Թուրքիոյ քաղաքակրթութեան քննութիինը

Ahvalnews.com կայքում հրապարակվել է թուրք հայտնի ցեղասպանագետ Թաներ Աքչամի հոդվածը՝ Սուրբ Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու մասին։ Այն թարգմանաբար ներկայացված է ստորև։

Իրականութեան մէջ Այա Սօֆիայի համար եղած վէճը կրնանք ամփոփել իբրեւ «անվայել» կամ «ամօթալի»: Բայց ես կը խորհիմ թէ՝ անոնց որոնց ես կ’ուղղեմ խօսքերս, մշակոյթային նրբութիւն չունեցողներն են, որով աւելի անկեղծ պիտի ըլլայ արտայայտուիլ իրենց հասկնալի ձեւով: Այա Սօֆիայի դէմ գործածուած այս արարքը բարբարոսութեան բացայատ արտացոլումն է:

Ասիկա յայտարարութիւն մըն է ի դէմս բոլոր աշխարհի «Թուրքիոյ մշակոյթային պակասին եւ կործանարութեան հռչակագիրն է»: Ասիկա հանրապետութեան նախագահ և ԱՔ Կուսակցութեան պէտին՝ Ռէճէբ Դայիպ Էրտօղան և ՄՀԲի կուսակցապէտ՝ Տէվլէդ Պահչելի զինակցութեան ցոլացումն է, ակնյայտ դարձնելով մշակոյթի եւ ապակառուցողականութեան քաղաքականութիւնը երկրին մէջ:

Կրնաք հարցնել. «բայց ինչու՞»

Որովհետեւ այս քայլով բոլոր աշխարհի կ’ըսուի թէ «Որչափ որ մենք 21րդ դարուն կ’ապրինք, մեր մտայնութիւնները տակաւին կը պատկանին 1453ի. Հակառակ 21րդ դարու, մենք ամբողջովին մտահոգ չենք մարդկութեան պատկանող մշակոյթային ժառանգին մասին: Մեր մէջ մեզի ձգուած մշակոյթէն աւելին չկայ. մենք մարդկութեան մշակոյթին վրայ սատարելու բան մը չունինք: Մենք անկարող ենք որեւէ նոր մշակոյթային արժէքներ ստեղծելու: Մենք կը գրաւենք համայն մարդկութեան մշակոյթային ժառանգը և կը կոտրենք կամ կը կործանենք անոնք»:

Հոս պատահածը սա է. Այա Սօֆիա որ մարդկութեան մշակոյթին ամէնէն փառաւոր կառոյցներէն մին է դարձեալ պիտի գրաւուի եւ մզկիթի վերափոխուի

ինչպէս որ եղած էր 1453-ին:

Հոս պատահածը մշակոյթային վանտալութիւն-բարբարոսութիւն մըն է:

Կրնանք խորհրդածել. Արդեօ՞ք Էրտօղան եւ Պահչելի զինակցութիւնը կրնայ ունենալ այն հասկացողութիւնը կամ հասկնալ այն պատճառները թէ ինչո՞ւ անցեալին համաշխարհային կարծիքը ունեցած է բոլորովին ժխտական կեցուածք մը թուրքիոյ եւ թուրք կերպարին հանդէպ։

19-րդ դարու համբաւաւոր Ռուս մտածող Նիքօլայի Տանիլեվսքի մարդկութիւնը զատած է երկու խմբաւորման իբրեւ «քաղաքակրթութիւն կերտողներ» եւ «քաղաքակրթութիւն կործանողներ»: Ան կը թուէ տասը մեծագոյն եւ ուրոյն քաղաքակրթութիւնները, իրենց պատմական – ժամանակագրական հետեւեալ շարքով:

Եգիպտացիներ, Չինացիներ, Հին Սեմականներ (Ասորիներ, Բաբելոնական,Փիւնիկեցի, Քաղթէացի), Հնդիկներ, Պարսիկներ, Յոյներ, Հռովմէացիներ, Նոր Սէմականներ (Արաբ), Գերմանական-Հռովմէական․

եւ անոնց մասին կ’արտայայտուի հետեւեալը. «բացի այս դրական քաղաքակրթութիւններէ, կան կարք մը քաղաքակրթութիւններ որ ժամանակաւոր կերպով կը յայտնուին պատմութեան մէջ, նման անցողական դերակատարներու, օրինակ՝ Հոները, Մոնկոլներ եւ Թուրքերը:

Ասոնց մոմերը յանկարծ կը լուսաւորուին բայց արագօրէն անոնք կ’աներեւոյթանան պատմութեան մէջ: Իրենց կործանիչ գործունէութիւնը աւարտելէ յետոյ՝ որն է օժանդակել մահամերձ քաղաքակրթութիւններու մահուան ենթարկելէ եւ իրենց մնացորդացը տարտղնելէ վերջ, անոնք կը վերադառնան իրենց նախկին անարժէք վիճակին ու կ’անյայտանան: Այս խմբակը կրնանք անուանել պատմութեան ժխտական դերակատարներ:

Ոչ միայն մտաւորականներ այլ արեւմուտքի մէջ թուրքերու մասին անվերջ խօսուած է իրենց մշակոյթային բարբարոսութիւններուն համար:

«Պալքանեան թերակղզիի մէջ, թուրքերը իրենց առած իւրաքանչիւր քայլով ոտնակոխած են հազարաւոր տարիներու արգասիքը եղող մշակոյթներ:»

