Ֆրանսայի Նիս քաղաքի « Jardin de l’Arménie »-ի մերձակայքը հանրապարտէզ մը պիտի վերակոչուի Արցախի անունով։
Նիսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Մակալի Ալթունեան դիմագիրքի իր էջով կը տեղեկացնէ, թէ Խորհուրդը Յունուար 29-ի իր նիստին այս մասին որոշում մը ընդունած է։