Նոր Շարժառիթ Համահայկական Զարթօնքի եւ Միաւորման

Վահան Զանոյեան
Յուլիս 20, 2020

Ազէրպէյճանի վերջին ոտնձգութիւնները բնականաբար դպան համահայկական զգայուն ջիղին։ Մեզ պառակտող հարցերը պահ մը կոնսնցուցին իրենց այժմէականութիւնը եւ կարծես նահանջեցին մեր անմիջական առօրեայէն։ Մեր գիտակցութեան կեդրոնը ի յայտ եկան մեզի սպառնացող հասարակաց վտանգն ու թշնամին, հակառակ անոր որ ոչ վտանգը ոչ ալ թշնամին թաքուն էին Յուլիսի իրադարձութիւններէն առաջ։ Դէպքերէն առաջ, ներքաղաքական լարուածութիւնն էր որ կը տիրէր։ Ինչպէս միշտ, երբ արտաքին հրէշը պարզուեցաւ մեր սահմանին, պահ մը սթափեցանք եւ զսպեցինք ներքին հակառակորդները քարկոծելու մեր կիրքերը։

Բայց մենք մեզ չխաբենք։ Եթէ անցեալը փաստ է, ասիկա ժամանակաւոր ներքաղաքական «զինադադար» է։

Հայաստանի եւ Արցախի բանակներուն տարած ռազմական յաղթանակները կ՚ իմաստաւորուին եւ կ՚ արժեւորուին միայն եթէ առաջնորդեն զուգահեռ ներքաղաքական եւ դիւանագիտական յաղթանակներու։ Այլապէս, մեր լինելութեան սպառնացող վտանգները չեն մեղմանար, եւ մենք պատրաստ չենք ըլլար թշնամիին յաջորդ ոտնձգութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կերպով դիմագրաւելու կամ կանխելու։

Հարցին բնոյթը—ու՞ր էինք Յուլիսի դէպքերէն առաջ

Երկու իրողութիւններ կը բնութագրէին (եւ տակաւին կը բնութագրեն) Հայաստանի վերջին երկու տարուան ներքաղաքական լարուած և մտահոգիչ իրավիճակը։

Առաջին՝ հասարակութեան համար, հեղինակութիւն և բարոյավարկ (credibility) ունեցող քաղաքական ընդդիմութիւն գոյութիւն չունի, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս (*Հարցումը, թէ արդեօք ո՞րքանով արդար եւ հիմնաւորուած է այս իրողութիւնը տարբեր ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պարագային, այս յօդուածին ծիրէն դուրս կ՚ իյնայ։ Այստեղ պիտի կեդրոնանամ միայն իրողութիւններուն, իրենց հետեւանքներուն եւ կարգ մը լուծումներու վրայ)։ Ասիկա լուրջ խնդիր է ոչ միայն ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն համար, այլ յատկապէս երկրի՛ն համար։ Առողջ քաղաքական մթնոլորտ ստեղծելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազդեցիկ ընդդիմութիւն, որմէ այսօր դժբախտաբար զրկուած է մեր երկիրը։ Այս մէկը իշխանութեան յանցանքը չէ (թէեւ իշխանութիւնը կրնայ աւելի կառուցողական դեր խաղալ—այս մասին կ՚անդրադառնամ աւելի ուշ)։ Իշխանութիւնը չէր որ ժողովուրդին աչքին վարկաբեկեց գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերը եւ անոնց ղեկավարները: Այդ վճիռը ժողովուրդը ի՛նքը առաւ, հիմնուած տասնամեակներ շարունակ անոնց վարած գործունէութիւններուն վրայ։

Նախ քան ազդեցիկ ընդդիմութեան չգոյութեան հետեւանքները նշելը, անդրադառնանք երկրորդ հիմնական իրողութեան։ Անցնող երկու տարիներու հրապարակային քաղաքական խօսոյթը (discourse) եղած է ցաւալի, պառակտիչ, եւ անյարիր Հայաստանի նման ճակատագրական վտանգներու առջեւ գտնուող երկրի մը մէջ գործող ոեւէ քաղաքական գործիչի կողմէ։ Այս խնդրին մէջ, ի տարբերութիւն նախորդին, բոլոր գործիչները մեղաւոր են, ներառեալ իշխանութեան ղեկավարները։

