Հալէպ- Ասիկա կեա՞նք է

Ճշմարտութիւնը որքան ալ դառն ըլլայ, չի դադրիր ճշմարտութիւն ըլլալէ:

Ճշմարտութիւնը ըսելը որքան ալ դժուար ըլլայ, աւելի լաւ ըսելը քան լռելը…

Հետս լսեցէ՛ք ուսուցիչի մը պատմածը, կամ ինքնիրեն խօսածը.

-Տագնապէն առաջ ամսականս երեսուն հազար էր, որ վեց հարիւր ամերիկեան տոլարի համարժէք էր.. չորս հոգիէ բաղկացած ընտանիք մը միջակէն վեր կ’ապրէր այդ գումարով: Այսօր ամսականս 70 հազար է, որ երեսուն տոլարէն քիչ մը պակաս է, եւ եթէ մարդավարի պիտի ապրեցնեմ ընտանիքս 7 օր չի բաւեր: Հին ամսականս որպէս գնողական արժէք երեսուն անգամ աւելի լաւ է այսօրուանէն… առաջ ամսականիս կէսով կրնայի Հալէպ-Երեւան-հալէպ օդանաւի տոմս գնել, միւս կէսով ալ երկու շաբաթ կրնայի վայելել Հայաստանը… Հիմա 15 ամսականով հայաստան երթուդարձի տոմսի գինը հազիւ թէ կարենամ վճարել:

Հայաստան երթալը որքան ալ ցանկալի ըլլայ, ստիպողական չէ՛, բայց ապրելու համար ուտելը պայման է, չէ՞, իսկ առողջ ապրելու համար ուտելիքի զանազանութիւնը պայման չէ՞…

Ի՞նչ կրնամ գնել ամսականովս, որպէսզի շատ չտխրիք, աւելի լաւ է՝ չհարցնէք, չհարցնելը նաեւ աւելի լաւ է անոր համար, որ զիս ստախօս չկարծէք, կամ չափազանցութեան չվերագրէք կարելի գնումներուս ցանկը:

-Ամենայն դէպս հաճիս ըսէ, թէ ի՞նչ կրնաս գնել այդ 70 հազար ամսականովդ,-ըսողներ պիտի ըլլան:

-Հինգ քիլօ ոչխարի կամ հորթի միս… կամ, ( ուշադի՛ր, «կամ» ու ո՛չ թէ «եւ» ) 30-35 քիլօ զանազան պտուղներ, բացառելով պանանը, ա՜խ, այս պանանը… անոր համն ալ, ինչպէս միսինը, մոռացութեան պէտք է տանք, որովհետեւ ամբողջ ամսականովս միմիայն 8-12 քիլօ կրնամ գնել… բայց լաւ է, որ տակաւին 15 քիլօ հաւու միս կրնամ գնել այս ամսական կոչուած դրամով…

-Հապա ինչպէ՞ս կ’ապրիս եւ կ’ապրեցնես ընտանիքդ:

-Չեմ գիտեր: Մի քանի տեղէ օգնութիւն կը ստանամ: Ամօ՞թ է, ո՛չ ամօթ չէ՛, եթէ քիչ մը անյարմար է որպէս ուսուցիչ խոստովանիլ օգնութիւն ստանալս, ապա ըսեմ, որ ուրիշ ճար չունիմ, հաւատա՛, օգնութիւն ստանալը բոլորիս համար շատ սովորական դարձած է, մեզմէ շատեր կը փորձեն ամէն տեղէ օգտուիլ, նոյնիսկ կարիքի մէջ չեղողներ հոս-հոն կը դիմեն, իրենց վիճակը եղածէն աւելի գէշ կը ցցնեն, կը խեղճանան, կու լան, միայն թէ «բան մը բրցնեն» եւ կը յաջողին, իրականութեան մէջ կարիք չունեցողները երբ օգնութիւն ստանան, ապա ատիկա կարիքաւորներու հաշւոյն կ’ըլլայ, որովհետեւ անսահման չէ յատկացուած օգնութիւնը եւ ինչպէս գիտենք, նպաստ բաշխողները արդէն նուազեցուցած են նպաստընկալ ընտանիքներու թիւերը …

Ճիշդ կ’ըսէր բողոքողը: Երէկ ունկնդիր եղայ խօսակցութեան մը:

Կին մը եկած էր պատասխանատուի մը գործատեղին եւ կ’աղաչէր.

