Ե՞րբ պիտի նոյնանանք… Երբ

Ե՞րբ մէկ ազգ պիտի դառնանք: Ե՞րբ Հայաստանն ու Սփիւռքը պիտի նոյնանան: Ե՞րբ Հալէպցին Հայաստանցիին չափ Հայաստանին տէրը պիտի ըլլայ, Հայաստանը իրը պիտի դարձնէ, ինք հայրենիքին զաւակը պիտի ըլլայ…

Հիմա, երբ արդէն կատարած ենք հալէպահայ երեք հերոս կամաւորներու հոգեհանգիստը, Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի բոլոր զոհերուն հոգեհանգստեան պաշտօնը, մոմավարութեամբ աղոթած ենք մեր կորուսեալներու հոգիներուն համար, երբ մեզմէ մաս մը իր մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններով հանդերձ բողոքի գիրեր ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան, միւս մասն ալ կոչեր տարածած է կանգնելու Հայաստանի պետականութեան եւ իշխանութեան կողքին… երբ այս ամէնը կատարած ենք կրնանք հանգիստ խղճով շարունակել մեր կեանքը:

Անշուշտ Հալէպահայը չի՛ կրնար ամբողջութեամբ զգալ երեւանցիի, ստեփանակերտցիի ցաւը, չ’ապրիր Շուշեցի գաղթականի ողբերգական վիճակը, չի՛ կրնար ամբողջութեամբ ըմբռնել 44 օր դիրքերը պաշտպանած եւ ապա յայտարարութեան մը հետեւանքով ետ քաշուող զինուորներու զայրոյթին պատճառը, չի կրնար երեւակայել գաղթականի ցուպը վերցնելէ առաջ հայրենի տունը այրողի մորմոքը…

Այո՛, մենք չենք կրնար շատ բազմաթիւ այլ հոգեվիճակներու մէջ մտնել, չենք կրնար նոյնիսկ մեզի հետ ապրած եւ զոհուած երեք հալէպահայերու հարազատներուն ողբը սգալ, որովհետեւ զոհուողները հերոսներ են միայն մեզի համար, որոնք մասնակցելով Արցախեան այս ողբերգութեան մեր գլուխները բարձր պահեցին. մեզի ի՛նչ անոնց հարազատներուն ողբերգութիւնը, մեզի ի՛նչ հազարաւոր զոհերու մայրերու, հայրերու, քոյր-եղբայրներու, սիրած աղջիկներու մորմոքն ու կսկիծը…

Մենք, իրականութեան մէջ մօտէն չենք հետաքրքրուիր Հայաստան-Արցախի մէջ կատարուածով, ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս տարեդարձներ պիտի տօնէինք: ինչպէ՞ս կերուխումներ պիտի ընէինք եւ բաւարարուէինք այդ ընթացքին Հայաստանի եւ հայ զինուորի կենացը խմելով…

Կրնամ ըսել, թէ մեր խիղճը հանգիստ է.-Չէ՞ որ մենք կամաւորներ ղրկած ենք Արցախ: Մեր աղքատ վիճակով փորձած ենք դրամահաւաքներ ալ ընել: Իրականութեան մէջ մեր ըրածը խորհրդանշական է. Քանի մը անձնազոհ տղաք ղրկելով չենք կրնար ըսել թէ մասնակցած ենք այս պատերազմին, իսկ դրամահաւաքը պարզապէս ծաղր մըն է: Բայց նախ այդ անձնազոհ տղոց պատկանելիութեան հարցը լուծենք.-Ո՞ր կողմին կը պատկանին անոնք… եկէ՛ք համաձայնինք, որ անոնք բոլորինս են. Դաշնակցական Յարութ Բանոյեանը, Մովսէս Սեքլիմեանը, Յակոբ Ասթարճեանը միայն դաշնակցական չեն հիմա, անոնք նաեւ ռամկավար են, հնչակեան են. անոնք միայն հալէպահայեր չեն. անոնք մերն են, բոլորինս՝ ամբողջ ազգինը, մեզ իրար միացնող, նոյնացնող հայրենասիրութեան խորհուրդն են, նոյնինքն հայրենասիրութիւնն են, որոնցմով պարծենալու իրաւունք չունինք մենք՝ երբ դեռ հայրենասիրութիւնն ու հայրենասիրութեան մասին խոսիլը կը շփոթենք, կը նոյնացնենք իրարմէ այնքա՜ն այս երկուքը:

Հալէպի մէջ դժուար օրեր կ’ապրինք, Հալէպի մէջ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կ’ապրինք, թէեւ կան լաւ ապրողներ, բայց անոնց ալ մեծամասնութիւնը վարժուեցաւ ձեռքը հոս-հոն երկարել օգնութիւն ակնկալելով եւ… եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի օգնութենէն ալ իրեն բաժին հանեց… Չէի՞նք կրնար այդ օգնութեան մէկ մասը գոնէ վերադարձնել հիմնադրամին: Այսօր, չե՞նք կրնար…

Չըսենք.- Մեր տալիքը ոչինչ է… ոչինչներու գումարով ինչե՜ր կրնան ըլլալ:

Չըսենք.- Ինչո՞ւ մեր տուածը նպատակին պիտի ծառայէ՞… հաւատանք որ պիտի ծառայէ:

Հիմա, Հալէպի մէջ նստած քաղաքականութիւն կը խաղանք, այս, ան չենք հաւնիր, այս ան դաւաճան կ’որակենք եւ կը ցաւինք… գիտէ՞ք ինչին կը ցաւինք:

-Հազիւ տեղ մը ունէինք երթալիք, այդ ալ վերջացաւ:

Ահա՛, ասոր համար կը ցաւինք: Հայաստանը մեզի համար ամառները որպէս զբօսաշրջիկ երթալու տեղ մըն էր եւ եթէ օր մը աւելի լաւանար նաեւ ապրելու համար երթալիք տեղ պիտի ըլլար: Իսկ հիմա Հայաստանը վերջացած կը տեսնենք եւ պատրաստ ենք շատ արագ հաշտուելու անոր վերջանալուն հետ, առանց միտքերնէս անցընել փորձելու, թէ մենք հալէպահայերս, իմա սփիւռքահայերս, պարտաւոր չե՞նք այս Հայաստան կոչուածին համար բան մը ընելու՝ անոր այս նեղ օրերուն: Հապա ո՞ր օրուայ մեր հայրենիքն է Հայաստանը:

Հայաստանը մեզի համար հայրենիք չեղաւ, մենք Հայաստանի ժողովուրդէն մաս մը չեղանք: Չկրցանք ըլլալ: Պատերազմի ընթացքին պտոյտի պէս կատարած մեր հաւաքները աւելի բարձր դասեցինք քան 18, 19, 20 տարեկան տղոց զոհուիլը:

Կը չափազանցե՞մ:

Մենք մեզի հարց տանք եւ անկեղծօրէն պատասխանենք:

-Մենք զգացի՞նք մեր հողերու կորուստին ահագնութիւնը: Մենք զգացի՞նք հազարաւոր մեր կորուստներուն վիշտը: Կիսեցի՞նք որդի կորսնցնող մօր ամխիթար կսկիծը:

Մենք ցաւեցանք: Ցաւեցանք օտարի մը պէս: Չէ՞ որ օտարներն ալ կը տխրին այս կամ այն ազգի դժբախտութեամբ, կը տխրին բայց կը շարունակեն իրենց սովորական առօրեան… Մենք ալ նոյնը ըրինք:

Աւելին, մենք փախցուցինք մեր աչքերը՝ մօր սրտաճմլիկ նկարը չտեսնելու համար:

Մենք չուզեցինք, որ մեր զաւակները տեսնեն որդեկորոյս մօր լացը պատկերող նկարը, մենք չուզեցինք, որ մեր զաւակները լսեն անոր չլռող ճիչը: Չուզեցինք գիտնալ, թէ ի՞նչ ըսել է պատերազմի դաշտին վրայ զաւակ կորսնցնել եւ չգիտցանք: Այդ պատճառով ալ աղմկալից հարսնիքներ կ’ընենք, տարեդարձներ կը տօնենք եւ դեռ այս կերուխումներու ընթացքին զոհուած հերոսներուն նուիրուած երգեր կ’երգենք, կը պարենք ալ՝ առանց այդ երգերուն իմաստը ըմբռնելու, առանց հասկնալ իսկ փորձելու, որ ի՛նչ ահաւոր ողբերգութիւններ կան այդ զոհուած զինուորի հերոսութեան մէջ:

Ամէն մէկ զինուորի հերոսական մահով քանդուող տունը մեր տունը չէ՞, դժբախտացողը մեր ընտանիքը չէ՞. այդ տունը մեր հայրենին չէ՞, այդ ընտանիքը մեր ազգի մասնիկը չէ՞, մենք, մենք չե՞նք:

Հպարտ ենք հալէպահայ զոհուած մարտիկներով, հպարտ ենք մեր բոլոր զոհուածներով. հպարտանանք, բայց նաեւ իրապէ՛ս ցաւինք անոնց որդեկորոյս մայրերուն եւ հայրերուն հետ, զաւա՛կ ըլլանք անոնց, տէ՛ր ըլլանք հայրենիքի համար զոհուածներու ընտանիքներուն, եղբա՛յր ըլլանք անոնց քոյրերուն, յոյս տանք անոնց սիրած աղջիկներուն:

Ես քաղաքականութեան չեմ խառնուիր, քիթս չեմ խոթեր չհասկցածս բաներուն մէջ: Ես գիտեմ, որ կեանքը կը շարունակուի եւ ես կ’ապրիմ, գիտեմ նաեւ որ ապրելու իրաւունք կ’ունենամ եթէ հայրենիքովս ապրիմ, անոր հարազատ զաւակը ըլլամ, ՕԳՏԱԿԱՐ ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵՄ անոր համար, անոր մնացած մասին համար, կը հաւատամ որ եթէ ամէն մէկս ո՛չ թէ այսպէս մտծենք, այլ այսպէս գործենք, կը նոյնանանք, մէկ ազգ կը դառնանք եւ իրաւունք կ’ունենանք յուսալու, որ օր մըն ալ կարողութիւն կ’ունենանք մեր կորսնցուցածը ետ բերելու:

Հալէպ, 30 Նոյեմբեր 2020

Մեկնաբանել