Հարցը կը բխի իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն բնոյթէն։ Յառաջադէմ երկիրներու քաղաքական ընդդիմութիւնը, ընդհանրապէս, իշխանութեան հետ բաժնելով հանդերձ երկրին գերագոյն շահերուն հասկացողութիւնը, կ՚ ունենայ լուրջ տարակարծութիւններ կապուած զանոնք իրագործելու քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ անոնց առաջնահերթութիւններուն հետ։ Ընդդիմութեան ամենէն խիստ եւ խնդրայարոյց դրսեւորումը կրնայ հանդիսանալ իբրեւ իշխանութեան մրցակիցը, բայց ո՛չ իշխանութեան թշնամին, եւ փոխադարձաբար—այսինքն, իշխանութիւնը կը հանդիսանայ իբրեւ ընդդիմութեան մրցակիցը, ո՛չ թշնամին։ Իսկ ամենէն բարենպաստ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւնը կը ստացուի երբ երկու տարակարծիք խմբակցութիւններ կրնան գտնել բաւարար հասարակաց եզրեր եւ կը սկսին գործակցիլ (թէկուզ որոշ վերապահութիւններով եւ զիրար վերահսկելով) յանուն ազգային եւ պետական գերագոյն շահերուն։

Դժբախտաբար, այսօր չունինք «գործակցող» կամ նոյնիսկ «մրցակցող» ներքաղաքական շփումներ։ Ունինք ընդհանրացած թշնամական կեցուածք եւ խօսոյթ։ Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տարերոյթը (dynamics) չի ցոլացներ ազգային կամ համամարդկային նուազագոյն բարոյական սկզբունքը։ Նոյնիսկ քաղաքական խմբակցութիւններ, որոնք աւանդաբար մշակած եւ պահպանած են բարձր մակարդակի ազգային բարոյականութիւն, անբացատրելիօրէն կը խզուին իրենց աւանդոյթէներէն, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի իշխանութիւնը քննադատելուն ու վարկաբեկելուն։ Քաղաքական ելոյթները յաճախ կամուրջներ կը կործանեն եւ տարբեր խմբակցութիւններ, տարուած զիրար նախատելու մոլուցքով, կը թաղեն ապագային իրարու հետ գործակցելու հաւանականութիւնը։

Ընդդիմութեան* Հարցերը (*Յօդուծին մէջ խուսափած եմ հասցէագրելէ որեւէ ընդդիմադիր կուսակցութիւն։ Հնարաւոր չէր ամէն ընդդիմադիր քաղաքական ուժ առանձին քննարկել։ Բայց պէտք է նշել որ «ընդդիմութիւն» ընդհանրացումը, ինչպէս որեւէ ընդհանրացում, ունի իր իր թերութիւնները։ Միշտ բացառութիւններ պիտի ըլլան։ Յօդուածին մէջ ըրուած որոշ (բայց ոչ բոլոր) դիտարկութիւններուն ամէնէն յարգելի բացառութիւնը ՀՅԴ-ն է, որ իր իւրայատուկ պատմութեամբ եւ յատկանիշներով կը տարբերի միւս բոլոր ընդդիմադիր ուժերէն։)

Մինչ ընդդիմադիր ուժերը կը փորձեն վերականգնիլ եւ յաւակնութիւն ունին տեղ ապահովելու քաղաքական եւ պետական կեանքին մէջ, կը շարունակեն անգիտակ մնալ կարգ մը դասական ճշմարտութիւններու։ Յիշենք մի քանին։

Քաղաքականութեան մէջ, պայքար մը շահելու համար չի բաւեր ճիշդ ըլլալ։ Պէտք է նաեւ որ պայքարողը վայելէ հանրութեան վստահութիւնը։ Հակառակ պարագային, պայքարը կը ձախողի եւ պայքարողը աւելի եւս կը վարկաբեկուի։ Ընդդիմադիր ուժերը, փոխանակ ամէն ճիգ ընելու որ վերաշահին իրենց կորսնցուցած հեղինակութիւնը, կարծես թէ օր ըստ օրէ աւելի խորը կը թաղուին իրենց փորած փոսին մէջ։ Օրինակ՝ կարելի չէ վստահութիւն ներշնչել, ա՛յսօր քննադատելով այն երեւոյթը որուն համար երէկ իրենք կամ յանցաւոր էին, կամ որուն դիմաց լուռ էին։ Ժողովուրդին աչքին, իրենց երեկուայ մեղքերը եւ լռութիւնը զիրենք կը զրկեն նոյն յանցանքը քննադատելու իրաւունքէն։