«Թուրքը ուր որ ծառ մը տեսնէ, անիկա կը կտրէ»: «Թուրքերը ամէն դարաշրջանին մշակոյթներ անհետացուցած են եւ երբեք չեն պաշտպանած այդ մշակոյթները որոնք գրաւած են: Թուրքերը ոեւէ ձեւով մշակոյթային մարդ արարածներ չեն եղած և անոնք ձախողած են հիմնել նոր մշակոյթ մը այն մշակոյթներու վրայ որ իրենք տիրապետեցին:»

«Այն վայրերը ուր Օսմանականները ոտք կոխեցին, երբէք չէ զարգացած: Այն հողերը ուր Թուրքերը ոտնակոխ ըրին չորցաւ եւ մեռաւ: Օսմանեան տիրապետութիւնը եթէ ոեւէ բան կրցած է ընել իր գրաւած հողերուն վրայ, բացի հիմնայատակ ընելէ եւ կործանելէ ամէն ինչ խամրեցնելու աստիճան»:

«Կարգ մը աղբիւրներ նոյնիսկ կ’ըսեն թէ «Թուրքերու անգթութիւնը եւ անողորմութիւնը միայն օտարներու հանդէպ չէ եղած: «Թուրք տիրապետողները անգութօրէն կը խեղդէին իրենց ազգակիցները եթէ նշմարէին նուազագոյն կասկածելի հետք մը անոնց վրայ»:*

Եթէ այս յայտարարութիւնները կրկնենք այսօր, Էրտողան եւ Պահչելի պիտի կարենա՞ն հակասել: Նայեցէք ինչ՞ վիճակի բերին երկիրը: Գրեթէ բոլոր անոնք որ փորձեցին հակառակ արտայարտուիլ երկրին մէջ տիրող եւ շարունակուող ահաբեկչութեան խօսիլ ի դէմս այն ուժերու, թիրախ եղած են ճնշումներու եւ բանտարկութեան, խիստ սահմանափակումներու ենթարկելով եւ լռութեան մատնելով զանոնք: Այս արարքները ոեւէ ձեւով պակսեցուելու նշմարներ չկան:

Մէկը չէ մնացած որ չէ ընկճուած լռութեան մէջ, որ չէ խորտակուած կառավարական ծանր ճնշման տակ: Քաղաքակրթական ժառանգը որ այս հողերուն վրայ կար, եւ աւելին բնութիւնը նաեւ ստացած են իրենց բաժինը այս կործանումէ:

Այն բաները որ պատահած են եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակուի, արդիւնքն է անզուսպ գործադրութեան մը, անկուշտ կործանման ծուղակի մը:

Նմանապէս Էրտօղան և Պահչելիի գործակցութիւնը յայտնութիւնն է ամենավերջին բարբարոսութեան եւ քանդումի մը աւանդութեան որ հինէն անդին ունեցած է իր արմատները այս հողերու վրայ:

Թուրքիոյ ներկայ աշխարհագրութիւնը փլուզում մըն է, ան լեցուն է հազարաւոր եկեղեցիներով որ կը գործածուի իբրեւ ախոռ կամ մթերանոց:

Էրտօղան և Պահչելի գործակցութիւնը (որուն դիւրաւ կրնանք կցել Տօղու Փէրինչէք եւ իր կուսակցութիւնը՝ Հայրէնասէրներ) կը ներկայացնեն այս կործանարար աւանդութիւնը որ քանդեց լման Անատոլուն, անոնք ոչ միայն զանգուածային կերպով աքսորեցին ժողովուրդներ, այլ նաեւ կործանեցին անոնց մշակոյթային ժառանգը որ արդէն իսկ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ:

Ներկայիս Թուրքական վանտալիզմի, բարբարոսութիւնն ու թուրքական կործանարարութիւնը կը ներկայացուի սանձերը իրենց ձեռքերուն մէջ ուժգնօրէն պահող Էրտօղան-Պահչելի-Փերինչէք եռապետութեան կողմէ։

Ամէն թուրք պէտք է հասկնայ թէ՝ ընդդիմադիր ճակատին մղած պայքարը էականին պայքար մըն է քաղաքակրթութեան համար:

Ներկայ իշխանութիւնը կալանաւորած է հարուստ մարդասէր մը՝ Օսման Քաւալա, որ հիմնադիրն է «Անատոլիոյ Մշակոյթը» հիմնարկին որուն ցանկութինն է պահպանել բոլոր ազգերու պատկանող մշակութային ժառանգը եւ քաղաքակրթութիւնը որ ապրած է այս հողերուն վրայ: Ինքը լաւագոյն օրինակն է այս պայքարին:

Վտանգուածը այն է որ արդեօք Թուրքիա պիտի կարենա՞յ դիմադրել այս ուժերուն որ քաղաքակրթութեան դէմ են:

Ի վերջաւորութեան, քաղաքակրթութիւնը պէտք է որ յաղթանակէ, անոնք որ կ’ընդդիմադրեն պիտի չկարենան ….

***

Թուրքերու մասին այս ստորադասութիւնները առնուած են Տօղան Աւճըօղլույի Թուրքերուն Պատմութիւնը գործէն Ա. Հատոր և Օնուր Պիլկէ Գուլայի Թուրքերու Նկարագրութիւնը Գերման Մշակոյթի Մէջ գիրքէն:

Անգլերենից թարգմանեց Ավո Գոզալը

Մեկնաբանել