Սուրիահայ, Դուն հայրենիք ունիս, պետութիւն ունիս

Առաջին անգամը չէ որ Հայաստանը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ սուրիահայութեան. Վերջին տարիներուն Լաթաքիոյ մօտ Հումէյմիմի ռուսական օդակայան էջք կատարած են Հայաստանէն օգնութեամբ բեռնաւորուած հինգ օդանաւեր, որոնցմէ մէկը ռուսահայերու ղրկած բարձրորակ ալիւրն էր, որմէ բաժին հասաւ գրեթէ բոլոր հայ ընտանիքներուն, մեզի հասան ուտեստեղէն, ոմանք մինչեւ հիմա կը յիշեն Հայաստանեան անչափ համեղ ընկոյզի անուշին համը, մեր բոլոր դպրոցականները, չտաքցող ձմրան օրերուն, ստացան տաք վերարկուներ : Հայաստանի օգնութիւնը վերջին երկու տարիներուն կը զգանք նաեւ Հայկական մարդասիրական օգնութեան խումբի բժիշկներուն կողմէ, որոնց հոգատարութեան տակ կը գտնուին Հայ Ազգային Ծերանոցի ծերունիները: Հայաստանցի բժիշկները զգալի ներկայութիւն են նաեւ հայ Աւետարանական Բեթէլ բժշկական կեդրոնէն ներս, թէեւ անոնց հիմնական առաքելութիւնը կապուած է պետական հիւանդանոցներուն հետ:

Այս անգամուան օգնութիւնը սակայն աւելի գրաւիչ է. Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հարիւր հազար տոլար կանխիկ գումար տրամադրած է սուրիահայ բոլոր ընտանիքներուն՝ իւրաքանչիւր ընտանիքի 20 տոլարանոց ուտեստեղէն գնելու կտրոնի ձեւով: Քսան տոլարը քիչ չէ սուրիահայերուն համար, երբ գիտնանք, որ մեր ամսական աշխատավարձերը կը տարուբերին 30էն 50 տոլարի միջեւ: Երկրորդ օգնութիւնը դարձեալ ուղղակի դրամական է՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած 70000 ամերիկեան տոլար, որուն քառասուն հազարը Գորոնա վիրուսով վարակուածներու բուժման ծախսերը հոգալու, իսկ երեսուն հազարն ալ՝ յիսունական տոլար Հալէպի 370-է աւելի հայ ուսուցիչներուն եւ հայկական դպրոցներու պաշտօնեաներուն 30-ական: Այս օգնութիւնները կը կատարուին այն ատեն, երբ Պէյրութին եղած օգնութիւններու պատճառաւ սուրիահայերը իրենք զիրենք լքուած կը զգային:

ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿՈւսուցիչներուն յատկացուած գումարները վարժարաններու տնօրէններուն եւ ներկայացուցիչներուն յանձնուեցան ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր եւ լիազօր հիւպատոս տիար Արմէն Սարգսեանի: Ընդդէմ Գորոնա վիրուսի տրամադրուած գումարը վարակակիրներուն արդէն սկսած է տրամադրուիլ «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»ին միջոցաւ:

Իրապէս զգալի օգնութիւն մըն է այս անգամուանը, որուն անչափ կարիքը ունին բոլորը, իսկ ուսուիչներու պարագան ամէնէն էականներէն մէկն է, նկատի առնելով որ մեր ուսուցիչներուն աշխաավարձերը շատ սահմանափակ են, իսկ անոնց հովանաւորներուն հնարաւորութիւնը այնքան ալ մեծ չէ:

Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ դժգոհողներ պիտի ըլլան, կը կարծեմ, թէ ամէն ինչէն դժգոհելու բնաւորութիւը միայն հայկական չէ:

-Ինչո՞ւ միայն Հալէպի հայ ուսուցիչներուն,-ըսողներ պիտի ըլլան.

