Պարտութիին եւ․․․

Հալէպէն կը հետեւէի Արցախեան պատերազմին՝ մեր պատերազմին.

Յաղթելու ենք… յաղթում ենք… յաղթեցինք…

Բայց պարտուեցանք, պէտք է ընդունինք որ պարտուեցանք, չարաչար պարտուեցանք:

Թէեւ աշխարհագրականօրէն շատ հեռու եմ Հայաստանէն, Արցախի կորսուած բաժինէն, Արցախի մեզի մնացած բաժինէն, թէեւ զէնքը ձեռքս առնելով պատերազմին չմասնակցեցայ, բայց հաւատացէք, ինչպէս համայն հայութիւնը ես ալ բաժնեկից դարձայ պատերազմի ամբողջ արհաւիրքին, ցաւեցայ, մեր մարդկային ամէն մէկ կորուստին համար, սիրտս անդիմանալի կսկծաց իւրաքանչիւր որդեկորոյս մօր սրտի հետ, ողբացի ամէն մէկ երիտասարդի կեանքի թելին կտրուելուն հետ, մարմնոյս բոլոր անդամները մինչեւ հիմա կը ցաւին մեր վիրաւորներուն հետ. թէեւ տունը առանձին էի, բայց ամէն անգամ ոտքի եւ գլխիկոր կարդացի մեր զոհուած տղոց անունները.: Հիմա ալ բոլորիս հետ, ամէն մէկ հայու հետ կ’ողբամ մեր մեր հողին մեզմէ խլուիլը… Այսօր տեղեկացայ նաեւ որ զոհուած են նաեւ Հալէպի մեր տղոցմէ երեքը՝ Յարութը, Յակոբը եւ Մովսէսը՝ տղաք որոնք ութ տարի զէնքը ձեռքերնին պաշտպանած էին Հալէպի հայկական թաղերը… անոնք ալ գացին միանալու հազարաւոր մեր երիտասարդներուն, անոնցմով հալէպահայը դարձաւ արժանաւոր մէկ մասնիկը համայն հայութեան:

Իմ հոգեւվիճակս ունէին նաեւ գրեթէ բոլոր հալէպահայերը:

43-44 օր պատերազմեցանք, 43-44 օր դիմացանք՝ միացանք եւ բոլորս միասին դիմացանք եւ սակայն ստիպուեցանք անձնատուր ըլլալ, համաձայնագիր ստորագրել ստիպուեցանք: Այդ տխրահռչակ համաձայնագիրը մեզ կրկին բաժան-բաժան ըրաւ:

Հիմա, եթէ մէկը ըսէ, որ Շուշին դաւադրաբար ինկաւ, անմիջապէս իրեն կ’ըսուի.- Եթէ դուն կամաւորական ջոկատ կազմէիր եւ երթայիր Շուշին պաշտպանելու, թերեւս Շուշին մերը կը մնար…

Եթէ «դաւաճան» նախագահին հարցնելու ըլլանք-Ինչո՞ւ անձնատուր եղանք:

Պատասխանը պատրաստ է.- Որովհետեւ ազգովին դաւաճանեցինք մեր 18-20 տարեկան բալիկներուն:

Եթէ, այսպէս ըլլար, այդպէս չէր ըլլար, եթէ, եթէ, եթէ.. եւ այդ «եթէ»ներուն ետին եւ առջեւը անպայման դաւաճանութիւն է կատարուած եւ չկատարուած արարքներու որակումը:

Եթէ բոլորիս խօսքերուն հաւատանք, բոլորս դաւաճաններ ենք, որովհետեւ մէկը չկայ որ իր քաղաքական հակառակորդները դաւաճան չսեպէ:

Անձամբ ես հակուած չեմ, մտածելու որ երեսուն տարուան մեր պատմութիւնը դաւաճանութիւններու պատմութիւն է եւ թէ (մանաւանդ) մեր ղեկավարները՝ առաջին նախագահէն մինչեւ այսօրուայ վարչապետը դաւաճաններ եղած են՝ ուզած են ծախել կամ ծախած են Հայաստանը. Կը կարծեմ, թէ անոնք՝ բոլորն ալ պատրաստ եղած են զիջումներ ընելով լուծել Ղարաբաղի հարցը, բայց… համաձայն եմ Սիվիլնէթի գլխաւոր խմբագիր Կարէն Յարութիւնեանին հետ, որ անոնք վախցած են միշտ՝ մտածելով թէ.«Ի՞նչ պիտի ըսէ ժողովուրդը»…

