզմիրի մէջ ներկայացուցիչները եղած են եւրոպական պետութիւններու: Նորագոյն պատմութեան մէջ արհեստները Հալէպ բերած են հայերը, քիչ չէ թիւը երկիրը կառուցող հայ ճարտարապետներուն, շինարարներուն. հիւանդանոցները արդիական գործիքներով օժտող առաջին բժիշկները հայեր եղած են, որոնցմէ մէկուն՝ բժշկապետ Ասատուր Ալթունեանի անունը կը կրէ Հալէպեան կեդրոնական փողոց մը: Մշակութային բոլոր ասպարէզներու մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են Հալէպահայ արուեստագէտները:

Այս բոլորին հետ եւ այս բոլորէն անկախ պէտք է նշել որ Սուրիահայերու, որոնց շարքին Հալէպահայերու գլխաւոր յատկանիշն է ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՝ հաւատարմութիւնը ազգային իր աւանդութիւններուն, գործի մէջ իր անխարդախ ըլլալուն, ընկերային կեանքի մէջ անբասիրութեան պահպանման, հաւատարմութիւն իր եկեղեցիին, Հաւատարմութիւն ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԵՒ ԻՐ ԱՊՐԱԾ ԵՐԿՐԻՆ:

Այսօր, Սուրիոյ վեցերորդ տարին թեւակոխած պատերազմի օրերուն, տակաւին Հալէպի մէջ կան տաս հազարի չափ հայեր, որոնց մէջ քիչ չէ թիւը ամէ՛ն պարագայի հոն մնալ որոշողներուն, մնալ եւ տէր կանգնիլ հայու արիւնով ու քրտինքով կառուցուած մեր հարստութիւններուն, որոնք համահայկական ժառանգութեան անփոխարինելի մէկ մասնիկն են: Այսօր Հալէպի մէջ իրենց դռները բաց կը պահեն հայկական դպրոցները, ուր կը տիրէ խստապահանջութիւնը՝ հանդէպ ուսունառութիւնը, հանդէպ կարգապահութիւնը, երբ պետական բազմաթիւ դպրոցներ դադրած են գործելէ, մնացածին մէջ ալ կը տիրէ բացարձակ անտարբերութիւնը հանդէպ կրթութիւնն ու ուսումը:

Հալէպի մէջ կը շարունակեն գործել մեր մշակութային միութիւնները՝ իրենց երգչախումբերով, պարախումբերով, թատերախումբերով, նկարչական եւ երաժշտական դպրոցներով: Այս բոլորը վկայութիւնը չե՞ն մեր աշխատասիրութեան, քաղաքակրթութեան պահպանման ձգտումին: Մինչեւ այսօր տակաւին հայկական գաղութներ Հալէպին կ’ապաւինին ապահովելու կրթական մշակներ:

Երկրին պայմանները մեծ թիւով Հալէպահայերու ստիպեցին հեռանալ իրենց պաշտելի քաղաքէն, բարեբախտաբար, ըստ Հայաստանեան պաշտօնական աղբիւրներու, անոնցմէ տասնեօթ հազարը բնակութիւն հաստատած են Հայաստանի մէջ: Անոնց մէջ կան ամենաբազմազան մասնագիտութեան տէր մարդիկ, սակայն մեծամասնութիւն կը կազմեն արհեստաւորները: Հալէպահայը աշխատասէր է, նախաձեռնող, խելացի, եւ Հայաստանը մեծապէս կը շահի եթէ տէր կանգնի անոնց: Այս մարդիկ ի վիճակի են ճարտարարուեստական փոքր արհեստանոցներով բաւարարել Հայաստանի բնակչութեան տնտեսական-կենցաղային անհրաժեշտ բազում կարիքներ. օրինակ մը տուած ըլլալու համար նշեմ, որ Հալէպի մէջ 20-30 մեթր քառակուսիի տարածքի մէջ Հայերը կ’արտադրէին տարեկան 500-600 սառնարաններ:

Հալէպահայերէն շատեր Հայաստանի մէջ կ’աշխատին ամենատարբեր ասպարէզներու մէջ, անոնք արդէն Հայաստանցիներ են եւ ոչ թէ սփիւռքահայեր, եւ Հայաստանի քաղաքացիներ կը վճարեն բոլոր հարկերը: Անոնց հնարաւորութիւն տուէք աշխատելու իրենց մասնագիտութեամբ. անոնք իրենց հետ Հայաստան բերած են իրենց բոլոր բարեմասնութիւնները, քաջալերեցէ՛ք զանոնք իրենց առաւելութիւնները ի սպաս դնելու հայրենի երկրի կառուցման եւ այդ ճանապարհով արդար քրտինքով շահելու իրենց ընտանիքի օրապահիկը, փոխանակ անտեղի «ներմուծում-արտածում» մեղադրանքներ ուղղելով վիհ յառաջացնելու Հալէպցիներու եւ Հայաստանցիներու միջեւ:

Հալէպահայերը կ’ուզեն լիիրաւ մասնիկը դառնալ Հայաստանին, ուստի եւ արդարօրէն կ’ակնկալեն փտածութիւնը վերացնելու խոստցուած արագ առնուելիք քայլերու գործադրումը, որովհետեւ նախ եւ առաջ անոնք չեն ուզեր Հայաստանի ժողովուրդին համբերութեան բաժակին յորդումին ականատես ըլլալ ի դիմաց անտանելի անօրէնութիւններու: Եթէ յորդի ժողովուրդի մը համբերութեան բաժակը աշխարհի որեւէ մայրաքաղաք կրնայ Դամասկոսի նմանիլ, ուր կրնան դէպքերը զարգանալ անցանկալի կերպով եւ նոյնիսկ առիթ կրնան տալ օտար միջամտութիւններու:

«Սասնայ Ծռեր»ու տասնհինգ օրերը սովորական օրեր չէին, անոնք բաւարար էին ցոյց տալու, որ Հայաստանի ժողովուրդը դժգոհ է իր ղեկավարներէն, գիտեմ որ սփիւռքահայերն ալ դժգոհ են իրենց ղեկավարներէն, դժգոհ են մանաւանդ երիտասարդները, որոնցմէ ոմանք վերջերս կը հնչեցնեն այսպիսի խօսքեր.

«Իսկական պայքարը թուրքերուն դէմ չէ, ոչ ալ Ղարաբաղի համար է, ոչ իսկ հայապահպանման համար է: Իսկական պայքարը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի կառոյցներու (եկեղեցի, կուսակցութիւն…) ժողովրդավարացման պայքարն է: Շատ դժուար ճամբայ ունինք մեր առջեւ:»:

Չեմ ուզեր որ ծայրայեղական այս մտայնութիւնը տիրէ մեր հայրենի թէ սփիւռքի հայ երիտասարդի մտածելակերպին վրայ:

Այս մասին միայն մտահոգուիլը չի բաւեր…

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան, 5 Օգոստոս 2016

Մեկնաբանել