-Ինչո՞ւ այսինչը կամ այնինչը պիտի բաշխէ կտրոնները,- պիտի աւելցնեն ուրիշներ:

Հայաստանի հիւպատոսին մտերմիկ հանդիպումը Հալէպի հայկական վարժարանի մը ներկայացուցիչներուն հետԱ՛յ մարդ, ի՞նչ տարբերութիւն թէ ո՛վ պիտի յանձնէ, կարեւորը բոլորին թող յանձնուի. այդպէս չէ՞: Յաւէտ դժգոհները թող դժգոհին, անոնց դժգոհութիւնը կատարուածին մեծութիւնը չի կրնար փոքրացնել:

Բայց եւ այյնպէս գոնէ այս անգամ գիտակցինք, թէ ո՞վ է օգնողը, եւ ինչի՞ կամ որո՞ւ հաշւոյն կը կատարուի օգնութիւնը:

Հայաստանն է մեզ օգնողը, կամ, իր միջոցով իրեն հաւատացողները:

Ո՞վ չի գիտեր, որ Հայատանի հանրապետութեան պետութիւնն ու ժողովուրդը ինչպիսի դժուարութիւններ ունին, մանաւանդ այս Գորոնա վիրուսի ժամանակներուն. համավավարակ մը, որ հարուստ երկիրներն իսկ կը խեղճացնէ, ուր մնաց Հայաստանի նման երկիր մը, որ 6-7 միլիառ արտաքին եւ ներքին պարտքեր ունի եւ որուն եկամուտը մեծ անկում կրած է համավարակին պատճառաւ, որովհետեւ արտերկիր աշխատանքի գացողներուն թիւը նուազած է ուստի եւ մեծապէս ազդուած է դուրսէն երկիր փոխանցուող գումարներուն չափը, զբօսասաշրջիկներուն թիւը անչափ սակաւացած է՝ մինչ Հայաստանը կը յուսար երկիրը թուրիսթականի վերածել եւ կարծէք թէ յաջողապէս բռնած էր այդ ճամբան. միւս կողմէ նոր ծրագիրներու յատկացուելիք ներդրումները հարցականի տակ դրուած են եւ ամէնէն գէշը պետկան եկամտահարկերը նուազած են, միեւնոյն ատեն արտակարգ իրավիճակներու մէջ պետութիւնը կանգնած է նկատի չառնուած օգնութիւններու ձեւով կատարուող ծախսերու ստիպողականութեան առջեւ… եւ սակայն պետութիւն եւ օգնութեան ձեռք կ’երկարեն ծայրայեղ կարիքի մէջ յայտնուած օտարերկրեայ իրենց հայրենակիցներուն:

Այս ամէնը գիտե՞նք մենք, լիբանանահայերը գիտե՞ն: Եթէ Հայաստանը մեր հայրենիքը կը նկատենք, այս ամէնը նուազագոյնն է, որ պէտք է գիտնանք: Կը մնայ գիտակցիլ որ Հայաստանը իր կարելին եւ անկարելին կ’ընէ օգնելու իր ազգակիցները, որոնց մէջ մեծ թիվով Հայաստանի քաղաքացի դարձածներ ալ կան, բայց փաստօրէն Մեր հայրենիքը չի զատորոշեր իր քաղաքացին ոչ քաղաքացիէն, կ’օգնէ անխտիր բոլոր հայերուն, աւելի՛ն, կարենալ օգնելու համար իւրայինները, կ’օգնէ նաեւ տուեալ երկրի այլ քաղաքացիներու:

Հաւանաբար բնականն ու մարդկայինը այս է՝ դուն ինչ վիճակի մէջ ալ ըլլաս, կրցածիդ չափ պէտք է օգնես քու հայրենակցիդ եւ ազգակցիդ, ասիկա ազգային ըմբռնողութիւն է եւ պետական հասկացողութիւն:

Ու այս ամէնուն մէջ ամէնէն կարեւորը մեր գիտակցութիւնն է, պետականութիւն ունենալու գիտակցութիւնը:

Հիմա Հալէպի մէջ շատ շատեր կ’ըսեն.

