Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. – Ուրուագիծ Հալէպի Հայկական Հաստատութիւններուն

Հակառակ Սուրիոյ ծանր տագնապին, Հալէպը կը մնայ սփիւռքի ամէնէն աշխոյժ եւ կենսունակ գաղութը: Սիվիլնէթի սիւնակովս պարբերաբար ( հաւանաբար ամիսը՝ մէկ ) պիտի ներկայացնեմ Հալէպի մէջ ներկայիս գործող հայկական հաստատութիւններու ուրուագիծը, հաւաալով որ գալիք օրերուն հայ պատմաբանները արժանի տեղ կու տան անոնց:

Հիմա նստած եմ Հ.Ե.Ը.ի ընտանեկան պարտէզին մէջ: Երեկոյեան ժամը վեցն է եւ դեռ միայն մանուկներ եւ քանի մը կիներ կան: կարելի է ըսել որ այս պարտէզը հայկական Հալէպի միայն զռօսավայրն է ուր կրնաս երթալ եւ առանց սուրճ մը իսկ խմելու ուզածիդ չափ նստիլ եւ հանգիստ ժամանակ անցընել: Հոս միայն հայեր կու գան, շէնքին պահակը միւսերուն կ’ըսէ, որ մուտքը միմիայն անդամներուն արտօնուած է:

Ժամը վեցն է, ուստի դեռ տաք է օդը, քիչ ետք կը զովանայ եւ ներկաներուն թիւը կը սկսի շատնալ:

Նորակառոյց հոյակապ հինգ յարկանի շէնքի մը բակն է այս պարտէզը, որ նաեւ դպրոցական շրջանին Հ.Բ.Ը.Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանի «Գ.Եսայեան» մանկապարտէզին բակն է միաժամանակ: Այս շէնքին հիմնարկէքը կատարուած է 5 Օգոստոս 2001-ին, նոյն տեղը գտնուող նախկին շէնքին փոխարէն:

Շէնքին առաջին յարկը առաւօտները կը գործէ որպէս մանկապարտէզ, կէսօրէ ետք՝ որպէս Հ.Ե.Ընկերակցութեան «Արամ Խաչատուրեան» երաժշտանոց, որ ունի ջութակի, դաշնամուրի, ֆլիւթի, քանոնի, կիթարի թրոմփէթի եւ ձեռնադաշնակի բաժիններ, 200է աւելի աշակերտներով, որոնք միայն հայեր չեն: Ուսուցիչները կիսաբրօֆէսիոնալներ են, որոնցմէ երկուքը ամէն տարի վերապատրաստման համար կ’երթան Երեւան՝ հետեւելու Հայկական Բարեգործական Միութեան երաժշտական հմտութեան յատուկ ծրագրին:

Շէնքին երկրորդ յարկը կը գտնուին Հ.Ե.Ընկերակցութեան գրասենեակները, Երժշտական սթիւտիօ մը, «Անդրանիկ» պարախումբի փորձերուն տրամադրուած սրահ մը, «Ադամեան» թատերախումբին ընդարձակ սենեակը, ուր նաեւ պատրաստուող հերթական ներկայացման սեղանի փորձերը կը կատարուին: թատերախումբը 1961 թուականէն սկսեալ կանոնաւորապէս կը գործէ, թէեւ առաջ ալ ներկայացումներ բեմ հանած է, որուն որպէս փաստ յիշեալ սենեակին մէջ տեղադրուած 1934 թուականէն եկող «Եուլիոս Կեսար» ներկայացման ազդն է: Սենեակին մէջ տեղադրուած են նաեւ Ադամեանի մահացած դերասաններուն նկարները: Սենեակը ունի նաեւ գրադարան մը եւ որ ամենակարեւորն է ֆիլմադարան մը, որ կը պարունակէ թատերախումբին բոլոր ներկայացումներուն տեսերիզներն ու անոնց նկարներուն ալպոմները: «Ադամեան» կոչուելէն ի վեր Հ.Ե.Ը.ի այս թատերախումբը բեմ բարձրացուցած է 95 ներկայացումներ: Այս յարկին վրայ կայ նաեւ փոքր սրահ մը որ տրամադրուած է 66 տարեկան «Սպենդիարեան» երգչախումբին, երեք տարիէ ի վեր գործող մանկապատանեկան «Արեգակ» երգչախումբին եւ Կոմիտասի անուան 22-25 հոգինոց 2006-ին հիմնուած սենեկային նուագախումբին: նշուած այս բոլոր խումբերն ալ անխափան գործեցին սուրիական տագնապի ամբողջ ընթացքին: Նշելի է, որ երբեմն ելոյթներուն մուտքը անվճար էր, նկատի առնելով գաղութիս նիւթական ծանր պայմանները: Այդ օրերուն յաճախ կարելի էր հանդիպիլ նման ազնիւ արարքներու: Նշելի է նաեւ այն, որ քաջալերելու համար մեր միութիւններուն մշակութային ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ գօտեպնդելու համար ժողովուրդը ելոյթներուն ներկայ կը գտնուէին հայ երեք համայնքապետերը, որոնց ներկայութիւնը սրահին մէջ, երբ յաճախ դուրսը ռումբեր կը տեղային, ուժ կու տար գաղութի զաւակներուն: Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուին նաեւ Մշակութային յանձնախումբի, ուսանողականի, ճատրակի եւ սկաուտականի սենեակները:

Այս շէնքի երրորդ յարկին վրայ կը գտնուին Հ.Բ.Ը.Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հալէպի Տեղական վարչութեան գրասենեակները, 1955 թուականէն ի վեր գործող «Սարեան» նկարչական Ակադեմիայի ընդարձակ սրահն ու Միութեան Առողջապահական եւ մշակութային յանձնախումբերու գրասենեակները, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ պարբերաթերթ «Հայեացք»ի խմբագրատունը:

4-րդ յարկը ճաշարան է, որ զգալի եկամուտ կը բերէ Միութեան, շուտով կ’աւարտի նաեւ 5րդ յարկի ճաշարանի կառուցումը:

Շէնքը ունի նաեւ ներքնայարկ մը, ուր կայ պասքէթպոլի դաշտ մը, ուր իրենց փորձերը կը կատարեն Ընկերակցութեան տղոց եւ աղջիկներու խումբերը: Երեք տարի առաջ աղջիկներու խումբը դարձաւ Սուրիոյ ախոյեան:

Նշենք, որ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը Հալէպի (Սուրիոյ) մէջ հիմնուած է 1910 թուականին, անոր երիտասարդական թեւ հանդիսացող Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը՝ 1931-ին:

Հ.Բ.Ը.Միութիւնը ունի իր սեփական դպրոցը՝ Լ.Ն.-Գ.Կ. վարժարանը, որ կը գործէ Միութեան շէնքի հարեւանութեամբ. այն Հ.Բ.Ը. Միութեան ամենամեծ դպրոցն է համայն աշխարհին մէջ: 1954 թուականին հիմնուած այս դպրոցը երբեմն ունեցած է մինչեւ 1600 աշակերտ: Այսօր սուրիական տագնապի պատճառաւ գաղութին թիւը 70% համեմատութեամբ նուազելով իջած է 10 -12 հազարի, ցաւալիօրէն նոյն համեմատութեամբ նուազած են նաեւ հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան թիւերը: Ցարդ այս վարժարանը ունեցած է շրջանաւարտներու 57 հունձք: Անոր շրջանաւարտները ծառայած են եւ կը ծառայեն համայն հայութեան՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, կը բաւէ նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին հմուտ նախարար Վարդան Օսկանեան անոնցմէ մէկն է:

Այս դպրոցը միշտ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած է պետական պաքալորիայի քննութիւններուն մէջ: Երկու տարի առաջ Քուէթահայ մտաւորական եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հիմնուած «Ներսէս Շնորհալի» ամենամեայ մրցանակը, որ կը տրուի պետական քննութիւններուն ամենաբարձր նիշ հաւաքած Հալէպի հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ հայ աշակերտին, բաժին ինկած է այս վարժարանին:

Դպրոցի շէնքին տակը կը գտնուի նաեւ 535 տեղանոց միութենապատկան «Գ.Նազարեան» թատերասրահը, ուր միութեան խումբերու կողքին ելոյթներ կ’ունենան նաեւ հայ եւ արաբ զանազան խումբեր:

Հ.Բ.Ը.Միութիւնն ու Հ.Ե.Ը.ը իրենց գոյութեան ամբողջ ընթացքին օրհնութիւն եղած են մեր գաղութին համար: Անկարելի է պատկերացնել մեր գաղութը առանց անոնց ներկայութեան. Արդար եւ անաչար ըլլալու համար պէտք է արձանագրել, որ առանց Հ.Ե.Ը.ի բազմերանգ մշակութային գործունէութեան, շատ աղքատիկ պիտի ըլլար Հալէպահայ գաղութի մշակութային կեանքը, առանց Հ.Բ.Ը.Միութեան հազարաւոր հայ ընտանիքներ պիտի չկարենային օգնութիւն ստանալ: Այս Միութիւնը դեղերով օգնած է եւ կը շարունակէ օգնել հիւանդներուն, մասնակցած է եւ կը շարունակէ մասնակցիլ անոնց վիրահատութեան ծախսերուն, օգնութեան ձեռք մեկնած է եւ կը շարունակէ մեկնել անխտիր բոլոր հայ կարօտեալներուն, իր դպրոցին դռները բաց են բոլոր հայ աշակերտներուն առջեւ, նոյնիսկ անոնց որոնք վճարունակ չեն: Ան կ’օգնէ ոչ միայն հայ ընտանիքներու, այլ պահանջեալ յարկին նաեւ հայկական հաստատութիւններու:

Կը մնայ աւելցնել որ Միութեան մասնաճիւղը ինչպէս միշտ կանգնած է, այսօր ալ կը կանգնի Հայաստանի եւ Արցախի պետութեան կողքին:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 5 Յուլիս 2020

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական Վարժարանը

Հ.Ե.Ը.ի «Կոմիտաս»ի անուան սենեկային նուագախումբ

Հ.Ե.Ը. ՊԱՐՏԷԶ

65 տարեկան «Սպենդիարեան» երգչախումբը

ԱՆԴՐԱՆԻԿ-1

Արեգակ մանկապատանեկան երգչախումբ

«Է՜հ,Հալէպ, Հալէպ» ներկայացումէն պատկեր մը

Մեկնաբանել