Ագարակ՝ բազմաթիւ Հայրենադարձերու նոր բնակավայրը

Նամակ երկրէն

Կովիտ-19 համավարակի միապաղաղ առօրեայէն ազատելու լաւագոյն ձեւը ամիսը մէկ-երկու անգամ ընտանիքով կամ ընկերներով Հայաստանի տարբեր մարզերու յայտնի եւ անյայտ գիւղերը այցելելն է եւ մեր հայրենիքի հրաշալի բնութիւնը վայելելը: Քանի մը օր առաջ ընկերներով որոշեցինք կտրուիլ երեւանեան մեր առօրեայէն եւ այցելել Բիւրական: Դէպի բիւրական ճամբուն վրայ ընկերներուս յիշեցուցի, որ քեռիիս տղան՝ Ռաֆֆի Եագուպեանը, Լարնաքայ, Լոնտոնի եւ Պէյրութի մէջ աշխատելէ եւ ապրելէ ետք, տարիներ առաջ Հայաստան տեղափոխուած էր եւ մի քանի տարի Երեւան մնալէ ետք, առանձնատուն մը կառուցած էր Ագարակ գիւղի մուտքին եւ 4 տարիէ ի վեր արդէն կ’ապրէր այնտեղ: «Երթանք սուրճ մը խմենք մօրեղբորս տղուն հետ: Կորոնավիրուսի պատճառով վաղուց չեմ տեսած զինք», առաջարկեցի ընկերներուս:

Համաձայնեցան եւ փոխանակ դէպի Բիւրական բարձրանալու, մեքենան քշեցինք ուղիղ ճանապարհով դէպի Ագարակ գիւղ: Արագածոտն Մարզի Ագարակ գիւղը Երեւանէն հեռու է մօտ 30 քմ, բայց նոր մայրուղիի կառուցումը կարծէք թէ կրճատած է ճանապարհը: Մայրուղիէն դուրս գալով երկու վայրկեանէն հասանք Ռաֆֆիի առանձնատան առջեւ:

Քեռիիս տղան մեզ ընդունեց իր առանձնատան կանաչապատ ու պտղատու ծառերով հարուստ այգիի բակին մէջ: Ինչպէս ըսի, վաղուց չէինք տեսնուած ու ահագին բան ունէինք պատմելու իրար: Խօսեցանք անցեալէն ու ներկայէն, կորոնավիրուսէն, եղանակէն, եւայլն: Բնականաբար, չէինք կրնար չանդրադառնալ Լիբանանի տագնապին, Պէյրութի պայթումին եւ լիբանանահայութեան վիճակին: Բոլորս ալ ծնած ու մեծցած էինք Լիբանանի մէջ եւ մինչեւ այսօր բազմաթիւ ընկերներ, ազգականներ եւ հարազատներ ունինք այնտեղ: Յետոյ նիւթը կեդրոնացաւ Լիբնանանէն եւ Սուրիայէն Հայաստան եկող հայերու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն եւ անոնցմէ շատերուն արձանագրած յաջողութիւններուն կամ ձախողութիւններուն վրայ:

Այս մասին երբ կարծիքներ կը փոխանակէինք, Ռաֆֆին մեզի տեղեկացուց, որ նախքան Լիբանանի տագնապը, աշխարհի չորս կողմէն բազմաթիւ հայեր, մանաւանդ Լիբանանէն, արդէն տեղաւորուած են Ագարակ գիւղ եւ 5 րոպէ հեռու գտնուող Աշտարակ քաղաքը:

«Հոս եւ Աշտարակ, անցնող տարիներուն, շուրջ 15 ընտանիք եկած է Լիբանանէն եւ Սուրիայէն: Ասոնցմէ 7ը այնճարցի են, 2ը՝ քեսապցի: Կան նաեւ Ֆրանսայէն եւ Շուէտէն հայեր, որոնք տուներ կառուցած են եւ տարին քանի մը ամիս կու գան կը մնան այստեղ: Ագարակի շրջանին մէջ հայրենադարձերու փոքրիկ համայնք կայ արդէն», ըսաւ Ռաֆֆի եւ բացատրեց, որ կեանքը շատ աւելի արժան է այս շրջանին մէջ, մեծ տուն մը գնելն ու վերանորոգելը շատ աւելի քիչ գումար կը պահանջէ քան Երեւանի կեդրոնի մէջ փոքր բնակարան մը: «Մարդիկ Երեւանի բնակարանի մը կէս գինով կրնան մեծ տուն գնել եւ կողքն ալ կանաչ այգի մը հիմնել: Օդը մաքուր է, եղանակը՝ հաճելի: Ատոր համար ալ վերջերս մարդոց հետաքրքրութիւնը դէպի այս կողմերն է, քանի որ ամէն ինչ աւելի մատչելի է», տեղեկացուց Ռաֆֆի եւ յիշեց, որ բազմաթիւ լիբանանցիներ հողեր գնած են այս տարածքներէն, ապագային տուն կառուցելու յոյսով: «Երեւանէն ետք, կարծես թէ Արագածոտնի մարզի այս շրջանը ամենագրաւիչ տեղն է հայրենադարձ Սփիւռքահայերուն համար, որովհետեւ մօտ է մայրաքաղաքին, 15-20 վայրկեան կը քշես ու Երեւանի սիրտին մէջ ես, իսկ բնութիւնը հրաշալի է, գիներն ալ՝ ընդունելի…», եզրափակեց ան:

Հաճելի էր լսել այս բոլորը: Բնականաբար հետաքրքրուեցանք նաեւ գործի հնարաւորութիւններուն մասին: Այստեղ ի վերջոյ գիւղական շրջան է եւ բոլորը չէ, որ գիւղատնտեսութեամբ կրնան զբաղիլ: Ռաֆֆի բացատեց, որ ով որ գիւղատնտեսութենէ կը հասկնայ եւ այդ գործին մէջ է, բնականաբար կրնայ այստեղ նոյն գործով զբաղիլ, բայց նաեւ կան մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն այստեղ ապրիլ եւ աշխատիլ Երեւան: Այստեղ կարելի է մեծ տուն ունենալ, փոքր այգի մըն ալ հետը, եւ աշխատանքի համար ամէն օր երթալ երեւան:

«Երեւի դուք մոռցած եք արդէն, եւ շատ արագ երեւանցի դարձած եք: Չէ՞ք յիշեր, Ամերիկայ կամ նոյնիսկ Լիբանան, ամէն օր մէկ-երկու ժամ կը քշէինք, գործի երթալ գալու համար: 15-20 վայրկեան քշել եւ Երեւան հասնիլը դժուա՞ր է…», դիտել տուաւ Ռաֆֆի:

Ընկերս Աբոն որոշեց անմիջապէս իր ամերիկաբնակ հորեղբորորդիին տեղեկացնել այս շրջանի մէջ տուն ունենալու հնարաւորութեան մասին: Երեւանէն զատ մատչելի շատ վայրեր կան, մանաւանդ անոնց համար, որոնք կը սիրեն գիւղական խաղաղ կեանքը, մաքուր օդը, սիրուն բնութիւնը:

Քիչ մըն ալ զրուցելէ ու հեռախօսով մի քանի լուսանկար առնելէ ետք ցտեսութիւն ըսինք Ռաֆֆիին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցինք մեր օրը այսպէս լաւ լուրերով լեցնելուն համար եւ քշեցինք դէպի Բիւրական:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Մեկնաբանել