Հալէպ-Պատասխանատու եւ իրաւասու ղեկավարութիւն

Հալէպահայ գաղութը պիտի մնայ, կամ ոչ, նախ եւ առաջ պէտք ունի ղեկավարութեան՝ պատասխանատու եւ իրաւասու միացեալ ղեկավարութեան:

Մինչ այդ ըսեմ, որ մեր առաջնահերթութիւնը հայկական դպրոցինն է, հայկական դպրոցին պահպանումը մեր գաղութիւն գերխնդիրը պէտք է ըլլայ եւ է:

Մեր դպրոցներուն նիւթականը զէրօ է: Մեր աշակերտներուն ծնողները ի վիճակի չեն դպրցական տարեթոշակները վճարելու, հակառակ անոր, որ եթէ մեր դպրոցներուն գանձածը համեմատելու ըլլանք մասնաւոր այլ դպրոցներու գանձածին հետ, պիտի նկատենք, որ մեր սակերը երկու երրորդով նուազ են միւսերէն, մեր աշակերտներէն ամէնէն շատ վճարողը տարին հարիւր տոլար կը վճարէ, այսպիսի վճարում կատարողները 10% չեն, 40% որոշուած սակին քառորդը հազիւ կը վճարէ, մինչ 50% անվճար կը յաճախէ դպրոց: Մեր դպրոցները միշտ բացի մէջ են եւ հայկական հաստատութիւններու դուրսէն ղրկած օգնութեան շնորհիւ կը գոյատեւեն: Կարգ մը դպրոցներ իրենց նիւթականը ապահովելու համար մեծ թիւով արաբ աշակերտներ կ’ընդունին: Այս երեւոյթը շատ վտանգաւոր է, Հայ կաթողիկէ դպրոցներէն միայն Զուարթնոցը տակաւին քիչ թէ շատ կը պահպանէ իր հայկական դիմագիծը: Մխիթարեան երբեմնի փառահեղ դպրոցի աշակերտութեան թիւը 100 իսկ չէ՝ մեծամասնութեամբ ոչ հայ: Հայ աւետարանական դպրոցներէն միայն Բեթէլը հայկական մնացած է, բազմաթիւ արաբ աշակերտներով: Կիլիկեան վարժարանը նոյնպէս ստիպողաբար մեծ թիւով օտար աշակերտներ կ’ընդունի:

Իրականութեան մէջ ճիշդ պիտի չըլլա՞ր մեր դպրոցներէն մի քանին փակել….

-Դուն ի՞նչ կ’ըսես,հայկական դպրոց գոցելը ոճիր է: Մեր հայերը տունէն առաջ դպրոց կառուցած են, դուն դպրոց գոցե՞լ կ’առաջարկես… դուն թո՞ւրք ես…

-Քանի մը տարի առաջ երբ չորս դպրոցներ միացան եւ Միացեալ վարժարան կոչուեցան, ոճի՞ր գործուեցաւ: Ո՛չ, հազար անգամ ոչ: Միացեալ Վարժարանը մնաց զուտ հայկական միեւնոյն ատեն չորս դպրոցներու աշակերտները պահելով դպրոցէն ներս:

Գաղութի նօսրացումը կը պարտադրէ դպրոցներու թիւի սահմանափակում՝ ի խնդիր անոնց հայկական դիմագիծի պահպանման, միշտ (տակաւին) երկար ատեն անոնց ծախսերուն ապահովումը վստահելով դուրսի մեր հաստատութիւններուն, մանաւանդ իւրաքանչիւր դպրոցի տէրերու մայր կազմակերպութիւններու կեդրոններուն, դուրսի շրջանաւարտից միութիւններուն, մինչեւ… մինչեւ որ օր մը, ինչպէս անցեալի լաւ օրերուն, տեղացի բարերարներ ունենանք:

Դպրոցի պահպանման մասին խօսելով, երբեք պէտք չէ մոռնանք Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը. աւելի քան 20 տարիներէ գործող այս հիմնարկը շնորհակալ զգալի գործ կը կատարէ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներու պատրաստման իր առաքելութեան մէջ:

Այո՛, դպրոցն է գաղութի պահպանման գրաւականը: սակայն գաղութը պահպանելու համար պէտք է գաղութին մէջ պահել երիտասարդութիւնը:

Երէկ, երիտասարդէ մը բառացիօրէն հետեւեալ երկտողը ստացայ.

