Համայն հայութեան վաղուան համար

Ամէն անգամ որ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւն աղէտ մը պատահի…

Այս անգամ կարգը Լիբանանինն էր եւ Ամբողջ աշխարհի հետ հայոց աչքերն ալ ուղղուեցան դէպի Պէյրութ, որովհետեւ այս գեղեցիկ երկիրն ու անոր մայրաքաղաքը մեզի համար թանկագին են, մեր սիրտերուն մօտիկ. չէ՞ որ, ինչպէս գիտենք, այս երկրին մէջ ապաստան գտած են Ցեղասպանութենէն փրկուած հայու խլեակներ, այս երկրին մէջ հաստատուած է մեր եկեղեցուոյ նուիրական աթոռներէն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, հոն ունեցած ենք մամուլ, դպրոց: Այս երկրէն համայն սփիւռքին համար ապահոված ենք կրթական մշակներ, խմբագիրներ, գիտնականներ, արհեստաւորներ: Այս երկրին մէջ ապրած ենք ազատօրէն, որպէս անոր բաղկացուցիչ կարեւոր համայնքներէն մին: Գիտենք նաեւ, որ այս ազատ երկրին պարտական չենք մնացած, աւելի քան հարիւր տարի մասնակցած ենք անոր ծաղկման, Պէյրութը «Արեւելքի Փարիզը» դառնալուն մէջ մեծ դեր ունեցած ենք նաեւ մենք: Ահա թէ ինչո՛ւ այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ եւ մեր բոլորին աչքերը սեւեռուեցան լիբանանահայութեան վրայ, որոնց (մեր) տուները քանդուեցան, որոնք (մենք) զոհեր եւ վիրաւորներ ունեցան(ք):

Այո՛, ամէն անգամ որ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւն աղէտ մը պատահի, ազգովին իրար կ’անցնինք, որովհետեւ անպայման զոհուողներուն մէջ հայեր ալ կը գտնուին. մեր միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ կը կուտակուին բազում հարցումներ.-Ի՞նչ ընենք, ի՞նչ պէտք է ընենք, ինչպէ՞ս պէտք է ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել…

Ամէն անգամ ալ օգնութեան ձեռքեր կ’երկարին համայն աշխարհի ամբողջ հայութեան կողմէն: Բարերարներ հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը նուիրեն, (որոնք երբեմն ճիշդ հասցէի չեն ուղղուիր), հարուստները իրենց քսակները լայն կը բանան, միջին դասակարգի պատկանողները կրցածնին չափ կ’օգնեն, աղքատները իրենց ապրուստէն կը կտրեն եւ իրենց լուման կը տրամադրեն հեռաւոր կամ մօտիկ հայրենակիցներուն:

Յետո՞յ:

Այս ալ կ’անցնի եւ բոլորս՝ ամէն մէկս, լիակատար պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութիւն կը զգանք ու…

Ու այսպէս շարունակ:

Պէյրութի վիճակը շատ ծանր է:

-Գիտենք, դո՞ւն մեզի պիտի ըսես,- կրնան ըսել շատեր, կրնան բոլորը ըսել:

Մինչեւ նաւահանգիստի պայթիւնն ալ Լիբանանի հայութեան վիճակը շատ ծանր էր:

-Այդ ալ գիտենք:

Եթէ այդ ալ գիտէք, ինչո՞ւ մինչեւ պայթիւնը չշարժեցաք:

-Շարժեցանք. թերեւս դուն տեղեակ չես, բարեգործութիւններ ըրինք, ուտելիք բաժնեցինք, Գորոնայի տարածումը արգիլելու համար մաքրութեան եւ հականեխիչ նիւթեր բաշխեցինք: Մեր խիղճը հանգիստ է:

Խնդիրը խղճի հանգստութիւնը չէ, այլ բոլոր ծագած եւ ծագելիք խնդիրներուն արմատական լուծում գտնելն է:

-Ո՞ր խնդիրներուն, ի՞նչ արմատական լուծում:

-Հայերու գլխուն ծագած խնդիրներուն՝ Ղարաբաղի վրայ յարձակումի մը պարագային, Տաւուշի վրայ յարձակման պարագային. Հայաստանի տնտեսական վիճակը խնդիր չէ՞, Սուրիահայերուն վիճակը կրցա՞նք բարելաւել: Հայաստանէն արտագաղթը դադրեցուցի՞նք… Այս օրերու աշխարհին մէջ, գիտե՞նք վաղը կամ միւս օրը ուր աղէտ մը պիտի պատահի…

Չենք գիտեր: Խորապէս համոզուած եմ, որ մեր վիճակը ծանր է, անկախ պատահած եւ պատահելիք աղէտներէն, ծանր է որովհետեւ մեր մեծամասնութիւնը իր հայրենիքէն դուրս կ’ապրի, ուստի եւ առանց ամերիկա յայտնաբերելու կարելի է կրկնել հարիւրաւոր տարիներէ մեր նախնիներուն ըսածները.- Հայրենիքէն դուրս ուր ալ գտնուինք, ուշ կամ կանուխ պիտի ձուլուինք: Մենք մեզ չխաբենք, ամէն տեղ ալ ձուլուած ենք, եւ եթէ կը շարունակենք որպէս սփիւռքահայ գոյութիւն ունենալ, որովհետեւ կը շարունակենք գաղթել հայրենիքէն կամ մեր ապրած երկրէն. կը գաղթենք՝ կամովին կամ բռնի՝ սպանդի ենթարկուելով կամ վտարուելով…

Սուրիայէն չգաղթեցի՞նք: Ճի՛շդ է, սուրիական ներկայ պետութիւնը բարեացակամ վերաբերմունք ունի մեր հանդէպ, բայց մեր հոս գտնուած տարիներուն քի՞չ լսած ենք. Էրմէն մըսքին, թէհդ ըլ սըքքին՝ այսինքն Հայը խեղճ է, դանակի տակ (մորթուելիք)… կամ տագնապի այս վերջին տարիներուն քի՞չ էին մեզի ըսողները.- Դուք երկիր ունիք, գացէ՛ք ձեր հայրենիքը:

Այսօր, Հալէպահայութեան կէսը կը տառապի զանազան հիւանդութիւններէ, Գորոնայէն կամ ոչ գորոնային հիւանդութիւններէ, միւս կէսն ալ հոգեպէս ինքզինք հիւանդ կը կարծէ՝ կամ գլխացաւ ունի, կամ բերնին համը կորսնցուցած է (կամ այդպէս կը կարծէ), կամ, կամ, կամ… եւ բոլորս ալ կը շարունակենք մեր գոյութիւնը քաշքշել տնտեսական անտանելի պայմաններու մէջ, երբ Գորոնան արդէն մտահոգիչ կերպով կը տարածուի եւ ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, 8 Օգոստոսին վարակակիրներուն թիւը աւելցած է 65-ով եւ հասած 1125-ի, որոնցմէ առողջացած են 331-ը, իսկ մահացած 50-ը: Այս թիւերը շատ փոքր են իրական թիւերէն, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, գրեթէ քննութիւններ չեն կատարուիր, որովհետեւ պետութիւնը պատերազմի եւ պատժամիջոցներու հետեւանքով հնարաւորութիւն չունի, երկիրը հնարաւորութիւն չունի նաեւ հիւանդները բուժելու, շնչառական գործիքներ շատ քիչ ունինք, իսկ մասնաւոր հիւանդանոցներու մէջ շնչառական գործիքին օրական պէտք է վճարենք երկու հարիւր հազար լիրա՝ մօտաւորապէս հարիւր տոլար եւ… եւ սակայն կը գիտակցինք, որ Լիբանանի հայութեան վիճակը աւելի ծանր է, ո՛չ միայն այս պայթիւնին հետեւանքով, այլ փտածութեան պատճառաւ երկրին մէջ տիրող վերջին տարուան քաղաքական անկայունութեան, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամին ու գորոնային յառաջացուցած անգործութեան որպէս արդիւնք: Կը գիտակցինք նաեւ, որ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ վիճակը ամենածանրն է… այս մասին մտածա՞ծ էք, գիտէ՞ք որ հազարաւոր այս խեղճուկրակները տուն չունին, վարձով կ’ապրին, վերջին տարիներուն անոնք անդադար աշխատած են, աշխատած են ընտանիքի բոլոր անդամները եւ որպէս սուրիացի արդարօրէն չեն վարձատրուած եւ մեծ դժուարութեամբ կրցած են պահել իրենց գոյութիւնը, ներկայիս անոնց մեծամասնութիւնը անգործ է: Ասոնց մեծ մասը Հալէպի ռումբերէն փախած հայեր են, որոնք երկար տարիներ կը սպասեն գաղթելու Գանատա, Աւստրալիա կամ այլուր, ասոնցմէ ոմանք Հայաստան ներգաղթած եւ արտագաղթած են. յանցաւո՞ր են: Այստեղ յանցանքի մասին չէ խօսքը, այլ դառն իրականութեան:

