Վրաստանը՝ կասպեան ուժանիւթի տարանցման գլխաւոր հանգոյց

Վարուժ Թէնպէլեան

Պատմութեան ընթացքին քաղաքակրթութեան խաչմերուկ նկատուած Հարաւային Կովկասը այսօր կը կանգնի ուժանիւթի փոխադրութեան խաչմերուկի մը վրայ՝ աշխարհաքաղաքական վերանորոգ մրցակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով թէ՛ տարածաշրջանին մէջ, ուր տիրական ներկայութիւն են Ռուսիան, Իրանը ու Թուրքիան, եւ թէ միջազգային մակարդակի վրայ ներգրաւելով Եւրոպական Միութիւնը, ՄիացեալՆահանգներն ու դէպի արեւելք՝ Չինաստանը:

Կասպից ծովու շրջանը, նաեւ ծանօթ իբրեւ կասպեան աւազան, կը պարունակէ նաւթի եւ կազի մեծ պաշարներ, եւ 1990-ական թուականներէն սկսեալ՝ զգալիօրէն աւելցած է անոնց դէպի միջազգային շուկաներ արտածումը: Կասպեան շրջանին մէջ նաւթի արտադրութիւնը նկատելիօրէնաճած է մասնաւորաբար Խազախստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ հսկայ նոր հորերույայտնաբերումով: Կասպեան երկիրներէն նաւթի արտադրութիւնը 2009-ի օրական 2.9 միլիոն տակառէն 2020-ին հասած է 4.4 միլիոն տակառի, եւ կը նախատեսուի, որ 2025-2030 անիկա հասնի առաւելագոյնին՝ օրական շուրջ 5.4 միլիոն տակառի: Հակառակ այն իրողութեան, որ շրջանին մէջ նաւթի պահանջը աճ արձանագրած է տնտեսական բարգաւաճման զուգահեռ անոր ընդհանուր արտադրութիւնը կը մնայ շատ աւելի բարձր քան տեղական պահանջները՝ զարկ տալով արտածումին:

Նմանապէս, Կասպից շրջանի կազի արտադրութեան ծաւալը 2009-ի՝ շուրջ 159 միլիառ խորանարդ մեթրէն, 2020-ին հասած է 260 միլիառ խորանարդ մեթրի, եւ ըստ նախատեսութիւններու, 2035-ին կրնայ հասնիլ աւելի քան 310 միլիառ խորանարդ մեթրի: Կասպեան կազը, մանաւորաբար ատրպէյճանականը, ռուսական շուկային կողքին ներգրաւած է նաեւ թրքական, եւրոպական եւ ասիական շուկաներ: Իսկ Հարաւային Կազային Միջանցքի եւրոպական ծրագիրը դէպի թրքական եւ եւրոպական շուկաներ դուռը լայն բացած է աւելի մեծ քանակութեամբ ատրպէյճանական կազի դէպի արեւմուտք արտածման:

Ինչպէս նշուեցաւ, շրջանին մէջ ուժանիւթ արտադրողները ներքին սպառման այնքան ալ մեծ շուկայ չունին, հետեւաբար իրենց նաւթն ու կազը տրամադրելի է արտածման, իսկ արտածման համար անհրաժեշտ են տարանցումի միջոցներ եւ ճամբաներ: Հոս է որ դրացի երկիրները, ինչպէս՝ Վրաստան, Հայաստան եւ Թուրքիա կը ստանան փոխադրական միջոցներու աշխարհաքաղաքական մեծ կարեւորութիւն, որմէ դուրս կը պահուի Հայաստանը (ենթադրաբար ղարաբաղեան հարցին պատճառով):

Փոխարէնը կը շեշտուի Վրաստանի կարեւորութիւնը:

Վրաստանի աշխարհագրական դիրքը ռազմավարական կարեւոր խաչմերուկի վրայ զայն կը վերածէ աշխարհաքաղաքական առանցքային կարեւորութիւն ներկայացնող երկրի մը (տարբեր նկատառումներով) Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան համար: Վրաստանի դրացի Ատրպէյճանը ունի կասպեան ուժանիւթի հսկայ պահեստներուն մէկ կարեւոր մասը եւ միջազգային պաշարներուն շուրջ 3-4%-ը: Եւրոպական Միութեան քաջալերանքով եւ շրջանցելով Ռուսիան, Ատրպէյճան յաջողած է ուժանիւթի տարանցման ուղիներ հաստատել դէպի Սեւ եւ Միջերկրական ծովեր:

Այս ձեւով, Վրաստան կը դառնայ կասպեան ուժանիւթի տարանցման գլխաւոր հանգոյցը՝ հիւրընկալելով երկու հիմնական խողովակներ՝ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը եւ Պաքու-Թիֆլիս-էրզրում կազատարը:

Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան եւ Պաքու-Սուպսա (Վրաստանի մէջ) քարիւղատարները եւ Պաքու-Թիֆլիս-էրզրում կազատարը, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի նաւթային պետական ընկերութեան կողմէ 2006-ին Սեւ ծովուն վրայ Քուլեւի նաւթային ելքին գնումը, կը բարձրացնեն տարածաշրջանին եւ Վրաստանի կարեւորութիւնը իբրեւ ուժանիւթի հիմնական անցք մը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Տակաւին, 2017-ին Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միացեալ նախաձեռնութեամբ կառուցուած Պաքու-Ախալքալաք-Կարս երկաթուղագիծը, որ կը միացնէ երեք երկիրներու երկաթուղային համակարգերը, շատ աւելի կարճ եւ արագ երկաթուղային անցք մը կը ստեղծէ Եւրոպայի ու Ասիոյ միջեւ, քան Ռուսիայէն անցնող երկաթուղագիծը՝ Վրաստանն ու Ատրպէյճանը դարձնելով Եւրասիական փոխադրամիջոցներու առանցքային հանգոյցները:

Հարաւային Կովկասի մէջ, Վրաստան միակ երկիրն է, որ ելք ունի Սեւ ծովու վրայ եւ հետեւաբար՝ դէպի Միջերկրական ծով եւ Ատլանտեան ովկիանոս: Վրաստանի համար, որ նաւթի եւ կազի մասնաւոր պահեստներ չունի, եւրոպական Հարաւային Կազային Միջանցքի ծրագիրը կ’ենթադրէ թէ՛ ուժանիւթի ապահովման երաշխիք, թէ՛ ալ տարանցման վճարումներէն գոյացած եկամուտի աղբիւր: Վերջին երկու տասնամեակներուն, Վրաստան յաջողած է ապացուցել, որ ինք կը հանդիսանայ տարանցումի վստահելի երկիր մը՝ երաշխաւորելով ուժանիւթի աղբիւրներու անխափան հոսքը դէպի արեւմուտք:

Միւս կողմէ, Վրաստանէն անցնող քարիւղատարն ու կազատարը ոչ միայն ուժանիւթի անվտանգութեան հիմք կը ծառայեն Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ նոյնինքն Վրաստանի համար, այլեւ՝ հիմք անոնց տնտեսական զարգացման: Օրինակ, միայն կազատարի կառուցման շրջագիծին մէջ, Հարաւային Կազային Միջանցքի ծրագիրը նախատեսած է $8 միլիառ տոլարի ներդրում մը Թուրքիոյ եւ $2 միլիառ տոլարի ներդրում մը Վրաստանի մէջ՝ մեծագոյն առանձին ներդրումը Վրաստանի պատմութեան մէջ:

Ուժանիւթի փոխադրութեան ճամբաներու հանգուցաւորումը Վրաստանի վրայով, առիթ ստեղծած է նաեւ տնտեսական լայն համագործակցութեան Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Աշխարհաքաղաքական գործօններ նաեւ նպաստած են Վրաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու խորացման: Առաջին հերթին, անկախութիւնը ստանալէն ի վեր, Վրաստան փորձած է տարբեր ուղղութիւններով հաւասարակշռել ռուսական ազդեցութիւնը՝ երկկողմանի դաշինքներ կնքելով զանազան երկիրներու հետ: Այսուհանդերձ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Վրաստանի համագործակցութիւնը կը նկատուի ամէնէն կայունը, ինչ որ առիթ կ’ընծայէ նուազեցնելու անոր կախեալութիւնը Ռուսիայէն:

2000-ականներու կէսերէն սկսեալ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան փոխադարձաբար առաջնակարգ դիրք կը գրաւեն Վրաստանի հետ իրենց արտաքին առեւտուրին մէջ: Վրաստանի մէջ Թրքական ներդրումներու վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ վերջին տարիներուն Թուրքիա նկատելիօրէն աւելցուցած է իր տնտեսական ներկայութիւնը Վրաստանի մէջ:

Օրինակ, 2006-ին, երբ Ռուսիա կը փակէր Վերին Լարսի սահմանային միակ անցքը՝ վերանորոգման պատրուակով, առիթէն օգտուելով Թուրքիա կը միջամտէր՝ դիմելով շարք մը նոր նախաձեռնութիւններու, որոնք 2007-ին կ’առաջնորդէին Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի մը ստորագրութեան: Այս թուականէն ետք, Վրաստան-Թուրքիա երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը մեծապէս աճած է: 2019-ի գնահատումով, Թուրքիա կը նկատուէր Վրաստանի երկկողմանի առեւտուրի մեծագոյն գործընկերներէն մէկը՝ $1,85 միլիառ ամերիկեան տոլար ծաւալով: Տակաւին, Վրաստանի մէջ, Թուրքիոյ օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները (FDI) մեծ մագլցում արձանագրած են: Օրինակ, 1997-էն 2003-ի միջեւ, Թուրքիոյ ընդհանուր ներդրումները Վրաստանի մէջ հազիւ կը գնահատուէին $103 միլիոն տոլար: Սակայն, իրավիճակը հիմնովին փոխուած է 2004-էն ետք. յաջորդ ինը տարուան ընթացքին, թրքական ներդրումները զգալի աճ արձանագրած են հասնելով մինչեւ $864 միլիոն տոլարի, իսկ 2014-էն 2019-ի միջեւ՝ շուրջ մէկ միլիառ տոլարի: Նաեւ պէտք է նշել, որ վրացական տնտեսութեան մէջ, թուրք ներդրողները ընդհանրապէս ներկայ են հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, ուժանիւթի եւ ելեւմտական (թրքական դրամատուներու առկայութիւնը) մարզերուն մէջ:

Բնականօրէն, տնտեսական համագործակցութիւնը պարարտ հող կը ստեղծէ քաղաքական յարաբերութիւններու սերտացումին, եւ այդպէս է որ, 8 Յունիս 2012-ին, Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքին մէջ, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին Տրապիզոնի հռչակագիրը, որ ի միջի այլոց կը նախատեսէր միացեալ կեցուածք արտայայտել միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս ՄԱԿ-ը, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը, Սեւծովեան տնտեսական խորհուրդը եւ ՆԱԹՕ-ն, համագործակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հարցերուն շուրջ՝ «հիմնուելով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին եւ Ատրպէյճանի ու Վրաստանի միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններուն վրայ», շարունակել միացեալ աշխատանքը TRACECA ծրագրին շուրջ (Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա փոխադրամիջոցներու միջազգային ծրագիրը, որուն շուրջ ներգրաւուած են Եւրոպական Միութիւնը եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի ու Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի 12 անդամ պետութիւններ, օրինակ՝ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծը մաս կը կազմէ այս ծրագրին):

Փաստօրէն, 1990-ական թուականներէն սկսեալ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները զարգանալով ստացած են եռակողմանի ռազմավարական խորք եւ գործադրութիւն…

Մեկնաբանել