Նոյնքան կարեւոր է քաղաքական պայքար մը սկսելու ժամանակը։ Ընդդիմադիր ուժերը տակաւին չեն ըմբռնած կենսական քաղաքական իմաստութիւններէն մէկը—մի՛ սկսիր կռիւ մը որ, գէթ ներկայ մթնոլորտին մէջ, չես կրնար շահիլ։ Ընդիմադիրներէն գրեթէ բոլորը յիշեալ սխալները պարբերաբար գործած են անցնող տասնութ ամիսներուն ընթացքին։

Ընդդիմութեան ամենէն լուրջ տկարութիւնը քննադատելու սխալ բանաձեւ ընտրելն է։ Օրինակ, Յուլիսի դէպքերէն անմիջապէս առաջ, Խորհրդարանին կողմէ որոշուած Սահմանադրական Դատարանին վերջին փոփոխւթիւններն էին (Այս եւ այլ յատուկ քաղաքական իրադարձութիւններ պիտի մէջբերուին միայն իբրեւ օրինակ, աւելի յստակօրէն պարզաբանելու համար յօդուածին գլխաւոր կէտերը, բայց ոչ իբրեւ առանձին քննարկման նիւթ։) ընդդիմութեան ուշադրութեան առարկան, որոնք լայնօրէն քննադատուեցան, բայց յաճախ սխալ ձեւով։ Այն քննադատութիւնները, որոնք կեդրոնացան դատաիրաւական համակարգի անկախութեան կամ իշխանութեան բռնապետական հակումներուն վրայ, տեղ չհասան։ Թէական է որ հանրութեան նոյնիսկ մէկ չնչին հատուածը կը հաւատայ որ դատաիրաւական համակարգը, այնպէս ինչպէս որ է, երկրին արդարութեան երաշխիք կրնայ հանդիսանալ կամ երբեւէ եղած է իսկապէս անկախ։ Եթէ այդպէս եղած ըլլար, Խորհրդարանը կարիքը չէր զգար փոփոխութիւններ առաջարկելու։ Ուրեմն, այդ հիման վրայ եղած առարկութիւնները (նոյնիսկ եթէ որոշ հիմք ունէին) չէին կրնար լուրջի առնուիլ։

Աւելի համոզիչ առարկութիւնը այն է որ սահմանադրական փոփոխութիւններ իրականացնելը առանց հանրաքուէի եւ այսքան ուշ սխալ էր։ Ամէնէն նպատակայարմար ժամանակը այդ փոփոխութիւնները իրականացնելու հաւանաբար Դեկտեմբեր 2018-ն էր, խորհրդարանական ընտրութիւններու համընթաց հանրաքուէով։ Եւ իսկապէս, իշխանութեան ռազմավարական տհասութիւնը բացայայտող սխալներէն մէկն է այս քայը:

Նոյնքան այժմէականութիւն ունեցող թեման, ուր քննադատներու պակասը չկայ, Կորոնա ժահրի թեման է։ Եւ հոս, կացութիւնը աւելի բարդ է քան իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւնը։ Մինչ հեղինակաւոր միջազգային մասնագէտներ հրապարակաւ կ՚ ընդունին որ տակաւին շատ բան չեն հասկնար նոր ժահրին մասին, եւ նոր բացահայտումներ կը կատարուին գրեթէ ամէն շաբաթ, մեր հանրութիւնը արդէն ինքնավստահութեամբ դիրքորոշուած կը թուի ըլլալ համաճարակին հանդէպ։ Իսկապէս շշմեցուցիչ է լսել այլազան (ու հակասական) տեսութիւններ ու կարծիքներ, որոնք այսօր ընդհանրացած են ժողովուրդի տարբեր խաւերէն ներս։ Թէեւ ընդդիմութեան մէջ պղտոր ջուրերու ձկնորսներ չեն պակսիր, այնուամենայնիւ այս պարագային գլխաւոր խնդիրը կը մնայ ժողովուրդին ծայրայեղ անկարգապահութիւնն ու նախապաշարումները։ Անշուշտ կառավարութիւնը սխալներ գործեց, մանաւանդ ժահրի սկզբնական շրջանին։ Սակայն պէտք է յիշել որ, գէթ իր հանրային ծանուցումներուն մէջ, կառավարութիւնը օրինակելի վարմունք ունեցաւ։ Պր. Վարչապետը, պարետային նիստերէն ետք տուած յաճախակի իր ճեպազրոյցներուն ընթացքին, ընդունեց որ կառավարաութիւնը գործեց սխալներ, եւ առողջապահութեան նախարարը, մանրամասնեց իր եւ նախարարութեան սխալները, որոնց համար ներողութիւն խնդրեց ժողովուրդէն (Օրինակ՝ տես Արսեն Թորոսյանի դիմատետրի վրայ զետեղուած Յունիս 10-ի ելոյթը, խորագրեալ «Ազնվության, անկեղծության եւ սխալները ընդունելու մասին…, ինչպէս նաեւ Վարչապետին ժողովուրդին ուղղուած սրտաբուխ ուղերձը, այս յղումով։ » )։ Հազուադէպ եւ գնահատելի երեւոյթ՝ որմէ շատ աւելի մեծ սխալներ գործած այլ կառավարութիւններ դեռեւս շատ հեռու են։ Ափսոս որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չճանչցան եւ չգնահատեցին այս ժեստը, եւ այդպիսով փախցուցին իրենց անաչառութիւնը ապացուցելու թանկագին առիթ մը։

