Թուրքիա եւ Իրան՝ քաղաքական մրցակիցներ, տնտեսական դաշնակիցներ

Վարուժ Թէնպէլեան

Ուժանիւթը կը հանդիսանայ Իրանի հետ Թուրքիոյ երկկողմանի տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններուն հիմնական գործօններէն մէկը: Թուրքիոյ համագործակցութիւնը Իրանի հետ, դրացնութեան կողքին, պէտք է դիտել նաեւ ուժանիւթի աղբիւրներու միջեւ այլազանութիւն ստեղծելու Թուրքիոյ նկրտումով: Իբրեւ քարիւղի (նաւթի) ներածման մեծագոյն աղբիւրներէն մէկը եւ կազի ներածման՝ նախ երկրորդ, ապա երրորդ մեծագոյն աղբիւրը Ռուսիայէն եւ Ատրպէյճանէն ետք, Թուրքիոյ համար՝ Իրանը կը վերածեն ուժանիւթի անփոխարինելի գործընկերոջ մը:

Սակայն, երկու երկիրներու ուժանիւթի յարաբերութիւնները այնքան ալ հեզասահ չեն ընթանար, մասնաւորաբար Իրանի դէմ Մ. Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցներուն եւ գիներու առնչուած տարակարծութիւններու պատճառով:

Իրանէն Թուրքիա արտածուած ուժանիւթին մեծ մասը՝ Թուրքիա-Իրան տարեկան առեւտուրի ծաւալը ենթակայ կը դարձնէ քարիւղի միջազգային գիներու վերիվայրումներուն: Օրինակ, երբ քարիւղի տակառին միջին գինը 2011-էն 2013-ի միջեւ հարիւր ամերիկեան տոլարէն աւելի էր, Իրանէն Թուրքիա տարեկան արտածումը կը գնահատուէր աւելի քան տասը միլիառ տոոլար: Միաժամանակ, 2010-էն յետոյ դէպի Իրան՝ ոսկիի թրքական արտածումներուն քանակը արձանագրած է մեծ աճ՝ Իրանի վրայ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցներուն պատճառով: Երբ 2015-ին եւ 2016-ին քարիւղի մէկ տակառին գինը կը գնահատուէր նուազ քան յիսուն տոլար, փոխադարձ առեւտուրի ընդհանուր արժէքը շուրջ քսան միլիառէն իջած է նուազ քան տասը միլիառի:

Ներկայիս, Իրան կը հանդիսանայ Թուրքիոյ քարիւղի եւ կազի գլխաւոր մատակարարներէն մէկը: Ըստ Թուրքիոյ՝ Ուժանիւթի Շուկան Վերահսկող Մարմնի (EMRA) տուեալներուն, Յունուար 2019-ի դրութեամբ, Իրան կը հանդիսանար Թուրքիոյ քարիւղի ներածման երրորդ մեծագոյն աղբիւրը՝ 12,35 առ հարիւր համեմատութեամբ, Իրաք՝ առաջինը (23,5 առ հարիւրով) եւ Ռուսիա՝ երկրորդը (15 առ հարիւրով): Նոյն թուականին, Իրան նաեւ կը հանդիսանար Թուրքիոյ բնական կազին երկրորդ մեծագոյն մատակարարը՝ աւելի քան 14 առ հարիւր համեմատութեամբ, Ռուսիայէն ետք (31.6 առ հարիւր), եւ Ատրպէյճանէն (13.9 առ հարիւր) ու Ալճերիայէն առաջ (12 առ հարիւր): Յետագային, 2020 Մայիսին, Ատրպէյճան պաշտօնապէս կը դառնայ Թուրքիոյ կազի գլխաւոր մատակարարը:

Հոկտեմբեր 2018-ին, ամերիկեան պատժամիջոցներու վերահաստատումը Իրանի դէմ անմիջական եւ բացայայտ խոչնդոտներ կը ստեղծէ թուրք-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւններուն համար: Ամերիկեան այս քայլէն ետք, որոշ ատեն թրքական ներածումները զգալի չափով նուազելէ յետոյ, յետագային կը վերագտնեն իրենց ընթացիկ ծաւալը:

Ինչ կը վերաբերի սակագիներու ճշդումին, անոնք երկար ատեն բանավէճի եւ դատական հետապնդումներու դուռ բացած են Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ: 2001-ին ստորագրուած 25 տարուան պայմանագրի համաձայն, Իրան տարեկան 10 միլիառ խորանարդ մեթր կազ պիտի արտածէ դէպի Թուրքիա՝ հազար խորանարդ մեթրը 507 տոլար արժէքով: Թուրքիա առաջին անգամ 2009-ին կ’առարկէ Իրանի գիներուն եւ զանոնք շատ սուղ նկատելով՝ զեղչ կը պահանջէ ու կը դիմէ իրաւարարական դատարան: Դատարանը նախնական գինին վրայ ի նպաստ Թուրքիոյ 12,5 առ հարիւր զեղչի վճիռ կ’արձակէ: 2012-ին, Թուրքիա նոյն նպատակով այս անգամ կը դիմէ իրաւարարական միջազգային դատարան (ICA), որ 2016-ին, նոյնպէս որոշում կը կայացնէ Իրանի դէմ: ICA-ը կը յանձնարարէ Իրանի մինչեւ 2016-ի աւարտը 13,3% -ով նուազեցնել իր կազի գիները եւ 1,9 միլիառ տոլար հատուցում տալ Թուրքիոյ: Իրանի կազի սակերը իսկապէս շատ աւելի բարձր են, քան անոր մրցակիցները՝ Ատրպէյճանն ու Ռուսիան, ինչ կը դժուարացնէ, որ ան կարենայ պահել իր բաժինը ուժանիւթի Թրքական շուկային մէջ:

Յամենայնդէպս, պէտք չէ մտահան ընել, որ Թուրքիա եւ Իրան պատմականօրէն եղած են եւ կը շարունակեն մնալ շրջանային մրցակիցներ, քան սերտ գործակիցներ: Երկու երկիրները ունին էականօրէն քաղաքական տարբեր ինքնութիւն եւ գաղափարախօսութիւն:

Երկու երկիրները տարակարծիք են քաղաքական բազմաթիւ հարցերու շուրջ, ինչպէս Թուրքիոյ տրամադրած օժանդակութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի ընդդիմադիրներուն, մինչ Սուրիա կը նկատուի Իրանի սերտ դաշնակիցը Միջին Արեւելքի մէջ: Թուրքիա եւ Իրան նաեւ մրցակիցներ կը նկատուին Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի մէջ, ուր սակայն անոնք, առայժմ, զուսպ են այդ շրջաններուն մէջ Ռուսիոյ գերակշիռ դերակատարութեան բերումով:

Անցեալ տասնամեակին, Թուրքիա եւ Իրան ոչ միայն յաջողած են իրարմէ անջատել շրջանային մրցակցութիւնը իրենց տնտեսական յարաբերութիւններէն, այլեւ տնտեսական գործակցութիւնը մեծապէս նպաստած է քաղաքական տարակարծութեանց զսպումին: Թուրքիոյ համար Իրանը կը նկատուի նաւթի եւ բնական կազի մատակարարման ռազմավարական աղբիւր մը, որ անհրաժեշտ կը նկատուի ուժանիւթի ապահովութեան եւ այլազանութիւն ստեղծելու իր ճիգերուն համար: Իրանի մեծ բնակչութիւնը նաեւ զայն կը դարձնէ կարեւոր շուկայ մը Թուրքիոյ ոչ-նաւթային արտածումներուն համար: Տակաւին, Թուրքիա կ’օգտագործէ Իրանը որպէս տարանցումի ճամբայ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ շուկաները: Իրանի պարագային, Թուրքիա կը նկատուի իր բնական կազին մեծագոյն յաճախորդը եւ իր նաւթին գլխաւոր ներածողներէն մէկը: Տակաւին, Իրանը Թուրքիան կը նկատէ տարանցումի ապագայ միջանցք մը դէպի եւրոպական շուկաները:

Թուրքիոյ դերը Իրանի համար իբրեւ օժանդակ տնտեսութիւն տագնապներու ատեն նաեւ կարեւոր գործօն է երկու երկիրներու յարաբերութեան մէջ՝ մանաւանդ ամերիկեան պատժամիջոցներու լոյսին տակ: Թէեւ Իրանի վրայ արտաքին տնտեսական ճնշումները որոշ ժամանակով կ’ազդեն դէպի Իրան Թուրքիոյ արտածումներուն վրայ, նաեւ Իրանի ապակայունացումը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ Թուրքիոյ ապահովութեան վրայ, սակայն այդ ճնշումները միաժամանակ տնտեսական օգուտներ կը ստեղծեն Թուրքիոյ համար: Օրինակ՝ 2019-ին, բազմաթիւ իրանցիներ ներդրումներ կատարած են Թուրքիոյ կալուածային մարզին մէջ: Իրաքցիներէն ետք, իրանցիները կը հանդիսանան երկրորդ մեծագոյն ներդրողները, որոնք 5432 կալուած գնած են Թուրքիոյ մէջ: Միայն 2019-ին, իրանցիք 978 ընկերութիւն հիմնած են Թուրքիոյ մէջ, մինչ շուրջ 600 իրանական ընկերութիւններ արդէն կը գործեն տնտեսապէս կենսական նշանակութիւն ունեցող Թուրքիոյ Իզմիր նահանգին մէջ:

Իրանեան բնական կազին դէպի Թուրքիա արտածման հեռանկարները, սակայն, այնքան ալ պայծառ չեն թուիր, որովհետեւ Թուրքիա հետամուտ է կրճատելու ուժանիւթի ներածումը ներքին սպառման համար եւ ստեղծելու շուկաներու այլազանութիւն: Տակաւին, Թուրքիա կը ծրագրէ դառնալ ուժանիւթի շրջանային կեդրոն մը՝ տարանցումի հանգոյց մը՝ արեւելքի բնական կազ արտադրողներուն եւ Եւրոպայի սպառողներուն միջեւ: Հետեւաբար, Իրան ստիպուած պիտի ըլլայ նուազեցնելու իր համեմատաբար կազի բարձր գինը՝ բաղդատած ռուսական եւ ատրպէյճանական կազին, մինչ Թուրքիա սկսած է նաեւ յաւելեալ քանակով հեղուկացուած կազ (LNG) ներածել մասնաւորաբար Մ. Նահանգներէն եւ Քաթարէն:

Թուրքիոյ եւ Իրանի տնտեսական յարաբերութիւններու վատթարացումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ երկու երկիրներու քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ բնականօրէն՝ տարածաշրջանային մրցակցութեան վրայ: Եթէ այդ երկիրները շարունակեն իրենց աշխարհաքաղաքական տարակարծութիւնները լուծել բանակցութիւններու ճամբով, անոնց յարաբերութիւնը առայժմ կրնայ չազդուիլ առեւտրական գործառնութեանց անկումէն, սակայն, յստակ է, որ երկու երկիրներն ալ ճիգ չեն խնայեր իրենց առեւտուրի մակադակը պահելու բարձր:

Մեկնաբանել