Հալէպահայ գաղութը եւ իր առաջնահերթութիւնները-1

Ամէն ինչ իրար անցած է: Ո՞վ, ինչի՞ պէտք ունի.- Անորոշ է: Ո՞վ, որո՞ւ կ’օգնէ յստակ չէ: Ո՞վ, ի՞նչ կ’ակնկալէ, որմէ՞ կ’ակնկալէ. Այդքան ալ պարզ չէ: :

Այն, ի՛նչ կը կատարուի այս օրերուն հալէպահայ գաղութին մէջ Լաբիւրինթոս կը յիշեցնէ:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագութեան, Սեպտեմբեր 6-ին Սուրիոյ մէջ մէկ օրուայ ընթացքին Գորոնայով հիւանդներուն 67 վարակակիրներ աւելցած են եւ անոնց ընդհանուր թիւը դարձած 3171, որոնցմէ բուժուածերը 730 են , մահացածները՝ 134: Մխիթարականը այն է, որ անցեալ ամսուայ իրար յաջորդող մահերու տարածած սարսափը արդէն չկայ, թէեւ Գորոնայով վարակուածներուն իրական թիւը չափէն աւելի մեծցած է, բուժուածներունը նոյնպէս. հաւատացէ՛ք, ինծի ծանօթ մարդոց մէկ երրորդը հիւանդացած է եւ բուժուած, թէեւ անոնցմէ շատ քիչեր տունը մեկուսացած մնացած են, ջերմութիւն կամ գլխացաւ ունեցած են, փորհարութիւն կամ հազ ունեցած են, ուժաթափ եղած են: Անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը բերնի համն ու քիթի հոտառութիւնը կորսնցուցած եւ քանի մը օրէն վերագտած է: Հիւանդանոց գացածները համեմատաբար շատ քիչերն էին, որոնք առողջանալու համար միլիոններ վճարեցին, որովհետեւ պետական անվճար հիւանդանոցները չափէն աւելի քիչ հնարաւորութիւն ունին (մի քանի տասնեակ հիւանդներ կրնան միաժամանակ ընդունիլ) իսկ մասնաւոր հիւանդանոցները ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ հարստանալու առիթ գտան: Բարեբախտաբար մեր բարեսիրական հաստատութիւնները նիւթապէս օգնեցին մտահոգիչ վիճակ ունեցողներուն:

Գորոնա վիրուսը չանհետացաւ, ան իր ուժը կրնայ ցոյց տալ գալ շաբաթ, երբ դպրոցական երկու շաբաթ յետաձգուած տարեմուտը սկսի. պետութիւնը կարծէք որոշած է բանալ դպրոցներու դռները .« Բանանք, նայինք ի՞նչ կ’ըլլայ» մտածելով, թէեւ առաջին երկու շաբաթը բացակայաթիւններուն ներողամիտ վերաբերմունք ցոյց պիտի տրուի եւ տակաւին յայտի չէ՛, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի ընթանայ ուումնական տարին:

Գորոնայէն աւելի մեզի համար մտահոգիչ կը մնայ մեր տնտեսական ծանր վիճակը. ամէն մարդ դրամի պէտք ունի, տպաւորութիւնը այնպէս է, որ ոչ մէկուն շահածը կը բաւէ ընտանիքին կարիքները հոգալու: Տագնապի տարիները բոլորիս սորվեցուցին օգնութեամբ ապրիլ, սորվեցանք անյարմար չզգալ, չամչնալ օգնութեան յուսալի բոլոր դռները թակելու…

Ամէնքը, ամէնքէն օգնութիւն կ’ակնկալեն:

Առաջ, մարդիկ ամչնալով կ’առնէին առաջարկուած օգնութիւնը, հիմա, ո՛վ ալ որ տայ, որքան ալ որ տայ, աւելին կ’ակնկալեն: Իրենց իրաւունքը կը սեպեն օգնութիւն ստանալը, շա՛տ ստանալը, որքան որ կարելի է այնքան շատ ստանալը, որքան որ կարելի է զանազան աղբիւրներէ ստանալը, աւելին, շատ է թիւը անոնց որոնք օգնութիւն կը պահանջեն ինչպէս պարտատէրը պարտքը չվերադարձնող պարտապանէն:

Հապա ի՞նչ թող ընեն, ի՞նչ թող ընեն՝ եթէ անգործ են, ի՞նչ թող ընեն եթէ տունը հաց իսկ չունին ուտելու, լա՛ւ, հայրը անօթի թող մնայ, բայց կրնա՞յ կինն ու զաւակները անօթի ձգել: Տարին մէկ անգամ նոր հագուստ չի գներ, կօշիկը կը ծակծկի, նորով չի՛ փոխեր, բայց կրնա՞յ հնամաշ հագուստով դպրոց, կամ համալարան ղրկել իր զաւակները… հապա մայրը՞, ան ալ կ’աշխատի, ինքզինք մոռացութեան տալով կը փորձէ զաւակներուն կարիքները հոգալ… ի զուր… ամուսիններուն ամսական աշխատավարձը 60-70 տոլարը չանցնիր, մինչ ամենաքիչը 100 տոլարի պէտք ունի ընտանիք մը՝ մարդավայել, չէ՜, ի՞նչ մարդավայել, միջինէն վար ապրելու համար:

Ցաւալի է, շատ ցաւալի:

Ոմանք, թէեւ քիչ է անոնց թիւը, կը դիմեն ծայրայեղ միջոցներու՝ ընտանիքը ապրեցնելու համար:

Ականջ դնենք այս երիտասարդին.