Այս փաստերուն լոյսին տակ՝ պէտք չէ զարմանալ եթէ Յուլիսի դէպքերն ալ շուտով դառնան իշխանութիւնը քննադատելու բերրի հող։ Հակառակ արձանագրուած ռազմական յաջողութիւններուն, կարելի է պատկերացնել որոշ ընդդիմադիր ուժեր, որոնք գովաբանելով հանդերձ ՀՀ եւ Արցախի բանակները, սկսին ցեխ շպրտել Հայաստանի քաղաքական առաջնորդներուն վրայ, այլազան երեւակայական կամ իրական բացթողումներու համար։

Յաջող ընդդիմադիր խմբակցութիւնը պիտի ըլլայ այն՝ որ ունի իր յստակ քաղաքական և տնտեսական տեսլականն ու ծրագիրը եւ չի տառապիր ներկայ իշխանութեան հետ բախելու-սիրոյն հակադրուելու կամ կառավարութեան ամէն մէկ քայլը քննադատելու բարդոյթէն։ Խմբակցութիւն մը որ կրնայ կիրթ եւ մասնագիտօրէն հիմնաւորուած ձեւով բանաձեւել իր քննադատութիւնը, եւ աւելի եւս պատշաճ ձեւով առաջարկել այլ քաղաքականութիւն, միաժամանակ ընդգծելով իր հասարակաց եզրերը (եթէ կան) իշխանութեան քաղաքականութեան հետ։

Իշխանութեան Հարցերը

Վերադառնալով ներքաղաքական խօսոյթին, ինչպէս արդէն նշեցինք, բոլոր դերակատարները, ներառեալ իշխանութիւնը, մեղաւոր են։ Եւ հոս, յանցանքը կը հասնի նաեւ վարչապետին։ Մեծարգոյ Պր. Վարչապետը, հակառակ իր խիստ էական առաւելութիւններուն հանրապետութեան նախորդ երեք ղեկավարներուն վրայ, ցաւօք սրտի տակաւին չէ որդեգրած վարչապետավայել հանրային քաղաքական կեցուածք, բառապաշար, լեզու եւ ոճ (*«ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութիւն» հատորին մէջ, «Ազգային Արժէքներ» հատուածին տակ, Պրն. Վարչապետը կը յիշէ։ «Հայոց լեզուն եւ գրերը, հայ գրականութիւնը, ներառեալ թարգմանական գրականությունը, գիտելիքը, գիտութիւնը:» Եթէ Հայոց լեզուն մեր ազգային արժէքներէն մէկն է, արդեօք երկրին ղեկավարը պարտաւոր չէ՞ աւելի յարգանքով վարուելու այդ արժէքին հետ, առնուազն որդեգրելով բոլորին հասկնալի գրական հայերէն լեզուն։ Այս հարցի քննարկումը ամբողջական ձեւով ըրած է Աւետիք Իշխանյանը, իր Ապրիլ 22, 2020-ի յօդուածով, «Առաւօտ»-ի մէջ։ Կարդալ այս յղումով)։ Ես դեռեւս հաճոյքով եւ հիացումով կը լսեմ Պր. Փաշինյանին 2018-էն առաջ տուած ելոյթները, եւ աւելի մեծ հիացումով կը վերադառնամ կրկին լսելու 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին իր ունեցած ելոյթները։ Այդ բոլորին մէջ յստակօրէն կը բացայայտուին մեր երկիրը ամէն գնով բարեփոխել տենչացող իր արդարամիտ, անվախ, ըմբոստ, եւ յեղափոխական ոգին։ Սակայն պիտի խոտովանիմ, որ երբ տեսնեմ 2019-ի եւ 2020-ի իր կարգ մը քաղաքական ելոյթները, կ՚ ապրիմ որոշակի յուսախաբութիւն եւ երբեմն նույնիսկ հիասթափութիւն։ Այս՝ ո՛չ որովհետեւ որեւէ բան փոխուած է իր կեցուածքին, լեզուին, բառապաշարին եւ ոճին մէջ։ Ընդհակառա՛կը, որովհետեւ գրեթէ ոչինչ չէ փոխուած այդ բոլորին մէջ, հակառակ անոր որ իբրեւ վարչապետ, ի պաշտօնէ, ան ունի նոր առաքելութիւն եւ հանգամանք։

