Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Վերահաստատէ Անթիլիասի Ամբողջական Զօրակցութիւնը` Սուրիոյ Հայութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 25 օգոստոսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանին հետ` մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով: Առաջնորդ սրբազանը վեհափառ հայրապետին զեկոյց մը տուաւ «Քորոնա» համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան պատճառով հայութեան կեանքին մէջ յառաջացած հետեւանքներուն մասին:

Արամ Ա. կաթողիկոս գոհունակութեամբ հաստատեց, որ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած, եւ շատեր առողջացած են, սակայն տնտեսական տագնապը տակաւին կը շարունակուի: Այս առիթով սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սուրիահայութեան կատարուած օժանդակութեան համար:
Արամ Ա. վեհափառը, իր կարգին, անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը միշտ պատրաստ է իր աջակցութիւնը ընծայելու բոլոր շրջաններուն մէջ հաստատուած Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակներուն:

Հալէպ – անզօր հիւանդներու քաղաք

Հալէպ․ ամէն տուն մտած է վարակը տարբեր աստիճաններով

Մեկնաբանել