-Պռաւօ՛ Հայաստանին:

-Շնորհակալութիւն հայրենի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

-Քսակդ շէ՛ն, հայրենիք Հայաստան:

Ծանօթ ուսուցիչ մը շատ յոզուած է, իրապէ՛ս յուզուած: Ականջ դնենք իր ըսածին, լաւ լսենք իր ըսածները.

-Գիտե՞ս, ի՛նչ լաւ ԶԳԱՑՈՒՄ է, երբ կը տեսնես, որ պետութիւն մը ունիս, հեռու հեռաւոր պետութիւն մը, որ սակայն այդ հեռաւորութենէն քեզի օգնութեան ձեռք կերկարէ, ե այդ ձեռքը կը հասնի քեզի, կը շոյէ ինքնասիրութիւնդ, հպարտութիւն կ’առթէ, փաստօրէն տիրութիւն կ’ընէ քեզի… ես մինչեւ հիմա որեւէ տեղէ որեւէ օգնութիւն չեմ ընդունած, բայց այս յիսուն տոլարը պիտի առնեմ, որովհետեւ իմ պետութիւնս զիս արժանի գտած է… այս դրամը պիտի պահեմ, անկէ մէկ սէնթ իսկ պիտի չծախսեմ, թերեւս օր մը առիթ ունենամ այդ դրամը հայկական բանակին նուիրելու, չէ՞ որ եթէ օգնութիւն ստանաս մէջդ պարտքի զգացումն ալ պէտք է զօրանայ:

-Սիրելի, բարեկամ, դուն քու այս խօսքովդ կ’ընդլայնես քու աշակերտներուդ լսարանը: Վստահ եմ, ինչպէս քու դպրոցական աշակերտներդ, այդպէս ալ այս խօսքդ լսողներէն շատեր պիտի ըմբռնեն ըսածներդ եւ երբ կարելիութիւն ունենան պիտի հատուցանեն Հայաստանին: Սիրելի ուսուցիչ բարեկամս, դուն այսօր ծախսէ՛ այս դրամը, որովհետեւ դուն ատոր շատ պէտք ունիս, շա՜տ-շա՛տ: Դուն կ’ըսես, չէ՞, քու պետութիւնդ քեզ արժանի գտած է… քու արժանապատուութիւնդ թող չվիրաւորուի դուն շատ աւելիին արժանի ես:

Կեանքը կը շարունակուի Հալէպի մէջ: Դպրոցները կը բանան իրենց դռները, նահանջել թուացող Գորոնա Վիրուսը կրնայ շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ վարակել: Եկեղեցական արարողութիւնները խիստ սահմանափակ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան կը կատարուին: Մեր միութիւններու գործունէութիւնը կը մնան դադրած վիճակի մէջ, մեր տնտեսութիւնը ծայրայեղ ծանր վիճակ մը ունի, վերջին երկու ամսուան մեր մեռելներուն թիւը կը գերազանցէ տարեկան մեր ծնունդներուն թիւը եւ սակայն մռայլ գաղութը պարուրուած է յոյսով՝ շնորհիւ Հայաստանի այս վերջին օգնութեան, այո՛, այո՛, որովհետեւ ճիշդ է, որ ամէն տեղէ քիչ թէ օգնութիւններ կը հասնին մեզի, բայց, առանց նսեմացնելու հայրենի օգնութեան նիւթական չափը կ’արձանագրեմ.- Հայաստանի այս օգնութիւնը ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ հսկայ արժէք մը ունի մեզի համար…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 19 սեպտեմբեր 2020

Լուսանկարում՝ Հալեպում Հայաստանի գլխավոր հյուպատոսության շենքը

Մեկնաբանել