Անմիջապէս յստակացնեմ որ այս չի նշակեր որ Պր. Փաշինյանը, վարչապետ ընտրուելէն ետք, պէտք էր փոխէր իր քաղաքական համոզումները, դիրքորուշումը կամ տեսլականը։ Կը նշանակէ, սակայն, որ ան պէտք էր փոխէր իր մօտեցումը։ Ժողովուրդին արդար քուէով եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրուելէ ետք, անհեթեթ է շարունակել ընտրապայքարի բուռն գոյամարտը։ Երբ իշխանութիւնը շարունակէ վարուիլ իբրեւ մարտադաշտին մէջ կռուող ընդդիմադիր ուժերէն մէկը, որը կարծես «պատահականօրէն» անցած է իշխանութեան գլուխ եւ կը փորձէ ամէն գնով իր նոր ձեռք բերած հեղինակութիւնը պարտադրել ամենուրեք, կը նուաստացնէ ոչ միայն իր հեղինակութիւնը այլ նաեւ ժողովուրդի քուէն։

Ցաւօք սրտի, ներքաղաքական շփումներու մէջ, իշխանութիւնը ցուցաբերած է նոյն կարճատես մօտեցումը ինչպէս ընդդիմութիւնը։ Նկատի առնենք կարգ մը յաճախ գործածուած սպառնալից կամ նախատական խօսքեր։ «քաղաքական դիակներ», «խորհրդարանին մէջ տեղ չունին», «պառկեցնել ասֆալտին», եւն. Արդեօ՞ք Պր. վարչապետը պիտի կանգնէր որեւէ դիակի առաջ ու նայելով անոր յայտարարեր. «դուն դիակ ես»։ Կարիքը կա՞յ նման անհեթեթութիւներու։ Վերջերս հրատարակուած «ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութիւն» հատորին մէջ, Պր. Վարչապետը կը գրէ. «Բռնությունը պետք է բացառվի ներհայկական որեւէ հարցի լուծման գործիքակազմից:» Նոյն միտքը պէտք է գործադրել բանաւոր բռնութեան պարագային բոլոր պաշտօնական քաղաքական խօսոյթներուն մէջ։

Իշխանութեան յոգնեցուցիչ սովորութիւններէն մէկը դարձած է ցանկացած քննադատութեան պատասխանել նախկին կառավարութիւններուն գործած սխալները յիշելով եւ յիշեցնելով։ Այս մօտեցումը, եթէ նոյնիսկ որոշ չափով ընդունելի էր նախնական շրջանին, այլեւս համոզիչ չէ։ Նախկին կառավարութիւններուն գործած մեղքերը չեն արդարացներ ներկայի սխալները։