-Կը խնդրեմ, պարոն, մեր անունը արձանագրեցէք, մենք առաջ նպաստ կը ստանայինք, ջնջեցիք մեր անունը, չբողոքեցինք, որովհետեւ ամուսինս կ’աշխատէր, հիմա անգործ է ամուսինս, երկու անչափահաս զաւակներ ունիմ, ամուսնոյս ծերունի հայրն ու մայրը մեզի հետ կ’ապրին…

-Հաւատա՛, տիկին, մեր ձեռքը չէ, մեզի դրամ տրամադրող կազմակերպութիւնն է նպասընկալներուն թիւը պակսեցնողը.- կը փորձէր արդարանալ պատասխանատուն:

-Բայց մենք իրապէս պէտք ունինք օգնութեան, քի՞չ են պէտք չունեցող բայց նպաստ ստացողները.. զաւակներս յաճախ անօթի կը քնանան…

Կը լսէ՞ք, կը հաւատա՞ք, որ Հալէպի մէջ անօթի քնացող հայ մանուկներ կան:

Կա՛ն եւ քիչ չէ անոնց թիւը:

Ուրիշ ծանօթ մը ունիմ, որ Երեւանէն վկայեալ ճարտարապէտ է, կինն ալ Երեւանէն վկայեալ ուսուցչուհի: Այս ամոլին տարիներու երազն էր թոշակի անցնելէն ետք փոխադրուիլ Հայաստան:

-Ես եւ կինս հազար տոլար թոշակ պիտի ստանանք,-կ’ըսէր ան.- Տուներնիս կը ծախենք հոն տուն մը կը գնենք եւ առանց մէկու մը վրայ բեռ ըլլալու Հայաստանի մէջ հանգիստ կեանք մը կրնանք ունենալ:

Հիմա անոնք թոշակ կը ստանան բայց սուրիական լիրայի արժեզրկման պատճառաւ անոնց երկուքին թոշակին գումարը յիսուն տոլարը չ’անցնիր ու… Հայաստան փոխադրուելով «առանց մէկու բեռ ըլլալու ապրիլը» կը մնայ անհասանելի երազ, մանաւանդ, որ հոս ամէն ինչ չափազանց սուղցաւ, բացի տունէն որ հաեմատած նախկին գիներուն աներեւակալիօրէն աժանցաւ, մասնաւորաբար մեր թաղերուն մէջ:

Պէտք է ըսել որ արհեստաւորները աւելի լաւ կ’ապրին քան վկայեալ պաշտօնեաները, որովհետեւ անոնք իրենց ձեռավարձքը օրուան սղութեան համեմատ կը յաջողին բարձրացնել:

Սուրիացիները շատ սպասեցին տագնապի աւարտին, երազեցին որ իրենց երկիրը շուտով Արաբական ծոցի երկիրներէն լաւ պիտի ըլլայ, պիտի վերակառուցուի, աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ եւ հարուստ երկիրը դառնայ… մինչեւ այսօր բան չփոխուեցաւ, ո՛չ տագնապը վերջացաւ, ո՛չ ալ տուն մը վերաշինուեցաւ, թէեւ մենք հայերս կը վերակառուցենք մեր եկեղեցիները, նոր բուժարաններ կը կառուցենք ՝ բուժելու ոչ միայն հայ այլ բոլոր հիւանդները սակայն ընդհանուր առմամբ փլատակները կը մնան փլատակ, երկրին 30% կը մնայ թուրքերու, քիւրտերու եւ ամերիկացիներու կողմէ գրաւուած, միւս մասն ալ, գաղտնիք չէ, հզօր պետութեան մը ազդեցութեան տակն է: Երկրին հարստութեան մեծ մասը կը գտնուի գրաւեալ շրջաններու մէջ: Հարուստ այս երկիրը սնանկացաւ, թէեւ պետական մեծ թիւով պատասխանատուներ օտար դրամանիշերով անհաշուելի հարստութիւն դիզեցին, մինչ երկրին օտար դրամանիշերու բոլոր աղբիւրները ցամքեցան «Կեսար»ի օրէնքէն ետք եւ, երեւակայեցէ՛ք, պետութիւնը որդեգրեց օրէնք մը, ըստ որուն երկիր վերադարձող սուրիացիները պարտաւոր են սահմանի վրայ պաշտօնական սակով հարիւր տոլար մանրել, կը պատկերացնէ՞ք, փոխանակ պետութիւնը օտար դրամանիշ յատկացնելու ճամբորդող իր քաղաքացիին, անկէ հակառակը կը պահանջէ … ի՞նչ ընէ խեղճ պետութիւնը:

Մարդիկ աղքատ են այսօր Սուրիոյ մէջ, չափազանց աղքատ: -Հայե՞րն ալ.-Հայերը թերեւս աւելի քան միւսները…

Հալէպի մէջ շատցած են գողութիւնները, օր ցերեկով բազմաթիւ գողութիւններ կը կատարուին: Առաջ, գիշերը գողութիւն կ’ըլլար՝ երբ տան տէրերը որեւէ պատճառով տունէն բացակայ ըլլային, կամ փակ խանութներու կղպանքները կը կոտրուէին եւ կը գողցուէին, հիմա գողերը արկածախնդրութեան կը դիմելով տուներ կը մտնեն տանտէրերու ներկայութեան եւ իրենց ու տան բնակիչներու կեանքը վտանգի ենթարկելով կը փորձեն գողնալ ի՛նչ որ գտնեն: Հիմա, նոյնիսկ օր ցերեկով մարդաշատ փողոցի մէջ այնքան ալ ապահով վիճակի մէջ չենք, մինչ տագնապէն առաջ Սուրիան ամէնէն ապահով երկիրներէն մին էր, Հալէպի մէջ նոյնիսկ առանձին կին մը առանց վախնալու կէս գիշերէն ետք կրնար որեւէ փողոցի մէջ ճեմել՝ Հալէպի բոլոր շրջաններուն մէջ:

Գորոնա կայ, Առողջապահութեան նախարարութեան Ուրբաթ 10 Յուլիս 2020-ի հաղորդագութեան համաձայն Սուրիոյ մէջ կան 394 վարակակիրներ, որոնցմէ 116-ը բուժուած են, 16-ը մահացած: Մենք կը կարծենք, թէ ճշմարտութենէ շատ աւելի պակաս են այս թիւերը, սակայն Առողջապահութեան նախարարութիւնը ո՛չ թէ կը ստէ, այլ պարզապէս տեղեակ չէ՛, որովհետեւ քննութիւններ չեն կատարուիր, որովհետեւ անոնց հնարաւորութիւնը չունինք:

Ամէն պարագայի, մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը Գովիտ 19-ն չէ՛ այլ սղութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Իրարու հանդիպելով չենք հարցներ «Ինչպէ՞ս ես», որպէսզի չլսենք «Լաւ եմ» անճիշդ պատասխանը, իսկ եթէ ճիշդը պատասխանելու ըլլանք միայն յուսահատութիւն արատայայտող նախադասութիւններ պիտի լսուին ո՛չ միայն ներկայի այլեւ ապագայի հանդէպ,.. այո՛ առաջ եթէ ապագան անորոշ էր ապա հիմա կ’եննթադրենք, թէ մութ է:

Մարդիկ դժգոհ են ներկայէն եւ կ’ուզեն որ օրերը անցնին, կը պատկերացնէ՞ք, ինչ ըսել է ուզել, ցանկալ, փափաքիլ, աղօթել որ օրերը անցնին՝ նոյնիսկ անիմաստ, անկեանք, կարեւորը անցնին եւ … եւ ասիկա կարելի՞ է կեանք անուանել՝ մարդկային կեանք…

Ի՞նչ ընեն մարդիկ, ինչպէ՞ս ապրեցնեն իրենց զաւակները…

Հալէպահայ իրականութեան մէջ արդէն կան մարդիկ, որոնք իրենց զաւակները անօթութենէ փրկելու համար, կը դիմեն յուսահատական վերջին քայլի եւ որպէս վարձկան զինուոր Լիպիա կ’երթան…

Կը հաւատա՞ք, ես ալ չէի հաւատար…

Չպիտի ուզէի բոլորիդ տխրութեան վրայ մերն ալ աւելցնել բայց ո՞րն է ճիշդը. իրականութեան բաց աչքերով նայի՞լ, թէ՞ ջայլամութիւն ընել եւ… որն ալ նախընտրենք, իրականութիւնը չի՛ դադրիր իրականութիւն ըլլալէ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 11 Յուլիս 2020

Մեկնաբանել