Այո՛, Պէյրութի հայերուն վիճակը ծանր է, եւ ո՞վ պիտի օգնէ անոնց. կը պարզուի, որ օգնութեան հասնելու պարտականութիւնը նախ եւ առաջ մեր բոլորիս հայրենիք Հայաստանինն է: Այսինքն մեզի պիտի օգնէ Հայաստանի ժողովուրդը, որ ինքը կարօտ է օգնութեան: Կը գիտակցի՞նք այս իրականութիւնը, այսինքն կը գիտակցի՞նք, թէ Հայաստանէն Պէյրութ փոխադրող երեք օդանաւերու անմիջական օգնութիւնը Հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցները իրենց երեխաներուն ուտելիքէն եւ հագուելիքէն պիտի կտրեն, որովհետեւ մեր երկիրը աղքատ է, որովհետեւ մեր երկիրը պատերազմի մէջ է, … կը գիտակցի՞նք…

Այսօր Լիբանանի հայութեան հայրենադարձութեան եւ գաղութի վերածաղկման մասին կը խօսուի, իրականութիւնը այն է, որ պիտի չկարենանք իրագործել ո՛չ այս եւ ո՛չ ալ միւսը, որովհետեւ պատրաստ չենք, պատրաստ չենք որովհետեւ ալէտները մեր ուշադրութեան կեդրոնը կը դառնան միայն անոնց կատարուած ընթացքին, մինչ այդ մասին մենք պէտք է խորհինք եւ պատրաստուինք նախօրօք… երբ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը հիմնուեցաւ, անոր հեռատես ղեկավարները օրինակ առնելով օտար նման կազմակերպութենէ մը, որոշեցին նուիրատուութիւններուն մէկ վեցերորդը անձեռնմխելի պահել… շա՞տ բան պիտի կորսնցնէինք եթէ նոյն կերպ վարուէինք «Հայաստան» հիմնադրամին հետ… Ինչո՞ւ նոյն կերպ չեն վարուիր մեր բոլոր հաստատութիւնները… գէ՞շ կ’ըլլար եթէ վատ օրերու համար որոշ գումար մը ունենայինք… այսօրուայ համար ուշ է այսօր մտածել, բայց վաղուայ համար այսօր պարտաւոր ենք այսօր այդպիսի քայլի դիմել…

Ուրիշ կարեւոր հարց մըն ալ.- Ո՞վ իրաւասու է կարեւոր որոշումներ առնելու:

Ամէն մէկ գաղութի ղեկավարութիւն կրնա՞յ իր ապագան որոշել… արդեօք ժամանակը չէ՞ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան առընթեր համահայկական լիազօր մարմին մը ստեղծելու…

Հալէպ, 8 Օգոստոս 2020