Շինիչ ընդդիմութիւն կրնայ ստեղծուիլ միայն երբ իշխանութիւնը ընդունակ ըլլայ օգտուելու նոր ու կառուցողական գաղափարներէ։ Մինչ հասարակութիւնը կրնայ ինքնիրեն իրաւունք տալ ամբողջ խմբակցութիւն մը վարկաբեկելու եւ, իր քուէներով, բացառելու քաղաքական գործընթացէն, կառավարութիւնը չունի այդ շռայլութիւնը, ո՛չ թէ որովհետեւ «պարտական» է որևէ քաղաքական խմբակցութեան, այլ որովհետեւ պարտական է երկրի՛ն եւ քաղաքացիներուն։ Ազգային միաւորուման ձգտող քաղաքականութիւնը (եւ ղեկավարը) կը տարբերի ըմբոստ, ընդդիմադիր, յեղափոխական քաղաքականութենէն եւ քաղաքական գործիչէն։ Ան կը ներառէ՛, փոխանակ բացառելու, կը լքէ՛ ամբոխավար «ժարգոնն» ու հռետորությունը, եւ կ՚ որդեգրէ հաշտարար ոճ եւ լեզու։ Կ՚ առաջնորդէ ամենէն բարձրորակ օրինակով։ Կ՚ առաջնորդէ միացեալ եւ զարգացած ազգի եւ երկրի տեսլականով։

Ամէն տեսակի այլակարծութիւն մերժող իշխանութիւն մը կը լճանայ եւ կը հրաւիրէ նոր վտանգներ։ Ընդդիմութիւնը իր դերը կրնայ խաղալ միայն քննադատելով եւ տարբեր մօտեցումներ առաջադրելով, որովհետեւ գործելու հնարաւորութիւն չունի։ Պետական լծակները իր տրամադրութեան տակ չեն գտնուիր։ Իշխանութիւնը, սակայն, գործող եւ սպասարկող կազմակերպութիւն է։ Ինքզինք պիտի արժեւորէ իր գործով եւ առաջացուցած արդիւնքներով։ Այս պարագային ո՛չ ոք ընդդիմութիւնը պիտի մեղադրէ եթէ երկրին բարեկեցիկութիւնը, առողջապահութիւնը կամ անվտանգութիւնը վատթարանան։

Իշխանութիւնը կրնայ կարգ մը դժուար ներքին մարտահրաւէրներ յաղթահարել աւելի լայն գործակցական ճիգերով, քան առանձին։ Օրինակ՝ Հայաստանի ժողովուրդը—եւ ընդհանրապէս համայն հայ ժողովուրդը—մտքի եւ սրտի խաղաղութիւն պիտի չունենայ եթէ անցած երեսուն տարիներու ոճիրները մնան անպատիժ։ Կառավարութիւնը արդէն այս գործընթացը սկսած է (որուն մեծ յոյսեր կապած է ժողովուրդը), բայց ոչ բաւարարաչափ խիզախ եւ անսասան քայլերով։ Հարցը չի վերջանար մի քանի մեծ եւ յայտնի թալանողներ արդարութեան հրաւիրելով։ Ամբողջ մենաշնորհային համակարգը միանգամընդմիշտ եւ արմատապէս պէտք է փլուզուի որպէսզի իսկական արդարութիւն տիրէ։ Ահաւոր բարդ գործարք է այս մէկը։ Նոյնիսկ ա՛յս իշխանութիւնը տակաւին հեռու է այս մարտահրաւէրը ընդունելէ։ Հակառակը, կը թուի թէ մինչեւ հիմա, աւելի տրամադրուած է մենաշնորհային համակարգին հետ համակերպելու եւ գործակցելու, քան զայն հակակշռի տակ առնելու։ Գործը բարդ է, որովհետեւ համակարգը ունի խորունկ արմատներ տնտեսութեան բոլոր ոլորտներէն ներս, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական համակարգին մէջ։ Եւ ճիշդ հոս կը կայանայ դատաիրաւական համակարգը հիմնական բարեփոխումներու ենթարկելու հրամայականը։ Բայց կան ազդեցիկ եւ փաստուած միջոցներ այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու. կը մնայ որ իշխանութիւնը ընդլայնէ փորձագէտներու իր շրջանակը։

Գործնական Քայլեր

Գործնական գետնի վրայ, այս կը նշանակէ գործի լծել ազգին պատկանող տաղանդը եւ այն փորձագէտները, որոնց կարիքը ունի իշխանութիւնը, ողջունելով նոյնիսկ (եւ մանաւա՛նդ) այլակարծութիւնը։ Այս կարելի է ընել քայլ առ քայլ։

