Որբացած ենք իրարմէ

Արցախ եմ դարձեալ, Ստեփանակերտ։

Ուրախ եմ եւ տխուր, միաժամանակ։

Ուրախ եմ, որովհետեւ յառաջիկայ օրերուն աշխատանքային հանդիպումներ ունինք թէ’ մեր անձնակազմի եւ թէ պետական մարդոց հետ։ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործընկերներուս հետ պիտի քննարկենք նոր ծրագիրներ, նոր հնարաւորութիւններ։ Ազատագրուած Քաշաթաղի հարաւային շրջաններուն մէջ տնտեսական զարգացման նոր գործունէութիւն պիտի ծաւալենք եւ նախապատրաստական աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին։

Ուրախ եմ, որովհետեւ գործընկերներս Երկուշաբթի օր Քաշաթաղի Վան գիւղի վերանորոգուած դպրոցի բացումը պիտի կատարեն։ Ազատագրուած տարածքի մեր բնակիչներու երեխաները վերամուտը պիտի նշեն մեր աջակիցներու ջանքերով ամբողջովին վերանորոգուած դպրոցի մէջ։ Թէեւ ես այդ օր Երեւան վերադարձած պիտի ըլլամ, բայց սիրտս ու միտքս պիտի ըլլայ հոն, ուր հայ կեանքը դարձեալ կը ծաղկի…

Բայց նաեւ տխուր եմ։ Հիմա նստած եմ Ստեփանակերտի գլխաւոր հրապարակի մօտ գտնուող սրճարաններէն մէկուն պատշգամբը եւ արցախեան համեղ գինի կը խմեմ։ Տխուր եմ, որովհետեւ ամէն տարի այս օրերուն, Արցախը «ներխուժուած» կ՚ըլլար Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր վայրերէն եկած հազարաւոր հայերով։ Այս օրերուն, Երեւանէն յետոյ, Ստեփանակերտը հպարտօրէն, իբրեւ համայն հայութեան երկրորդ մայրաքաղաք, աշխարհի չորս կողմէն եկած հայութեան կը փոխանցէր ազատութեան եւ յաղթանակի ոգին ու շունչը։ Այս անիծեալ կորոնավիրուսի պատճառով, հայութիւնը այս տարի այստեղ չէ։ Բոլորս որբացած ենք իրարմէ…

Բայց այս օրերը կ՚անցնին։ Երեւանն ու Ստեփանակերտը, մեր ՄԻԱՑԵԱԼ հայրենիքի միւս գիւղերն ու քաղաքները դարձեալ կը լեցուին աշխարհի բոլոր անկիւններէն եկած հայերով։ Մեր ՄԻԱՑԵԱԼ երկիրը դարձեալ կը դառնայ մեր բոլորին՝ համայն հայութեան միակ ու ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ հայրենիքը…

Սա մեր ճակատագիրն է, որ կը գրուի մեր գրիչով, մեր ճիգով, մեր հաւատքով։

Մենք այլ տարբերակ չունինք։

Լուսանկարը՝ Րաֆֆի Տուտագլեանի էջէն

Մեկնաբանել