Թուրքիոյ ուժանիւթի տագնապը եւ արտաքին քաղաքականութեան ձեւաւորումը

Վարուժ Թէնպէլեան

Հրապարակուած տուեալներու համաձայն, քարիւղի (նաւթի) եւ բնական կազի առումով, Թուրքիա ինքնաբաւ երկիր մը չէ եւ ստիպուած է զանոնք այլ երկիրներէ ներածել՝ բաւարարելու համար իր ուժանիւթի աճող պահանջը: Թուրքիա իր ուժանիւթի ազգային պահանջին միայն մէկ չորրորդը կը բաւարարէ ներքին միջոցներով: 2019-ին, հանածոյ վառելանիւթի (նաւթ, կազ, հանքածուխ) առումով, գրեթէ 40% համեմատութեամբ կախեալ էր Ռուսիայէն, իսկ ընդհանրապէս՝ կը ներածէր իր բնական կազին 99 տոկոսը եւ իր օգտագործած նաւթին՝ 93% -ը: Այդ պատճառով, յատկապէս վերջին երեք տասնամեակներուն, անիկա նոր թափ տուած է իր տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական դերակատարութեան: Անշուշտ ուժանիւթի ապահովման իր ռազմավարութիւնը ձեւաւորելու ատեն, Թուրքիա առաջին հերթին ի մտի ունի իր երկրին ուժանիւթի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը:

2018-ին Թուրքիա շուրջ 43 միլիառ տոլար ծախսած է ուժանիւթի ներածման համար, 2019-ին` 43,3 միլիառ տոլար, իսկ 2022-ին կը նախատեսուի որ այդ գումարը հասնի 45,7 միլիառի, եթէ անշուշտ քարիւղի գիները չաւելնան:

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը հիմնականօրէն հաստատուած էր գիւղատնտեսութեան վրայ մինչեւ 1982, երբ յատկապէս քաղաքներու զարգացումով ու ծաւալումով, արագօրէն սկսաւ զարգանալ նաեւ ճարտարարուեստական արդիւնաբերութիւնը: 1983-էն ի վեր, Թուրքիոյ ազգային համախառն արտադրութիւնը (GDP) աճած է միջին հաշուով տարեկան 5% համեմատութեամբ՝ գրաւելով ՏՀԶԿ-ի (Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան-OECD) երկիրներու առաջին դիրքը: Վերջին տարիներու տնտեսական այս աճը կապուած է պետական ձեռնարկութիւններու սեփականաշնորհման հետ, եւ հետեւաբար Թուրքիոյ ուժանիւթի պահանջը արագօրէն աճած է ընկերային եւ տնտեսական զարգացման զուգահեռ:

Երկրին ուժանիւթի սպառումը զգալիօրէն աճած է 1980-ականներու սկիզբէն սկսեալ: Ելեկտրականութեան արտադրութեան մէջ Թուրքիոյ ինքնաբաւութեան մակարդակը 1980-ի 77%-էն 2014-ին իջած է 37%-ի: 2020-ի գնահատումով, Թուրքիոյ ուժանիւթի պահանջը աճած է տարեկան շուրջ 7% համեմատութեամբ, մինչ կազի սպառումը, բաղդատած նախորդ տարուան, աճած է 9,2%-ով:

Ինչ կը վերաբերի ներածումի աղբիւրներուն, Թուրքիա հետամուտ է անոնց այլազանութեան, ինչպէս նաեւ՝ փոխադրութեան ուղիներու արդիւնաւէտութեան՝ այն ակնկալութեամբ, որ կը վերածուի քարիւղատարներու եւ կազատարներու տարանցման երկրի մը եւ ուժանիւթի կեդրոն մը, հանգոյց մը՝ արեւելքի արտադրող երկիրներուն եւ արեւմուտքի սպառող երկիրներուն միջեւ:

Այս շրջագիծէն ներս, Ռուսիան, Իրանը եւ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ համար կը նկատուին կարեւոր գործընկերներ: Ուժանիւթի հարցերը կարեւոր դեր կը խաղան այս երկիրներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութեան մէջ, որոնց հետ գործակցութիւնը Թուրքիա կը փորձէ պատշաճեցնել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ ուժանիւթի կամուրջ մը եւ հանգոյց մը դառնալու իր նպատակին:

Թուրքիա իր քարիւղը հիմնականօրէն կը ներածէ Ռուսիայէն (25,21%), Իրանէն (18,37%), Իրաքէն (17,08%) եւ Հնդկաստանէն (11,12%): Իսկ կազի պարագային, վերջին չորս տասնամեակներուն, Թուրքիա հիմնականօրէն եղած է կախեալ ռուսական, իրանական եւ, վերջերս` ատրպէյճանական կազէն: Ինչ կը վերաբերի կազին, որոշ ժամանակէ ի վեր, Թուրքիոյ ներածման գլխաւոր աղբիւրը եղած է Ռուսիան, բայց ցուցանիշները սկսած են փոխուիլ ի նպաստ Ատրպէյճանի: Մինչև 2018, Իրան կը գրաւէր երկրորդ դիրքը, իսկ Ատրպէյճան՝ երորրդը: Իրանի պարագային, 2019-ին, Թուրքիոյ ներածած կազի քանակը եղած է 7,74 միլիառ խորանարդ մեթր՝ 2 միլիառ խորանարդ մեթրով ետ մնալով Ատրպէյճանէն: 2020-ի առաջին 10 ամիսներուն, այդ քանակը իջած է 3,83 խորանարդ մեթրի՝ Ռուսիոյ 10,42 միլիառին եւ Ատրպէյճանի 9,24 միլիառին դիմաց: Բնականաբար, Թուրքիա բնական կազ եւ հեղուկացուած բնական կազ (LNG) կը ներածէ նաեւ Քաթարէն, Ալճերիայէն, Նիճերիայէն, Քամերունէն եւ Եգիպտոսէն, ինչպէս նաեւ LNG` Միացեալ Նահանգներէն:

Միւս կողմէ, արեւմտեան ծովափնեայ վիճելի շրջաններուն մէջ կազ հետախուզելու Թուրքիոյ քայլը լարուածութիւն ստեղծած է Յունաստանի եւ Եւրոպայի հետ: Արեւելեան Միջերկրական ծովուն կազով հարուստ տարածաշրջանին շուրջ ծագած վէճը պահ մը նոյնիսկ մտավախութիւն կը յառաջացնէ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու երկիրները կրնան պատերազի յանգիլ:

Ատրպէյճան կը դառնայ Թուրքիոյ կազի մեծագոյն մատակարարը

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերներ դարձած են Ատրպէյճանի վերանկախացումէն ետք, եւ այս երկու երկիրները նաեւ ստեղծած են մշակութային, ցեղային եւ ազգակցական սերտ կապեր: Փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը կ’ընդգրկէ տարբեր մարզեր, ներառեալ՝ ուժանիւթի մարզը:

Ուժանիւթի մարզէն ներս, Ատրպէյճան սկսաւ առանցքային դերակատարութիւն ունենալ 1994-ին, երբ իր միջազգային գործակիցներուն հետ «Դարու Պայմանագիր»ը ստորագրելէ ետք՝ սկսաւ արտահանել ու շահագործել Կասպից ծովու ջրաբնածխային աղբիւրները եւ զանոնք փոխադրել համաշխարհային շուկաներ: Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան քարիւղատար խողովակը (2005) եւ Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում (2006) կազատարը աւելի եւս ամրապնդեցին Ատրպէյճանի դերը իբրեւ ուժանիւթ արտադրող եւ արտածող երկիր: Ատրպէյճանի կազի պաշարները կը գնահատուին շուրջ 2,6 թրիլիոն խորանարդ մեթրով, եւ երբ գոյութիւն ունեցող Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազատարը անբաւարար նկատուեցաւ Ատրպէյճանի կազի պաշարներուն փոխադրութեան համար, ծնունդ առաւ Հարաւային Կազային Միջանցքի (Southern Gas Corridor) գաղափարը՝ նախաձեռնութեամբ Եւրոպական Միութեան, որ կ’ուզէ նուազ կախեալ ըլլալ ռուսական կազէն:

3500 քմ երկարութեամբ միջանցքը բաղկացած է չորս հատուածներէ. «Շահ Տենիզ-II» ծրագիրը, Հարաւային Կովկասի Կազատարին ընդարձակումը (SCPX), Անդրանատոլիական կազատարը (TANAP) եւ անոր վերջնական մասը՝ Անդրատրիաթիք կազատարը (TAP), որ կ’անցնի եօթը երկիրներէ՝ Ատրպէյճան, Վրաստան, Թուրքիա, Պուլկարիայ, Յունաստան, Ալպանիա եւ Իտալիա:

Ատրպէյճանի՝ Թուրքիոյ կազի գլխաւոր մատակարարը դառնալու հանգամանքը սկսած է աշխարհաքաղաքական մեծ անդրադարձ ունենալ տարածաշրջանին վրայ: Բայց նաեւ անիկա մաս կը կազմէ վերջին տարիներուն ռուսական կազէն կախուածութիւնը մեղմացնելու Թուրքիոյ ճիգերուն: Յունուարէն Մայիս, 2020ին, Թուրքիա «Շահ Տենիզ»էն ներածած է 4,527 միլիառ խորանարդ մեթր ատրպէյճանական կազ՝ 20,4% համեմատութեամբ աւելի, քան 2019-ի նոյն ժամանակահատուածը: Միւս կողմէ, 2020-ի Մայիսին Ռուսիայէն ներածումը կրճատուած է գրեթէ 62% -ով ` 2019-ի նոյն ամսուան հետ բաղդատած: 2020 Մայիսին, Ատրպէյճան պաշտօնապէս դարձած է Թուրքիոյ կազի գլխաւոր մատակարարը:

Բացի այն իրողութենէն, որ ատրպէյճանական կազը աւելի աժան է եւ, հետեւաբար, լաւ այլընտրանք բաղդատած այլ աղբիւրներէ ստացուած կազին, 2019-ին TANAP- ի գործարկումը նոյնպէս մեծ դեր ունեցած է արտածման դիւրացման եւ Թուրքիոյ կողմէ ստացուած կազի քանակի յաւելումին: 6,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիրը, ըստ էութեան մաս կը կազմէ 40 միլիառ տոլար արժող Հարաւային կազային միջանցքին: TANAP կրնայ տարեկան փոխադրել մինչեւ 16 միլիառ խորանարդ մեթր կասպեան կազ, որուն 10 միլիառ խորանարդ մեթրը կ’երթայ Եւրոպա, իսկ 6 միլիառը՝ թրքական շուկայ:

Ատրպէյճան սկսած է մեծապէս օգտուիլ այս զարգացումէն՝ բարելաւելու համար իր դիրքը իբրեւ տարածաշրջանին մէջ կազի մեծագոյն մատակարարը եւ աւելի եւս սերտացնելու իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Միւս կողմէ, Թուրքիա շահագրգռուած է ատրպէյճանական կազի անխափան հոսքով եւ, ինչպէս շրջանային կամ միջազգային այլ պետութիւններ, կը թուի պատրաստ ըլլալ պաշտպանելու իր կազամատակարարման շղթան՝ թէ քաղաքականապէս եւ, ըստ երեւոյթին՝ նաեւ զինուորապէս:

Նկատի առնելով որ Թուրքիա նպատակ ունի տարածաշրջանին մէջ դառնալու ուժանիւթի կեդրոն մը եւ ոչ միայն ծառայելու որպէս տարանցումի երկիր, անոր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ հետզհետէ աւելի կ’ամրապնդուին: Ատրպէճանական կազը կը շարունակէ կարեւոր դեր ունենալ թրքական արտաքին զարգացող ռազմավարութեան մէջ: Տակաւին, շատ հաւանաբար երկուքն ալ ձգտին աւելի խորացնելու իրենց ռազմական համագործակցութիւնը՝ պաշտպանելու համար իրենց ենթակառոյցները:

Մեկնաբանել