– Թերեւս առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ամրապնդել եւ պաշտօնականացնել ստեղծուած ներքաղաքական «զինադադար»ը, ուր բոլոր քաղաքական խմբակցութիւնները անխտիր, կը համաձայնին անմիջապէս կասեցնել որեւէ տեսակի բանաւոր բռնութիւն—արհամարհանք, հայհոյանք, սպառնալիք, փողոցային-կռուազան լեզու։ Այսպիսով, իբրեւ առաջին քայլ, Հայաստանի նեքաղաքական խօսոյթը կ՚ ըլլայ աւելի քաղաքակիրթ, որ (կը յուսանք) կրնայ առաջնորդել աւելի շինիչ երկխօսութիւններու։
– Երկրորդ, պետութիւնը կը նախաձեռնէ ստեղծել մասնագիտական կատարողական մարմիններ (task force), բաղկացած պետական եւ ոչ-պետական փորձագէտներէ, հիմնուած միայն անհատներու մասնագիտական պատրաստութեան վրայ, առանց նկատի առնելու անոնց քաղաքական հակումը։ Վստահաբար, նոյնիսկ վարկաբեկուած ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն մէջ, կան լաւ պատրաստուած փորձագէտներ, որոնք չեն խճճուած իրենց խմբակցութիւններուն գործած յանցանքներուն մէջ կամ աղաւաղուած անոնցմով։ Նմանապէս, կան արժանի այլընտրանքային լուծումներ առաջարկուած ընդդիմադիր խմբակցութիւններու կողմէ։ Իշխող խմբակցութենէն դուրս կան մաքուր անձիք, որոնց մասնագիտական փորձին այսօր կարիքը ունի պետութիւնը։ Օրինակի համար, կարելի է նման մարմիններ ստեղծել հետեւեալ ոլորտներուն մէջ։

Ներքին Ոլորտներ

1. Տնտեսական զարգացում, ներառեալ մենաշնորհային համակարգի հարցը։
2. Բնապահպանութիւն, ներառեալ հանքերու շահագործման հարցը։
3. Մշակութային եւ կրթական զարգացում։
4. Առողջապահութիւն, եւ մասնաւորապէս հակահամաճարակային ռազմավարութիւն։
5. Դատաիրաւական համակարգի բարեփոխութիւններ։

Արտաքին Ոլորտներ

6. Տարածաշրջանի ռազմավարութիւն, ներառեալ Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը։
7. Համաշխարհային դիւանագիտական հարթակներ, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միացեալ օրակարգով (*Եթէ այսպիսի մարմին մը արդէն գոյութիւն ունենար, կրնայինք, անցեալ շաբթուայ դէպքերէն ետք, շատ աւելի արդիւնաւետ ձեւով համաշխարհային հանրային կարծիքը դարձնել մեր կողմ եւ ստեղծել աւելի համատարած հայամետ միջազգային տրամադրութիւն եւ լեզուամտածողութիւն)։
– Կարեւոր է որ այս մարմինները ըլլան զուտ մասնագիտական ։ Այսինքն՝ խօսքը քաղաքական «կոալիցիա»ի մասին չէ։ Ամէն անհատ, երբ կը մասնակցի իր մարմնի նիստին, իր հետ կը բերէ միայն իր մասնագիտական փորձը։ Նպատակը բարձր մակարդակի մասնագիտական լուծումներ քննարկել եւ առաջարկել է միայն։
– Ժամանակի ընթացքին, այս մօտեցումը կը ստեղծէ ազգը միաւորող նոր շաղախ, մասնագիտական բարձր մակարդակի վրայ, հեռու քաղաքական պառակտումներէ։ Եւ եթէ մենք մեզի թոյլ տանք որոշ լաւատեսութիւն (եւ թերեւս որոշ միամտութիւն) , կրնանք յուսալ որ մարդիկ կը վարժուին գործակցելու, փոխանակ մրցելու կամ, աւելի վատ, թշնամանալու։
– Կրնանք յուսալ նաեւ որ, ժամանակի ընթացքին, գործակցութեան ոգին կը տարածուի ներքաղաքական դաշտին մէջ։ — -Ներքաղաքական մշակոյթը հետզհետէ կը փոխուի։ Եւ, ինչու՞ չէ, նոյնիսկ եղած մրցակցութիւնը կը կերպարանափոխուի։ Աթոռի մոլուցքը կը վերածուի գերազանց լուծումներ յղանալու մրցակցութեան։ Թերեւս այն ատեն վերջապէս կարելի կը դառնայ կազմել գործող քաղաքական «կոալիցիայներ», յանուն ազգային միասնականութեան եւ պետականութեան հզօրացման։

Միայն ա՛յսպէս կրնանք ամրացնել եւ յաւերժացնել մեր յաղթանակը Ազրպէյճանի վերջին ոտնձգութիւններուն դէմ։