Ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս…

Սարսափով կը յիշեմ երկրաշարժեան օրերը, այդ օրերուն չէի կրնար Երեւան մնալ եւ ամէն օր որեւէ փոխադրական միջոց գտնելով կ’երթայի Լենինական-Կիւմրի, ուր մտնելը, ոչ միայն ինծի համար, այլ օգնութեան գացող բոլորին համար անչափ դժուար էր, քաղաքի միակ մուտքը խցանուած էր: Զանազան չափի հարիւրաւոր ինքնաշարժեր ժամեր կը սպասէին քաղաք կարենալ մտնելու համար: Անչափ անհրաժեշտ կռունկները (crane) չէին կրնար հասնիլ բարձրայարկ շէնքերու քանի մը մեթրանոց հողակոյտերու վերածուած փլատակներուն՝ փնտռելու անոնց տակ ողջ մնացած մարդիկ:

Պաշտօնական տուեալներով այդ ահաւոր երկրաշարժը մեզմէ խլեց առնուազն 25 հազար զոհ, քանդեց 21 քաղաք կամ շրջկեդրոն, 300է աելի գիւղեր որոցմէ աւելի քան 50ը անցան գետնին տակ: Այդ գիւղերէն մէկուն բնակիչները Ղարաբաղէն վերջերս հոն եկած էին իրենց գիւղը փոխանակելով այդ գիւղի նախկին բնակիչ ազերիներու հետ:

Ցուրտ ձմեռ էր. 500 հազար մարդ անտուն մնացած էր: Փողոցները հարիւրաւոր, հազարաւոր դագաղներ իրենց «տէրերուն» կը սպասէին…

Ահաւոր էր. սարսափելի:

Այդ օրերուն ալ ժողովուրդը որոշեց կաղանդի ծառեր չդնել, սակայն կային տուներ որոնց սեղանները լեցուն էին աղետի գօտիին համար արտասահմանէն եկած զանազան ուտելիքներով…

Խորհրդային այդ օրերուն ռուս զինուորերը կրակմարային դրութիւն յայտարարեցին Հայաստանի մէջ, ձերբակալեցին «Ղարաբաղ» Կոմիտէի անդամները, աղետեան գօտիի դրամատուներու շուրջ շղթաներ կազմեցին, որպէսզի մարդիկ չկողոպտեն զանոնք, մինչ ժողովուրդը տակաւին մաքրամաքուր հոգի ունէր, Ղարաբաղեան շարժումով վեհացած մարդիկ չէին փոխուած, տակաւին իշխանիկներ եւ իշխաններ չկային, դեռ մարդիկ խոտը չէին տրորեր, դեռ գողերը բանտերէն կոչ կ’ուղղէին չգողնալ: Այո՛, մարդիկ տակաւին այն հայերն էին, զորս մենք կը նկարագրենք ՝արի, մարդասէր, հայրենասէր, ազնիւ, իրար սիրող, իրար օգնող:

Այդ օրերուն պայքարը մեզ միացուցած էր, վիշտը ամրացուցած էր մեր միացումը, զայն դարձուցած անխախտ:

Դեռ անտուն մարդիկ կան Աղետի գօտիին մէջ, դեռ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ ապրող մարդիկ կան: պետութիւնը միայն 2008-ին սկսած էր զանոնք տուներով ապահովելու ծրագրի գործադրութիւնը:

Այդ օրերուն ամբողջ աշխարհը հասաւ մեզի, սփիւռքը, ինչպէս այս օրերուն, ամէն կրցածը ըրաւ Հայաստանին համար, բազմաթիւ օտարացած հայեր վերադարձան իրենց արմատներուն, դարձան հայ:

Այդ օրերը իրենց ամբողջ սարսափով աելի լաւ էին քան այս օրերը: Այդ օրերուն մենք կը հաւատայինք մեր ուժին, այդ օրերուն մենք կը հաւատայինք մեր յաղթանակին:

Այդ օրերու հաւատքը չունինք այսօր, պարտութեա՞ն պատճառով կորսնցուցինք մեր հաւատքը, թէ՞ հաւատքը կորսնցնելու պատճառաւ պարտուեցանք:

Ե՞րբ կորսնցուցինք մեր հաւատքը: Անկախութեան առաջին օրէ՞ն: Ո՛չ, աւելի առաջ՝ մենք, մեր հաւատքը կորսնցնել սկսանք այն օրէն, երբ յեղափոխականները իշխանութեան գլուխ եկան, այն օրէն երբ յեղափոխականներէն մաս մըն ալ իշխանութեան ձգտող ընդդիմադիրներ դարձան. այն օրէն երբ իշխանաւոր-ընդդիմադիր փառքի եւ հարստութեան համն ու հոտը առին:

Չեն գիտեր, թէ Հայաստանի մէջ ինչպէս կը յիշենք երկրաշարժը, գիտեմ, որ հեռատեսիլը կ’անդրադառնայ, երկրի ղեկավարը ծաղկեպսակ կը զետեղէ զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի առջեւ, կը խոնարհի ի յարգանք անոնց յիշատակին… չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կը յիշէ, (խեղճ ժողովուրդը ո՞ր աղետը յիշէ, որո՞ւն մահը սգայ): Սփիւռքի մէջ ալ կը յիշեն, եկեղեցիները հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարեն… բայց եթէ նոր սերունդին հարցնելու ըլլանք Դեկտեմբեր 7-ի ի՞նչ օր ըլլալը, բոլորը չէ որ ճիշդ պատասխան պիտի տան…

Հիմա, հոս Հալէպի մէջ նստած կը տխրիմ. Երկրաշարժին ամէն տուն ապրեցաւ արհաւիրքը, որքան ալ հեռու գտնուէր էփիկեդրոնէն…

Այսօր… այսօ՞ր… այսօր պարտութեան եւ անոր պատճառած մարդկային կորուստներու կսկիծէն, հայրենի հողէ զրկուելու ահաւորութենէն աւելի մեզ տանջողը (չէ՛, ի՞նչ տանջանք) մտատանջողը իշխանութիւնը պահելն է, կամ իշխանութեան հասնելու մարմաջը:

Ամօթ չէ՞ մեզի, Մենք իրականութեան մէջ մարդու նման չսգացինք մեր մահերը: Նոյնիսկ սգալու ժամանակ չունեցանք: Ճիշդ է, տակաւին կը փառաբանենք 18-20 տարեկան մեր նահատակներու հերոսութիւնը, սակայն իրականութեան մէջ չենք զգար մեզի բաժին հասած կորուստին ահագնութիւնը, ինչպէս սփիւռքի մէջ, վստահ եմ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ: Շո՛ւտ, շա՜տ շուտ մոռցանք անոնց մայրերուն կսկածացող սիրտերը: Այսօր մենք Սփիւռքի մէջ դաւաճան-ոչ դաւաճան կը խաղանք, ֆէյսպուքի մէջ իրար հայհոյելով հաճոյք կը ստանանք, այո՛, այո՛, կը ներէք, իրար մայր-քոյր հայհոյելով հաճոյք կը ստանանք…

Յետո՞յ…

Կարծէք արդէն հաշտուած ենք մեր պարտութեան հետ, մեր մեծ պարտութեան փոխարէն մանր-մունր յաղթանակներ կ’ուզենք արձանագրել, յաղթանակնե՞ր, ո՛չ, իրար ճզմել կ’ուզենք:

Իրար ճզմել ուզողները իշխանաւորներն են, կամ իշխանութեան ձգտողները, որոնք երկուքն ալ ակռաները սրած, չեն վախնար մեզ քաղաքացիական պատերազմի մղելէ:

Ամօթ չէ՞: Ի՛նչ ամօթ, երբ հարցը իշխանութեան եւ անոր հետեւանքով գալիք բազմաթիւ առանձնաշնորհումներու մասին է խօսքը:

Իսկ ժողովուրդը՞:

Սուրիոյ տագնապի հակամարտող կողմերը իրար կը հանդիպին դրախտի մէջ: իրարու զարմանքով կը հարցնեն.

-Եթէ երկու կողմերն ալ դրատի մէջ են, հապա դժոխք ո՞վ պիտի երթայ:

-Անշո՛ւշտ ժողովուրդը:

Սեւ այս կատակը չի՞ համընկնիր Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր վիճակին… այո՛, այո՛, նաեւ սփիւռքի, մենք ալ հոս դաւաճաններու ցանկը կը կազմենք, մենք ալ հոս մեր թշնամիները յօշոտելու պատրաստ ենք… Մարտի մէկի 11 զոհերու պատասխանատուներուն համար ինչպիսի պատիժներ կը նախատեսէինք, հիմա քանի՞ հազար հայ զոհելու պատրաստ ենք:

Հերիք չէ՞ պատերազմի զոհուածներուն քանակը, դեռ որքա՞ն զոհեր պէտք են մեզի որպէսզի յագուրդ ստանանք… անպայման զոհեր պէտք է տանք ամէն անգամ որ կուռքերու արձաններ կանգնեցնենք, ամէն անգամ որ կրկին քանդենք…

Մեղք չէ՞ այս ժողովուրդը, մեղք չե՞նք մենք՝ հասարակ մարդիկս ի Սփիւռս եւ ի Հայաստան աշխարհի:

Մեղք չէ՞ մեր երկիրը…

Հալէպ, 7 Դեկտեմբեր 2020

Լուսանկարը՝ Ֆոտոլուրի

Մեկնաբանել