Հալէպէն Ձեզի ուղղուած հարցումներ

Մենք ալ, ինչպէս աշխարհի բոլոր հայերը, չենք կրնար մոռնալ աղիտեալ Հայաստանն ու Արցախը, բայց սուտ խօսած պիտի ըլլամ եթէ ըսեմ, որ ամէն վայրկեան անով կ’ապրինք: Մեր վիճակը այնքան աղիտալի է, որ մեր ամբողջ էութիւնը կը գրաւէ, մեր առօրեայ խօսակցութեան նիւթը նոյնն է միշտ, բթացնելու աստիճան գոց սորված նախադասութիւններու կրկնութեամբ…

…Պետական կարեւոր պաշտօններ վարած, իշխանութեան կողմնակից անձնաւորութիւն մըն է խօսակիցս:

-Ինչպէ՞ս է երկրին վիճակը,-կը հարցնեմ:

-Լաւ չէ՛,- կ’ըլլայ լակոնիկ պատասխանը:

Իրականութիւնն այն է, որ երկրին վիճակը աւելի քան վատթար է:

Տաս տարիներէ ի վեր կ’արձանագրենք երկրին գէշ վիճակի մէջ ըլլալը: տաս տարիներէ ի վեր կ’արձանագրենք, որ ժամանակի ընթացքին երկրին վիճակը աւելի ու աւելի կը գէշնայ: Վերջին մէկ տարուան մէջ,ամիսէ ամիս աւելի ու աւելի զգացուեցաւ տնտեսական ծանր վիճակը. վերջին ամիսներուն այդ վատթարացումը զգացինք մէկ շաբաթէն միւսը. վերջին շաբաթներուն՝ օրէ օր, վերջին օրերուն՝ ուզէք հաւատացէք, ուզէք՝ո՛չ.-ժամէ ժամ կը սղաճի ամէն ինչ:

Պետութեան 100 լիթր մազութը տակաւին բնակչութեան մեծ մասը չէ ստացած, եւ եթէ պետական գինը 180 լիրա է, ապա այսօրուան դրութեամբ սեւ շուկայի մէջ կ’արժէ 1 500 լիրա, որքան ուզես՝ կա՛յ … ելեկտրականութիւնը օրական կը հայթայթուի երկու-երեք ժամ միայն, յոյսերնիս ելեկտրածին շարժիչներն են՝ ճէնէրաթորները, որոնք մէկ ամփէրի դիմաց շաբաթը կը գանձեն հինգ հազար լիրա: Երեւակայեցէ՛ք, պետութեան երկու ամսուան ելեկտրականութեան համար կը վճարենք 1 000-2 000 լիրա, իսկ ճէնէրաթորներուն ամսական ամենաքիչը 20 000-40 000: Առանց այս ճէնէրաթորներուն մեր կեանքը չենք ալ կրնար պատկերացնել արդէն: Նոյնիսկ հացը փուռերէն արդէն ընտանեկան յատուկ քարթերով կրնանք գնել, որոշ քանակութեամբ, ապա թէ ոչ ստիպուած ենք 100 սուրիականի փոխարէն 1 500ի՝ ազատ վաճարքով գնել:

Ոչխարի եւ կովու միսը 14-18 հազարի հասան, բաւարարուեցանք հաւու միսով, սակայն շուտով հաւի միսի գինն ալ սկսաւ մօտենալ իր եղջիւրաւոր բախտակիցներու միսի գինին: Հիմա, հաւու ալ միսին համը պիտի սկսինք մոռնալ, եթէ մեզի շնորհուող օգնութեան կտրոններուն մէջ արձանագրուած չըլլայ:

Երկիրը քաղաքականապէս ալ լաւ վիճակի մէջ չէ, երբեմն-երբեմն կը սպրդին երկրի վերնախաւին մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու մասին: Ժողովուրդը միշտ սպասումի մէջ է, փոփոխութեան մը սպասումին: Այս անգամ կը սպասենք յառաջիկայ ամիսներուն կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք կատարուելիք փոփոխութիւններուն:

Երկրին քարիւղով, բամպակով, ցորենով հիւսիսային հարուստ շրջանները պետութեան իշխանութենէն դուրս կը գտնուին: Ո՞վ չկայ որ Սուրիոյ մէջ, ռուս զինուորները կը վխտան, թուրքերը կ’օգտուին ցորենէ եւ նաւթէ: Ամերիկացիները ի՞նչ կ’ընեն չես գիտեր, դեռ եւրոպացիներ ալ կան: Շիի պարսիկները մեզմէ մէկ մասին մօտիկ հաւատակիցներն են, միւս մասին երկիրը զաւթած ոխերիմ թշնամիները: Քիւրտերը ինքնավարութիւն կը խաղան՝ տակաւին երազելով անջատուիլ եւ անկախանալ:

Այս ամէնը սակայն քիչ քիչ կը պակսի մեր գլխաւոր հոգը ըլլալէ: Մենք կ’ուզենք մարդավարի ապրիլ, չէ՞ որ մոռցած ենք մեր մարդկային ցեղին պատկանելիութիւնը: Մեզմէ ո՞վ մարդու պէս կ’ապրի:

-Ասիկա կեանք չէ՛:

Այս նախադասութեան ճշմարտացիութիւնը կ’ընդունին բոլորը, դիմադիրն ու ընդդիմադիրը, նախագահը պաշտողն ու զայն ատողը: Շիին ու սիւննին, քրիստոնեան ու միւսիւլմանը, հայն ու արաբը: Այս կէտին մէջ կը միանան բոլոր սուրիացիները:

Բացարձակ ճշմարտութիւնը այն է, որ պետութիւնն ու ժողովուրդը սնանկացած են, մինչ պետական մարդիկ եւ պատերազմէն ու տնտեսական ճգնաժամէն օգտուած սակաւաթիւ մարդիկ միլիառատէրեր դարձած:

Այո՛, միլիոնաւոր մարդիկ, օրական քանի ժամ ալ աշխատին, քանի գործ ալ աշխատին ուտելիքի դրամ չեն կրնար վաստկիլ, մինչ կան մարդիկ, որոնք 3, 4, 5 հարիւր միլիոն եւ աւելի լիրա արժող շքեղ ինքնաշարժեր կը գնեն:

-Նախագահը նախ եւ առաջ փտածութիւնը պէտք է վերացնէ,- Այսպէս կը մտածեն իշխանամետներն ու ժողովուրդի մեծամասնութիւնը:

Պէտք է արձանագրել, որ դէմ խօսիլ արգլիուած այս երկիրն մէջ օրէ օր կը շատնան բարձրաձայն դժգոհողները, թէեւ ոեւէ մէկը ընկերային ալիքին, պայթիւնի վերածուիլը չ’ակնկալեր, որովհետեւ ժողովուրդը վախցած է, վախցած , պատերազմէն, վախցած է տագնապները լուծելու փորձուած միջոցներէն:

Իսկ հրեաները՞: Վերջին շրջանին ծայր առած է այն միտքը, որ Սուրիան շրջափակուած պիտի մնայ, Սուրիոյ վրայ պիտի շարունակուին գործադրուիլ պատժական բոլոր միջոցները, որոնց շարքին նաեւ Սուրիոյ հետ համագործակցողները ներառող ամերիկեան «Կեսար»ի օրէնքը, մինչեւ որ երբեմնի հարուստ, չքնաղ, ներկայի տագնապահար այս երկիրը ընդունի հրեաներու հետ հաշտութեան պայմանները: Իրապէս ալ, հրեաները ատող եւ Պաղեստինի հարցը արաբներու բոլոր խնդիրներուն որպէս առանցք ընդունողները, որոնք բացարձակ մեծամասնութիւն էին Սուրիոյ մէջ, տնտեսական դժուարութիւններուն տեղի տալով կը նահանջեն իրենց դիրքերէն, կը զիջին սկզբունք եւ դաւանանք դարձած իրենց մտածողութենէն եւ նոյնիսկ Սուրիոյ Կոլանի բարձունքներէն հրաժարելու պատրաստակամ կը դառնան կարծէք:

Ո՞վ կրնայ Սուրիոյ բնակչութիւնը մեղադրել հայրենադաւութեան մէջ:

Սուրիացիները հարց կու տան.- Փոքրիկ մանկիկդ երբ կաթ ուզէ եւ չկարենաս տուփ մը կաթ գնել, միակ յոյսդ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն ամսական յատկացումներն են, որոնք չեն բաւեր… ի՞նչ կ’ընես:

Սուրիացիները կը շարունակեն.- Ձմեռ է, անդիմանալի ցուրտ, իսկ դուն դրամ չունիս, պարտաւոր ես սպասել, թէ ե՞րբ բարեսիրական կազմակերպութիւն մը տաք վերարկու մը պիտի նուիրէ (տայ, շնորհէ…) քու զաւակիդ… ի՞նչ կ’ընես:

Մի՛ հեռանաք, դեռ հարցումներ ունին ձեզի տալու.-Եթէ կնոջդ, ամուսնոյդ, զաւակիդ անհրաժեշտ վիրահատութեան մը համար տաս դուռի պէտք է դիմես՝ քեզմէ պահանջուած միլիոնները մուրալու համար… ի՞նչ կ’ընես:

Սուրիացիներուն (անոնց շարքին անշուշտ սուրիահայերուն ալ) զաւակները կէս կուշտ, կէս անօթի կը մեծնան: Ի՞նչ թող ընեն:

Թող ո՛չ մէկ լաւատես ըսէ, թէ այս ամէնը կ’անցնին, թող ամէն մէկը համարձակօրէն նայի իրականութեան եւ տեսնէ, որ պատերազմի սերունդ մը կայ այստեղ, որ երիտասարդութիւն չէ՛ ունեցած, պատանեկութիւն չէ՛ ունեցած, մանկութիւն իսկ չէ՛ ունեցած:

Ինչի՞ն հաւատայ այս սերունդը, որո՞ւն հաւատայ:

Գիտէ՞ք, ի՛նչ կ’ըսեն շատ շատերը.

-Առաջ, առանց հասկնալու կ’ըսէինք.« Բացի Աստուծմէ մէկը չունինք»: Հիմա այս նախադասութիւնը կը կրկնենք՝ հասկնալով անոր իմաստին խորքն ու մեզ հոն առաջնորդած մեր ապրած ամբողջ արհաւիրքը:

Ու կը շատնան, կը բազմանան միմիայն Աստուծոյ ուժին վստահողները. անցողիկ այս կեանքէն յուսախաբ եղողները իրենց մխիթարութիւնը կ’ուզեն գտնել հոգեւոր աշխարհի մէջ: Հայերու պարագային, ցաւոք շատեր, կարծելով, թէ Աստուծոյ աւելի կը մօտենան, որպէս ուղիղ ճանապարհ յաճախ անգիտակցօրէն կը հետեւին այլադաւաններու… որոնք իրենց հետեւորդներուն խոստացուած երկնային պարգեւներէն հոս ալ բաժին կը հանեն, որպէս ապացոյց իրենց ճշմարտացիութեան.-

Այս ալ պէտք է արձանագրել.- Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողները շատցած են…

Հալէպ, 08 Փետրուար 2021

Մեկնաբանել