Ազրպէյճանի խորհրդարանը կ’առաջարկէ Ֆրանսան դուրս հանել Մինսքի խմբակի համանախագահութենէն

Ազրպէյճանի խորհրդարանը կառավարութեան կոչ ըրած է դիմելու ԵԱՀԿ-ին` Ֆրանսան Մինսքի խմբակի համանախագահութենէն դուրս հանելու համար:

«Միլլի մեճլիսը կոչ կ՚ընէ Ազրպէյճանի կառավարութեան` դիմելու ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութեան` Ֆրանսան Մինսքի խմբակի համանախագահութենէն դուրս հանելու համար», յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանը Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձևին Նոյեմբեր 25-ին որդեգրումէն ետք

Նշենք, որ Միլլի մեճլիսը նաեւ կոչ ըրած է վերանայելու Ազրպէյճանի և Ֆրանսայի դիւանագիտական յարաբերութիւնները, և ետ կանչելու Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը` խորհրդակցութիւններու համար:

Մեկնաբանել