Չորրորդ Հանրապետութեան Ճանապարհային Քարտէզ

Յարութ Էքմանեանը միջազգային իրաւունքի մասնագէտ է եւ Հարվարդի Համալսարանի շրջանաւարտ: Յարութ Էքմանեան

Նոյեմբեր 9-ի տխրահրչակ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անհաւասարակշիռ տեսաուղերձներն ու իր զբաղեցուցած պաշտօնին անվայել գրառումները, յայտարարութիւններն ու անհեթեթ բացատրութիւնները աւելի եւս հրահրեցին ներկայ իշխանութիւններու նկատմամբ հասարակական ցասումը, որ արդէն իսկ պատերազմի ընթացքին սկսած էր ձեւաւորուիլ: Հայաստանի որեւէ նախկին իշխանութիւն այսքան արագ եւ այս մասշտաբով չէր կորսնցուցած ժողովուրդի կողմէ վայելած իր հեղինակութիւնը: Որպէս արդիւնք՝ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը, որուն ակունքները եղած են 1988-ի Արցախեան ազատագրական պայքարը, հասած է կործանման եզրին:

Պատերազմի ընթացքին եւ կառավարման հետ կապուած հարցերուն մասին աւելի լաւ տեղեկացուած մասնագէտներու կողմէ վերջերս հնչեցին բաւական պատշաճ վերլուծումներ: Գրութեանս նպատակը այդ հարցերուն մէջ խորանալը չէ, այլ այս իրավիճակէն ելքի մը համար ճանապարհային քարտէզ մը ներկայացնելը: Այլընտրանքի մասին համատարած անորոշութեան մթնոլորտը փարատելու համար պիտի փորձեմ իրավիճակէն դուրս գալու գէթ մէկ բանաձեւ մը ներկայացնել, որ հաւանաբար հաճելի չի թուի շատերու համար: Թերեւս սա լաւագոյնը չէ, եւ վստահաբար խումբ մը փորձառու սահմանադրագէտներու հետ կարելի է աւելի մանրամասն ու աւելի լաւ սերտուած ճանապարհային քարտէզ մը կազմել:

Այս ճանապարհային քարտէզը ունի մէկ կարեւոր նախադրեալ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր կառավարութեան հետ անյապաղ հրաժարական պէտք է ներկայացնէ: Փաշինեանը իր համառութեամբ պետութեան վրայ շատ ծանր բեռ մը դարձած է ու այդ բեռին տակ կքած հայրենիքը արիւնահոս մահամերձի նման շաբաթներէ ի վեր ամէն օր դեռ կորուստներ կը կրէ՝ մարդկային, տարածքային, տնտեսական, հոգեբանական, հոգեւոր եւ արժէքային կորուստներ: Պարտուած ղեկավարը, որքան որ ալ հրաշալի ըլլայ ան իր համակիրներու տեսակէտով, անհնար է որ կարենայ լիակատար շարունակել իր վրայ վստահուած պարտաւորութիւնները, մանաւանդ միջազգային բեմի վրայ: Ան նաեւ չի կրնար ըսելիք ունենալ երկրի ապագայի մասին, գոնէ ոչ այս պահին:

Ապա անցնելով գործնական քայլերու, պէտք է գումարել արտակարգ եւ հրատապ համաժողով՝ նախաձեռնութեամբ հանրապետութեան ներկայ նախագահի, եւ մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր նախկին նախագահներու, Վեհափառ Հայրապետի, խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներու, արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ճակատէն փորձ ու որոշ պատմութիւն ունեցող ներկայացուցիչներու (ՀՀԿ, ՀՅԴ, եւայլն) եւ ներկայ խորհրդարանի իշխանական մեծամասնութեան ներկայացուցիչի (օրինակ՝ Արարատ Միրզոյեանը, եթէ ապաքինած է): Մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է այդ մարդկանց եւ իրենց ներկայացուցած ուժերուն փորձով եւ ոչ անսխալ կամ անմեղ ըլլալու ենթադրութեամբ: Համաժողովը որ երեւի առաւելագոյնը կրնայ 11-12 անհատներէ բաղկացած ըլլալ, ձայներու երկու-երրորդ մեծամասնութեամբ եւ առաւելագոյնը երեք օրուայ ընթացին պէտք է լուծում տայ երեք գերակայ խնդիրներու.

Ա) Ձեւաւորել ժամանակաւոր տեխնոկրատական ճգնաժամային կառավարութիւն, կազմուած բացառապէս ոչ կուսակցական անհատներէ: (Այո, կան այսպիսի մարդիկ Հայաստանի մէջ եւ անոնց թիւը քիչ չէ):

Բ) Ձեւաւորել սահմանադրական փոփոխութիւններու մասնագիտական յանձնաժողով՝ վերացնելու համար սուպեր-վարչապետական հնարքը եւ վերականգնելու համար նախագահական համակարգը: Ապա ժամանակաւոր կառավարութիւնը պէտք է կազմակերպէ սահմանադրական հանրաքուէ:

Գ) Որոշել յաջորդ համապետական ընտրութիւններու թուականը ոչ աւելի շուտ քան վեց ամիս եւ ոչ աւելի ուշ քան մէկ տարի անց: Նոր խորհրդարանն ու գործադիր իշխանութիւնը պէտք է կազմուին նոր սահմանդրութեան հիման վրայ:

Սա կրնայ դառնալ մեր Չորրորդ Հանրապետութիւնը՝ պետականութեան վերածնունդի, գոյատեւման, զարգացման, բարգաւաճումի եւ ազգային արժանապտւութիւնը վերագտնելու նոր հնարաւորութիւն մը: Ինչպէս նաեւ սա կրնայ դառնալ Արցախի վերականգնման լիիրաւ եւ ճշմարիտ երաշխիքը:

Յարութ Էքմանեանը միջազգային իրաւունքի մասնագէտ է եւ Հարվարդի Համալսարանի շրջանաւարտ:

Մեկնաբանել