-Ասկէ անկէ պարտքի կ’առնեմ, կ’ամչնամ այլեւս , մէկու մը երեսին չեմ կրնար նայիլ, գործ չկայ, գործ ըլլայ ալ, շահածս չի՛ բաւեր, կը հասկնա՞ս չի՛ բաւեր… որո՞ւ դիմեմ.. տուած օգնութիւննին ալ բան մը չէ՛, չեմ ուզեր… Լիպիա պիտի երթամ, ռուսերուն հետ.. նաւահանգիսի մէջ պահակներու պէտք ունին եղեր… քանի մը ամիս կ’երթամ, կամ կը մեռնիմ, կամ ալ դրամով կը վերադառնամ:

Այո՛, այո՛, հաւատաք, կամ չհաւատաք, կարեւորութիւն տաք, թէ՝ չտաք, մտահոգիչ իրողութիւն է, այն որ այսօր Հալէպէն Լիպիա գացող տղաք կան, նաեւ հայ տղաք: Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ այս մասին. ցաւալին այն է, գիտեմ, մեր պատասխանատուները, ինչպէս ասկէ առաջ, այս անգամ ալ ուշադրութիւն պիտի չդարձնեն այս կէտին, պիտի նախընտրեն անտեղեակ ձեւանալ, թերեւս որովհետեւ անկարող են բան մը ընել…

Ինչո՞ւ կը գրեմ այս տողերը: Մտքիս մէջ յստակ է, թէ ի՞նչ է ուզածս:

Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ այս տողերը դուրսէն եկող օգնութիւնները դադրեցնելու կոչ չէ՛, այլ այդ օգնութիւններուն յստակ ուղղուածութիւն տալու կոչ, ճշգրիտ հասցէի ուղղելու օգնութիւնները: Փորձեմ մտքերս յստակօրէն շարադրել:

Իմ պահանջքս նախ եւ առաջ առաջնահերթութիւնները ճշդելն է:

Առաջնահերթութիւնները ճշդելու համար նախ ճշգրիտ պէտք է գիտնանք, թէ քանի հոգիէ կը բաղկանայ մեր գաղութը: Ասիկա ցաւոտ կէտ մըն է, որ անյայտ կը մնայ: Առաջ կարելի էր մօտաւորապէս հաշուել մեկնելով հայկական վարժարաններու դպրոցականներուն թիւէն. այսօր ասիկա կարելի չէ, որովհետեւ թափանցիկ ձեւով չի ներկայացուիր աշակերտութեան թիւը, չէ՞ որ դպրոցներ ունինք ուր մեծ թիւով ոչ հայ աշակերտներ կան եւ որոնց թիւը ճշգրիտ չի յայտարարուիր… ասոնց թիւը կրնանք գիտնալ միայն պետական քննութիւններու մէջ յաջողածներու ցանկէն: Մէկ բան պարզ է, այն, որ կ’ուզենք մեր թիւը շատ աւելի ցոյց տալ քան է իրականութեան մէջ ենթադրելով տալով որ մինչեւ 15000 հայեր կան՝ աւելի քան 4000 ընտանիք (որոնցմէ1000 ընտանիքը մէկ անձ): Կը մնայ յուսալ որ եկեղեցիները իրական մարդահամար մը ընեն հաշուելով իրենց ծուխերը, փորձելով նաեւ գիտնալ իւրաքանչիւր ընտանիքի տնտեսական իրական պատկերը, որպէսզի որոշուի նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի յատկացուելիք օգնութեան չափը: Ճիշդ պիտի ըլլայ գիտնալ նաեւ, թէ ո՞վ որոշած է կամ կ’ուզէ գաղթել: Հոսկէ կը ծագի հարցում մը. պէտք է գաղութը մնա՞յ, թէ՞…: Այս հարցումը շատերուն բարկութիւն պիտի պատճառէ.

-Դուն չ՞ես հասկնար, ուրկէ հանեցի՞ր այս հարցումը. Անշուշտ պիտի մնայ, մեղք չէ՞ Մայր գաղութին, եթէ այս գաղութը վերանայ, ո՞վ սփիւռքին ուսուցիչ պիտի հայթայթէ, խմբագիրներ եւ գրողներ պարգեւէ, կ’ուզես որ Արեւմտեան Հայաստանին մօտիկ միակ գաղո՞ւթն ալ վերանայ:

Ո՛չ մէկը կ’ուզէ գաղութը վերացնել, գաղութը ժամանակի ընթացքին ինքնիրեն կը վերանայ: Պէտք չէ՞ մտածենք ինչպէս պահել, որ պարագային ի՞նչ քայլի դիմել, թէ՞ .-Աստուած մեծ է, ինք կը տնօրինէ պէտք եղածը…

Այս գաղութը, ինչպէս մեր բոլոր գաղութները մինչեւ հիմա ապրած են Աստուծոյ տնօրինութեամբ, սակայն Աստուած իսկ չ’ուզեր որ նոյն կերպ շարունակուի:

Շարունակելի

Մանոէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 7 Սեպտեմբեր 2020

Մեկնաբանել