Ֆրանսայի Ծերակոյտը այսօր պիտի քննէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը այսօր պիտի քննէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին բանաձև մը: Ծերակոյտի պաշտոօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ նշեալ բանաձեւին շուրջ քննարկումները պիտի սկսին ժամը 16:30-ին՝ Փարիզի ժամանակացոյցով:

Յիշենք, որ Ֆրանսայի Վանտէ նահանգի հանրապետական ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայօ Թուիթըրի իր հաշիւով տեղեկացնելով, թէ Ծերակոյտը Նոյեմբեր 25-ին պիտի քննէ բանաձեւ մը, որ կ՚առաջարկէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, գրած էր. «Միայն անոր անկախացումը մնայուն կերպով կրնայ երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու ազատութիւնները ընդդէմ ծաւալապաշտ թրքական իսլամականութեան»:

Մեկնաբանել