Որքան շուտ լուծած ըլլայինք Ղարաբաղի հարցը, հաւանաբար այդքան քիչ կը վնասէինք. մենք ժամանակի ընթացքին տկարացանք, իսկ ատրպէյճանցիները զօրացան: Աշխարհի բոլոր մեծ երկիրները այսպէս թէ այնպէս իրենց փոքրամասնութիւններուն հետ հողային հարցեր ունին, ուստի բոլորն ալ պաշտպանեցին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջութիւնը. ցաւոք նոյնպէս վարուեցան մեր «բնական դաշնակիցներ» Ռուսիան եւ Պարսկաստանը: Դուք կը հաւատա՞ք, որ եթէ Ռուսիան չուզէր, որեւէ մէկը կը համարձակէր պատերազմ սկսիլ եւ յարձակիլ Ղարաբաղի վրայ: Ո՛չ, հազար անգամ ոչ: Երկուքն ալ չարաչար սխալեցան, անոնք ալ պիտի տուժեն Թուրքիոյ Կովկաս մուտք գործելէն: Ռուսիան Ղարաբաղին հետ վարուեցաւ ինչպէս պիտի վարուէր աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնի մէջ, զայն տեսնելով իր ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ, մինչդեռ Ղարաբաղը իրեն համար կարմիր գիծ պէտք է ըլլար, Ղարաբաղցիները միշտ ռուսապաշտ եղած են եւ նոյնիսկ եթէ Հայաստան փորձէր որոշ հեռաւորութիւն մը պահել իր եւ Ռուսիոյ մէջ, ղարաբաղցիները երբեք պիտի չհեռանային Ռուսիայէն, ամէն պարագայի ռուսերը Անդրկովկասի մէջ իրենց հաւատարիմ դաշնակիցը միմիայն հայերուն մէջ պէտք է փնտռէին, պէտք է փնտռեն: Այս դիտանկիւնէն մեկնած կրնանք յուսալ, որ օր մը Ղարաբաղը կրկին Արցախ կը դառնայ:Պարսիկներն ալ օր մը կրնան հայերուն օգնել, երբ տեսնեն, որ Պարսկաստանի ազերիներու անջատողական ախորժակը աւելի եւս պիտի սրի Ատրպէյճանի հարեւանութեամբ եւ թուրքերու քաջալերանքով:

Այդպիսի երանելի օր սակայն ինքնիրեն չգար:

Նախ եւ առաջ ղարաբաղցիները անմիջապէս պէտք է վերադառնան Ղարաբաղ, երանի կարենային անոնցմէ ոմանք վերադառնալ յանձնուելիք շրջաններ մինչեւ ազերիներու մուտքը, բայց ասիկա անհաւանական ցանկութիւն է: Ղարաբաղցիները պէտք է վերադառնան՝ հակակշռելու գալիք հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն… ի՛նչ հեգնական կը հնչէ չէ հակակշռելու ազերիական գոյութիւնը… ընդունինք իրականութիւնը, եթէ չենք ուզեր պարտուած մնալ:

Եւ յետոյ «դաւաճան» բառը հանենք մեր բառապաշարէն ու լծուինք աշխատանքի, միշտ ուշի մնացած ենք, միշտ մոռացութեան տուած ենք մեր ցաւը, միշտ դադրած եք սգալէ, մեր պարտութիւններն իսկ յաղթանակի տօնախմբութիւններու վերածած ենք եւ յանձնուած ենք, անձնատուր ըլլալու համաձայնութենէն շատ առաջ յանձնուած ենք: Իրաւունք չունինք մոռնալու մեր ցաւը, ցաւն է որ արթուն կը պահէ մեզ . մէջբեռում ընել չեմ սիրեր, բայց մտքիս եւ հոգւոյս մէջ անընդհատ կը զնգայ Շահնուրի ահազանգը.« Դո՛ւն, հայու լակոտ, դուն ամենաշուտը կը վերածուիս անասունի, եթէ օր մը իսկ մնաս առանց ցաւի» կը կարծեմ, թէ բառացիօրէն կրցայ յիշել Շահնուրի ապտակի պէս շռնդալից այս տողը…

Ընելիք շատ բան կայ:

Նախ եւ առաջ ընդունիլն է որ պարտուեցանք: Պէտք է ընդունինք, որ վերջին տասնամեակի ընթացքին արձանագրած ենք պարտութիւններու շարք մը, Իրաքէն, Հալէպէն, Պէյրութէն անցնող եւ Երեւան ու Ստեփանակերտ հասնող պարտութիւններու շարք մը: Ընդունինք, որ բոլորս միասին պարտուած ենք եւ բոլորս միասին պարտաւոր ենք յաղթահարել զայն: Այսինքն վերջ տանք մեր կռուըտուքներուն եւ մեր պոռոտախօսութեան. հերիք է կռուըտինք, ալ վերջ տանք իրար զրպարտութեան, իրար ամբաստանելուն եւ փոխադարձ մեղադրելուն:

Զէրօ՞ դարձանք: Ո՛չ, բայց զէրոյէն սկսինք հայրենի պետականութեան կառուցման, խաղաղօրէն կառուցման եւ ո՛չ թէ սպասենք երկինքէն իջնելիք յաղթանակի օրուան, այլ ամէն մէկս աշխատինք մօտեցնել այդ օրը՝ կառուցենք մեր երկիրը:

Մեր քաղաքագէտ-դիւանագէտները, գիտնականները, մեր անխօս ու լուռ մտաւորականները թող գծեն մեր ճամբան, մեր պատմաբանները թող վերանային մեր պատմութիւնը:

Իսկ ես թող սգամ մեր իւրաքանչիւր զոհ-նահատակի մահը, կիսեմ անմխիթար կսկիծը մեր կորուսեալներուն. իւաքանչիւր մօր, հօր, նշանածի, եղբօր, քրոջ հետ, բոլոր զոհերու հարազատներուն՝ բոլորիս հետ միասին խոր ցաւ զգամ:

Միմիայն ցաւը մնացած է մեզ իրար միացնող: Ո՛չ, կը սխալիմ, մեզ կը միացնեն յոյսն ու հաւատքը նաեւ:

Մեկնաբանել