Ուժանիւթը մեծ դեր կը խաղայ Թուրքիա-Ռուսիա սերտ յարաբերութիւններուն մէջ

russia_turkey_monitoring_center

Վարուժ Թէնպէլեան

2011-ին, Թուրքիա՝ Ռուսիոյ առեւտուրի երկրորդ մեծագոյն գործընկերն էր $30 միլիառ տոլարով (արտածում՝ $6 միլիառ, ներածում՝ $24 միլիառ), իսկ երկկողմանի առեւտուրի հիմնական կէտը կը հանդիսանար ուժանիւթը (ներածումներու 70% համեմատութիւնը, $21 միլիառ): 2019-ին սակայն, Ռուսիայէն՝ Թուրքիոյ ընդհանուր ներածումները իջած են 21,15 միլիառ տոլարի:

Բնականօրէն, ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութիւնը կը հանդիսանայ Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ երկկողմանի բազմաշերտ յարաբերութիւններուն հիմնական գործօններէն մէկը: Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Ռուսիա ուժանիւթի վերաբերող իրենց յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր կը նկատեն «փոխադարձ շահերու» սկզբունքը. որեւէ առնչուած ծրագիր պէտք է ծառայէ երկու երկրներու շահերուն:

Նկատի առնելով որ տնտեսական համագործակցութիւնը կը հանդիսանայ քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման մղիչ ուժերէն մէկը, այն սերտ համագործակցութիւնը, որ Թուրքիա ստեղծած է Ռուսիոյ հետ, ոչ միայն կ’երեւի առեւտուրի թիւերուն մէջ, այլեւ անիկա նպաստած է քաղաքական յարաբերութիւններու խորացման՝ ստեղծելով տնտեսական փոխադարձ կախուածութիւն:

8 Յունուար 2020-ին, Թուրքիա բացումը կատարեց 7,8 միլիառ տոլար արժող եւ 930 քմ երկարութիւն ունեցող TurkStream կազատար խողովակին, որ կ’երկարի Ռուսիոյ Կրասնոտար շրջանէն մինչեւ Թուրքիոյ եւրոպական մասը՝ Սեւ ծովու յատակով, աւելի եւս խորացնելով Անգարայի կապերը Մոսկուայի հետ: Սակայն, Թուրքիոյ ուժանիւթի այժմու քաղաքականութեան եւ ներածման միտումներու աւելի ամբողջական վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ անիկա հիմնականօրէն հետամուտ է ուղղուելու դէպի արեւմուտք, կասպեան երկիրներ՝ հեռու Ռուսիայէն եւ Իրանէն: Այս ուղղութիւնը յստակ կ’երեւի կազի ներածման մէջ, Թուրքիոյ ստեղծած շուկաներու այլազանութեան մէջ: Օրինակ, 2017-ին ռուսական «Կազփրոմ»ը դէպի Թուրքիա կ’արտածէր անոր ընդհանուր կազի սպառումին 52 տոկոսը, 2018-ին այդ համեմատութիւնը կ’իջնէ 47-ի, իսկ 2019-ին `ընդամէնը 33-ի (15,9 միլիառ խորանարդ մեթր):

Սակայն, միւս կողմէ, միայն Մարտ 2020-ին, Թուրքիա կը ստանայ գրեթէ 924 միլիոն խորանարդ մեթր ատրպէյճանական կազ, որ կը կազմէ Թուրքիոյ կազի ընդհանուր սպառումին 23,45 տոկոսը: Այս ձեւով Ատրպէյճան կը սկսի գրաւել Թուրքիոյ կազի մատակարարման առաջին դիրքը, որուն կը յաջորդեն նախ Ռուսիան եւ ապա երրորդ դիրքի վրայ՝ Իրանը:

Բայց եւ այնպէս, Ատրպէյճանէն Թուրքիա կազի արտածման աճը որեւէ ձեւով չի նշանակեր մրցակցութեան գոյութիւնը Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ռուսիա եւ Ատրպէյճան աւելի գործակիցներ կը նկատուին, քան մրցակիցներ ուժանիւթի միջազգային շուկային մէջ: «Դարու պայմանագրին» ստորագրութենէն ի վեր եւ Ատրպէյճանի ջրաբնածխային աղբիւրներու հետախուզութեան մէջ միջազգային գործընկերներու ներգրաւման միացած է նաեւ ռուսական Lukoil ընկերութիւնը: 90-ականներուն շահարկման յանձնուած Պաքու-Նովորոսիյսք քարիւղատար խողովակը այլ օրինակ մըն է ռուսեւատրպէյճանական գործակցութեան: Մրցակցութեան մթնոլորտը, որ հաւանաբար գոյութիւն ունէր Ատրպէյճանի ուժանիւթի մարզի զարգացման եւ միջազգային շուկաներ բացուելու առաջին տարիներուն, հետագային վերածուած է համագործակցութեան:

Ռուսական կազի հոսքին նուազումին այլ պատճառ մը կը հանդիսանայ նաեւ թրքական պետական BOTAŞ ընկերութեան՝ Ալճերիայէն եւ Նիճերիայէն կազի ներածման յաւելումը: Տակաւին, ռուսական Կազփրոմ ընկերութիւնը դժուարութիւն ունի մրցելու հեղուկացուած կազի (LNG) մեծ քանակութեամբ մատակարարումներուն հետ, որոնք Թուրքիա մասնաւորաբար կը ներածէ Միացեալ Նահանգներէն: Արագ ակնարկ մը LNG-ի ներածման քաղաքանութեան վրայ, ի յայտ կու գայ միտում մը, որ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին, LNG-ի ներածման քանակը հետեւողականօրէն աճ արձանագրած է Թուրքիոյ մէջ. 2013-2019, LNG-ի ներածումը 6.1 միլիառ խորանարդ մեթրէն հասած է 12.7 միլիառի:

Շատ հաւանաբար նաեւ աշխարհաքաղաքական նկատառումները որոշ դերակատարութիւն ունին Թուրքիոյ առած քայլերուն մէջ՝ ինչ կը վերաբերի Ռուսիայէն իր կախուածութիւնը մեղմացնելու ձգտումներուն, որովհետեւ BOTAS ընկերութիւնը, որ կը վերահսկէ երկրին կազի ներածումը, պետական ընկերութիւն է: Այս իրողութիւնը ենթադրել կու տայ այն, թէ ինչ որ տեղի կ’ունենայ Սուրիոյ մէջ կամ այլուր, դիւրութեամբ կրնայ ազդել Թուրքիոյ կազի տնտեսական քաղաքականութեան վրայ:

Տակաւին, կան կասկածներ, որ մանաւանդ նկատի առնելով այն իրողութիւնը որ ատրպէյճանական կազատարները կ’անցնին Վրաստանէն, Թուրքիա հետամուտ ըլլայ Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռակողմի ձեւաչափի մը ստեղծման՝ ընդլայնելու համար ուժանիւթի մարզին համագործակցութիւնը, որ ինքնաբերաբար կրնայ տարածուիլ այլ մարզերու վրայ: Շատ բան կախեալ է անշուշտ ռուսական կազի մատակարարումներէն, բայց ինչպէս կը վկայեն վերջին տարիներու կազի մատակարարման ուղղութիւնները եւ շրջանային աշխարհաքաղաքական զարգացումները, Թուրքիա կը շարունակէ նուազեցնել իր ներածումներուն կախուածութիւնը Ռուսիայէն:

Տարօրինակ հակասութեամբ մը սակայն, հակառակ անոր որ Մոսկուա եւ Անգարա կը մրցին հետզհետէ աճող տարբեր ճակատներու վրայ, անոնց կապերը կը թուին շատ աւելի ամուր ըլլալ, քան պատմութեան տարբեր շրջաններուն:

Մեկնաբանել