« Հայերուն հոգ տանող չմնաց, ես 41տարեկան եմ, ունիմ երկու զաւակ, երեք տարեկան մանչուկ մը եւ երկու տարեկան աղջնակ մը: Կը տուժենք կոր. Ապագանիս շատ մութ է. գալիքը ամպոտ է եւ անձրեւոտ… արդէն մսած ենք… անշուշտ եթէ նիւթական ունենայինք, մինչեւ հիմա ճամբորդած կ’ըլլայինք: Գործատեղիս ալ տունն ալ վարձով առած եմ… արդէն կռնակնիս կտրուած է … առտուները կը խնդանք մեր զաւակներուն երեսին, գիշերները կու լանք վաղուայ վախէն… Աստուած օգնական դառնայ սուրիահայ բոլոր ընտանիքերուն եւ երիտասարդներուն»:

Այս երիտասարդը սուտ չի խօսիր, այս երիտասարդը եզակի երեւոյթ մը չէ մեր գաղութին մէջ… առաջ, հայ ծնողները ի վիճակի էին օգնելու իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնք տունի եւ խանութի տէր դառնան, կամ բարձրագոյն ուսում ստանան: Հիմա մեր արհեստաւոր երիտասարդները գործաւորներ են եւ ոչ թէ գործատէրեր, մեր համալսարանականն տղաքը անընդհատ կը յետաձգեն իրենց ուսման աւարտը, որպէսզի այս անորոշ եւ խառն ժամանակներուն բանակ չերթան: Ամուսնացողները հնարաւորութիւն չունին տուն գնելու եւ փաստօրէն բոլորին ալ աչքը դուրսերն է, բոլորն ալ երկրէն հեռանալ կ’ուզեն:

Ո՞վ պիտի փորձէ այս թնճուկի վերածուող խնդիրները լուծել: Մեր ուսանողութիւնը եւ երիտասարդութիւնը ընկճուած վիճակ մը ունին. ասիկա ընդունելու համարձակութիւն ունենանք, թէ՝ ոչ, անժխտելի իրականութիւն է: Որքան ալ գոչենք, թէ մեր գաղութը նօսարացած է բայց կենսունակ, իրականութիւնը այն է, որ մենք լաւ վիճակի մէջ չենք, մենք չպիտի կրնանք այս ձեւով երկար շարունակել, որքան ալ մեր միութենական կառոյցները տակաւին կանգուն են եւ գործունեայ: Վաղը պիտի չկարենանք մեր մշակութային կեանքի նոյն աշխուժութիւնը պահել, պիտի չկարենանք մեր մարզական խումբերուն ծախսերը հոգալ, որովհետեւ մեր տղոց ու աղջիկներուն նուիրուածութիւնը տեղի պիտի տայ օտարներու առաջարկած նիւթական խայծին. արդէն այսօր մեր տղաքը օտար խումբերու կազմով օտար բեմերու վրայ չե՞ն պարեր, արդէն մեր մարզիկները օտար խումբեր չե՞ն երթար՝ հրապուրուելով դրամական բարձր վարձատրութիւններէ:

Մեր միութիւնները ո՞վ ոտքի պիտի պահէ, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին իրենց անդամներուն կարենան տէր կանգնիլ:

Մեր գաղութը համայնքային է, պետութեան մօտ պաշտօնական մեր ներկայացուցիչները մեր եկեղեցիներն ու մեր համայնքապետերն են: Մեր ժողովուրդը աւելի քան հարիւր տարի եկեղեցի շինած է, հարիւր տարի հարստացուցած է մեր եկեղեցին, բազմապատկած է անոր կալուածները: Հաւատարիմ եւ հաւատացեալ զաւակները եղած է իր եկեղեցւոյն, անոր մէկ քարը շաղախելով իր ճակտի արդար քրտինքով եւ արիւնով: Այսօր գաղութի գլխաւոր ուժը եկեղեցին է, Եկեղեցւոյ կողքին կան մեր կուսակցութիւնները, որոնցմէ երկուքը ցաւալիօրէն շատ տկարացած են՝ մանաւանդ անդամներու թիւով, սակայն ժողովուրդը տակաւին կ’ընդունի զանոնք: Կուսակցական ազդեցութենէ դուրս ունինք հսկայ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իր երիտասարդական ընկերակցութեամբ, նաեւ Կրթասիրացը, հայրենակցական տակաւին գործող միութիւններ: Այս բոլորին հետ եւ բոլորին կողքին օրէ օր աւելի զգալի եւ յուսալի զօրութիւն կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնը, որ ինչպէս գիտենք տագնապի ամբողջ տարիներու ընթացքին մեզի հետ հաւասար դիմագրաւեց մեր առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւնները:

Խնդիրը կը մնայ նոյնը. Գաղութը պէտք է պահել, թէ՞… եթէ պահել.-Ինչպէ՞ս: Եթէ երթալ.-Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս

Վայ եկեր է մեզի եթէ Հայաստանէն զատ այլ երկիր մը երթալու ըլլանք: Այս երթալ- մնալը այսքան տարի ամէն մարդ ինք որոշեց : Նո՞յն կերպ պիտի շարունակուի:

Ո՞վ պիտի որոշէ…

Մեզ ղեկավարող մարմին պէտք է մեզի, պատասխանատու եւ իրաւասու մարմին:

Բոլոր պարագաներուն որոշում առնելէ չխուսափող ղեկավարութիւն, որ առաջնորդէ մեզ եւ ոչ թէ միահեծան իշխանութեան ձգտի:

Այս է ամենակարեւոր առաջնահերթութիւնը գաղութին: Այդ պարագային մեծամասնութեամբ պիտի հետեւինք անոր:

Հալէպ, 9 Սեպտեմբեր 2020

Մեկնաբանել